Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 45

Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ

Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ

«Երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը» (ՅԱՅՏ. 14։7

ԵՐԳ 20 Օրհնէ մեր ժողովները

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Հրեշտակ մը ի՞նչ կ’ըսէ, եւ ատիկա մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

 ԵԹԷ հրեշտակ մը քեզի հետ խօսէր, իրեն մտիկ պիտի ընէի՞ր։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս հրեշտակ մը կը խօսի «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։ Լաւ, ի՞նչ կ’ըսէ։ «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր. . . ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը» (Յայտ. 14։6, 7)։ Եհովան միակ ճշմարիտ Աստուածն է եւ ամէն մարդ պէտք է զինք պաշտէ։ Մենք շատ շնորհակալ ենք որ ինք մեզի հոյակապ առիթ տուած է, որ իր հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ զինք պաշտենք։

2. Ի՞նչ է Եհովայի հոգեւոր տաճարը (տե՛ս նաեւ « Անիկա ի՞նչ չէ» շրջանակը)։

2 Ճիշդ ի՞նչ է հոգեւոր տաճարը, եւ ո՞ւր կրնանք ատոր մասին մանրամասնութիւններ գտնել։ Հոգեւոր տաճարը բառացի շէնք մը չէ։ Անիկա Յիսուսի փրկանքի զոհին վրայ հիմնուած ընդունելի կերպով պաշտելու Եհովայի կարգադրութիւնն է։ Պօղոս առաքեալ այս կարգադրութիւնը բացատրեց առաջին դարուն Հրէաստանի մէջ ապրող եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ b։

3-4. Պօղոս ինչո՞ւ մտահոգուած էր Հրէաստանի մէջ ապրող եբրայեցի քրիստոնեաներով, եւ ինչպէ՞ս իրենց օգնեց։

3 Պօղոս առաքեալը ինչո՞ւ նամակ գրեց Հրէաստանի մէջ ապրող եբրայեցի քրիստոնեաներուն։ Հաւանաբար երկու կարեւոր պատճառներով։ Առաջին, զիրենք քաջալերելու համար։ Քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը հրէական կրօնքին մէջ մեծցած էին։ Եւ անոնց նախկին կրօնական առաջնորդները թերեւս զիրենք կը ծաղրէին քրիստոնեայ դառնալնուն համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քրիստոնեաները պաշտամունքի համար հսկայ տաճար մը չունէին, ոչ ալ զոհասեղան ունէին, որուն վրայ կրնային Աստուծոյ զոհեր մատուցանել, ինչպէս նաեւ քահանաներ չունէին որ իրենց ծառայէին։ Եւ այս պատճառով Քրիստոսի աշակերտները թերեւս նեղուած էին եւ իրենց հաւատքը տկարացած էր (Եբ. 2։1. 3։12, 14)։ Թերեւս ալ անոնցմէ ոմանք կը մտածէին հրէականութեան վերադառնալ։

4 Երկրորդ, Պօղոս այդ եբրայեցի քրիստոնեաներուն ըսաւ որ պէտք եղած ջանքը չէին թափեր նոր կամ խորունկ ուսուցումներ հասկնալու համար, այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ եղող «հաստատուն կերակուրը» (Եբ. 5։11-14)։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնցմէ ոմանք տակաւին Մովսիսական օրէնքին կապուած էին։ Բայց Պօղոս բացատրեց որ Օրէնքին կողմէ պահանջուած զոհերը չէին կրնար մեղքը վերցնել, ատոր համար Օրէնքը ‘խափանուած էր’, այսինքն՝ վերջ գտած էր։ Ուրեմն, Պօղոս սկսաւ իրենց կարգ մը խորունկ ճշմարտութիւններ սորվեցնել։ Եւ իր քրիստոնեայ հաւատակիցներուն յիշեցուց այն «լաւագոյն յոյս»ին մասին, որ հիմնուած է Յիսուսի զոհին վրայ, որ կրնար իրենց իրապէս օգնել որ ‘Աստուծոյ մօտենան’ (Եբ. 7։18, 19

5. Աստուածաշունչի Եբրայեցիս գիրքէն ի՞նչ բան պէտք է հասկնանք, եւ ինչո՞ւ։

5 Պօղոսը իր եբրայեցի եղբայրներուն բացատրեց թէ որպէս քրիստոնեայ Աստուած պաշտելու իրենց կերպը ինչո՛ւ շա՜տ աւելի լաւ էր՝ քան անցեալի իրենց պաշտամունքը։ Հրէական կրօնքի երեսակները միայն ‘գալիք իրականութեանց շուքն էին, իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է’ (Կող. 2։17, ՆԹ)։ Շուքը միայն գաղափար մը կու տայ առարկային ձեւին մասին, բայց անիկա առարկան չէ։ Նոյնպէս ալ անցեալին հրէական պաշտամունքի կերպը շուք մըն էր, քանի որ շատ աւելի լաւ պաշտամունքի կերպ մը պիտի գար։ Մենք պէտք է հասկնանք այն կարգադրութիւնը, որ Եհովան ըրած է մեր մեղքերը ներելու համար, որպէսզի կարենանք զինք ընդունելի կերպով պաշտել։ Հիմա բաղդատենք «շուքը» (հրէական պաշտամունքի կերպը) «իրականութեան» հետ՝ (քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը), ինչպէս որ Եբրայեցիս նամակին մէջ բացատրուած է։ Այդպէս ընելով, կրնանք ա՛լ աւելի լաւ հասկնալ հոգեւոր տաճարը եւ մեր կապը անոր հետ։

ԽՈՐԱՆԸ

6. Խորանը ինչպէ՞ս գործածուեցաւ։

6 Հրէական պաշտամունքի կերպը։ Պօղոս իր քննարկութիւնը հիմնեց խորանին վրայ, որ Մովսէս հաստատեց Ք.Ա. 1512–ին (տե՛ս «Հրէական պաշտամունքի կերպը. Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը» ցուցակը)։ Խորանը վրանի նման կառոյց մըն էր, որ սկիզբը իսրայէլացիները իրենց հետ կը տանէին–կը բերէին, մինչ տեղէ տեղ կը փոխադրուէին։ Անոնք այդ վրանը գործածեցին մօտ 500 տարի, մինչեւ որ Երուսաղէմի մէջ մնայուն տաճար մը շինուեցաւ (Ել. 25։8, 9. Թւ. 9։22)։ Այս «խորանը» իսրայէլացիներուն համար այն տեղն էր, ուր Աստուծոյ կը մօտենային, իրենց զոհերը կը մատուցանէին եւ զինք կը պաշտէին (Ել. 29։43-46)։ Բայց խորանը նաեւ կը պատկերացնէր աւելի լաւ բան մը, որ քրիստոնեաները պիտի վայելէին։

7. Ե՞րբ հոգեւոր տաճարը սկսաւ գոյութիւն ունենալ։

7 Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը։ Անցեալի խորանը ‘երկնային բաներուն շուքն’ էր, եւ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը կը ներկայացնէր։ Պօղոս ըսաւ որ խորանը «օրինակ մըն էր ներկայ ժամանակին համար» (Եբ. 8։5. 9։9)։ Ուրեմն, երբ ան եբրայեցիներուն կը գրէր, հոգեւոր տաճարը արդէն գոյութիւն ունէր։ Անիկա սկսաւ գոյութիւն ունենալ Ք.Ե. 29–ին։ Այդ տարին Յիսուս մկրտուեցաւ, սուրբ հոգիով օծուեցաւ եւ սկսաւ որպէս Եհովային «մեծ քահանայապետ»ը ծառայել հոգեւոր տաճարին մէջ (Եբ. 4։14. Գործք 10։37, 38) c։

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ

8-9. Եբրայեցիս 7։23-27–ի համաձայն, ի՞նչ մեծ տարբերութիւն կայ Իսրայէլի քահանայապետներուն եւ մեծ Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ։

8 Հրէական պաշտամունքի կերպը։ Քահանայապետը կը ներկայացնէր ժողովուրդը Աստուծոյ առջեւ։ Իսրայէլի առաջին քահանայապետը՝ Ահարոն, Եհովային կողմէ նշանակուեցաւ, երբ խորանը նուիրուեցաւ։ Բայց ինչպէս Պօղոս բացատրեց, շատ քահանաներ եկած գացած են, քանի որ մահը արգելք եղած է որ անոնք շարունակ քահանայ մնան (կարդա՛ Եբրայեցիս 7։23-27) d։ Եւ քանի՛ որ այդ քահանայապետները անկատար էին, անոնք իրենց մեղքերուն համար ալ զոհեր կը մատուցանէին, եւ ասիկա մեծ տարբերութիւն մըն էր Իսրայէլի քահանայապետներուն եւ մեծ Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսին միջեւ։

9 Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը։ Մեր Քահանայապետը՝ Յիսուս Քրիստոսը, ‘պաշտօնեայ է ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը’ (Եբ. 8։1, 2)։ Պօղոս վերը բացատրեց որ Յիսուս «ունի անփոփոխ քահանայութիւն, որովհետեւ յաւիտեան կը մնայ» (ԱԾ)։ Ան աւելցուց որ Յիսուս ‘անարատ է եւ մեղաւորներէն զատուած է’ եւ Իսրայէլի քահանայապետներուն հակառակը, «ամէն օր հարկաւոր չէ. . . իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել»։ Հիմա նկատի առնենք թէ ի՛նչ տարբերութիւններ կան հրէական պաշտամունքի կերպին մէջ եղած զոհասեղաններուն ու զոհերուն եւ քրիստոնէական պաշտամունքի կերպին մէջ եղածներուն միջեւ։

ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԸ ԵՒ ԶՈՀԵՐԸ

10. Պղնձէ սեղանին վրայ ներկայացուած զոհերը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէին։

10 Հրէական պաշտամունքի կերպը։ Վրանին մուտքին դուրսը կը գտնուէր պղնձէ զոհասեղանը, որուն վրայ Եհովային անասնական զոհեր կը ներկայացուէին (Ել. 27։1, 2. 40։29)։ Բայց այս զոհերը մարդիկը իրենց մեղքերէն լիովին չէին մաքրեր (Եբ. 10։1-4)։ Խորանին մէջ շարունակ ներկայացուած զոհերը ակնարկեցին այն բուն զոհին, որ մարդիկը լիովին պիտի մաքրէր իրենց մեղքերէն։

11. Յիսուս ո՞ր զոհասեղանին վրայ իր կեանքը զոհեց (Եբրայեցիս 10։5-7, 10

11 Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը։ Յիսուս գիտէր որ Եհովան զինք երկիր ղրկած էր, որ իր մարդկային կեանքը որպէս զոհ մատուցանէր մարդկութեան համար (Մատ. 20։28)։ Անոր համար, Յիսուս իր մկրտութեան ատեն ներկայացաւ Եհովային ուզածը ընելու (Յովհ. 6։38. Գաղ. 1։4)։ Յիսուս զոհուեցաւ այլաբանական զոհասեղանի մը վրայ։ Այս զոհասեղանը կը ներկայացնէր Աստուծոյ «կամք»ը՝ որ իր Որդին իր մարդկային կատարեալ կեանքը որպէս զոհ տար։ Յիսուս իր կեանքը «մէկ անգամ» զոհեց ամբողջովին քաւելու, կամ ջնջելու, այն բոլորին մեղքերը, որոնք իրեն կը հաւատան (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։5-7, 10)։ Հիմա, նկատի առնենք խորանին մէջի առարկաներուն իմաստը։

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆՑԸ

12. Որո՞նք կրնային մտնել խորանին երկու սենեակները։

12 Հրէական պաշտամունքի կերպը։ Խորանը եւ յետագային Երուսաղէմի մէջ շինուած տաճարները ներսէն նոյնն էին։ Երկու մասեր կային. «Սրբութիւն»ը եւ «Սրբութիւն սրբութեանց»ը, եւ իրարմէ բաժնուած էին յատուկ վարագոյրով մը (Եբ. 9։2-5. Ել. 26։31-33Սրբութեան մէջ կար ոսկիէ աշտանակ մը, խունկի սեղան մը եւ առաջաւորութեան հացի սեղան մը։ Միայն օծեալ քահանաներուն արտօնուած էր մտնել Սրբութիւն եւ իրենց սրբազան պարտականութիւնները ընել (Թւ. 3։3, 7, 10Սրբութիւն սրբութեանցին մէջ կար ոսկիէ ուխտի տապանակը, որ կը ներկայացնէր Եհովայի ներկայութիւնը (Ել. 25։21, 22)։ Միայն քահանայապետին արտօնուած էր վարագոյրէն ներս մտնել դէպի Սրբութիւն սրբութեանց, այն ալ Քաւութեան օրը (Ղեւ. 16։2, 17)։ Ամէն տարի ան անասուններուն արիւնովը ներս կը մտնէր, նախ իր եւ ետքը ամբողջ ազգին մեղքերուն քաւութիւն ընելու համար։ Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ վերջապէս յստակ դարձուց խորանի այս առարկաներուն իսկական իմաստները (Եբ. 9։6-8) e։

13. Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպին մէջ, խորանին Սրբութիւնը եւ Սրբութիւն սրբութեանցը ի՞նչ կը ներկայացնեն։

13 Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը։ Քրիստոսի աշակերտներու սահմանափակ թիւ մը օծուած է սուրբ հոգիով եւ անոնք Եհովային հետ յատուկ յարաբերութիւն կը վայելեն։ Թիւով 144,000՝ անոնք որպէս քահանաներ պիտի ծառայեն Յիսուսի հետ երկինքին մէջ (Յայտ. 1։6. 14։1)։ Խորանին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ թէ անոնք որդեգրուած են որպէս Աստուծոյ հոգեղէն որդիները, մինչ տակաւին երկրի վրայ են (Հռով. 8։15-17Սրբութիւն սրբութեանցը կը ներկայացնէ երկինքը, ուր Եհովան կը բնակի։ Վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէր Սրբութիւն սրբութեանցէն, կը ներկայացնէ Յիսուսի մսեղէն մարմինը, որ արգելք կը կենար որ ան երկինք մտնէ՝ որպէս հոգեւոր տաճարին մեծ Քահանայապետը։ Ան իր մարդկային մարմինը մարդկութեան համար զոհելով, ճամբան բացաւ որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները երկինքին մէջ ապրին։ Իրենք ալ պէտք է իրենց մսեղէն մարմինէն վազ անցնին, որպէսզի երկինք մտնեն (Եբ. 10։19, 20. Ա. Կոր. 15։50)։ Յիսուս յարութիւն առնելէն ետք, հոգեւոր տաճարին Սրբութիւն սրբութեանցը մտաւ, ուր բոլոր օծեալները վերջ ի վերջոյ իրեն պիտի միանան։

14. Եբրայեցիս 9։12, 24-26–ի համաձայն, ի՞նչ բան Եհովայի հոգեւոր տաճարի կարգադրութիւնը աւելի լաւ կը դարձնէ։

14 Հոս յայտնի կ’ըլլայ թէ մաքուր պաշտամունքի նկատմամբ Եհովայի կարգադրութիւնը աւելի լաւ է։ Անիկա հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին եւ քահանայութեան վրայ։ Իսրայէլի մէջ քահանայապետը մարդու ձեռքով շինուած Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր անասուններու զոհերու արիւնով։ Բայց Յիսուս «բուն երկինքը» մտաւ՝ ամենասուրբ տեղը, որպէսզի Եհովային առջեւ ներկայանայ։ Հոն ան ներկայացուց իր կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը, որ մեզի համար զոհած էր՝ «ջնջելու համար մեղքը ինքզինք զոհելով» (ԱԾ) (կարդա՛ Եբրայեցիս 9։12, 24-26)։ Յիսուսի զոհը մեծագոյն զոհն է, որ կրնայ մեղքերը սրբել յաւիտեան։ Ինչպէս պիտի սորվինք ետքը, մեր յոյսը ըլլայ երկնային կամ երկրային, բոլորս ալ կրնանք Եհովան պաշտել իր հոգեւոր տաճարին մէջ։

ԳԱՒԻԹՆԵՐԸ

15. Խորանին գաւիթին մէջ որո՞նք կը ծառայէին։

15 Հրէական պաշտամունքի կերպը։ Խորանը ունէր գաւիթ մը, որ բացօթեայ փակ մըն էր ցանկապատով, ուր քահանաները իրենց պարտականութիւնները կը կատարէին։ Գաւիթին մէջ կար ողջակէզի պղնձէ սեղանը եւ պղնձէ աւազանը, որ քահանաները կը գործածէին լուացուելու համար, առաջ որ իրենց ծառայութիւնը կատարէին (Ել. 30։17-20. 40։6-8)։ Իսկ յետագային շինուած տաճարները արտաքին կամ դուրսի գաւիթ մըն ալ ունէին, ուր քահանայ չեղողները կրնային կենալ եւ Աստուած պաշտել։

16. Հոգեւոր տաճարին տարբեր գաւիթներուն մէջ որո՞նք կը ծառայեն։

16 Քրիստոնէական պաշտամունքի կերպը։ Յիսուսի հետ երկինքին մէջ որպէս քահանաներ ծառայելէ առաջ, Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն մնացորդը հաւատարմօրէն կը ծառայեն հոգեւոր տաճարին երկրային ներքին գաւիթին մէջ։ Հոն գտնուող պղնձէ աւազանը կարեւոր յիշեցում մըն է իրենց, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն, որ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնան։ Իսկ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն հաւատարմօրէն թիկունք կանգնող մեծ բազմութիւնը ո՞ւր կը պաշտէ Եհովան։ Յովհաննէս առաքեալը զանոնք տեսաւ ‘աթոռին առջեւ կեցած’, ինչ որ երկրի վրայ կը համապատասխանէ դուրսի կամ արտաքին գաւիթին, ուր անոնք Աստուծոյ «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ» (Յայտ. 7։9, 13-15)։ Մենք շատ կ’արժեւորենք որ մաքուր պաշտամունքի նկատմամբ Եհովայի կարգադրութեան մէջ տեղ մը ունինք։

ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՇՏԵԼՈՒ ՄԵՐ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԸ

17. Եհովային ի՞նչ զոհեր տալու առանձնաշնորհումը ունինք։

17 Ներկայիս, բոլոր քրիստոնեաները առանձնաշնորհումը ունին զոհեր ներկայացնելու Եհովային, գործածելով իրենց ժամանակը, ուժը եւ նիւթականը՝ Թագաւորութեան շահերուն սիրոյն։ Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալը եբրայեցի քրիստոնեաներուն ըսաւ, մենք կրնանք ամէն ատեն ‘Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ [կամ զոհ] մատուցանել, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին’ (Եբ. 13։15)։ Կրնանք ցոյց տալ որ Եհովան պաշտելու մեր առանձնաշնորհումը շատ կ’արժեւորենք, երբ իրեն մեր լաւագոյն զոհերը տանք։

18. Եբրայեցիս 10։22-25–ի համաձայն, ի՞նչ բաներ բնաւ պէտք չէ անտեսենք եւ ի՞նչ բաներ բնաւ պէտք չէ մոռնանք։

18 Կարդա՛ Եբրայեցիս 10։22-25։ Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին վերջաւորութեան, Պօղոս կը յիշէ մեր պաշտամունքին վերաբերեալ տարբեր երեսակներ, որոնք բնաւ պէտք չէ անտեսենք։ Ատոնց մէջ կան՝ աղօթքով Եհովային մօտենալ, մեր յոյսը հանրապէս յայտարարել, որպէս ժողովք ժողվուիլ եւ զիրար քաջալերել՝ «այնչափ աւելի՝ որչափ [Եհովայի] օրուան մօտենալը կը տեսնենք»։ Յայտնութիւն գրքին վերջաւորութեան, Եհովային հրեշտակը երկու անգամ հետեւեալ խօսքը կը կրկնէ, որպէսզի շեշտէ անոր կարեւորութիւնը. «Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ» (Յայտ. 19։10. 22։9)։ Կը մաղթենք որ բնաւ չմոռնանք այս երկու բաները. Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին մասին այս խորունկ հոգեւոր ճշմարտութիւնը եւ մեր աննման Աստուածը պաշտելու մեր արժէքաւոր առանձնաշնորհումը։

ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի

a Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող խորունկ ուսուցումներէն մէկն է։ Ի՞նչ է այդ տաճարը։ Այս յօդուածը այս տաճարին մասին Եբրայեցիս նամակին մէջ գտնուող մանրամասնութիւնները կը քննէ։ Կը մաղթենք որ այս ուսումնասիրութիւնը Եհովան պաշտելու առանձնաշնորհումիդ նկատմամբ քու գնահատութիւնդ աւելցնէ։

b Աստուածաշունչի Եբրայեցիս գրքին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ առնելու համար, դիտէ՛ Եբրայեցիս գրքի նախաբան վիտէոն՝ jw.org կայքին վրայ։

c Եբրայեցիս գիրքը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ միակ գիրքն է, որ Յիսուսին կ’ակնարկէ որպէս Քահանայապետ։

d Իսրայէլի մէջ աւելի քան 84 քահանայապետներ ծառայած ըլլալու էին մինչեւ Ք.Ե. 70 թուականը, երբ Երուսաղէմի տաճարը կործանեցաւ։

e Քաւութեան օրը քահանայապետին ըրածներուն այլաբանական իմաստը հասկնալու համար, դիտէ՛ Խորանը վիտէոն՝ jw.org կայքին վրայ։