Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1923. Հարիւր տարի առաջ

1923. Հարիւր տարի առաջ

«Կ’ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ որ 1923–ը շատ խանդավառ տարի մը ըլլայ», ըսաւ Դիտարան–ի 1 յունուար 1923 թիւը։ «Մեծ առանձնաշնորհում մըն է ճնշուած մարդոց ըսել թէ մօտ օրէն լաւ ժամանակներ պիտի գան»։ 1923–ի ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց ժողովներուն, համաժողովներուն եւ քարոզչութեան մէջ հետաքրքրական փոփոխութիւններ մտցուցին, եւ ասոր շնորհիւ անոնք ա՛լ աւելի միութեան մէջ եկան։

ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՕԳՆԵՑԻՆ ՈՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԸԼԼԱՅ

Օրացոյցը համարներով եւ երգերու թիւերով

Այդ տարուան ընթացքին, կազմակերպութիւնը կարգ մը փոփոխութիւններ մտցուց, որոնք օգնեցին որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն միջեւ աւելի միութիւն ըլլայ։ Դիտարան–ը սկսաւ հրատարակել մեկնաբանութիւններ՝ «Աղօթքի, փառաբանութեան եւ վկայութեան ժողով»ի ընթացքին նկատի առնուած համարներուն մասին։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի Աշակերտները օրացոյց մը հրատարակեցին, որուն մէջ ամէն մէկ շաբթուան նկատմամբ համար մը կար, ինչպէս նաեւ երգեցողութիւն մը, որ կրնային երգել իրենց անձնական ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։

Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց ժողովներուն ընթացքին «վկայութիւն» կու տային, այսինքն՝ ծառայութեան մէջ եղած փորձառութիւն մը կը պատմէին, Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնէին, կ’երգէին կամ նոյնիսկ կ’աղօթէին։ Էվա Պարնին, որ մկրտուեցաւ 1923–ին՝ երբ 15 տարեկան էր, կը յիշէ. «Եթէ ուզէիր վկայութիւն տալ, պէտք էր ոտքի կենայիր եւ այս խօսքերով սկսէիր. ‘Կը փափաքիմ Տէրոջ շնորհակալութիւն յայտնել իր ըրած բոլոր բարի բաներուն համար’»։ Կարգ մը եղբայրներ կը սիրէին վկայութիւն տալ։ Քոյր Պարնին կը շարունակէ. «Տարեց եղբայր մը՝ Կատուինը, շատ բաներու համար կ’ուզէր շնորհակալութիւն յայտնել Տէրոջ։ Բայց երբ իր կինը կը տեսնէր որ ամպիոնը կեցած եղբայրը սկսաւ նեղանալ, իր ամուսինին բաճկոնին ծայրէն կը քաշէր, ամուսինն ալ տեղը կը նստէր»։

Ամիսը անգամ մը, իւրաքանչիւր ժողովք «Աղօթքի, փառաբանութեան եւ վկայութեան ժողով» մը կ’ունենար։ Նկարագրելով այս ժողովը, Դիտարան–ի 1 ապրիլ 1923 թիւը ըսաւ. «Ժողովին կէսը կը տրամադրուէր վկայութիւններու, որոնք կապ ունէին քարոզչութեան եւ քարոզիչները քաջալերելու հետ։. . . Մենք կը հաւատանք որ այս քաջալերական ժողովները բարեկամները իրարու աւելի պիտի մօտեցնեն»։

Չարլզ Մարթին անունով 19 տարեկան ժողովքի հրատարակիչ մը, Վանքուվըրէն, Քանատա, մեծապէս օգտուեցաւ այս ժողովներէն։ Ան ետքը ըսաւ. «Հոն էր որ առաջին անգամ ըլլալով սորվեցայ դռներուն առջեւ ինչ ըսել։ Շատ անգամներ մէկը փորձառութիւն մը կը պատմէր դռնէ–դուռ ծառայութենէն, եւ ասիկա ինծի գաղափարներ կու տար թէ ի՛նչ ըսէի եւ առարկութիւններուն ինչպէ՛ս պատասխանէի»։

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՄԻԱՑՈՒՑ

1 մայիս 1923–ի Տեղեկագիր

Եղբայրները իրարու միացան նաեւ, երբ «Ծառայութեան օրեր» եղան։ Դիտարան–ի 1 ապրիլ 1923 թիւը ծանուցանեց. «Որպէսզի քարոզչութեան մէջ միութիւն ըլլայ, երեքշաբթի, 1 մայիս 1923–ը որոշուեցաւ որպէս ծառայութեան օր։ Նոյնպէս ամէն մէկ ամսուան առաջին երեքշաբթին ծառայութեան օր պիտի նկատուի։ Ժողովքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է այս գործին մէջ բաժին բերէ»։

Նոյնիսկ պատանի Աստուածաշունչի Աշակերտները քարոզչութեան մասնակցեցան։ Հազըլ Պըրֆըրտը, որ այդ ատեն միայն 16 տարեկան էր, կը յիշէ. «Տեղեկագիր–ը ունէր ներկայացումի նմոյշներ, որ մենք գոց սորվէինք a։ Ես մեծ հօրս հետ խանդավառօրէն կը մասնակցէի այս բոլոր գործունէութիւններուն»։ Բայց քոյր Պըրֆըրտը զարմացաւ, երբ գիտցաւ որ եղբայր մը ի՛նչ կը զգար իր քարոզելուն նկատմամբ։ Ան ըսաւ. «Սիրելի տարեց եղբայր մը համոզուած էր որ ես պէտք չէր մարդոց հետ խօսէի։ Այդ ատեն, ոմանք չէին հասկնար որ բոլոր Աստուածաշունչի Աշակերտները, մէջը ըլլալով՝ պատանիները, պէտք է մասնակցին մեր մեծ Ստեղծիչը փառաբանելուն մէջ» (Սաղ. 148։12, 13)։ Բայց քոյր Պըրֆըրտը շարունակեց քարոզել։ Ան յաճախեց Գաղաադի դպրոցի երկրորդ դասարանը եւ որպէս միսիոնար ծառայեց Բանամայի մէջ։ Եւ ժամանակի ընթացքին, այսպիսի եղբայրներ պատանիներուն ծառայութեան մասնակցելուն նկատմամբ իրենց կեցուածքը փոխեցին։

ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՄԻԱՑՈՒՑԻՆ

Համաժողովներն ալ օգնեցին որ եղբայրները միացած ըլլան։ Այս համաժողովներէն շատերուն ընթացքին, ծառայութեան համար օր մը նշանակուած էր։ Օրինակի համար, Ուինիբէկի համաժողովին, Քանատա, բոլոր ներկայ գտնուողներուն հրաւէր տրուեցաւ որ մարտ 31–ին այդ քաղաքին մէջ քարոզելու մասնակցին։ Քարոզչութեան այս յատուկ օրերուն ընթացքին, շատ աւելի մարդոց քարոզուեցաւ եւ ասիկա լաւ արդիւնքներ տուաւ։ Օգոստոս 5–ին, մօտ 7000 անհատներ Ուինիբէկի մէջ ներկայ եղան ուրիշ համաժողովի մը։ Այդ ժամանակ, ասիկա Քանատայի մէջ տեղի ունեցող համաժողովներուն մեծագոյնն էր։

Եհովայի ժողովուրդին շատ կարեւոր մէկ համաժողովը եղաւ՝ 1923–ին, օգոստոս 18-26, Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա։ Այդ համաժողովին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, օրաթերթերը այդ դէպքին մասին ծանուցանեցին եւ Աստուածաշունչի Աշակերտները աւելի քան 500,000 հրաւիրագիրներ բաժնեցին։ Ատիկա նաեւ ծանուցանուեցաւ ինքնաշարժներու վրայ դրուած ցուցապաստառներով։

1923–ին, Լոս Անճէլոսի մէջ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաժողովը

Շաբաթ, օգոստոս 25–ին, եղբայր Ռատըրֆորտ դասախօսութիւն մը ներկայացուց, որուն բնաբանն էր՝ «Ոչխարներ եւ այծեր»։ Անոր մէջ, ան յստակօրէն բացատրեց որ ոչխարները դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու յոյս ունեցող արդար մարդիկն էին։ Ան նաեւ դասախօսութիւն մը տուաւ եւ որոշում մը կարդաց, որ կը կոչուէր՝ «Ազդարարութիւն»։ Այս որոշումը քրիստոնեայ աշխարհը դատապարտեց եւ պարկեշտ սիրտ ունեցողները քաջալերեց որ «մեծ Բաբելոն»էն դուրս ելլեն (Յայտ. 18։2, 4)։ Յետագային, Աստուածաշունչի Աշակերտները նախանձախնդրաբար համայն աշխարհի մէջ պիտի բաժնէին միլիոնաւոր թերթիկներ, որոնց մէջ այս որոշումը նշուած էր։

«Այս քաջալերական ժողովները բարեկամները իրարու աւելի պիտի մօտեցնեն»

Համաժողովին վերջին օրը, աւելի քան 30,000 անհատներ եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութիւնը մտիկ ըրին, որուն բնաբանն էր՝ «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին»։ Աստուածաշունչի Աշակերտները ակնկալեցին որ շատ մարդիկ ներկայ գտնուին, անոր համար վարձեցին նոր շինուած Լոս Անճէլոս Քոլիզիըմը։ Եւ վստահ ըլլալու համար որ ամէն մարդ դասախօսութիւնը պիտի կարենար լսել, եղբայրները սթատիումին բարձրախօսները գործածեցին, ինչ որ այն ատեն նորութիւն մըն էր։ Ասկէ զատ, շատ աւելի անհատներ ալ յայտագիրը մտիկ ըրին ռատիոյին միջոցաւ։

ԳՈՐԾԸ Կ’ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒԻ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ

1923–ին, գործը աչքառու կերպով ընդարձակուեցաւ՝ Ափրիկէի, Եւրոպայի, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Եղբայր Ա. Ճ. Ճազըֆ, որ Հնդկաստանի մէջ կ’ապրէր եւ կը հոգար իր կնոջ եւ 6 զաւակներուն, նաեւ հոգ տարաւ որ մեր հրատարակութիւնները արտադրուին՝ հինտի, թամիլերէն, թելուկու եւ ուրտու լեզուներով։

Ուիլիամ Ռ. Պրաունը եւ իր ընտանիքը

Սիերա Լէոնէի մէջ, երկու Աստուածաշունչի Աշակերտներ՝ Ալֆրէտ Ճազըֆը եւ Լէոնարտ Պլէքմէնը, գրեցին մեր կեդրոնատեղիին,– որ կը գտնուէր Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք– եւ օգնութիւն խնդրեցին։ 14 ապրիլ 1923–ին, անոնց խնդրանքը պատասխանուեցաւ։ Ալֆրէտը կը պատմէ. «Շաբաթ գիշերը՝ ուշ ժամանակ անակնկալօրէն հեռաձայնը զանգեց»։ Հաստ ձայնով մէկը հարցուց. «Դո՞ւն ես որ Դիտարանի ընկերութեան գրեցիր եւ քարոզիչներ խնդրեցիր»։ Ալֆրէտ պատասխանեց. «Այո՛»։ Ձայնը պատասխանեց. «Լաւ, զիս ղրկեցին»։ Ձայնը եղբայր Ուիլիամ Ռ. Պրաունին ձայնն էր։ Ան իր կնոջ՝ Անթոնիայի, եւ իր երկու աղջիկներուն՝ Լուիզի եւ Լուսիի հետ այդ օրը հասած էր Քարայիպեան կղզիները։ Եղբայրները շատ չանցած պիտի դիմաւորէին այս ընտանիքը։

Ալֆրէտը շարունակեց՝ ըսելով. «Յաջորդ օրը, ես ու Լէոնարտը միասին Աստուածաշունչը կը սերտէինք, երբ երկարահասակ մարդ մը դրան առջեւ կայնեցաւ։ Ան եղբայր Պրաունն էր։ Ան այնքա՛ն նախանձախնդիր էր, որ ուզեց յաջորդ օրն իսկ հանրային դասախօսութիւն ներկայացնել»։ Մէկ ամիս չանցած եղբայր Պրաունը իր հետ բերած բոլոր հրատարակութիւնները բաժնեց, եւ շատ չանցած 5000 գիրքեր ալ ստացաւ, որոնք բաժնեց եւ աւելիին ալ պէտք եղաւ։ Բայց եղբայր Պրաունը ոչ թէ ճանչցուած էր որպէս գիրք ծախող, հապա որպէս Եհովայի նախանձախնդիր ծառայ մը, որ միշտ իր դասախօսութիւններուն մէջ Սուրբ Գիրքէն կը մէջբերէր, եւ անոր համար ալ ճանչցուած էր որպէս «Աստուածաշունչ Պրաուն»։

Մէկտըպըրկի Բեթէլը՝ 1920–⁠ականներուն

Մինչ այդ, Պարմէնի մէջ, Գերմանիա, գտնուող մեր մասնաճիւղը այլեւս մեզի համար պզտիկ էր։ Միեւնոյն ատեն, Ֆրանսան կը սպառնար գրաւել այդ քաղաքը։ Աստուածաշունչի Աշակերտները Մէկտըպըրկի մէջ շէնք մը գտան, որ մեր տպագրութեան գործին համար շատ յարմար էր։ Յունիս 19–ին, եղբայրները տպագրամեքենաները եւ կահկարասիները փոխադրեցին մեր նոր Բեթէլը, Մէկտըպըրկի մէջ։ Ճիշդ յաջորդ օրը կեդրոնատեղին լուր առաւ որ փոխադրութիւնը ամբողջացած էր, մինչ օրաթերթերը ծանուցանեցին թէ Ֆրանսան Պարմէն քաղաքը գրաւած էր։ Եղբայրները տեսան որ այս փոխադրութիւնը Եհովայի օրհնութեան եւ պաշտպանութեան մէկ փաստն էր։

Ճորճ Եանկը, Սառա Ֆէրկէսընը (աջին) եւ Սառային քոյրը

Պրազիլի մէջ, Ճորճ Եանկը, որ շատ կը ճամբորդէր բարի լուրը տարածելու համար, նոր մասնաճիւղ մը հիմնեց եւ սկսաւ հրատարակել Դիտարան–ը փորթուգալերէն լեզուով։ Միայն քանի մը ամսուան մէջ, ան աւելի քան 7000 հրատարակութիւն բաժնեց։ Իր Պրազիլ գալը Սառա Ֆէրկէսընին առջեւ ալ առիթ բացաւ։ Ան 1899–էն ի վեր Դիտարան–ը կը կարդար, բայց բնաւ չէր կրցած իր նուիրումը ցոյց տալ ջուրի մկրտութեամբ։ Քանի մը ամիս ետք, քոյր Ֆէրկէսընը եւ իր չորս զաւակները վերջապէս կրցան այս կարեւոր քայլը առնել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ

Տարուան վերջաւորութեան, Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 1923 թիւը նկարագրեց թէ ինչպէ՛ս մեր ժողովներուն, ծառայութեան եւ համաժողովներուն մէջ մտցուած փոփոխութիւնները ազդեցութիւն ունեցան Աստուածաշունչի Աշակերտներուն վրայ։ Անիկա ըսաւ. «Յստակ է թէ ժողովքները զօրաւոր հաւատք ունին. . . թող որ պատրաստուինք որ ա՛լ աւելի աշխատինք եւ յաջորդ տարին, 1924–ին, շարունակենք Աստուծոյ ծառայել նախանձախնդրութեամբ եւ ուրախութեամբ»։

1924–ն ալ հետաքրքրական տարի մը պիտի ըլլար Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համար։ Բեթէլի եղբայրները ամիսներով կ’աշխատէին ծրագրի մը վրայ՝ Սթէթըն կղզիին մէջ, որ Պրուքլինի կեդրոնատեղիին շատ մօտ էր։ Այդ նոր տեղը շինուած շէնքերը ամբողջացան 1924–ի սկիզբը եւ օգնեցին որ եղբայրութիւնը միանայ, ինչպէս նաեւ բարի լուրը տարածուի կերպերով որ ատկէ առաջ կարելի չէր։

Սթէթըն կղզիին վրայ շինարարները

a Հիմա կը կոչուի՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր։