Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7

ԵՐԳ 59 Մենք Աստուծո՛յ նուիրուած ենք

Ուխտաւորներէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ

Ուխտաւորներէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ

«Որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած է, բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը» (ԹՒ. 6։8

ՆԻՒԹ

Ուխտաւորներուն օրինակը մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել, որ քաջ ըլլանք եւ Եհովային համար զոհողութիւններ ընենք։

1. Պատմութեան ընթացքին Եհովան սիրողներէն շատեր ի՞նչ ըրած են։

 ԵՀՈՎԱՆ շատ կը սիրե՞ս։ Վստահաբար այո՛։ Հին ժամանակներէն ի վեր, շատեր քեզի պէս զգացած են (Սաղ. 104։33, 34)։ Եւ Եհովան պաշտելու համար զոհողութիւններ ըրած են։ Նոյնն էր պարագան անցեալի Իսրայէլին մէջ ապրած խումբ մը մարդոց, որոնք կոչուած են ուխտաւորներ։ Ո՞վ էին անոնք եւ անոնց օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2. ա) Ուխտաւորները ո՞վ էին (Թուոց 6։1, 2)։ բ) Կարգ մը իսրայէլացիներ ինչո՞ւ կ’որոշէին ուխտաւոր ըլլալ։

2 «Ուխտաւոր» բառը կու գայ եբրայերէն արտայայտութենէ մը, որ կը նշանակէ՝ «զատուած» կամ «նուիրուած»։ Ուխտաւորները նախանձախնդիր իսրայէլացիներ էին, որոնք որոշ զոհողութիւններ կ’ընէին, որպէսզի յատուկ կերպով մը Եհովային ծառայէին։ Մովսիսական օրէնքը թոյլ կու տար, որ տղամարդ մը կամ կին մը յատուկ ուխտ մը ընելով ուխտաւոր ըլլար որոշ ժամանակ մը (կարդա՛ Թուոց 6։1, 2) a։ Երբ իսրայէլացի մը այս ուխտը կամ խոստումը ընէր, ան պէտք էր հետեւէր կարգ մը ուղղութիւններու, որոնք միւս իսրայէլացիները պէտք չունէին հետեւելու։ Լաւ, իսրայէլացի մը ինչո՞ւ պիտի ուզէր այսպիսի ուխտ մը ընել։ Եհովային հանդէպ սէրը եւ Անոր օրհնութիւններուն հանդէպ իր գնահատանքը պիտի ձգէին, որ ան այս ուխտը ընէր (Բ. Օր. 6։5. 16։17

3. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս անցեալի ուխտաւորներուն պէս է։

3 Երբ «Քրիստոսին օրէնքը» փոխարինեց Մովսիսական օրէնքը, Աստուծոյ ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար ուխտաւոր դառնալ (Գաղ. 6։2. Հռով. 10։4)։ Բայց անցեալի ուխտաւորներուն նման, ներկայիս Եհովային ծառաները կը շարունակեն բոլոր սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութեամբ իրեն ծառայելու զօրաւոր փափաք ցոյց տալ (Մար. 12։30)։ Երբ Եհովային կը նուիրուինք, իրեն ծառայելու յօժարակամ ուխտ մը կ’ընենք։ Այդ ուխտին համաձայն ապրելու համար, պէտք է Եհովային կամքը ընենք եւ իրեն ծառայելու համար զոհողութիւններ ընենք։ Մինչ կը քննարկենք թէ ուխտաւորները ինչպէ՛ս իրենց ուխտին համաձայն ապրեցան, կրնանք հոնկէ դասեր սորվիլ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մենք ալ մեր ուխտին համաձայն ապրիլ (Մատ. 16։24) b։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԷ

4. Թուոց 6։3, 4–ի համաձայն, ուխտաւորները ի՞նչ զոհողութիւն կ’ընէին։

4 Կարդա՛ Թուոց 6։3, 4։ Ուխտաւորները պէտք չէր որեւէ տեսակ ալքոլ խմէին կամ որթատունկէն եղած բան մը ուտէին կամ խմէին։ Օրինակ՝ խաղող եւ չամիչ։ Սովորական բան մըն էր, որ մարդիկ այս տեսակ ուտելիքներ ուտէին եւ խմիչքներ խմէին։ Ատոնց մէջ սխալ բան մը չկար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ «գինի[ն]՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը», Աստուծոյ կողմէ նուէր է (Սաղ. 104։14, 15)։ Թէեւ այսպիսի բաներ կեանքը աւելի հաճելի կը դարձնէին, բայց ուխտաւորները զոհողութիւն կ’ընէին ատոնք չուտելով եւ չխմելով c։

Պատրա՞ստ ես ուխտաւորներուն պէս զոհողութիւններ ընելու (տե՛ս պարբերութիւններ 4-6)


5. Մատիանը եւ Մարսէլլան ընտրեցին ի՞նչ զոհողութիւններ ընել, եւ ինչո՞ւ։

5 Ուխտաւորներուն նման, մենք ալ Եհովան աւելի լման կերպով պաշտելու համար զոհողութիւններ կ’ընենք։ Նկատի առ Մատիանի եւ Մարսէլլայի d օրինակը։ Այս զոյգը հանգիստ կեանք մը կ’ապրէր։ Մատիանը աղուոր գործ մը ունէր, եւ անոր համար կ’ապրէին գեղեցիկ յարկաբաժինի մը մէջ։ Բայց անոնք ուզեցին Եհովային աւելի ծառայել, եւ այս նպատակին հասնելու համար, անոնք որոշեցին կարգ մը փոփոխութիւններ ընել։ Անոնք կ’ըսեն. «Սկսանք աւելի քիչ դրամ ծախսել։ Աւելի պզտիկ յարկաբաժին մը փոխադրուեցանք եւ մեր ինքնաշարժը ծախեցինք»։ Մատիանը եւ Մարսէլլան ստիպուած չէին այս զոհողութիւնները ընելու, հապա անոնք ընտրեցի՛ն այս զոհողութիւնները ընել, քանի որ ուզեցին Եհովային աւելի ծառայել։ Այսօր, անոնք գոհ են եւ ուրախ, որ այս որոշումները առին։

6. Եհովային ծառաները ինչո՞ւ զոհողութիւններ կ’ընեն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Եհովային ծառաները ուրախութեամբ զոհողութիւններ կ’ընեն, որպէսզի իրեն աւելի ծառայեն (Ա. Կոր. 9։3-6)։ Եհովան մեզ չի ստիպեր որ այս զոհողութիւնները ընենք, ոչ ալ մեր զոհած բաները սխալ են։ Օրինակ, ոմանք վազ կ’անցնին իրենց սիրած գործէն, տունէն կամ նոյնիսկ ընտանի անասունէն։ Շատեր որոշած են որոշ ժամանակ մը չամուսնանալ կամ ամուսնանալէ ետք զաւակ չունենալ։ Ուրիշներ որոշած են ծառայել հոն, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, նոյնիսկ եթէ ասիկա ըսել է, որ իրենց ընկերներէն կամ ընտանիքէն հեռու պիտի ըլլան։ Մեզմէ շատեր սրտանց կ’ընեն այսպիսի զոհողութիւններ, քանի որ կ’ուզեն իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան շատ կ’արժեւորէ այս զոհողութիւնները, որոնք կ’ընենք իրեն ծառայելու համար, նոյնիսկ եթէ ատոնք պզտիկ են (Եբ. 6։10

ՈՒՐԻՇՆԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՂԻՐ

7. Ուխտաւորի մը համար ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ, որ իր ուխտին համաձայն ապրի (Թուոց 6։5) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Կարդա՛ Թուոց 6։5։ Ուխտաւորները ուխտ կ’ընէին որ իրենց մազը չկտրեն։ Ասիկա կերպ մըն էր Եհովային ցոյց տալու, որ իրենք լիովին իրեն կ’ենթարկուին։ Եթէ իսրայէլացի մը երկար ատեն ուխտաւոր ըլլար, անոր մազերը կ’երկննային, եւ ասիկա ուրիշներուն կողմէ կը նկատուէր։ Եթէ իր շուրջինները ուխտաւոր ըլլալու իր փափաքին թիկունք կանգնէին, իրեն համար դիւրին պիտի ըլլար ուրիշներէն տարբեր ըլլալ։ Բայց ցաւօք սրտի, իսրայէլ ազգի պատմութեան մէջ եղան ատեններ, երբ մարդիկ չգնահատեցին կամ թիկունք չկանգնեցան ուխտաւորներուն։ Օրինակ, Ամովս մարգարէին օրերուն, հաւատուրաց իսրայէլացիներ փորձեցին ուխտաւորներուն գինի խմցնել, որպէսզի անոնք իրենց ուխտը չպահեն (Ամս. 2։12)։ Երբեմն քաջութիւն կ’ուզէր որ ուխտաւոր մը իր ուխտը պահէր եւ ուրիշներէն տարբեր ըլլար։

Իր ուխտը պահող ուխտաւոր մը պատրաստ էր ուրիշներէն տարբեր ըլլալու (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Պենճըմընին փորձառութիւնը քեզ ինչպէ՞ս քաջալերեց։

8 Մենք ալ Եհովային օգնութեամբ կրնանք քաջ եւ ուրիշներէն տարբեր ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ամչկոտ ենք։ Նկատի առ Պենճըմընին օրինակը, որ Նորվեկիայի մէջ ապրող տասը տարեկան Վկայ մըն է։ Քանի որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմ կար, իր դպրոցը հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր, որպէսզի ցոյց տայ թէ թիկունք կը կանգնի Ուքրանիոյ ժողովուրդին։ Աշակերտներէն խնդրուեցաւ, որ Ուքրանիոյ դրօշակին գոյներով հագուստ մը հագուին եւ երգ մը երգեն։ Պենճըմընը որոշեց աշակերտներէն հեռու մնալ, որպէսզի այս առիթին չմասնակցի։ Բայց ուսուցչուհին զինք տեսաւ եւ բարձրաձայն ըսաւ. «Հիմա՛ հոս եկուր եւ մեզի հետ երգէ։ Բոլորս քեզի կը սպասենք»։ Պենճըմընը քաջութեամբ ուսուցչուհիին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Ես չէզոք եմ եւ քաղաքական ցոյցերու չեմ մասնակցիր։ Իրականութեան մէջ, շատ մը Եհովայի վկաներ բանտարկուած են, քանի որ չեն ուզեր պատերազմի մասնակցիլ»։ Ուսուցչուհին ընդունեց այս բացատրութիւնը եւ Պենճըմընը չստիպեց որ մասնակցի։ Բայց իր դասընկերները սկսան իրեն հարցնել որ ինչո՛ւ այդ առիթին չմասնակցեցաւ։ Պենճըմընը ջիղերուն վրան էր եւ քիչ մնաց որ լար։ Բայց ան քաջութեամբ լման դասարանին ըսաւ ի՛նչ որ ուսուցչուհիին ըսած էր։ Երբ տուն վերադարձաւ, իր ծնողքին պատմեց թէ ինք զգաց որ Եհովան էր իրեն օգնողը։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային սիրտը ուրախացնել։

9 Քանի որ կ’ընտրենք Եհովային հնազանդիլ, ուրիշներ պիտի նկատեն թէ մենք իրենցմէ տարբեր ենք։ Քաջութիւն կը պահանջէ, որ գործին մէջ կամ դպրոցը, մենք մեզ ծանօթացնենք իբրեւ Եհովայի վկաներ։ Եւ մինչ մարդոց վարուելակերպը երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլայ, հաւանաբար դժուար պիտի ըլլայ որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրինք եւ ուրիշներուն բարի լուրին մասին պատմենք (Բ. Տիմ. 1։8. 3։13)։ Մի՛ մոռնար որ Եհովային սիրտը կ’ուրախացնենք, երբ ուրիշներէն տարբեր կ’ըլլանք, այսինքն՝ անոնցմէ որոնք Աստուծոյ չեն ծառայեր (Առ. 27։11. Մաղ. 3։18

ԵՀՈՎԱՆ ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴԻՐ

10. Թուոց 6։6, 7–ին մէջ պահանջուածը ինչպէ՞ս կրնար փորձութիւն ըլլալ ուխտաւորներուն։

10 Կարդա՛ Թուոց 6։6, 7։ Ուխտաւորները չէին կրնար դիակի մօտենալ։ Թերեւս ըսենք որ ասիկա մեծ զոհողութիւն մը չէր։ Բայց Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, ասիկա ուխտաւորի մը համար շատ մեծ զոհողութիւն մըն էր, երբ իր ընտանիքէն մէկը մեռնէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ ժամանակներուն, եթէ մէկը պիտի մասնակցէր թաղման վերաբերեալ սովորութիւններուն, պէտք էր դիակին մօտենար (Յովհ. 19։39, 40. Գործք 9։36-40)։ Բայց ուխտաւոր մը չէր կրնար այդ սովորութիւններուն մասնակցիլ։ Նոյնիսկ երբ մեռնողը իր ընտանիքէն մէկը ըլլար, ուխտաւոր մը իր ուխտը կը պահէր, եւ այսպիսով իր զօրաւոր հաւատքը ցոյց կու տար։ Եհովան անկասկած կը զօրացնէր իր այս հաւատարիմ ծառաները, որպէսզի իրենց ցաւին դիմանային։

11. Քրիստոնեայ մը պէտք է վճռէ ի՞նչ ընել, երբ ընտանեկան որոշումներ կ’առնէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Որպէս քրիստոնեայ, Եհովայի ըրած մեր նուիրումի ուխտը լուրջի կ’առնենք, եւ ասիկա կ’ազդէ ընտանեկան հարցերու նկատմամբ մեր առած որոշումներուն։ Մենք մեր ընտանիքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնները լաւ կերպով կ’ընենք, բայց մեր ընտանիքի անդամներուն փափաքները՝ Եհովային պահանջներէն առաջ չենք դներ (Մատ. 10։35-37. Ա. Տիմ. 5։8)։ Երբեմն կը ստիպուինք որոշումներ առնել, որոնք Եհովան կ’ուրախացնեն, բայց ո՛չ մեր ազգականները։

Պատրա՞ստ ես Եհովային կամքը առաջին տեղը դնելու, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններուն տակ (տե՛ս պարբերութիւն 11) e


12. Մինչ Ալեքսանտրուն ընտանեկան դժուարութենէ մը կ’անցնէր, ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ չըրաւ։

12 Նկատի առ Ալեքսանտրուին եւ իր կնոջ՝ Տորինային՝ փորձառութիւնը։ Այս զոյգը տարի մը Սուրբ Գիրքը սերտելէ ետք, Տորինան որոշեց սերտելը կեցնել եւ ուզեց որ իր ամուսինն ալ կեցնէ։ Բայց ամուսինը հանդարտութեամբ եւ ազնուութեամբ իրեն ըսաւ որ պիտի չկեցնէ։ Տորինան այս խօսքը չհաւնեցաւ եւ փորձեց զինք ստիպել, որ սերտողութիւնը կեցնէ։ Ալեքսանտրուն կ’ըսէ որ ինք միշտ կը փորձէր հասկնալ, որ իր կինը ինչո՛ւ այդպէս կը վարուէր, բայց ասիկա իրեն համար դիւրին չէր։ Ատեններ, երբ Տորինան սուր եւ վիրաւորական խօսքեր կ’ըսէր իրեն, ան կը մտածէր սերտողութիւնը կեցնել։ Բայց Ալեքսանտրուն շարունակեց Եհովան իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել։ Միեւնոյն ատեն, ան սիրով եւ յարգանքով վարուեցաւ իր կնոջ հետ։ Վերջաւորութեան, իր լաւ օրինակը ձգեց, որ իր կինը նորէն Սուրբ Գիրքը սերտէ եւ մկրտուի (տե՛ս jw.org կայքին վրայ Ալեքսանտրու եւ Տորինա Վեչարէ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է» վիտէոն՝ «Ճշմարտութիւնը կեանքեր կը փոխէ» մասին մէջ)։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային եւ մեր ընտանիքին հանդէպ սէր ցոյց տալ։

13 Եհովան է որ ընտանեկան կարգադրութիւնը ստեղծեց եւ կ’ուզէ որ ուրախ ընտանիքներ ունենանք (Եփ. 3։14, 15)։ Եթէ իրապէս կ’ուզենք ուրախ ըլլալ, պէտք է ընենք այն ինչ որ Եհովան մեզմէ կ’ուզէ։ Վստահ եղիր, որ Եհովան իրեն ծառայելու համար ըրած զոհողութիւններդ կ’արժեւորէ, մինչ ընտանիքիդ հոգ կը տանիս եւ անոնց հետ սիրով եւ յարգանքով կը վարուիս (Հռով. 12։10

ԻՐԱՐ ՔԱՋԱԼԵՐԵՆՔ ՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆԻՆՔ

14. Յատկապէս որո՞նք պէտք է քաջալերենք մեր խօսքերով։

14 Ան որ կ’ուզէ Եհովան պաշտել, պէտք է պատրաստ ըլլայ զոհողութիւններ ընելու։ Ատեններ ասիկա դիւրին չ’ըլլար։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք իրարու օգնել ասոր մէջ։ Մեր խօսքերով (Յոբ 16։5)։ Արդեօք ժողովքիդ մէջ կա՞ն անձեր, որոնք կը փորձեն իրենց կեանքը պարզացնել, որ Եհովային աւելի ծառայեն։ Կա՞ն պատանիներ, որոնք քաջութեամբ պատրաստ են դպրոցին մէջ ուրիշներէն տարբեր ըլլալու, նոյնիսկ եթէ ասիկա դժուար է։ Կա՞ն Աստուածաշունչի աշակերտներ կամ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք հաւատարիմ կը մնան, հակառակ անոր որ իրենց ընտանիքը իրենց կը հակառակի։ Լաւ կ’ըլլայ որ ամէն առիթ օգտագործենք, որ այսպիսի անձեր քաջալերենք եւ անոնց ըսենք թէ որքա՛ն կը գնահատենք իրենց քաջութիւնը եւ ըրած զոհողութիւնները (Փլմ. 4, 5, 7

15. Ոմանք ինչպէ՞ս լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն օգնած են։

15 Երբեմն, թերեւս մեր պարագաները ներեն որ գործնական կերպերով օգնենք լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն (Առ. 19։17. Եբ. 13։16)։ Սրի Լանքայի մէջ ապրող տարեց հաւատարիմ քոյր մը անկեղծօրէն կը փափաքէր այս մէկը ընել։ Երբ անոր հանգստաթոշակին վրայ յաւելում եկաւ, ան ուզեց երկու երիտասարդ ռահվիրայ քոյրերու օգնել, որ կարենան շարունակել իրենց ծառայութիւնը, հակառակ տնտեսական դժուարութիւններու։ Ատոր համար ան որոշեց ամէն ամիս որոշ գումար մը մէկ կողմ դնել, որպէսզի անոնց հեռաձայնի ծախսերը գոցէ։ Այս քոյրը ի՜նչ գեղեցիկ հոգի մը ցոյց տուաւ։

16. Ուխտաւորներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Ինչպէս որ տեսանք, շատ բան կրնանք սորվիլ ուխտաւորներէն։ Բայց ուրիշ բաներ ալ կան, որոնցմէ կրնանք մեր երկնաւոր Հօր մասին սորվիլ։ Նախ, Եհովան վստահ է որ մենք սրտանց կ’ուզենք զինք ուրախացնել եւ պատրաստ ենք զոհողութիւններ ընելու, որ մեր նուիրման ուխտը պահենք։ Նաեւ, ան մեզի արժէք կու տայ՝ առիթը տալով որ մենք անձամբ որոշենք, թէ ինչպէ՛ս կ’ուզենք մեր սէրը արտայայտել իրեն հանդէպ (Առ. 23։15, 16. Մար. 10։28-30. Ա. Յովհ. 4։19)։ Ասկէ զատ, Եհովան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ մեր ըրած զոհողութիւնները իր ծառայութեան մէջ։ Ուրեմն, որոշենք շարունակել Եհովային ծառայել եւ իրեն մեր լաւագոյնը տալ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ուխտաւորները ի՞նչ կերպերով զոհողութիւններ ըրին եւ քաջութեամբ վարուեցան։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք իրար քաջալերել, որ ուխտաւորներուն նմանինք եւ զոհողութիւններ ընենք։

  • Ուխտաւորներէն ինչպէ՞ս կը սորվինք, որ Եհովան վստահութիւն ունի իր ծառաներուն վրայ։

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

a Թէեւ կարգ մը ուխտաւորներ Եհովային կողմէ նշանակուեցան, բայց ուխտաւորներուն մեծամասնութիւնը իսրայէլացիներ էին, որոնք իրե՛նք ընտրեցին ուխտաւորներ ըլլալ (տե՛ս « Եհովային կողմէ նշանակուած ուխտաւորներ» տուփը)։

b Երբեմն, մեր հրատարակութիւններուն մէջ, ուխտաւորները նմանցուած են լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն։ Բայց այս յօդուածը պիտի կեդրոնանայ, թէ ինչպէ՛ս Եհովային նուիրուած բոլոր ծառաները կրնան ուխտաւորներուն նմանիլ։

c Այնպէս կ’երեւի թէ ուխտաւորէ մը ուրիշ բաներ պահանջուած չէին. օրինակ՝ որոշ գործ մը ընել։

d Տե՛ս jw.org կայքին վրայ «Որոշեցինք մեր կեանքը պարզացնել» յօդուածը (արաբ.) «Եհովայի վկաներու փորձառութիւններ» մասին մէջ։

e ՆԿԱՐ. Ուխտաւոր մը տանիքէն կը դիտէ, մինչ իր ընտանիքին մէկ անդամը կը տարուի գերեզման։ Իր ուխտին պատճառով ան չի կրնար թաղման արարողութեան ներկայ ըլլալ։