Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուսումնասիրութեան Յօդուած 35

Շարունակէ համբերող ըլլալ

Շարունակէ համբերող ըլլալ

«Հագէ՛ք. . . համբերատարութիւնը» (ԿՈՂ. 3։12, ԱԾ

ԵՐԳ 78 Երկայնամտութիւն

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ինչո՞ւ կ’արժեւորես համբերող անհատները։

 ԲՈԼՈՐՍ կը գնահատենք անոնք որոնք կը համբերեն։ Օրինակ, կը յարգենք անոնք, որոնք բանի մը կը սպասեն առանց յոյսերնին կտրելու։ Կ’արժեւորենք որ ուրիշներ մեզի կը համբերեն երբ սխալներ ընենք։ Եւ շատ շնորհակալ ենք մեզի հետ սերտողին, որ մեզի համբերեց մինչեւ որ Աստուածաշունչէն մեր սորվածը հասկնանք, ընդունինք կամ գործադրենք։ Եւ ամէնէն կարեւորը, շատ շնորհակալ ենք Եհովա Աստուծմէ, որ մեզի կը համբերէ (Հռով. 2։4

2. Ո՞ր պարագաներուն թերեւս զգանք որ դժուար է համբերելը։

2 Թէեւ կը գնահատենք ուրիշներուն համբերութիւնը, բայց երբեմն կը զգանք որ դժուար է որ մենք համբերող ըլլանք։ Օրինակի համար, համբերելը կրնայ դժուար ըլլալ, եթէ խճողումի բռնուած ենք եւ ժամադրութեան մը ուշացած ենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ երբ ուրիշներ մեզ ջղայնացնեն, մեր համբերութիւնը կորսնցնենք։ Իսկ երբեմն ալ Եհովային խոստացած նոր աշխարհին սպասելը դժուար կը գտնենք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ կը նշանակէ համբերող ըլլալ, ինչո՛ւ անիկա կարեւոր է եւ ի՛նչ բան մեզի կ’օգնէ որ աւելի համբերող ըլլանք։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՀԱՄԲԵՐՈՂ ԸԼԼԱԼ

3. Համբերող անհատը ի՞նչ կ’ընէ, երբ ուրիշներ զինք կը նեղացնեն։

3 Նկատի առ թէ ի՛նչ չորս կերպերով կրնանք համբերութիւն ցոյց տալ։ Առաջին, համբերող անհատը երկայնամիտ է։ Ան կը փորձէ հանդարտ մնալ եւ երբ ջղայնանայ կամ ճնշումի տակ ըլլայ, ուրիշին վրայ իր ջղայնութիւնը չի պարպեր։ «Երկայնամիտ» բառը Սուրբ Գիրքին մէջ առաջին անգամ կ’երեւի, երբ Եհովային համար կ’ըսուի որ «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» է (Ել. 34։6

4. Համբերող անհատը ինչպէ՞ս կը սպասէ։

4 Երկրորդ, համբերող անհատը կրնայ հանդարտօրէն սպասել, եւ եթէ որոշ բան մը չափէն աւելի ժամանակ առնէ, կը փորձէ ջղագրգիռ չըլլալ (Մատ. 18։26, 27)։ Շատ մը պարագաներ կան, երբ պէտք է համբերութեամբ սպասենք։ Օրինակ, երբ մէկը կը խօսի, պէտք է համբերութեամբ իրեն մտիկ ընենք առանց իր խօսքը կտրելու (Յոբ 36։2)։ Նաեւ, թերեւս համբերութեան պէտք ունենանք, երբ աշակերտի մը կ’օգնենք որ Սուրբ Գիրքէն իր սորվածը հասկնայ, կամ գէշ սովորութենէ մը վազ անցնի։

5. Համբերութիւն ցոյց տալու ուրիշ ի՞նչ կերպ կայ։

5 Երրորդ, համբերող անհատը չ’աճապարեր։ Ճիշդ է որ կարգ մը պարագաներու, պէտք է արագ շարժինք, բայց երբ համբերող անհատ մը կարեւոր գործ մը ունի, անիկա վազեվազ չ’ըներ։ Հապա, բաւարար ժամանակ կը տրամադրէ, ծրագրելու համար թէ ինչպէ՛ս պիտի ընէ այդ գործը։ Ետքը, անոր կը տրամադրէ պէտք եղած ժամանակը։

6. Համբերող անհատը ի՞նչ կ’ընէ, երբ դժուարութիւններէ կ’անցնի։

6 Չորրորդ, համբերող անհատը ջանք կ’ընէ, որ իր դժուարութիւններուն տոկայ առանց գանգատելու։ Ասոր համար, համբերութիւնը կապ ունի տոկալուն հետ։ Անշուշտ, երբ մէկը դժուարութենէ մը կ’անցնի, սխալ չէ որ իր մտերիմ բարեկամին իր զգացումները պատմէ։ Բայց համբերող անհատը ամէն ջանք պիտի ընէ, որ դրական կեցուածքով տոկայ իր դժուարութեան (Կող. 1։11)։ Մենք՝ քրիստոնեաներս, պէտք է այս չորս կերպերով համբերութիւն ցոյց տանք։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առնենք կարգ մը պատճառներ։

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Ինչպէս որ հողագործը համբերութեամբ կը սպասէ՝ վստահ ըլլալով որ ժամանակին իր բերքը պիտի հնձէ, նոյնպէս մենք համբերութեամբ կը սպասենք՝ վստահ ըլլալով որ Եհովան իր ժամանակին իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Յակոբոս 5։7, 8–ի համաձայն, համբերութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Համբերութիւնը մեր փրկութեան համար կարեւոր է։ Անցեալին ապրած հաւատարիմ ծառաներու նման, մենք ալ պէտք է համբերութեամբ սպասենք որ Աստուած իր խոստումները կատարէ (Եբ. 6։11, 12)։ Աստուածաշունչը մեր պարագան կը բաղդատէ հողագործի պարագային հետ (կարդա՛ Յակոբոս 5։7, 8)։ Հողագործ մը ծանր կ’աշխատի որ սերմեր ցանէ եւ ջրէ, բայց ան չի գիտեր ճիշդ ե՛րբ պիտի աճին անոնք։ Անոր համար, համբերութեամբ կը սպասէ, վստահ ըլլալով որ բերք պիտի հնձէ։ Մենք ալ հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ զբաղած կը մնանք, հակառակ որ չենք գիտեր թէ ե՛րբ մեր «Տէրը պիտի գայ» (Մատ. 24։42)։ Մենք համբերութեամբ կը սպասենք, վստահ ըլլալով որ Եհովան իր յարմար ժամանակին իր բոլոր խոստացածները պիտի կատարէ։ Եթէ անհամբեր դառնանք, կրնանք սպասելէն յոգնիլ եւ ճշմարտութենէն կամաց–կամաց հեռանալ։ Նաեւ թերեւս սկսինք ժամանակաւոր ուրախութիւն տուող բաներու ետեւէն վազել։ Բայց եթէ համբերող ենք, մինչեւ վերջ պիտի տոկանք եւ պիտի փրկուինք (Միք. 7։7. Մատ. 24։13

8. Համբերութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ (Կողոսացիս 3։12, 13

8 Համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ ուշադրութեամբ մտիկ ընենք, երբ ուրիշներ կը խօսին (Յակ. 1։19)։ Համբերութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլանք։ Երբ ճնշումի տակ ըլլանք, համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ անազնիւ բան մը չըսենք ու չընենք։ Իսկ եթէ մէկը մեր զգացումները վիրաւորէ, համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք եւ փոխանակ նոյնը ընելու իրարու ‘համբերենք եւ ներենք’ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։12, 13

9. Համբերելը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, երբ որոշումներ պիտի առնենք (Առակաց 21։5

9 Համբերութիւնը նաեւ կրնայ մեզի օգնել որ աւելի լաւ որոշումներ առնենք։ Փոխանակ արագ որոշում առնելու, մեր ժամանակը պիտի առնենք որ փնտռտուք ընենք եւ տեսնենք թէ մեր առջեւ ի՛նչ ընտրութիւններ կան (կարդա՛ Առակաց 21։5)։ Օրինակ, եթէ գործ կը փնտռենք, թերեւս ընդունինք առաջին գործը որ մեզի կ’առաջարկուի, նոյնիսկ եթէ ատիկա պիտի ազդէ մեր պաշտամունքին։ Բայց եթէ համբերող ենք, մեր ժամանակը պիտի առնենք նկատի առնելու թէ այդ գործը ո՛ւր կը գտնուի, քանի՛ ժամ պէտք է աշխատինք եւ թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնայ ազդել մեր ընտանիքին եւ մեր հոգեւոր կեանքին։ Ուրեմն, համբերող ըլլալը մեզի պիտի օգնէ որ սխալ որոշում չառնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՒԵԼԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ

10. Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ համբերութիւն մշակել եւ միշտ ցոյց տալ։

10 Աղօթէ որ աւելի համբերութիւն ունենաս։ Համբերութիւնը հոգիին պտուղին երեսակներէն մէկն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Անոր համար, կրնանք աղօթել որ Եհովան մեզի սուրբ հոգին տայ եւ մեզի օգնէ որ անոր պտուղը մշակենք։ Եթէ պարագայէ մը անցնինք, ուր մեր համբերութիւնը կը փորձուի, շարունակենք սուրբ հոգին ‘խնդրել’, որպէսզի կրնանք համբերող ըլլալ (Ղուկ. 11։9, 13)։ Նաեւ կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեզի օգնէ հարցերը իր տեսանկիւնէն դիտելու։ Յետոյ, աղօթելէ ետք պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք որ ամէն օր համբերող ըլլանք։ Ո՛րքան աւելի համբերութեան համար աղօթենք եւ ջանանք համբերող ըլլալ, ա՛յնքան աւելի այս յատկութիւնը մեր սրտին մէջ արմատ պիտի կապէ եւ մեր անձնաւորութեան մէկ մասը պիտի դառնայ։

11-12. Եհովան ինչպէ՞ս համբերութիւն ցոյց տուած է։

11 Խոկա՛ Սուրբ Գիրքին օրինակներուն վրայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կրնանք գտնել շատ մը անհատներու օրինակները, որոնք համբերութիւն ունէին։ Երբ այս օրինակներուն վրայ խոկանք, համբերութիւն ցոյց տալու շատ մը կերպեր կը սորվինք։ Նա՛խ նկատի առնենք համբերութիւն ցոյց տալու մէջ լաւագոյն օրինակը՝ Եհովան։ Ետքը, նկատի առնենք ուրիշ օրինակներ։

12 Եդեմի պարտէզին մէջ, Սատանան Եհովան զրպարտեց՝ փորձելով Եւային մտքին մէջ կասկածներ դնել Եհովային արդար եւ սիրալիր Կառավարիչ մը ըլլալուն նկատմամբ։ Փոխանակ այդ զրպարտիչը անմիջապէս բնաջնջելու, Եհովան համբերութիւն եւ ինքնազսպում ցոյց տուաւ, քանի որ գիտէր թէ ժամանակ պիտի առնէր փաստելը որ իր կառավարելու կերպը լաւագոյնն է։ Եւ սպասած ատեն, ան համբերած է իր անուան վրայ եկած անարգանքին։ Ասկէ զատ, Եհովան համբերութեամբ կը սպասէ, որպէսզի աւելի մարդիկ առիթը ունենան յաւիտենական կեանք ունենալու (Բ. Պետ. 3։9, 15)։ Այս պատճառաւ, միլիոնաւոր մարդիկ զինք ճանչցած են։ Ուրեմն, եթէ կեդրոնանանք Եհովայի համբերութեան օգուտներուն վրայ, մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ սպասել այն ժամանակին, որ ինք որոշած է աշխարհին վերջը բերելու։

Համբերութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ դիւրին–դիւրին չբարկանանք, երբ մէկը մեզ վիրաւորէ (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօր համբերութիւնը կատարեալ կերպով ընդօրինակած է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Յիսուս իր Հօր համբերութիւնը կատարեալ կերպով կ’ընդօրինակէ, եւ ան այս յատկութիւնը ցոյց տուաւ երբ երկրի վրայ էր։ Յիսուսի համար դիւրին չէր համբերութիւն ցոյց տալ, մանաւանդ կեղծաւոր դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն հանդէպ (Յովհ. 8։25-27)։ Բայց իր Հօր նման, Յիսուս դիւրին–դիւրին չէր բարկանար։ Երբ մէկը զինք անարգէր կամ ջղայնացնէր, ան չէր փոխադարձեր (Ա. Պետ. 2։23)։ Յիսուս համբերութեամբ տոկաց նեղութիւններուն՝ առանց գանգատելու։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ‘միտք բերենք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն’ (Եբ. 12։2, 3)։ Եհովային օգնութեամբ, մենք ալ կրնանք համբերութեամբ տոկալ որեւէ փորձութեան որ մեր դիմաց կ’ելլէ։

Եթէ Աբրահամին պէս համբերենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի վարձատրէ հիմա եւ իր խոստացած նոր աշխարհին մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբրահամի համբերութենէն (Եբրայեցիս 6։15) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Թերեւս կ’ակնկալէինք որ վերջը շատոնց գայ, բայց ատիկա չեղաւ եւ հիմա կը վախնանք որ մեռնինք եւ ատիկա չտեսնենք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ համբերութեամբ սպասենք։ Նկատի առ Աբրահամին օրինակը։ Երբ Աբրահամ 75 տարեկան էր եւ զաւակ չունէր, Եհովան իրեն խոստացաւ. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ» (Ծն. 12։1-4)։ Աբրահամ այդ խոստումին կատարուիլը տեսա՞ւ։ Ոչ լման կերպով։ Եփրատ գետը կտրելէ եւ 25 տարի սպասելէ ետք, Աբրահամ տեսաւ իր որդիին՝ Իսահակին հրաշալի կերպով ծնիլը։ Եւ անկէ 60 տարի ետք, իր թոռները՝ Եսաւը եւ Յակոբը ծնան (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։15)։ Բայց Աբրահամ չտեսաւ իր սերունդին մեծ ազգ ըլլալը եւ Աւետեաց երկիրը ժառանգելը։ Ասով հանդերձ, այս հաւատարիմ մարդը մտերիմ բարեկամութիւն ունեցաւ իր Ստեղծիչին հետ (Յակ. 2։23)։ Ասկէ զատ, երբ Աբրահամ յարութիւն առնէ, ան շատ պիտի ուրախանայ գիտնալով որ իր հաւատքը եւ համբերութիւնը բոլոր ազգերուն օրհնութիւններ բերին (Ծն. 22։18)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Թերեւս հիմա անձամբ Եհովային բոլոր խոստումներուն կատարուիլը չտեսնենք, բայց եթէ Աբրահամին պէս համբերենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի վարձատրէ հիմա եւ իր խոստացած նոր աշխարհին մէջ (Մար. 10։29, 30

15. Ի՞նչ կրնանք նկատի առնել մեր անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին։

15 Սուրբ Գիրքին մէջ կրնանք գտնել ուրիշ շատ մը անհատներու օրինակները, որոնք համբերող էին (Յակ. 5։10)։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնք սերտելու համար ժամանակ տրամադրես b։ Օրինակ, նկատի առ Դաւիթի օրինակը։ Թէեւ Դաւիթ կանուխ տարիքէն օծուեցաւ, որ ապագային Իսրայէլի վրայ թագաւորէ, ան երկար տարիներ սպասեց մինչեւ որ թագաւոր ըլլայ։ Սիմէոնը եւ Աննան հաւատարմօրէն Եհովան պաշտեցին, մինչ կը սպասէին խոստացեալ Մեսիային գալուն (Ղուկ. 2։25, 36-38)։ Ասոնց մասին սերտելու ատեն, փորձէ այս հարցումներուն պատասխանները գտնել. Ի՞նչը օգնեց այս անհատին որ համբերութիւն ցոյց տայ։ Համբերող ըլլալով ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կրնամ զինք ընդօրինակել։ Կրնաս նաեւ օգտուիլ սերտելով այն անհատներուն մասին, որոնք համբերութիւն ցոյց չտուին (Ա. Թագ. 13։8-14)։ Թերեւս միտքէդ անցնի. ‘Ի՞նչը ձգեց որ անոնք անհամբեր ըլլան։ Հետեւանքները ի՞նչ էին’։

16. Համբերող ըլլալուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

16 Համբերող ըլլալուն օգուտները նկատի առ։ Երբ համբերող ենք, աւելի ուրախ եւ հանդարտ կ’ըլլանք։ Այսպէս, համբերութիւնը մեր մտային եւ ֆիզիքական առողջութիւնը կը բարելաւէ։ Երբ ուրիշներու հետ համբերող ըլլանք, անոնց հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ կը վայելենք, մեր ժողովքը աւելի միացած կ’ըլլայ եւ երբ մէկը մեզ ջղայնացնէ, դիւրին–դիւրին չբարկանալով՝ կ’օգնենք որ պարագան աւելի գէշ չըլլայ (Սաղ. 37։8. Առ. 14։29)։ Բայց ամէնէն կարեւոր բանը այն է որ երբ համբերող ենք, մեր երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակենք եւ իրեն աւելի կը մօտենանք։

17. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

17 Իրապէս ալ, համբերութիւնը շատ գեղեցիկ յատկութիւն մըն է, որմէ բոլորս կ’օգտուինք։ Ճիշդ է որ միշտ դիւրին չէ համբերող ըլլալ, բայց Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք շարունակել այս յատկութիւնը մշակել։ Եւ մինչ համբերութեամբ կը սպասենք նոր աշխարհին, կրնանք վստահ ըլլալ որ «Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է» (Սաղ. 33։18)։ Ուրեմն, բոլորս վճռենք շարունակել համբերատարութիւնը հագնիլ։

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

a Սատանայի աշխարհին մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը համբերութիւն չունի։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ համբերութիւնը հագնինք։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ այս յատկութիւնը շատ կարեւոր է, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի համբերող ըլլալ։

b Համբերութեան մասին Աստուածաշունչէն պատմութիւններ գտնելու համար, փնտռտուքի ուղեցոյցին մէջ բա՛ց «Զգացումներ, յատկութիւններ եւ վարուելակերպ» վերնագիրը եւ յետոյ «Համբերութիւն» ենթավերնագիրը (արաբ.)։