Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

Երբ վախնաս Եհովային վստահէ

Երբ վախնաս Եհովային վստահէ

2024–Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐԸ. «Երբ վախնամ քեզի պիտի վստահիմ» (ՍԱՂ. 56։3, ԱԾ

ՆԻՒԹ

Սորվէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովային հանդէպ վստահութիւնդ աւելցնել եւ հանդարտ մնալ՝ երբ վախնաս։

1. Երբեմն ինչո՞ւ համար կը վախնանք։

 ԲՈԼՈՐՍ ալ ատեններ կը վախնանք։ Անշուշտ, քանի որ Աստուածաշունչը սերտեցինք, հիմա չենք վախնար մեռելներէն, չար ոգիներէն կամ ապագայէն։ Բայց տակաւին կ’ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, որու ընթացքին «սոսկալի բաներ» կ’ըլլան. օրինակ՝ պատերազմներ, ոճիրներ կամ հիւանդութիւններ (Ղուկ. 21։11)։ Ատեններ ալ կը վախնանք մարդոցմէ, օրինակ՝ կառավարութիւններէ կամ ընտանիքի անդամներէ, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կը հակառակին։ Ոմանք կը մտահոգուին որ թերեւս չկարենան տոկալ որոշ նեղութեան մը, որ հիմա մէջէն կ’անցնին կամ ապագային կրնայ տեղի ունենալ։

2. Դաւիթ ի՞նչ վիճակ ունէր Գէթ քաղաքին մէջ։

2 Ատեն–ատեն Դաւիթն ալ վախցաւ։ Օրինակ, երբ Սաւուղ թագաւոր զինք կը հալածէր, Դաւիթ փախաւ փղշտացիներու Գէթ քաղաքը։ Այս լուրը հասաւ այդտեղի Անքուս թագաւորին, եւ իրեն ըսուեցաւ որ Դաւիթ այն զօրաւոր զինուորն է, որուն մասին երգի մը մէջ ըսուած է, որ «հազարաւոր» փղշտացիներ սպաննած է։ Ասոր վրայ Դաւիթ «շատ վախցաւ» (Ա. Թագ. 21։10-12)։ Ան մտահոգուեցաւ որ արդեօք Անքուս ի՛նչ պիտի ընէր։ Լաւ, Դաւիթ ինչպէ՞ս հանդարտ մնաց, հակառակ անոր որ վախցաւ։

3. Սաղմոս 56։1-3, 11–ի համաձայն, Դաւիթ ինչպէ՞ս հանդարտ մնաց։

3 Սաղմոս 56–ին մէջ Դաւիթ իր զգացումները արտայայտեց երբ տակաւին Գէթի մէջ էր։ Այս սաղմոսին մէջ, Դաւիթ ոչ միայն յստակօրէն բացատրեց որ ինչո՛ւ կը վախնար, հապա նաեւ թէ ի՛նչը իրեն օգնեց որ այլեւս չվախնայ։ Ան Եհովային կը վստահէր երբ վախեր կ’ունենար (կարդա՛ Սաղմոս 56։1-3, 11)։ Իր վստահութիւնը տեղին էր։ Եհովային օգնութեամբ, Դաւիթ որոշեց շատ տարօրինակ բան մը ընել։ Ան ձեւացուց որ խենթ է, եւ իր ծրագիրը յաջողեցաւ։ Փոխանակ Դաւիթէն վախնալու, Անքուսը ուզեց որ Դաւիթը Գէթէն հեռանայ, եւ այսպիսով Դաւիթ կրցաւ ազատիլ (Ա. Թագ. 21։13–22։1

4. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնել. օրինակով մը բացատրէ։

4 Մենք ալ կրնանք Եհովային վստահելով հանդարտ մնալ եւ չվախնալ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնել, մանաւանդ երբ վախնանք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երբ գիտնաս որ հիւանդութիւն մը ունիս, սկիզբը կը վախնաս։ Բայց վախդ կը թեթեւնայ, երբ որ բժիշկիդ վստահիս։ Թերեւս բժիշկդ մեծ փորձառութիւն ունի այս տեսակ հիւանդութիւններ բուժելու մէջ։ Ան քեզի ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ եւ քեզ կը համոզէ, որ ինք կը հասկնայ քու զգացումներդ եւ նոյնիսկ կ’առաջարկէ դարմանում մը, որ նախապէս ուրիշներու հետ յաջողած է։ Նմանապէս, մենք ալ Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնենք, երբ նկատի կ’առնենք թէ ան արդէն իսկ անցեալին ի՛նչ ըրած է, ներկայիս ի՛նչ կ’ընէ եւ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ մեզի համար։ Դաւիթ ճի՛շդ այսպէս ըրաւ։ Մինչ նկատի կ’առնենք Սաղմոս 56–ին մէջ գտնուող իր ներշնչեալ խօսքերը, մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովային հանդէպ վստահութիւնդ աւելցնել եւ հանդարտ մնալ երբ վախեր ունենաս։

ԵՀՈՎԱՆ ԱՆՑԵԱԼԻՆ Ի՞ՆՉ ԸՐԱԾ Է

5. Ի՞նչ բաներու վրայ խոկալը Դաւիթին օգնեց որ հանդարտ մնայ (Սաղմոս 56։12, 13

5 Երբ Դաւիթին կեանքը վտանգի տակ էր, ան կեդրոնացաւ այն բաներուն վրայ, որոնք Եհովան անցեալին ըրած էր (կարդա՛ Սաղմոս 56։12, 13)։ Դաւիթ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ասիկա ըրաւ։ Օրինակ, ատեններ ան կը խոկար Եհովային ստեղծագործութեան վրայ, եւ ասիկա իրեն յիշեցուց որ Եհովան շատ զօրաւոր է եւ մեզմով հետաքրքրուած է (Սաղ. 65։6-9)։ Ան նաեւ կը խոկար այն բաներուն վրայ, որոնք Եհովան ուրիշներուն համար ըրած էր (Սաղ. 31։19. 37։25, 26)։ Բայց ան ամէնէն շատ կը խոկար այն բաներուն վրայ, որոնք Եհովան իրե՛ն համար ըրած էր։ Եհովան, պզտիկուց Դաւիթին օգնած էր եւ զինք պաշտպանած էր (Սաղ. 22։9, 10)։ Երեւակայէ որ այս բաներուն վրայ խոկալը որքա՜ն օգնած էր Դաւիթին, որ Եհովային աւելի վստահի։

Դաւիթ Եհովայի հանդէպ իր վստահութիւնը աւելցուց, խոկալով թէ ան անցեալին ի՛նչ ըրած է, ներկայիս ի՛նչ կ’ընէ եւ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ (տե՛ս պարբերութիւններ 5, 8, 12) d


6. Երբ վախնաս, ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ որ Եհովային վստահիս։

6 Երբ վախնաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովան արդէն իսկ ինծի համար ի՞նչ ըրած է’։ Խոկա՛ իր ստեղծագործութեան վրայ։ Օրինակ, երբ ուշադրութեամբ նայիս թէ Եհովան որքա՛ն հոգ կը տանի թռչուններուն ու ծաղիկներուն, որոնք իր պատկերով չեն ստեղծուած, եւ ոչ ալ կրնան զինք պաշտել, քու վստահութիւնդ պիտի աւելնայ, որ ան քեզի ալ հոգ պիտի տանի (Մատ. 6։25-32)։ Նաեւ նկատի առ որ Եհովան ի՛նչ ըրած է զինք պաշտողներուն համար։ Թերեւս Սուրբ Գիրքի մէկ անձնաւորութեան մասին սերտես, որ զօրաւոր հաւատք ցոյց տուաւ, կամ ալ կարդաս Եհովայի ներկայ ծառաներէն մէկուն կենսագրութիւնը a։ Ասկէ զատ, խոկա՛ թէ Եհովան ինչպէ՛ս արդէն իսկ քեզի հոգ տարած է։ Քեզ ինչպէ՛ս ճշմարտութեան քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Ան ինչպէ՞ս պատասխանած է աղօթքներուդ (Ա. Յովհ. 5։14)։ Եւ ինչպէ՞ս ամէն օր կ’օգտուիս իր սիրելի Որդիին զոհէն (Եփ. 1։7. Եբ. 4։14-16

Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնենք, մտածելով թէ ան անցեալին ի՛նչ ըրած է, ներկայիս ի՛նչ կ’ընէ եւ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ (տե՛ս պարբերութիւններ 6, 9-10, 13-14) e


7. Դանիէլ մարգարէին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց Վանեսսային, որ այլեւս չվախնայ։

7 Հայիթիի մէջ, Վանեսսա b անունով քոյր մը վախնալիք պարագայէ մը անցաւ։ Մարդ մը ամէն օր իրեն կը հեռաձայնէր, մէսըճներ կը ղրկէր եւ կը պնդէր որ իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ։ Վանեսսան բացէ ի բաց ո՛չ ըսաւ մարդուն, բայց մարդը աւելի յարձակողական դարձաւ եւ ըսաւ որ իրեն վնաս պիտի հասցնէ։ Վանեսսան կ’ըսէ. «Շատ կը վախնայի»։ Բայց ան գործնական քայլեր առաւ, որ ինքզինք պաշտպանէ։ Երէց մը իրեն ըսաւ որ կառավարութեան լուր տայ։ Ասկէ զատ, քոյրը սկսաւ մտածել, որ Եհովան անցեալին ինչպէ՛ս պաշտպանած էր իր ծառաները։ Ան կ’ըսէ. «Մտածեցի Դանիէլ մարգարէին մասին։ Դանիէլը անօթի առիւծներու գուբին մէջ նետեցին, հակառակ անոր որ անմեղ էր։ Բայց Եհովան առիւծներուն բերանը գոցեց։ Եհովայէն խնդրեցի որ հարցը իր ձեռքերուն մէջ առնէ, եւ այդ աղօթքէն ետք այլեւս չվախցայ» (Դան. 6։12-22

ԵՀՈՎԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՍ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԷ

8. Դաւիթ ի՞նչ բանէ համոզուած էր (Սաղմոս 56։8

8 Հակառակ անոր որ Դաւիթին կեանքը վտանգի տակ էր, երբ Գէթի մէջ էր, ան չկեդրոնացաւ իր վախերուն վրայ, հապա մտածեց որ Եհովան ներկայիս ի՛նչ կ’ընէ իրեն համար։ Դաւիթ կը զգար որ Եհովան կ’առաջնորդէր ու կը պաշտպանէր զինք, ինչպէս նաեւ կը հասկնար իր զգացումները (կարդա՛ Սաղմոս 56։8)։ Ասկէ զատ, Դաւիթ ունէր հաւատարիմ բարեկամներ, ինչպէս՝ Յովնաթանը եւ Աքիմելէք քահանայապետը, որոնք իրեն հաւատարիմ էին եւ գործնական կերպով կ’օգնէին (Ա. Թագ. 20։41, 42. 21։6, 8, 9)։ Թէեւ Սաւուղ թագաւոր կ’ուզէր մեռցնել զինք, բայց Դաւիթ կրցաւ փախչիլ եւ իր կեանքը ազատել։ Ան համոզուած էր որ Եհովան շատ լաւ գիտէ թէ ի՛նչ նեղութենէ կ’անցնէր եւ ատիկա ինչպէ՛ս կ’ազդէր իր զգացումներուն վրայ։

9. Եհովան ամէն մէկուս մասին ի՞նչ բան շատ լաւ գիտէ եւ կը հասկնայ։

9 Երբ նեղութեան մէջ ըլլաս եւ վախնաս, յիշէ որ Եհովան շատ լաւ գիտէ քու նեղութիւնդ եւ թէ ատոր պատճառով ի՛նչ կը զգաս։ Օրինակ, Եհովան տեսաւ ոչ միայն իսրայէլացիներուն չարչարանքը, հապա նաեւ՝ անոնց քաշած «նեղութիւնները» Եգիպտոսի մէջ (Ել. 3։7)։ Իսկ Դաւիթ Սաղմոսի մը մէջ ըսաւ, որ Եհովան կը տեսնէ թէ՛ իր «թշուառութիւն»ը եւ թէ «տառապանք»ը (Սաղ. 31։7)։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ երբ Աստուծոյ անցեալի ժողովուրդը իրենց առած անխելք որոշումներուն պատճառով նեղութիւններ քաշեցին, Եհովան ալ իրենց հետ նեղութիւն քաշեց (Եսա. 63։9)։ Ուրեմն, երբ վախնաս, յիշէ որ Եհովան կը հասկնայ, թէ դուն ի՛նչ կը զգաս եւ շատ կ’ուզէ քեզի օգնել որ այլեւս չվախնաս։

10. Ինչո՞ւ համոզուած ես, որ Եհովան կը տեսնէ քու նեղութիւնդ եւ քեզի պիտի օգնէ որ ատոր տոկաս։

10 Բայց թերեւս հարց տաս թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ, երբ վախնալիք պարագայի մը մէջ ըլլաս։ Նախ, իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ կեանքիդ մէջ իր ձեռքը տեսնես (Դ. Թագ. 6։15-17)։ Յետոյ, նկատի առ. Պատահա՞ծ է որ դասախօսութիւն մը կամ ժողովի մը մէջ մէկու մը պատասխանը քեզ զօրացուցած է։ Պատահա՞ծ է որ հրատարակութիւն մը, վիտէօ մը կամ յատուկ երգ մը քեզ քաջալերած է։ Պատահա՞ծ է որ մէկը քեզի ըսած է համար մը կամ խօսք մը, որ քեզ զօրացուցած է։ Դիւրին է որ մոռնանք թէ որքա՛ն օգտուած ենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցոյց տուած սէրէն եւ Աստուծոյ Խօսքէն մեր ստացած քաջալերութենէն։ Բայց ասոնք Եհովային կողմէ ամէն մէկուս տրուած շատ յատուկ նուէրներ են (Եսա. 65։13. Մար. 10։29, 30)։ Ասոնք ցոյց կու տան, որ Եհովան հետաքրքրուած է քեզմով (Եսա. 49։14-16)։ Եւ կը փաստեն, որ Եհովան քու վստահութեանդ արժանի է։

11. Ի՞նչը Այտային օգնեց որ այլեւս չվախնայ։

11 Սենեկալի մէջ ապրող Այտա անունով քոյր մը անդրադարձաւ, որ Եհովան իրեն ինչպէ՛ս օգնեց նեղութեան մը մէջ։ Ան ընտանիքին ամէնէն մեծ զաւակն էր եւ իր ծնողքը իրմէ կ’ակնկալէր որ բաւական դրամ շահէր, որպէսզի թէ՛ ինքզինքին հոգ տանի եւ թէ՝ իրենց։ Բայց ան իր կեանքը պարզացուց, որպէսզի ռահվիրայ ըլլայ, եւ ասոր համար դրամական նեղութիւն քաշեց։ Իր ընտանիքը բարկացաւ եւ գէշ խօսքեր ըսաւ իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Ես կը վախնայի որ պիտի չկարենամ ծնողքիս հոգ տանիլ, եւ ամէն մարդ գէշ աչքով պիտի նայի ինծի։ Ես նոյնիսկ յանցանքը Եհովային վրայ դրի, քանի որ ձգեց որ հարցը հոս հասնի»։ Ետքը, ան ժողովի մը ընթացքին դասախօսութիւն մը լսեց։ Այտան կը պատմէ. «Դասախօսը մեզի յիշեցուց որ Եհովան գիտէ մեր սրտին բոլոր վէրքերը։ Ժամանակի ընթացքին, երէցներուն եւ ուրիշներուն տուած խրատները ինծի օգնեցին, որ Եհովային սէրը զգամ։ Սկսայ աւելի վստահութեամբ աղօթել Եհովային։ Եւ երբ կը տեսնէի որ իմ աղօթքներուս կը պատասխանէ, մտքի խաղաղութիւն կը զգայի»։ Ժամանակ մը ետք, Այտան գործ մը գտաւ եւ կրցաւ ո՛չ միայն ինքզինքին հոգ տանիլ, հապա նաեւ՝ իր ծնողքին եւ ուրիշներուն։ Ան կ’ըսէ. «Ես սորվեցայ լմա՛ն Եհովային վստահիլ։ Այլեւս հազիւ որ աղօթեմ, վախերս կ’անհետանան»։

ԵՀՈՎԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

12. Սաղմոս 56։9–ին համաձայն, Դաւիթ ի՞նչ բանէ վստահ էր։

12 Կարդա՛ Սաղմոս 56։9։ Այս համարը ցոյց կու տայ ուրիշ բան մը, որ Դաւիթին օգնեց երբ ան կը վախնար։ Հակառակ անոր որ իր կեանքը տակաւին վտանգի տակ էր, Դաւիթ մտածեց որ Եհովան ապագային ի՛նչ պիտի ընէ իրեն համար։ Դաւիթ գիտէր որ Եհովան յարմար ժամանակին զինք պիտի ազատէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան ըսած էր, որ Դաւի՛թ պիտի ըլլար Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը (Ա. Թագ. 16։1, 13)։ Դաւիթ վստահ էր թէ ի՛նչ որ Եհովան խոստացած էր՝ անպայման պիտի կատարէր։

13. Ի՞նչ բանէ վստահ ենք։

13 Եհովան քեզի՛ համար ի՞նչ խոստացած է ընել։ Մենք չենք ակնկալեր, որ Եհովան մեզ պաշտպանէ մեր բոլոր խնդիրներէն c։ Բայց յիշէ որ հիմա ի՛նչ խնդիրէ ալ կ’անցնիս, Եհովան ատիկա պիտի լուծէ նոր աշխարհին մէջ (Եսա. 25։7-9)։ Մեր ստեղծիչը այնքա՛ն զօրաւոր է, որ կրնայ մեռելներուն յարութիւն տալ, մեր ֆիզիքական եւ զգացական հիւանդութիւնները բուժել եւ բոլոր հակառակորդները մէջտեղէն վերցնել (Ա. Յովհ. 4։4

14. Ի՞նչ բանի վրայ կրնանք խոկալ։

14 Երբ վախնաս, մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէ ապագային։ Խոկա՛ թէ ինչպէ՛ս պիտի զգաս, երբ Սատանան մէջտեղէն վերցուի, երբ չար մարդոց տեղը արդար մարդիկ ըլլան, եւ երբ անկատարութիւնը ամէն օր կամաց–կամաց անհետանայ։ 2014–ի տարեկան համաժողովի յայտագրին մէջ ցուցադրութիւն մը կար, որուն մէջ սորվեցանք, որ ինչպէ՛ս կրնանք մեր յոյսին վրայ խոկալ։ Հայր մը իր ընտանիքին հետ քննարկեց Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, եւ համարին բառերը փոխելով ցոյց տուաւ, որ Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ. «Նոր աշխարհին մէջ ամէնէն ուրախ ժամանակները պիտի գան։ Մարդիկ պիտի ըլլան՝ ուրիշները սիրողներ, ճշմարտութիւնը սիրողներ, համեստ, խոնարհ, Աստուած փառաբանողներ, ծնողներու հնազանդ, շնորհակալ, հաւատարիմ, իրենց ընտանիքին հանդէպ շատ գութ ունեցող, հաշտ, միշտ ուրիշներուն մասին լաւ խօսող, ինքնազսպում ունեցող, հեզ, բարին սիրող, վստահելի, ճկուն, Աստուած սիրողներ քան թէ՝ հաճոյք սիրողներ, անկեղծ աստուածպաշտութիւն ունեցողներ, եւ այս մարդոց հետ բարեկամացիր»։ Ընտանիքիդ կամ հաւատակիցներուդ հետ կը խօսի՞ս, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։

15. Հակառակ անոր որ Դանիան կը վախնար, ի՞նչը իրեն օգնեց որ հանդարտ մնայ։

15 Նկատի առ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն եղող Դանիա անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Երբ ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել, իր ծնողքը իրեն շատ հակառակեցաւ։ Բայց ապագայ օրհնութիւններուն վրայ խոկալը իրեն օգնեց, որ հաւատարիմ մնայ եւ չվախնայ։ Ան կը պատմէ. «Կարգ մը բաներ որ կը վախնայի որ պատահին, պատահեցան։ Ամէն անգամ որ ժողովի երթայի, մամայէս ծեծ կ’ուտէի։ Պապաս եւ մամաս ինծի ըսին, որ եթէ Եհովայի վկայ ըլլամ, զիս պիտի մեռցնեն»։ Ժամանակ մը ետք, Դանիան տունէն դուրս դրուեցաւ։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Դանիան կ’ըսէ. «Միշտ կը մտածէի որ ես նոր աշխարհին մէջ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլամ, քանի որ Եհովային հաւատարիմ մնացի։ Ասկէ զատ, կը մտածէի թէ Եհովան ինչպէ՛ս բոլոր կորսնցուցածներուս տեղը պիտի տար ինծի եւ թէ ինչպէ՛ս ինծի հետ պատահած բոլոր գէշ բաները պիտի մոռնամ»։ Դանիան Եհովային օգնութեամբ ապրելիք տեղ մը գտաւ։ Ներկայիս, Դանիան ամուսնացած է հաւատարիմ եղբօր մը հետ եւ անոնք միասին լիաժամ կը ծառայեն Եհովային։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

16. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ քաջ մնանք երբ տեսնենք Ղուկաս 21։26-28–ի մէջ նշուած դէպքերը կը կատարուին։

16 Մեծ նեղութեան ատեն մարդիկ իրենց վախէն պիտի մարին։ Բայց Աստուծոյ ժողովուրդը քաջ պիտի մնայ (կարդա՛ Ղուկաս 21։26-28)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք սորված պիտի ըլլանք Եհովային վստահիլ։ Դանիան կ’ըսէ որ իր անցեալի փորձառութիւնները իրեն օգնեցին, որ գլուխ ելլէ գալիք նեղութիւններու հետ։ Ան կ’ըսէ. «Սորվեցայ որ Եհովան կրնայ մեզի օգնել որեւէ դժուարութեան մէջ։ Ատեններ, այնպէս կ’երեւի որ մարդիկ շատ զօրաւոր են եւ ամէն բան իրենց ձեռքին մէջն է։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ Եհովան իրենցմէ աւելի՛ զօրաւոր է։ Եւ մեր նեղութիւնը որքան ալ դժուար ըլլայ, օր մը պիտի գայ որ պիտի վերջանայ»։

17. 2024–ի մեր տարուան համարը մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ (տե՛ս կողքին նկարը)։

17 Մեր օրերուն, շատ բնական է որ վախնանք։ Բայց Դաւիթին պէս կրնանք առիթ չտալ, որ մեր վախերը մեր վրայ իշխեն։ 2024–ի մեր տարուան համարը առնուած է Դաւիթին աղօթքէն, որ կ’ըսէ. «Երբ վախնամ քեզի պիտի վստահիմ» (Սաղ. 56։3, ԱԾ)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը այս համարին մասին խօսելով կ’ըսէ, որ Դաւիթ «ոչ կեդրոնացած էր իր վախերուն վրայ, ոչ ալ իր խնդիրներուն վրայ, հապա՝ կը վստահէր անոր որ զինք պիտի ազատէր»։ Եկող ամիսներուն, մտածէ տարուան համարին մասին, մանաւանդ երբ վախնալիք պարագաներէ անցնիս։ Ժամանակ տրամադրէ որ խոկաս այն բաներուն վրայ, որոնք Եհովան անցեալին ըրած է, ներկայիս կ’ընէ եւ ապագային պիտի ընէ։ Ետքը, Դաւիթին պէս դուն ալ պիտի կարենաս ըսել. «Աստուծոյ կը վստահիմ, պիտի չվախնամ» (Սաղ. 56։4, ԱԾ

Աղէտէ մը ետք, քոյր մը տարուան համարին վրայ կը խոկայ (տե՛ս պարբերութիւն 17)

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՀԱՆԴԱՐՏ ՄՆԱԼ ԵՒ ՉՎԱԽՆԱԼ, ԽՈԿԱԼՈՎ ԹԷ՝

  • Եհովան ի՛նչ ըրած է անցեալին։

  • ի՞նչ կ’ընէ ներկայիս։

  • ի՞նչ պիտի ընէ ապագային։

ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

a Կրնաս հաւատք զօրացնող տեղեկութիւններ գտնել jw.org կայքին վրայ՝ «Փնտռել» տուփիկին մէջ գրելով «Անոնց հաւատքը ընդօրինակել» կամ «Փորձառութիւններ»։ Իսկ JW Library® էփին մէջ տե՛ս «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» գիրքը։

b Կարգ մը անուններ փոխուած են։

d ՆԿԱՐ. Դաւիթ կը խոկայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք զօրացուց, որ արջ մը սպաննէ, թէ ինչպէ՛ս Աքիմելէքին միջոցաւ իրեն կ’օգնէ եւ թէ ինչպէ՛ս զինք թագաւոր պիտի ընէ։

e ՆԿԱՐ. Իր հաւատքին համար բանտարկուած եղբայր մը կը խոկայ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրեն օգնած է, որ ծխախոտը կեցնէ, թէ ինչպէ՛ս հաւատակիցներուն նամակներուն միջոցաւ զինք կը քաջալերէ եւ թէ ինչպէ՛ս Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք պիտի տայ իրեն։