Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12

Եհովային մասին աւելի՛ սորվէ ստեղծագործութիւնը դիտելով

Եհովային մասին աւելի՛ սորվէ ստեղծագործութիւնը դիտելով

«Աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին» (ՀՌՈՎ. 1։20

ԵՐԳ 105 Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Յոբ ի՞նչ կերպով մը Եհովան աւելի՛ ճանչցաւ։

 ՅՈԲ իր կեանքին ընթացքին շատերու հետ խօսակցեցաւ։ Բայց իր ամէնէն տպաւորիչ խօսակցութիւնը Եհովա Աստուծոյ հետ էր։ Այդ խօսակցութեան ընթացքին, Եհովան Յոբին ըսաւ որ իր ստեղծած կարգ մը հիանալի բաներուն նայի։ Ասիկա Յոբին պիտի օգնէր, որ տեսնէ թէ Եհովան որքա՜ն իմաստուն է եւ իրեն պիտի վստահեցնէր, որ Եհովան կրնայ իր ծառաներուն բոլոր պէտքերը հոգալ։ Օրինակ, Եհովան Յոբին յիշեցուց որ ինք անասուններուն հոգ կը տանի։ Ուրեմն, կրնար Յոբին ալ հոգ տանիլ (Յոբ 38։39-41. 39։1, 5, 13-16)։ Ստեղծագործութիւնը դիտելով, Յոբը շա՛տ բան սորվեցաւ Եհովային յատկութիւններուն մասին։

2. Ատեններ, ի՞նչ բաներ արգելք կ’ըլլան որ Եհովային ստեղծագործութիւնը դիտենք։

2 Մենք ալ շատ բան կրնանք սորվիլ Աստուծոյ մասին, երբ որ ստեղծագործութիւնը դիտենք։ Բայց թերեւս ասիկա ընելը միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Եթէ քաղաքի մը մէջ կ’ապրինք, թերեւս առիթը չունենանք որ ամէն օր բնութիւն տեսնենք։ Նոյնիսկ եթէ քաղաքէ դուրս կ’ապրինք, թերեւս շատ քիչ ժամանակ ունենանք, որ ստեղծագործութիւնը ուշի–ուշով դիտենք։ Ուրեմն տեսնենք, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ ժամանակ տրամադրել եւ ջանք ընել, որ ստեղծագործութիւնը դիտենք։ Ասկէ զատ, պիտի տեսնենք թէ Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՛ս ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածելով սորվեցուցին եւ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որ բնութենէն աւելի՛ դասեր սորվինք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՏԵՆՔ

Եհովան ուզեց որ Ադամ ստեղծագործութիւնը վայելէ եւ անասուններուն անուն տայ (տե՛ս պարբ. 3)

3. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան ուզեց որ Ադամ վայելէ ստեղծագործութիւնը։

3 Եհովան ուզեց որ առաջին մարդը՝ Ադամ՝ վայելէ ստեղծագործութիւնը։ Երբ Եհովան Ադամը ստեղծեց, իրեն շա՛տ գեղեցիկ դրախտ մը տուաւ, որ հոն ապրի, ատոր հոգ տանի եւ ատոր սահմանները ընդլայնէ (Ծն. 2։8, 9, 15)։ Երեւակայէ որ Ադամ որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էր, երբ կը դիտէր որ սերմերը ինչպէ՛ս կը ծլին եւ ծաղիկները ինչպէ՛ս կը բացուին։ Եդեմի պարտէզին հոգ տանիլը որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում մը ըլլալու էր Ադամին համար։ Ասկէ զատ, Եհովան Ադամէն խնդրեց որ անասուններուն անուն տայ (Ծն. 2։19, 20)։ Եհովան կրնար ասիկա անձամբ ընել. բայց այս գործը Ադամին տուաւ։ Վստահաբար, Ադամ անասուններուն անուն տալէ առաջ, ուշի–ուշով սերտեց անոնց տեսքը եւ նայեցաւ թէ ինչպէ՛ս կը վարուին։ Այս գործը շատ ուրախացուցած ըլլալու էր Ադամը։ Անկասկած, ասիկա իրեն օգնեց որ տեսնէ, թէ իր Հայրը որքա՜ն իմաստուն է եւ թէ անոր ստեղծած բաները որքա՜ն գեղեցիկ եւ հետաքրքրական են։

4. ա) Ինչո՞ւ համար պէտք է ստեղծագործութիւնը դիտենք։ բ) Ստեղծագործութեան մէջ, ամէնէն շատ ի՞նչ կը սիրես։

4 Նախ եւ առաջ մենք պէտք է ստեղծագործութիւնը քննենք, քանի որ Եհովան մեզմէ կը խնդրէ որ ասիկա ընենք։ Ան կ’ըսէ. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք»։ Յետոյ կը հարցնէ. «Ասոնք ո՞վ ստեղծեց»։ Պատասխանը յստակ է (Եսա. 40։26)։ Եհովան ստեղծեց ամէ՛ն բան. երկնքի մէջ, երկրի վրայ եւ ծովերուն մէջ։ Եւ ատոնք իր մասին շատ բան կը սորվեցնեն մեզի (Սաղ. 104։24, 25)։ Մէկ հատ մտածէ, որ Եհովան մեզ ինչպէ՛ս ստեղծած է։ Մենք այնպէս մը ստեղծուած ենք, որ երբ բնութեան գեղեցկութիւնը դիտենք, ուրախանանք։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի կարողութիւն տուած է որ տեսնենք, լսենք, դպչինք, համտեսենք եւ հոտոտանք։ Այս զգայարանքները մեզի կ’օգնեն, որ իր ստեղծած տարբեր բաները վայելենք։

5. Ըստ Հռովմայեցիս 1։20–ին, ստեղծագործութիւնը ուշի–ուշով դիտելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

5 Մենք պէտք է ստեղծագործութիւնը դիտենք ուրիշ կարեւոր պատճառի մըն ալ համար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ատիկա մեզի կը սորվեցնէ Եհովային յատկութիւններուն մասին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20)։ Օրինակ, նայէ Եհովային ստեղծած բաներուն, որոնք շատ լաւ կերպով ծրագրած է։ Ատոնց մէջ Եհովային իմաստութիւնը կը տեսնե՞ս։ Մտածէ մեր կերած տարբեր–տարբեր ուտելիքներուն մասին։ Ատոնք ցոյց չե՞ն տար որ Եհովան մարդիկը կը սիրէ։ Երբ որ ստեղծագործութեան մէջ Եհովային յատկութիւնները կը տեսնենք, իրեն աւելի՛ կը ծանօթանանք եւ կ’ուզենք իրեն աւելի մօտենալ։ Հիմա տեսնենք որ Եհովան ստեղծագործութենէն ի՛նչ օրինակներ գործածած է, որ մարդոց կարեւոր դասեր սորվեցնէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵՆԷՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ՝ ՄԵԶԻ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍԻՆ

6. Գաղթող թռչունները դիտելով ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

6 Եհովան իր դատաստանները գործադրելու ժամանակը որոշած է։ Ամէն տարի, փետրուարի վերջէն մինչեւ մայիսի կէսը, իսրայէլացիները կրնային տեսնել արագիլները ինչպէ՛ս դէպի հիւսիս կը գաղթեն։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ» (Եր. 8։7)։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան այս թռչուններուն գաղթելու ժամանակը որոշած է, նոյնպէս ան իր դատաստանները գործադրելու ժամանակը որոշած է։ Այսօր, երբ մենք գաղթող թռչունները դիտենք, կը յիշենք որ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան որոշուած ժամանակին այս չար աշխարհին վերջը պիտի բերէ (Ամբ. 2։3

7. Թռչունի մը թռած ձեւը դիտելով ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Եսայի 40։31

7 Եհովան իր ծառաներուն ոյժ կու տայ։ Եհովան Եսայիին միջոցաւ խոստացաւ, որ իր ծառաներուն ոյժ պիտի տար, որ ‘արծիւներու պէս թեւերով վեր ելլէին’, երբ որ տկար եւ անտրամադիր զգային (կարդա՛ Եսայի 40։31)։ Իսրայէլացիները վարժուած էին տեսնել արծիւներ, որոնք շատ քիչ ջանք թափելով տաք օդի հոսանքները կը գործածէին, որ թռած ժամանակ վեր բարձրանային։ Ասիկա շատ աղուոր յիշեցում մըն է, որ ճիշդ ինչպէս որ Եհովան այդ թռչուններուն ոյժ տուած է, կրնայ իր ծառաներուն ալ ոյժ տալ։ Յաջորդ անգամ, երբ տեսնես մեծ թռչուն մը երկինքին մէջ վեր կը բարձրանայ շատ քիչ ջանքով, յիշէ որ Եհովան քեզի ալ կրնայ ոյժ տալ, որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։

8. Աստուծոյ ստեղծագործութիւնները նկատի առնելով՝ Յոբ ի՞նչ սորվեցաւ եւ մենք ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

8 Եհովան մեր վստահութեան արժանի է։ Եհովան Յոբին օգնեց, որ իրեն ա՛լ աւելի վստահի (Յոբ 32։2. 40։6-8)։ Երբ Յոբին հետ կը խօսէր, յիշեց շատ մը ստեղծագործութիւններ, մէջը ըլլալով՝ աստղերը, ամպերը եւ կայծակները։ Եհովան նաեւ խօսեցաւ անասուններուն մասին. օրինակի համար միեղջերուին եւ ձիուն մասին (Յոբ 38։32-35. 39։9, 19, 20)։ Այս բոլոր օրինակները փաստեցին, որ Աստուած ո՛չ միայն շատ զօրաւոր է, հապա նաեւ սէր եւ խոր իմաստութիւն ունի։ Այս խօսակցութեան ետեւէն, Յոբը սորվեցաւ ա՛լ աւելի Եհովային վստահիլ (Յոբ 42։1-6)։ Նոյնպէս, երբ որ մենք ստեղծագործութիւնը ուշի–ուշով դիտենք, կը յիշենք որ Եհովան մեզմէ շա՜տ աւելի իմաստուն եւ զօրաւոր է, եւ թէ ան կրնա՛յ մեր բոլոր փորձութիւններուն վերջ դնել եւ պիտի դնէ։ Ասիկա կրնայ մեզի օգնել, որ իրեն ա՛լ աւելի վստահինք։

ՅԻՍՈՒՍ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵՆԷՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵՑ, ՈՐ ԻՐ ՀՕՐ ՄԱՍԻՆ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

9-10. Արեւը եւ անձրեւը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն Եհովային մասին։

9 Յիսուս բնութեան մասին շատ բաներ գիտէր։ Ան «ճարտարապետ» ըլլալով, առանձնաշնորհումը ունեցաւ որ Եհովային հետ աշխատի, մինչ Եհովան տիեզերքը կը ստեղծէր (Առ. 8։30)։ Յետագային, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածեց, որ իր աշակերտներուն սորվեցնէ իր Հօր մասին։ Նկատի առնենք իր սորվեցուցածներէն քանի մը դասեր։

10 Եհովան բոլո՛րս կը սիրէ։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն խօսեցաւ արեւուն եւ անձրեւին մասին, որոնք շատերու կողմէ թեթեւի կ’առնուին։ Թէ՛ արեւը եւ թէ անձրեւը կարեւոր են, որ մենք կարենանք ապրիլ։ Եհովան կրնա՛ր իրեն չծառայող մարդիկը զրկել արեւէն եւ անձրեւէն, բայց ան սէրէ մղուած անանկ չըրաւ (Մատ. 5։43-45)։ Այս դասին միջոցաւ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Եհովան կ’ուզէ որ մենք սէր ցոյց տանք բոլոր մարդոց։ Ուրեմն, ամէն անգամ որ տեսնենք հիանալի արեւամուտ մը կամ թեթեւ անձրեւ մը, կրնանք մտքերնիս բերել որ Եհովան բոլո՛րս կը սիրէ։ Մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ։ Իր այս օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել, որ մենք ալ սէրէ մղուած բոլոր մարդոց քարոզենք։

11. Երկնքի թռչունները դիտելով՝ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

11 Եհովան մեր պէտքերը կը հոգայ։ Նոյն քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք»։ Կրնայ ըլլալ որ երկինքը թռչուններ կը թռչէին, երբ Յիսուս հարցուց. «Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք» (Մատ. 6։26)։ Յիսուս ի՜նչ աղուոր կերպով մը մեզի օգնեց, որ տեսնենք թէ Եհովան մեզի հոգ պիտի տանի (Մատ. 6։31, 32)։ Իր այս սորվեցուցած դասը նոյնիսկ այսօր կը քաջալերէ Եհովային հաւատարիմ ծառաները։ Սպանիոյ մէջ, երիտասարդ ռահվիրայ քոյր մը շա՛տ յուսահատ կը զգար, քանի որ տուն չէր գտներ։ Բայց երբ որ տեսաւ որ թռչունները ինչպէ՛ս սերմեր եւ պտուղներ կ’ուտեն, իր հոգեկանը հանգչեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Այդ թռչունները ինծի յիշեցուցին, որ Եհովան իրենց հոգ կը տանի, եւ ինծի՛ ալ հոգ պիտի տանի»։ Շատ չանցած, քոյրը տուն գտաւ։

12. Ըստ Մատթէոս 10։29-31–ին, ճնճղուկները մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն Եհովային մասին։

12 Եհովան ամէն մէկս կ’արժեւորէ։ Յիսուս իր առաքեալները քարոզելու ղրկելէ առաջ, անոնց օգնեց որ հակառակութենէ չվախնան (կարդա՛ Մատթէոս 10։29-31)։ Ան իրենց այս դասը սորվեցուց, գործածելով ճնճղուկին օրինակը, որ Իսրայէլի մէջ ամէնէն սովորական թռչուններէն մէկն էր։ Յիսուսի օրերուն, այս թռչունը շատ արժէք չունէր։ Բայց ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին»։ Ետքը աւելցուց. «Շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ Ասանկով, Յիսուս իր աշակերտներուն վստահեցուց, որ Եհովան իրենցմէ ամէն մէկը անձամբ կ’արժեւորէ։ Անոր համար, անոնք պէտք չունէին հալածանքէ վախնալու։ Վստահաբար, ետքը, աշակերտները Յիսուսին խօսքը յիշեցին, ամէն անգամ որ գիւղերը քարոզելու կ’երթային եւ ճամբան ճնճղուկներ կը տեսնէին։ Դուն ալ, ամէն անգամ որ պզտիկ թռչուն մը տեսնես, յիշէ որ Եհովան անձամբ քեզ կ’արժեւորէ, քանի որ դուն ալ ‘շատ ճնճղուկներէ լաւ ես’։ Ա՛յնքան ատեն որ Եհովան քեզի կռնակ կը կենայ, պէտք չունիս հակառակորդներէն վախնալու (Սաղ. 118։6

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻ՛ ՍՈՐՎԻԼ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵՆԷՆ

13. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ ստեղծագործութենէն դասեր սորվինք։

13 Եհովային մասին շատ մը ուրիշ դասեր ալ կրնանք սորվիլ ստեղծագործութենէն։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, պէտք է ժամանակ տրամադրենք որ ստեղծագործութիւնը դիտենք։ Երկրորդ, պէտք է մտածենք որ ատիկա մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։ Թերեւս ասոնք ընելը ատեններ դիւրին չ’ըլլայ։ Գամերունէն Ժերալտին անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ես քաղաքի մէջ մեծցած եմ։ Անոր համար, ինձմէ շա՛տ ջանք կը պահանջէ, որ բնութիւնը ուշի–ուշով դիտեմ»։ Ալֆոնսօ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Ես սորվեցայ որ պէտք է ժամանակ տրամադրեմ առանձին ըլլալու, որ Եհովային ստեղծագործութիւնը դիտեմ եւ խոկամ որ ատիկա ինծի ի՛նչ կը սորվեցնէ իր մասին»։

Երբ Դաւիթ իր շուրջի ստեղծագործութեան կը նայէր, կը խոկար թէ ատիկա իրեն ի՛նչ կը սորվեցնէր Եհովային մասին (տե՛ս պարբ. 14)

14. Դաւիթը ի՞նչ սորվեցաւ, երբ Աստուծոյ ստեղծագործութեան վրայ խոկաց։

14 Դաւիթը Աստուծոյ ստեղծագործութեան վրայ շա՛տ կը խոկար։ Ան Եհովային ըսաւ. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես» (Սաղ. 8։3, 4)։ Այո՛, երբ Դաւիթը գիշերը դէպի երկինք կը նայէր, միայն չէր զմայլեր տիեզերքով, հապա նաեւ կը խոկար որ աստղերը իրեն ի՛նչ կը սորվեցնեն Աստուծոյ մասին։ Օրինակ, ան սորվեցաւ որ Եհովան որքա՜ն մեծ է։ Ուրիշ անգամներ, Դաւիթը խոկաց որ ինչպէ՛ս իր մարմինը իր մօր արգանդին մէջ կազմուեցաւ։ Երբ որ ան այս հիանալի մանրամասնութիւններուն վրայ կը խոկար, Եհովային իմաստութիւնը ա՛լ աւելի կը գնահատէր (Սաղ. 139։14-17

15. Օրինակներ տուր, թէ ինչպէ՛ս Եհովային յատկութիւնները տեսած ես ստեղծագործութեան մէջ (Սաղմոս 148։7-10

15 Թերեւս Դաւիթին պէս, մեզի համար ալ դիւրին է բնութեան մէջ գտնել բան մը, որուն վրայ կրնանք խոկալ։ Եթէ շուրջդ նայիս, կրնաս շատ մը բաներու մէջ Եհովային յատկութիւնները տեսնել։ Օրինակ, կրնաս Եհովային զօրութիւնը ըմբռնել, երբ արեւուն տաքութիւնը զգաս մորթիդ վրայ (Եր. 31։35)։ Կրնաս Եհովային իմաստութեան մասին մտածել, երբ տեսնես որ թռչուն մը բոյն կը շինէ։ Կրնաս երեւակայել որ Եհովան որքա՜ն ուրախ եւ ճոխ անձնաւորութիւն մըն է, երբ տեսնես որ շնիկ մը իր պոչին ետեւէն կը դառնայ։ Եւ կրնաս Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել իր սիրոյն համար, ամէն անգամ որ տեսնես մայր մը իր պզտիկին հետ կը խաղայ։ Այո՛, մենք շատ առիթներ ունինք, որ Եհովային մասին սորվինք, քանի որ բոլոր ստեղծուած բաները, ըլլան մեծ կամ պզտիկ, մօտ կամ հեռու, Եհովան կը փառաբանեն (կարդա՛ Սաղմոս 148։7-10

16. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

16 Մեր Ստեղծիչը շա՛տ իմաստուն, սիրալիր եւ զօրաւոր է։ Ասկէ զատ, իր ստեղծած բոլոր բաները գեղեցիկ են։ Իր այս եւ ուրիշ յատկութիւններուն մասին ա՛լ աւելի կը սորվինք, երբ որ ուշի–ուշով մեր շուրջի ստեղծագործութիւնը դիտենք։ Անոր համար, պէտք է կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրենք, որ ստեղծագործութիւնը վայելենք եւ մտածենք թէ ատիկա մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։ Ասանկով, մեր Ստեղծիչին ա՛լ աւելի պիտի մօտենանք (Յակ. 4։8)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք որ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածելով՝ իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովային մօտենան։

ԵՐԳ 110 Աստուծոյ զարմանալի գործերը

a Եհովայի ստեղծագործութիւնը շա՛տ հիանալի է։ Մեր բերանը բաց կը մնայ, երբ իր գործերը տեսնենք. զօրաւոր արեւէն բռնէ մինչեւ ծաղիկի մը նուրբ թերթիկները։ Եհովային ստեղծածները մեզի շա՛տ բան կը սորվեցնեն իր մասին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչո՛ւ պէտք է ժամանակ տրամադրենք որ ստեղծագործութիւնը դիտենք եւ թէ ինչպէ՛ս ասիկա կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուծոյ մօտենանք։