Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր կայքին աւելի ծանօթացիր

Մեր կայքին աւելի ծանօթացիր

Գտնել կայքին յայտարարած յօդուածները

Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր ծառայութեան մէջ կը գործածեն այն յօդուածները, որոնք կ’երեւին jw.org կայքին գլխաւոր էջին վրայ։ Շատ դիւրին է այս յօդուածները ուրիշներուն ղրկել, եւ անոնք ընդհանրապէս կը բացատրեն, թէ ներկայիս եղած դէպքերը ինչպէ՛ս կը կատարեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը։ Ինչպէս որ եղբայր մը գրեց, «մեր ներկայ ծառայութեան կերպին մէջ, մենք ճիշդ ատոնց պէտք ունինք»։

Բայց գլխաւոր էջին վրայ ծանուցանուած յօդուածները միշտ կը փոխուին։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կրնաս գտնել այն յօդուածները, որոնք գլխաւոր էջէն կը վերցուին։

  • jw.org կայքին գլխաւոր էջին վրայ, բա՛ց «Աւելին տեսնել», որ կը գտնուի գլխաւոր էջին վերի կողմը։ Այս կապը կը բանայ «Վերջերս երեւցան Գլխաւոր էջին վրայ», ուր կը գտնես ծանուցանուած ամենավերջին նիւթերը։

  • jw.org կայքին կամ JW Library® էփին վրայ, բա՛ց «Գրադարան» բաժինը, ետքը՝ «Յօդուածաշարք» եւ ետքն ալ՝ «Ուրիշ նիւթեր»։ Հոս կը գտնես շատ մը յօդուածներ, որոնք ասկէ առաջ երեւցած են գլխաւոր էջին վրայ։