Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 44

Աստուծոյ Խօսքը խոր կերպով սերտէ

Աստուծոյ Խօսքը խոր կերպով սերտէ

‘Հասկցէք թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը’ (ԵՓ. 3։18

ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ սերտելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է. բացատրէ։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ պիտի որոշես տուն մը գնել։ Որոշումդ առնելէ առաջ, ի՞նչ կ’ուզես տեսնել։ Միայն նկար մը, որ տունին առջեւի մա՞սը ցոյց կու տայ։ Վստահաբար կ’ուզես որ անձամբ երթաս այդ տունը, որպէսզի ատոր շուրջը դառնաս, ներս մտնես, բոլոր սենեակները տեսնես, եւ անոնց ամէն մէկուն մեծութիւնը գիտնաս։ Թերեւս նոյնիսկ ուզես տունին քարտէսը տեսնել, որպէսզի գիտնաս ինչպէ՛ս շինուած է։ Անկասկած, քու ապագայ տունիդ մասին ամէն մանրամասնութիւնները կ’ուզես գիտնալ։

2 Նոյն բանը կրնանք ընել, երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք ու կը սերտենք։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը Սուրբ Գիրքին պատգամը կը նմանցնէ «մեծ եւ բարձր տունի մը, որ խորունկ հիմեր ունի»։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք աւելի մօտէն ծանօթանալ Սուրբ Գիրքի մէջի բաներուն։ Եթէ արագօրէն կարդաս, թերեւս միայն հիմնական ճշմարտութիւնները պիտի գիտնաս, որոնք «Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքներ»ն են (Եբ. 5։12)։ Բայց ասոր տեղ, մտիր «տունէն ներս», այսինքն՝ Սուրբ Գիրքին հետաքրքրական մանրամասնութիւնները քննէ։ Սուրբ Գիրքը սերտելու հոյակապ կերպ մըն է՝ տեսնել թէ ինչպէ՛ս անոր տարբեր–տարբեր մասերը իրարու հետ կապուած են։ Ջանք ըրէ որ հասկնաս ոչ միայն թէ ի՛նչ ճշմարտութիւններու կը հաւատաս, հապա թէ ինչո՛ւ կը հաւատաս անոնց։

3. Պօղոս առաքեալ իր քրիստոնեայ հաւատակիցները քաջալերեց որ ի՞նչ ընեն, եւ ինչո՞ւ (Եփեսացիս 3։14-19

3 Որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը լիովին հասկնանք, պէտք է Աստուածաշունչի խորունկ ճշմարտութիւնները սորվինք։ Պօղոս առաքեալ իր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերեց որ Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանութեամբ սերտեն, որպէսզի կարենան հասկնալ ճշմարտութեան «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը»։ Անկէ ետքն էր որ անոնք կրնային իրենց հաւատքին մէջ ‘արմատանալ ու հաստատուիլ’ (կարդա՛ Եփեսացիս 3։14-19)։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը քննել, որպէսզի կարենանք անոր հետաքրքրական մանրամասնութիւնները աւելի լաւ գիտնալ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԽՈՐՈՒՆԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԷ

4. Ի՞նչ կրնանք ընել Եհովային մօտենալու համար. օրինակներ տուր։

4 Որպէս քրիստոնեայ, մենք չենք ուզեր միայն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները հասկնալ։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, մենք կ’ուզենք «Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ» սորվիլ (Ա. Կոր. 2։9, 10)։ Կրնաս խորունկ ուսումնասիրութիւն մը ընել, որ կրնայ քեզի աւելի մօտեցնել Եհովային։ Օրինակ, կրնաս ուսումնասիրել, թէ Աստուած ինչպէ՛ս իր սէրը ցոյց տուաւ իր անցեալի ծառաներուն հանդէպ, եւ ասիկա ինչպէ՛ս կը փաստէ թէ քեզ ալ կը սիրէ։ Կրնաս քննել անցեալին Իսրայէլի մէջ Եհովայի պաշտամունքին կարգադրութիւնը եւ թէ ատիկա ինչպէ՛ս նման է ներկայ քրիստոնէական ժողովքի կարգադրութեան։ Կամ ալ կրնաս խորունկ ուսումնասիրութիւն մը ընել այն մարգարէութիւններուն մասին, որոնք Յիսուս կատարեց երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին։

5. Կա՞յ նիւթ մը, որ կ’ուզես խոր կերպով սերտել։

5 Աստուածաշունչի կարգ մը ժրաջան աշակերտներու հարցուեցաւ թէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ո՛ր խորունկ բաները անձնապէս կ’ուզեն ուսումնասիրել։ Ոմանց առաջարկները կը գտնուին « Անձնական ուսումնասիրութեան ծրագիրներ» շրջանակին մէջ։ Շատ պիտի ուրախանաս այս նիւթերը ուսումնասիրելով Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին (արաբ.) եւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–ին օգնութեամբ։ Աստուածաշունչի խորունկ ուսումնասիրութիւնը կրնայ հաւատքդ զօրացնել եւ քեզի օգնել որ ‘Աստուծոյ գիտութիւնը գտնես’ (Առ. 2։4, 5)։ Հիմա կեդրոնանանք Աստուածաշունչի խորունկ ճշմարտութիւններէն ոմանց վրայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛

6. ա) Ի՞նչ է տարբերութիւնը ծրագրին եւ նպատակին միջեւ։ բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ մարդուն եւ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը «յաւիտենական» է (Եփեսացիս 3։11

6 Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ նպատակին մասին։ Մեծ տարբերութիւն կայ ծրագիրի մը եւ նպատակի մը միջեւ։ Ծրագիրը կրնանք նմանցնել ճամբայ մը ընտրելու, որ քեզ կը տանի հոն, ուր կ’ուզես հասնիլ։ Բայց այդ ծրագիրը կրնայ ձախողիլ, եթէ ճամբուն վրայ արգելքներ ըլլան։ Մինչդեռ, նպատակը կը կեդրոնանայ այն տեղին վրայ, ուր կ’ուզես հասնիլ։ Մենք գիտենք ո՛ւր կ’ուզենք հասնիլ, բայց ճամբան յստակ չէ։ Անիկա պարագային համաձայն կրնայ փոխուիլ։ Շնորհակալ ենք որ Եհովան մեզի աստիճանաբար Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնած է իր «յաւիտենական նպատակ»ը (Եփ. 3։11, ՆԱ)։ Եհովան այս կամ այն կերպով միշտ կը յաջողի, քանի որ «ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց» (Առ. 16։4)։ Իսկ Եհովային ըրածներուն արդիւնքները յաւիտեան պիտի մնան։ Լաւ, ի՞նչ է Եհովային նպատակը, եւ ան ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրած է, որպէսզի զայն իրագործէ։

7. Առաջին մարդն ու կինը ըմբոստանալէ ետք, Եհովան իր նպատակը իրագործելու մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն մտցուց (Մատթէոս 25։34

7 Աստուած առաջին մարդուն եւ կնոջ ըսաւ որ ի՛նչ էր իր նպատակը իրենց համար։ Անոնք պիտի ‘աճէին ու շատնային ու երկիրը լեցնէին եւ անոր տիրէին եւ երկրի վրայ բոլոր կենդանիներուն իշխէին’ (Ծն. 1։28)։ Երբ Ադամն ու Եւան ըմբոստացան եւ մեղքը մտցուցին մարդկային ընտանիքին մէջ, Եհովային նպատակը չխանգարուեցաւ։ Ան այդ նպատակը իրագործելու իր կերպին մէջ փոփոխութիւն մտցուց։ Ան անմիջապէս որոշեց երկինքի մէջ Թագաւորութիւն մը հաստատել, որ մարդկութեան ու երկրին նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը կատարէ (կարդա՛ Մատթէոս 25։34)։ Իր որոշած ժամանակին, Եհովան սէրէ մղուած իր միածին Որդին երկիր ղրկեց, որպէսզի Թագաւորութեան մասին սորվեցնէ մարդոց եւ իր կեանքը որպէս փրկանք տայ, մեզ մեղքէն ու մահէն ազատելու համար։ Ետքը, Յիսուս յարութիւն առաւ եւ երկինք ելաւ, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլայ։ Բայց Աստուծոյ նպատակին մասին ուրիշ ի՞նչ բաներ կան, որոնց վրայ կրնանք խոկալ։

Բոլոր մտացի արարածները երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ պիտի միանան եւ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեն (տե՛ս պարբերութիւն 8)

8. ա) Սուրբ Գիրքին բնաբանը ի՞նչ է։ բ) Ինչպէս որ Եփեսացիս 1։8-11–ի մէջ բացատրուած է, Եհովային վերջնական նպատակը ի՞նչ է (տե՛ս կողքին նկարը)։

8 Սուրբ Գիրքին գլխաւոր բնաբանն է որ Եհովային անունը պիտի սրբացուի, մինչ ան երկրի նկատմամբ իր նպատակը կ’իրագործէ Քրիստոսի Թագաւորութեան միջոցաւ։ Եհովային նպատակը չի փոխուիր։ Ան վստահեցուցած է թէ այդ նպատակը պիտի յաջողի (Եսա. 46։10, 11. Եբ. 6։17, 18)։ Ժամանակի ընթացքին, երկիրը պիտի վերածուի դրախտի մը, ուր Ադամի ու Եւայի կատարեալ ու արդար զաւակները ‘յաւիտեան պիտի ապրին’ (Սաղ. 22։26)։ Ասկէ զատ, Եհովան իր մտքին մէջ աւելի մեծ նպատակ մը ունի։ Իր վերջնական նպատակն է՝ երկինքի ու երկրի վրայ իր բոլոր մտացի արարածները միացնել։ Այն ատեն, բոլոր ապրողները հաւատարմօրէն պիտի ենթարկուին իրեն որպէս իրենց գերիշխանը (կարդա՛ Եփեսացիս 1։8-11)։ Իր նպատակը իրագործելու ի՜նչ գեղեցիկ կերպ մը ընտրած է Եհովան։

ԱՊԱԳԱՅԻԴ ՄԱՍԻՆ ԽՈԿԱ՛

9. Աստուածաշունչը կարդալով, որքա՞ն հեռաւոր ապագան կրնանք տեսնել։

9 Հիմա նկատի առնենք Եդեմի պարտէզին մէջ Եհովայի ըսած մարգարէութիւնը, որ արձանագրուած է Ծննդոց 3։15–ին մէջ b։ Այդ մարգարէութիւնը նշեց դէպքեր, որոնք Եհովային նպատակը պիտի կատարէին, բայց տեղի պիտի ունենային հազարաւոր տարիներ ետք։ Օրինակի համար, Աստուած Աբրահամին ըսաւ որ դարեր ետք իր սերունդէն պիտի գար Քրիստոսը (Ծն. 22։15-18)։ Ետքը, Ք.Ե. 33–ին, ինչպէս մարգարէացուած էր, Յիսուսին գարշապարը խայթուեցաւ (Գործք 3։13-15)։ Այդ մարգարէութեան վերջին դէպքն էր՝ Սատանային գլուխին ջախջախուիլը, որ տեղի պիտի ունենայ շուրջ հազար տարի ետք (Յայտ. 20։7-10)։ Աստուածաշունչը շատ մը ուրիշ բաներ ալ կը յայտնէ, որոնք տեղի պիտի ունենան, մինչ Սատանայի աշխարհին եւ Եհովայի կազմակերպութեան միջեւ թշնամութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին։

10. ա) Ո՞ր ապագայ դէպքերը շուտով պիտի ըլլան։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր միտքն ու սիրտը պատրաստել (տե՛ս ստորանիշը)։

10 Նկատի առ Աստուածաշունչին նախատեսած ցնցիչ դէպքերը։ Առաջին, կառավարութիւնները պիտի յայտարարեն «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» (Ա. Թես. 5։2, 3)։ «Յանկարծ», մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի, երբ կառավարութիւնները բոլոր սուտ կրօնքներուն վրայ յարձակին (Յայտ. 17։16)։ Անկէ ետք, սովորականէն դուրս բան մը պիտի երեւնայ, որ է՝ «Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով» (Մատ. 24։30)։ Յիսուս մարդկութիւնը պիտի դատէ՝ ոչխարները այծերէն զատելով (Մատ. 25։31-33, 46)։ Մինչ այդ, Սատանան ձեռքերը ծալած պիտի չնստի։ Ան ատելութեամբ լեցուած՝ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը պիտի դրդէ, որ Աստուածաշունչին մէջ կոչուած է՝ Մագոգի երկիրը եղող Գոգը, որ Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ յարձակի (Եզեկ. 38։2, 10, 11)։ Որոշ մէկ հանգրուանին, օծեալ մնացորդը երկինք պիտի ելլէ՝ Քրիստոսի եւ երկնային միւս ուժերուն միանալով, Արմագեդոն պատերազմը պատերազմելու համար։ Ասիկա մեծ նեղութեան վերջաւորութիւնը պիտի ըլլայ (Մատ. 24։31. Յայտ. 16։14, 16) c։ Անկէ ետք, Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութիւնը պիտի սկսի երկրի վրայ (Յայտ. 20։6

Որքա՞ն Եհովային մօտիկ պիտի զգաս, միլիառաւոր տարիներ իր մասին սորվելէ ետք (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Յաւիտեան ապրելու յոյսը քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Հիմա եկուր երեւակայենք ի՛նչ պիտի ըլլայ հազար տարին լրանալէն ետք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մեր Ստեղծիչը մեր «մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժող. 3։11)։ Մտածէ թէ ասիկա ինչպէ՛ս կ’ազդէ քեզի եւ Եհովային հետ քու յարաբերութեանդ։ Եհովայի մօտեցիր գրքին մէջ, էջ 319 (արաբ.), այս հետաքրքրական խօսքը կայ. «Հարիւրաւոր, հազարաւոր, միլիոնաւոր, նոյնիսկ միլիառաւոր տարիներ ապրելէ ետք, Եհովային մասին շա՜տ աւելի պիտի գիտնանք, քան՝ ինչ որ հիմա գիտենք։ Բայց տակաւին պիտի զգանք որ շատ հոյակապ բաներ կան, որոնք տակաւին պէտք է սորվինք։. . . Յաւիտենական կեանքը աներեւակայելիօրէն ճոխ եւ հետաքրքրական պիտի ըլլայ. եւ Եհովային մօտենալը միշտ պիտի ըլլայ ամէնէն գեղեցիկ բանը»։ Իսկ հիմա, մինչ կը սերտենք Սուրբ Գիրքը, ուրիշ ի՞նչ բաներ կրնանք գտնել։

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՆՔ ՆԱՅԷ

12. Ինչպէ՞ս կրնանք դէպի երկինք նայիլ. օրինակ մը տուր։

12 Աստուծոյ Խօսքը մեզի գաղափար մը կու տայ ‘բարձրերը բնակող’ Եհովային մասին (Եսա. 33։5)։ Աստուածաշունչը Եհովային եւ իր կազմակերպութեան երկնային մասին նկատմամբ սքանչելի բաներ կը յայտնէ (Եսա. 6։1-4. Դան. 7։9, 10. Յայտ. 4։1-6)։ Օրինակի համար, կրնանք կարդալ Եզեկիէլի տեսած հրաշալի բաներուն մասին, երբ ‘երկինքը բացուեցաւ ու Աստուծոյ տեսիլքները տեսաւ’ (Եզեկ. 1։1

13. Եբրայեցիս 4։14-16–ի մէջ բացատրուած երկինքին մէջ Յիսուսի դերին նկատմամբ ի՞նչ բան կը գնահատես։

13 Նաեւ մտածէ երկինքի մէջ Յիսուսի դերին մասին։ Ան մեր իշխող Թագաւորն է եւ կարեկից Քահանայապետը։ Իր միջոցաւ, կրնանք աղօթքով Աստուծոյ «շնորհաց աթոռին» մօտենալ եւ ողորմութիւն եւ օգնութիւն խնդրել «պէտք եղած ատեն» (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։14-16)։ Չձգենք որ օր մը իսկ անցնի, առանց խոկալու այն բաներուն վրայ, որ Եհովան եւ Յիսուսը ըրած են եւ տակաւին կ’ընեն մեզի համար երկինքէն։ Մեզի հանդէպ անոնց սէրը պէտք է խորապէս դպչի մեր սրտին եւ մեզ մղէ որ մեր ծառայութեան եւ պաշտամունքին մէջ նախանձախնդիր ըլլանք (Բ. Կոր. 5։14, 15

Երեւակայէ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլաս նոր աշխարհին մէջ՝ գիտնալով որ ուրիշներուն օգնեցիր որ Եհովայի վկաներ ըլլան եւ Յիսուսի աշակերտները դառնան (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ի՞նչ է լաւագոյն կերպերէն մէկը ցուցնելու համար թէ որքա՛ն կը գնահատենք Եհովան եւ Յիսուսը (տե՛ս նաեւ նկարները)։

14 Լաւագոյն կերպերէն մէկը ցուցնելու համար թէ մենք որքա՜ն կը գնահատենք մեր Աստուածը եւ իր Որդին, այն է որ ջանանք ուրիշներուն օգնել որ Եհովայի վկաներ եւ Յիսուսի աշակերտները դառնան (Մատ. 28։19, 20)։ Պօղոս առաքեալ ասիկա է որ ըրաւ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ գնահատութենէ մղուած։ Ան գիտէր որ Եհովային կամքն է, որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ան ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ որ կարելի եղածին չափ շատերու օգնէ, ‘որպէսզի մէկ քանիները ապրեցնէ’ (Ա. Կոր. 9։22, 23

ՀԱՃՈՅՔ ԱՌ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՔՆՆԵԼՈՎ

15. Սաղմոս 1։2–ի համաձայն, ի՞նչ բան մեզ պիտի ուրախացնէ։

15 Առաջին սաղմոսը գրողը տեղին ըլլալով ըսաւ որ ուրախ եւ յաջող անձը այն է, որուն «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ» (Սաղ. 1։1-3)։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ մը՝ Ճազըֆ Ռոթըրհէմը, իր գրքին մէջ (Studies in the Psalms) այս համարին մասին խօսելով՝ ըսաւ որ անձ մը «Աստուծոյ տուած ուղղութենէն այնքա՛ն հաճոյք պէտք է առնէ, որ ատիկա փնտռէ, սորվի եւ անոր վրայ խոկայ»։ Ան աւելցուց որ «ամէն մէկ օր որ Աստուածաշունչը կարդացողը անկէ իմաստութիւն չ’առներ, իրեն համար այդ օրը օր մըն է, որ պարապի գնաց»։ Կրնաս Աստուածաշունչը սերտելով հաճոյք առնել, երբ ամէն կարելիդ կ’ընես որ անոր արժէքաւոր մանրամասնութիւնները սորվիս եւ տեսնես թէ անոնք ինչպէ՛ս իրարու հետ կապուած են։ Մենք շատ կ’ուրախանանք, երբ Աստուծոյ Խօսքը խոր կերպով կը սերտենք։

16. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

16 Իր Խօսքին մէջ, Եհովային սորվեցուցած գեղեցիկ ճշմարտութիւնները մեզի համար դժուար չէ հասկնալը։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք աւելի խորունկ ճշմարտութիւններէն մէկը՝ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը, որ նկարագրուած է եբրայեցիներուն գրած Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ։ Կը մաղթենք որ այս նիւթը քննելը քեզի հաճոյք տայ։

ԵՐԳ 113 Երախտապարտ ենք Աստուծոյ Խօսքին համար

a Աստուածաշունչը սերտելը կրնայ հաճելի ըլլալ, ինչպէս նաեւ կրնայ մեր երկնաւոր Հօր շա՜տ աւելի մօտեցնել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքին «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը» քննել։

b Տե՛ս «Հին մարգարէութիւն մը, որ քեզի կ’ազդէ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի յուլիս 2022 թիւին մէջ։

c Գալիք ցնցիչ դէպքերուն ինչպէ՛ս պատրաստուելու համար, տե՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գիրքը, էջ 258-259։