Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ապագան գիտնալու Եհովային կարողութեան մասին։

Աստուածաշունչը յստակ կը դարձնէ, որ Եհովան կրնա՛յ ապագան գիտնալ (Եսա. 45։21)։ Բայց Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն չի բացատրեր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կամ ե՛րբ ասիկա կ’ընէ, կամ թէ որքա՛ն կ’ընտրէ գիտնալ ապագային մասին։ Ատոր համար, ապագան գիտնալու Եհովային կարողութեան մասին ամէն բան չենք գիտեր։ Բայց, կան բաներ որոնք գիտենք։ Նկատի առնենք ատոնք։

Եհովան կրնա՛յ իր ուզածը ընել, բայց կ’ընտրէ որոշ բաներ չընել։ Ան կրնայ իր անսահման իմաստութիւնը գործածել, որ իր ուզածը գիտնայ ապագային մասին (Հռով. 11։33)։ Բայց, քանի որ միեւնոյն ատեն կատարեալ ինքնազսպում ունի, ան կրնայ ընտրել որ չգիտնայ թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի (համեմատէ՛ Եսայի 42։14

Եհովան կը պատճառէ որ իր կամքը կատարուի։ Այս կէտը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ հասկնանք ապագան գիտնալու իր կարողութիւնը։ Եսայի 46։10–ն կը բացատրէ. «Վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’»։

Ուրեմն, պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ Եհովան կրնայ ապագան գիտնալ այն է, որ ան զօրութիւնը ունի պատճառ ըլլալու, որ որոշ բաներ տեղի ունենան։ Եհովան պէտք չունի տեսնելու, թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի, ճիշդ ինչպէս որ մենք երբեմն ֆիլմի մը վերջաւորութիւնը կը դիտենք, գիտնալու համար թէ ինչպէ՛ս պիտի վերջանայ։ Հապա՝ Եհովան կրնայ որոշել, թէ որոշ բան մը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ, եւ ետքը երբ այդ ժամանակը գայ, կրնայ պատճառ ըլլալ որ ատիկա տեղի ունենայ (Ել. 9։5, 6. Մատ. 24։36. Գործք 17։31

Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը կը գործածէ «ծրագրեցի», «ձեւակերպեցի» եւ «խորհեցայ» բառերը, որ նկարագրէ թէ Եհովան ի՛նչ կ’ընէ ապագային տեղի ունենալիք կարգ մը դէպքերու նկատմամբ (Դ. Թագ. 19։25, ստորանիշ, ԱԾ. Եսա. 46։11)։ Այս բառերը թարգմանուած են բնագրին մէջ գործածուած բառէ մը, որ կապ ունի բառի մը հետ, որ կը նշանակէ «բրուտ» (Եր. 18։4)։ Ինչպէս որ վարպետ բրուտ մը կաւին ձեւ տալով զայն կը վերածէ գեղեցիկ ծաղկամանի մը, Եհովան ալ կրնայ հարցերը այնպէս մը ուղղել, որ իր կամքը կատարէ (Եփ. 1։11

Եհովան մարդոց ազատ կամքը կը յարգէ։ Ան մարդոց ճակատին վրայ չի գրեր ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց, ոչ ալ պատճառ կ’ըլլայ որ բարի մարդիկ ընեն բան մը, որ իրենց կորուստին կ’առաջնորդէ։ Ան բոլորին թոյլ կու տայ, որ իրենք որոշեն թէ ինչպէ՛ս կ’ուզեն ապրիլ։ Բայց միեւնոյն ատեն կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնան ճիշդ կերպով ապրիլ։

Նկատի առ երկու օրինակ։ Առաջինը՝ նինուէցիներն են։ Եհովան առաջուընէ ըսաւ որ Նինուէն պիտի կործանուի, քանի որ ատոր ժողովուրդը չար էր։ Բայց երբ անոնք զղջացին, Եհովան «հրաժարեցաւ այն չարիքէն՝ որ յայտարարեր էր թէ անոնց պիտի ընէ, ու զայն չըրաւ» (Յովն. 3։1-10, ԱԾ)։ Եհովան իր միտքը փոխեց, քանի որ նինուէցիները իրենց ազատ կամքով որոշեցին փոխուիլ, երբ Եհովային զգուշացումը լսեցին։

Երկրորդ օրինակը՝ Կիւրոս անունով զօրավարի մը մասին մարգարէութիւն մըն է, որ հրեաները գերութենէ պիտի ազատէր եւ պիտի հրամայէր որ Եհովային տաճարը վերաշինեն (Եսա. 44։26–45։4)։ Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը այդ մարգարէութիւնը կատարեց (Եզր. 1։1-4)։ Բայց, ան Եհովան չպաշտեց։ Եհովան Կիւրոսը գործածեց այս մարգարէութիւնը կատարելու համար, բայց չստիպեց որ Կիւրոս զինք պաշտէ, հապա՝ ձգեց որ ան իր ազատ կամքով ընտրէ թէ ո՛վ կ’ուզէ պաշտել (Առ. 21։1

Անշուշտ, ասոնք միայն քանի մը բաներ են, որոնք Եհովան նկատի կ’առնէ, երբ ապագայ դէպքերու մասին պիտի խօսի։ Չկայ մարդ արարած մը, որ կրնայ լման կերպով գիտնալ, թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէ եւ ի՛նչ կ’ընէ (Եսա. 55։8, 9)։ Բայց ի՛նչ որ գիտենք՝ մեր հաւատքը կը զօրացնէ, թէ Եհովան մի՛շտ ճիշդը կ’ընէ, մէջը ըլլալով՝ երբ ան ապագայ դէպքերու մասին նախապէս կը տեղեկացնէ մեզի։