Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրախ եղիր, մինչ համբերութեամբ Եհովային կը սպասես

Ուրախ եղիր, մինչ համբերութեամբ Եհովային կը սպասես

ՉՈՐՍ աչքով կը սպասե՞ս այն ժամանակին, երբ Եհովան չարութեան վերջ պիտի դնէ եւ ամէն բան նոր պիտի ընէ (Յայտ. 21։1-5)։ Անկասկած այո՛։ Բայց միշտ ալ դիւրին չէ համբերութեամբ Եհովային սպասելը, մանաւանդ երբ դժուարութիւններու մէջ ես։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ» (Առ. 13։12

Բայց եւ այնպէս, Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ, որ համբերութեամբ սպասենք, որ ինքը ի՛ր որոշած ժամանակին քայլեր առնէ։ Ան ինչո՞ւ ասիկա կ’ակնկալէ մեզմէ։ Եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ ուրախ ըլլանք մինչ կը սպասենք։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ ՈՐ ՍՊԱՍԵՆՔ

Սուրբ գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն» (Եսա. 30։18)։ Եսայիի այս խօսքերը ուղղուած էին պնդագլուխ հրեաներուն (Եսա. 30։1)։ Բայց այդ ժամանակ կային նաեւ հաւատարիմ հրեաներ, եւ այս խօսքերը անոնց յոյս տուին։ Ատոնք կրնան այսօր ալ Եհովային հաւատարիմ ծառաներուն յոյս տալ։

Ուրեմն, պէտք է համբերութեամբ սպասենք, քանի որ Եհովա՛ն համբերութեամբ կը սպասէ։ Ան որոշած է երբ այս աշխարհին վերջ պիտի դնէ, եւ կը սպասէ որ այդ օրը հասնի (Մատ. 24։36)։ Երբ այդ ժամանակը հասնի, բոլորովին յստակ պիտի ըլլայ, թէ ի՛նչ որ Սատանան ըսած է Եհովային եւ Անոր ծառայողներուն մասին, սուտ է։ Անկէ ետքը, Եհովան մէջտեղէն պիտի վերցնէ Սատանան եւ իրեն հետ եղողները, բայց մեզի պիտի «ողորմի»։

Մինչ այդ, թերեւս Եհովան մեր դժուարութիւնները չվերցնէ, բայց մեզ կը վստահեցնէ որ կրնանք ուրախ ըլլալ, մինչ իրեն կը սպասենք։ Ինչպէս որ Եսային ըսաւ, կրնանք ուրախ ըլլալ, մինչ կը փափաքինք կամ կը յուսանք որ լաւ բան մը պատահի (Եսա. 30։18) a։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրախութեամբ սպասել։ Նկատի պիտի առնենք չորս քայլեր, որոնք կրնան մեզի օգնել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ՍՊԱՍԵԼ

Կեդրոնացիր կեանքիդ մէջ պատահող լաւ բաներուն վրայ։ Դաւիթ թագաւոր շատ գէշ բաներ տեսած էր (Սաղ. 37։35)։ Բայց ան գրեց. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛ եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին ու խաբէութիւն ընող մարդուն» (Սաղ. 37։7)։ Դաւիթ այս խրատը գործադրեց, կեդրոնանալով Եհովային տուած յոյսին վրայ։ Ան նաեւ կեդրոնացաւ Եհովայէն ստացած իր ամէն մէկ օրհնութեան վրայ (Սաղ. 40։5)։ Եթէ մենք ալ կեդրոնանանք լաւ բաներուն վրայ, փոխանակ կեդրոնանալու մեր շուրջը պատահող գէշ բաներուն վրայ, այն ատեն Եհովային սպասելը մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։

Ամէն առիթ օգտագործէ որ Եհովան փառաբանես։ Սաղմոս 71–ը գրողը, որ ըստ երեւոյթին Դաւիթն է, Եհովային մասին ըսաւ. «Ես ամէն ատեն պիտի յուսամ եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ» (Սաղ. 71։14)։ Ան ինչպէ՞ս գովաբանեց Եհովան։ Ուրիշներուն պատմեց Եհովային մասին եւ իրեն փառաբանութեան երգեր երգեց (Սաղ. 71։16, 23)։ Մենք ալ Դաւիթին պէս կրնանք ուրախ ըլլալ, մինչ Եհովային կը սպասենք։ Մենք զինք կը փառաբանենք, երբ կը քարոզենք ուրիշներուն, իր մասին կը խօսինք մեր բարեկամներուն եւ ընտանիքին հետ, նաեւ երբ Թագաւորութեան երգերը կ’երգենք։ Յաջորդ անգամ, երբ մեր Թագաւորութեան երգերէն մէկը երգես, լաւ մտածէ ատոր բառերուն մասին եւ թէ ատոնք ինչպէ՛ս տրամադրութիւնդ կը բարձրացնեն։

Հաւատակիցներովդ քաջալերուէ։ Դժուարութիւններու ատեն Դաւիթ Եհովային ըսաւ. «Քու անունդ. . . պիտի հռչակեմ ներկայութեանը անոնց՝ որոնք քեզի հաւատարիմ են» (Սաղ. 52։9, ՆԹ)։ Մենք ալ կրնանք մեր հաւատակիցներով քաջալերուիլ, ո՛չ միայն ժողովներուն կամ ծառայութեան մէջ, հապա նաեւ՝ երբ անոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք ուրիշ առիթներով (Հռով. 1։11, 12

Յոյսդ զօրացուր։ Սաղմոս 62։5–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, վասն զի անկէ է իմ յոյսս»։ Շատ կարեւոր է, որ զօրաւոր յոյս ունենանք, մանաւանդ եթէ «վերջը» մեր ակնկալածին չափ շուտ չեկաւ։ Պէտք է համոզուած ըլլանք, որ Եհովային խոստումները անպայմա՛ն պիտի կատարուին, որքա՛ն ալ երկար սպասենք ատոնց համար։ Մեր յոյսը զօրացնելու կերպ մըն է՝ Աստուծոյ Խօսքը սերտելը։ Կրնանք սերտել ատոր մարգարէութիւնները, ատոր ընդհանուր ներդաշնակութիւնը եւ Եհովային անձնաւորութեան մասին մանրամասնութիւնները (Սաղ. 1։2, 3)։ Նաեւ պէտք է շարունակենք ‘Սուրբ Հոգիով աղօթել’, որպէսզի Եհովային մօտիկ մնանք, մինչ կը սպասենք որ յաւիտենական կեանք տալու իր խոստումը կատարէ (Յդ. 20, 21

Դաւիթ թագաւորին պէս կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովային աչքերը իրեն սպասողներուն վրայ են, եւ թէ Ան անոնց հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ (Սաղ. 33։18, 22)։ Շարունակէ համբերութեամբ Եհովային սպասել՝ կեդրոնանալով կեանքիդ մէջ պատահող լաւ բաներուն վրայ, զինք փառաբանելով, հաւատակիցներովդ քաջալերուելով եւ արժէքաւոր յոյսդ զօրաւոր պահելով։

a «Սպասել» թարգմանուած բառը կրնայ նաեւ նշանակել՝ «փափաքիլ կամ յուսալ որ բան մը պատահի», ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ սխալ չէ ուզել որ Եհովան մեր չարչարանքին վերջ դնէ։