Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Իմ տկարութիւններս առիթ տուին, որ Եհովային զօրութիւնը աչքառու դառնայ

Իմ տկարութիւններս առիթ տուին, որ Եհովային զօրութիւնը աչքառու դառնայ

ԵՐԲ կինս ու ես 1985–ին Քոլոմպիա հասանք, երկրին մէջ վայրագութիւնը գլուխը առած–գացած էր։ Քաղաքները թմրեցուցիչ վաճառողներով լեցուն էին, իսկ լեռները՝ ոճրագործներով կը վխտար։ Մետելին շրջանին մէջ, ուր յետագային ծառայեցինք, փողոցները զինեալ աւազակախումբերով լեցուն էին։ Անոնք թմրեցուցիչ կը ծախէին, դրամի համար մարդ կը մեռցնէին եւ մարդիկը կը ստիպէին, որ իրենց դրամ տան, թէ ոչ՝ կը սպաննէին։ Հոն մարդիկ պզտիկ տարիքէն կը մեռնէին։ Մենք զգացինք որ ուրիշ աշխարհ մը եկած ենք։

Ես ու կինս Ֆինլանտայէն ենք, որ աշխարհի ամէնէն վերի մասը կը գտնուի։ Լաւ, մենք ինչպէ՞ս հասանք Հարաւային Ամերիկա։ Եւ ես տարիներու ընթացքին ի՞նչ դասեր սորված եմ։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆՍ ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

Ծնած եմ 1955–ին։ Մենք երեք եղբայր ենք եւ ես տունին ամէնէն պզտիկն եմ։ Մեծցած եմ Ֆինլանտայի հարաւային մասը, քաղաքի մը մէջ, որ հիմա Վանթա կը կոչուի։

Մայրս որպէս Եհովայի վկայ մկրտուեցաւ ծնելէս քանի մը տարի առաջ։ Բայց հայրս ճշմարտութեան դէմ կեցաւ եւ չձգեց, որ մայրս մեր հետը Աստուածաշունչը սերտէ կամ մեզ ժողովներու տանի։ Բայց մայրս մեզի Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումները կը սորվեցնէր, երբ հայրս տունը չէր ըլլար։

Ես եօթը տարեկանիս Եհովային կողմը դիրք բռնեցի

Ես պզտիկութենէս չէի ուզեր Եհովային անհնազանդ գտնուիլ։ Օրինակ՝ անգամ մը, երբ եօթը տարեկան էի, դպրոցի ուսուցչուհիս ինձմէ ջղայնացաւ, քանի որ չուզեցի վերիլեթիա ուտել, որ արիւնով պատրաստուած ֆինլանտական ուտելիք մըն է։ Ուսուցչուհիս մէկ ձեռքով այտերս սեղմեց, որպէսզի շրթունքներս բանայ, իսկ միւս ձեռքով՝ փորձեց պատառաքաղով պատառ մը բերանս խոթել։ Բայց ես կրցայ պատառաքաղը իր ձեռքէն թռցնել։

Երբ 12 տարեկան էի, հայրս մահացաւ։ Անկէ ետք սկսայ ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Ժողովքի եղբայրները անկեղծօրէն ինձմով հետաքրքրուեցան եւ այս մէկը ինծի օգնեց, որ հոգեւորապէս առջեւ երթամ։ Սկսայ Աստուածաշունչը օրական կարդալ եւ կանոնաւորաբար մեր հրատարակութիւնները սերտել։ Ասոնք ինծի օգնեցին, որ 14 տարեկանիս մկրտուիմ՝ 8 օգոստոս 1969–ին։

Դպրոցս վերջանալէն ետք, շատ չանցած կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսայ։ Քանի մը շաբաթ ետք, փոխադրուեցայ Փիլեվեսէ, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կար։ Ատիկա Ֆինլանտայի կեդրոնը կը գտնուի։

Փիլեվեսէի մէջ ծանօթացայ Սիրքէ անունով աղջիկի մը, որ յետագային իմ սիրելի կինս եղաւ։ Իր խոնարհ անձնաւորութիւնը եւ խորունկ հոգեւորութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ան այս աշխարհին մէջ դիրքի մը հասնելու ետեւէն չէր, ոչ ալ նիւթական բաներու ետեւէն էր։ Երկուքս կ’ուզէինք մեր լաւագոյնը տալ Եհովային ծառայութեան մէջ եւ պատրաստ էինք ընելու որեւէ նշանակում, որ մեզի պիտի տրուէր։ Ամուսնացանք 23 մարտ 1974–ին։ Փոխանակ մեղրալուսին ունենալու, գացինք Քարթուլա ծառայելու, ուր հրատարակիչներու շատ աւելի պէտք կար։

Մեր վարձած տունը՝ Քարթուլայի մէջ, Ֆինլանտա

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ՀՈԳ ՏԱՐԱՒ

Իմ եղբօրս մեզի տուած ինքնաշարժը

Մեր ամուսնութեան սկիզբէն իսկ Եհովան մեզի ցոյց տուաւ, որ երբ իր Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնենք, ան մեր պէտքերը պիտի հոգայ (Մատ. 6։33)։ Օրինակ, երբ Քարթուլայի մէջ կը ծառայէինք, ինքնաշարժ չունէինք։ Սկիզբը հեծիկով կ’երթայինք կու գայինք։ Բայց ձմեռը շատ պաղ կ’ըլլար։ Մենք ինքնաշարժի պէտք ունէինք, որպէսզի ժողովքին տարբեր թաղամասերուն մէջ ծառայէինք։ Բայց բաւարար դրամ ալ չունէինք, որ ինքնաշարժ գնէինք։

Զարմացանք, երբ մեծ եղբայրս եկաւ մեզի այցելելու։ Ան իր ինքնաշարժը մեզի տուաւ։ Ինքնաշարժին ապահովագրութիւնը վճարուած էր, եւ մենք միայն պենզին պէտք էր լեցնէինք։ Այլեւս մենք ինքնաշարժ ունէինք։

Երբ ասիկա պատահեցաւ, տեսանք որ Եհովան իր վրայ առած էր մեր նիւթական պէտքերուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Մենք միայն մէկ բան ունէինք ընելիք, այդ ալ՝ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել։

ԳԱՂԱԱԴԻ ԴՊՐՈՑԸ

Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցի մեր դասարանը՝ 1978–ին

Երբ 1978–ին, Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցին ներկայ կ’ըլլայինք, մեր ուսուցիչներէն մէկը՝ Ռիմօ Քուօքենընը a, մեզ քաջալերեց որ Գաղաադի դպրոցին դիմենք։ Սկսանք անգլերէն սորվիլ, որպէսզի կարենանք այդ դպրոցը երթալ։ Բայց 1980–ին, առաջ որ դիմումնագիր լեցնենք, հրաւիրուեցանք որ Ֆինլանտայի մասնաճիւղին մէջ ծառայենք։ Այդ ժամանակ, բեթէլականները չէին կրնար Գաղաադի դպրոցին դիմել։ Բայց մենք կ’ուզէինք ծառայել ուր որ Եհովա՛ն յարմար կը տեսնէ, եւ ոչ թէ ուր որ մե՛նք յարմար կը տեսնէինք։ Անոր համար հրաւէրը ընդունեցինք։ Բայց շարունակեցինք անգլերէն սորվիլ, որպէսզի պատրաստ ըլլայինք Գաղաադի դպրոցը երթալու, եթէ օրին մէկը առիթը բացուէր։

Քանի մը տարի ետք, Կառավարիչ մարմինը բեթէլականներուն առջեւ ալ առիթը բացաւ, որ Գաղաադի դպրոցին դիմեն։ Շուտով մեր դիմումնագիրները լեցուցինք, ոչ թէ քանի որ Բեթէլին մէջ ուրախ չէինք, հապա քանի որ կ’ուզէինք ծառայել ո՛ւր որ աւելի պէտք կայ, եթէ ատոր որակեալ ենք։ Մեր դիմումնագիրները ընդունուեցան եւ մենք Գաղաադի դպրոցին 79–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղանք՝ սեպտեմբեր 1985–ին։ Մեր նշանակումը Քոլոմպիան էր։

ՄԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ

Քոլոմպիայի մէջ սկիզբը նշանակուեցանք մասնաճիւղին մէջ։ Փորձեցի նշանակումիս մէջ լաւագոյնս տալ, բայց մէկ տարի վերջ զգացի որ փոփոխութեան պէտք ունինք։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով տարբեր նշանակում մը խնդրեցի։ Անկէ ետք, դաշտին մէջ միսիոնարներ նշանակուեցանք՝ Վիլա շրջանին Նեվի քաղաքին մէջ։

Ես դաշտի ծառայութիւնը շատ կը սիրէի։ Ամուսնանալէս առաջ, երբ Ֆինլանտայի մէջ ռահվիրայ էի, ատեններ առտու կանուխէն մինչեւ ուշ գիշեր ծառայութեան կ’ելլէի։ Եւ երբ Սիրքէին հետ ամուսնացայ, մենք ատեններ լման օրը ծառայութեան մէջ կ’անցնէինք։ Ատեններ, երբ հեռու շրջաններ կը քարոզէինք, իրիկունը մեր ինքնաշարժին մէջ կը քնանայինք։ Ասանկով, ժամանակ կը շահէինք եւ կրնայինք առտու աւելի կանուխ ծառայութեան ելլել։

Երբ դաշտին մէջ միսիոնարներ եղանք, մենք նորէն զգացինք այն նոյն խանդավառութիւնը, որ առաջ ունէինք ծառայութեան մէջ։ Քոլոմպիայի եղբայրներն ու քոյրերը՝ յարգանք, սէր եւ գնահատութիւն ցոյց տուին։ Եւ ժամանակի ընթացքին մեր ժողովքը աճեցաւ։

ԱՂՕԹՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նեվի քաղաքէն քիչ մը անդին կային գիւղեր, ուր վկաներ չկային։ Ես շատ կը մտածէի, որ արդեօք բարի լուրը ինչպէ՛ս պիտի հասնէր այդ շրջանները։ Բայց քանի որ այդտեղի լեռները ոճրագործներու խումբեր կային, ապահով չէր որ տեղացի չեղողներ այդ տեղերը երթային։ Անոր համար կ’աղօթէի, որ այդ գիւղերէն մէկուն մէջ անձ մը Վկայ դառնայ։ Կը մտածէի, թէ որպէսզի անձ մը ճշմարտութիւնը սորվի եւ Վկայ դառնայ, պէտք է Նեվի քաղաքին մէջ ապրի։ Անոր համար, նաեւ կ’աղօթէի որ այդ անձը մկրտուելէ ետք, հոգեւորապէս հասուն դառնայ եւ իր գիւղը վերադառնայ քարոզելու համար։ Բայց ես չէի գիտեր, որ Եհովան իր մտքին մէջ աւելի լաւ լուծում մը ունէր։

Շատ չանցած, սկսայ սերտել Ֆերնանտօ Կոնզալեզ անունով երիտասարդի մը հետ։ Ան Էլհեսիրըս գիւղին մէջ կ’ապրէր, ուր Վկաներ չկային։ Ֆերնանտոն 50 քիլոմեթր կը կտրէր, որ Նեվի քաղաքը գար աշխատելու համար։ Ան ամէն մէկ դաս շատ լաւ կը պատրաստէր եւ շուտով սկսաւ ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Հազիւ որ սկսաւ սերտել, ան առաջին շաբաթէն իսկ իր գիւղի մարդիկը կը հաւաքէր եւ անոնց կը պատմէր ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքէն կը սորվէր։

Ֆերնանտոյին հետ՝ 1993–ին

Ֆերնանտոն վեց ամիս սերտելէ ետք, յունուար 1990–ին մկրտուեցաւ։ Անկէ ետք, ան կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Եւ քանի որ ի վերջոյ Էլհեսիրըսի մէջ տեղացի Վկայ մը եղաւ, ապահով էր որ մասնաճիւղը մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակէր այդ շրջանին մէջ։ Փետրուար 1992–ին, այդ գիւղին մէջ ժողովք մը կազմուեցաւ։

Ֆերնանտոն միայն իր գիւղին մէջ չքարոզեց։ Ամուսնանալէ ետք, ինքն ու իր կինը՝ Օլկան փոխադրուեցան Սան Վիսենթի տէլ Քահուեն գիւղը, ուր դարձեալ վկաներ չկային։ Հոն, անոնք օգնեցին որ ժողովք մը հաստատուի։ 2002–ին Ֆերնանտոն նշանակուեցաւ որպէս շրջանային տեսուչ եւ ինքն ու իր կինը միջեւ այսօր կը շարունակեն ծառայել շրջանային գործին մէջ։

Այս փորձառութենէն սորվեցայ, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մեր աստուածպետական նշանակումներուն մասին մասնայատուկ աղօթքներ ընենք։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովան կ’ընէ ի՛նչ որ մենք չենք կրնար ընել, քանի որ ասիկա ի՛ր հունձքն է, ոչ՝ մե՛րը (Մատ. 9։38

ԵՀՈՎԱՆ ԹԷ ՓԱՓԱՔԸ ԵՒ ԹԷ ՈՒԺԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԵԶԻ

1990–ին, շրջանային գործին սկսանք։ Մեր առաջին նշանակումն էր մայրաքաղաքը՝ Պոկոթան։ Սկիզբը վախցանք, քանի որ ես ու կինս սովորական մարդիկ էինք եւ մասնաւոր ձիրքեր չունէինք։ Ասկէ զատ, մենք վարժուած չէինք խճողուած քաղաքի մը մէջ ապրելու։ Բայց Եհովան իր խոստումին տէրը ելաւ, որ գրուած է Փիլիպպեցիս 2։13–ին մէջ. «Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար»։

Ետքը Մետելին քաղաքը նշանակուեցանք, որուն մասին սկիզբը յիշեցի։ Հոն մարդիկ այնքա՛ն վարժուած էին անապահովութեան, որ երբ փողոցը կռիւ ըլլար՝ իրար չէին անցներ։ Օրինակ՝ անգամ մը, երբ մէկու մը հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէի իր տան մէջ, դուրսը կրակոց սկսաւ։ Հազիւ որ գետին պիտի ծռէի, տեսայ որ դասս առանց իրար անցնելու շարունակեց պարբերութիւնը կարդալ։ Երբ կարդալը վերջացուց, ըսաւ որ մէկ վայրկեան դուրս պիտի ելլէր։ Ետքը, իր երկու պզտիկներուն հետ ներս մտաւ եւ հանդարտ–հանդարտ ըսաւ. «Կը ներես, բայց ստիպուած էի պզտիկներս ներս մտցնել»։

Մենք ուրիշ ատեններ ալ վտանգաւոր վիճակներու մէջ գտնուեցանք։ Օր մը, երբ դռնէ դուռ կը ծառայէինք, մէկէն տեսայ որ կինս, երեսը դեփ–դեղին, իմ կողմս կը վազէր։ Ան ըսաւ որ մէկը իր վրայ կրակած էր։ Շիտակը վախցայ, բայց մենք ետքը լսեցինք, որ այն մարդը Սիրքէին վրայ պիտի չկրակէր, հապա՝ կը փորձէր Սիրքէին քովէն անցնող մարդուն վրայ կրակել։

Ժամանակի ընթացքին վարժուեցանք այդ անապահով վիճակներուն մէջ ապրիլ։ Մենք շատ կը քաջալերուէինք տեղացի եղբայրներուն ու քոյրերուն օրինակով, որոնք այսպիսի եւ ասկէ աւելի գէշ պայմաններու տակ կ’ապրէին։ Հասկցանք որ եթէ Եհովան իրենց կ’օգնէ, ուրեմն մեզի՛ ալ պիտի օգնէ։ Մենք միշտ տեղացի երէցներուն խրատներուն մտիկ կ’ընէինք, գործնական քայլեր կ’առնէինք որ ապահով մնանք եւ մնացեալը Եհովային ձեռքերուն մէջ կը ձգէինք։

Անշուշտ, ատեններ վիճակը մեր երեւակայածին չափ վտանգաւոր չէր ըլլար։ Օրինակ՝ անգամ մը, երբ մէկու մը կ’այցելէի, լսեցի որ դուրսը երկու կիներ իրարու վրայ կը պոռան–կը կանչեն։ Ես հետաքրքրուած չէի կռիւ դիտելով, բայց տանտէրը ինծի ըսաւ որ իրեն հետ դուռս ելլեմ։ Երբ ելանք, տեսանք որ կռիւ ընողները երկու թութակներ էին, որոնք դրացիներուն ձայները կը ծաղրէին։

ՆՈՐ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1997–ին, Ծառաներու մարզումի դպրոցի ուսուցիչ նշանակուեցայ b։ Շատ կը սիրէի աստուածպետական դպրոցներու ներկայ ըլլալ, բայց չէի երեւակայեր որ օր մը օրանց աստուածպետական դպրոցի մը մէջ սորվեցնելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենամ։

Ետքը, ես ծառայեցի որպէս նահանգային տեսուչ։ Բայց երբ այդ կարգադրութիւնը կեցաւ, ես վերադարձայ շրջանային գործին։ Ասանկով, աւելի քան 30 տարիէ ի վեր կը ծառայեմ որպէս ուսուցիչ եւ շրջանային տեսուչ։ Այս նշանակումները շատ մը օրհնութիւններ բերած են ինծի։ Բայց ասիկա ըսել չէ, որ կեանքս միշտ «վարդագոյն» եղած է։ Եկէք պատմեմ։

Ճիշդ է որ իմ զօրաւոր անձնաւորութիւնս օգնած է դժուար պարագաներուն մէջ, բայց ատեններ չափէն աւելի նախանձախնդրութեամբ վարուած եմ, երբ սխալ բաներ տեսած եմ ժողովքներուն մէջ։ Ատեններ, ուրիշները խանդավառութեամբ կը խրատէի, որ սիրով ու ճկունութեամբ վարուին ուրիշներուն հետ։ Բայց խնդալիքը այդ էր, որ այս պարագաներուն ես իմ տուած խրատս չէի գործադրեր (Հռով. 7։21-23

Ատեններ իմ սխալներուս պատճառով շատ անտրամադիր կը զգայի (Հռով. 7։24)։ Անգամ մը, Եհովային ըսի որ թերեւս ամէնէն լաւ բանը այդ է, որ ես իմ միսիոնարական ծառայութիւնս ձգեմ եւ Ֆինլանտա վերադառնամ։ Այդ իրիկունը ժողովի գացի, եւ ի՛նչ որ ժողովին լսեցի, զիս համոզեց, որ ես պէտք է նշանակումիս մէջ մնա՛մ եւ շարունակեմ իմ անկատարութիւններուս վրայ աշխատիլ։ Մինչեւ այսօր շատ կ’ազդուիմ, երբ յիշեմ որ Եհովան ինչպէ՛ս իմ աղօթքիս պատասխանեց։ Ես շատ շնորհակալ եմ Եհովային, որ ինծի ազնուութեամբ օգնած է, որ տկարութիւններուս վրայ աշխատիմ։

ՈՒՐԱԽ ՊԻՏԻ ՄՆԱՄ՝ Ի՛ՆՉ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱԼ ԸԼԼԱՅ ԿԵԱՆՔԻՍ ՄԷՋ

Ես եւ Սիրքէն շատ շնորհակալ ենք Եհովային, որ մեզի առանձնաշնորհումը տուաւ, որ մեր կեանքին մեծ մասը անցընենք լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Ասկէ զատ, շատ երախտապարտ եմ Եհովային, որ ինծի տուած է սիրալիր եւ հաւատարիմ կին մը։

Մօտ ատենէն, 70 տարեկան պիտի ըլլամ եւ այլեւս պիտի չծառայեմ որպէս ուսուցիչ եւ շրջանային տեսուչ։ Բայց տխուր չեմ, որովհետեւ շատ համոզուած եմ, որ ամէնէն շատ Եհովան կը պատուենք, երբ խոնարհութեամբ իրեն կը ծառայենք եւ սէրէ մղուած ու երախտապարտութեամբ զինք կը փառաբանենք (Միք. 6։8. Մար. 12։32-34)։ Եհովան պատուելու համար պէտք չունինք երեւելի առանձնաշնորհումներ ունենալու։

Երբ մտածեմ բոլոր այդ նշանակումներուն մասին որ ունեցած եմ, կ’անդրադառնամ որ ատոնք ստացայ ո՛չ թէ քանի որ արժանի էի կամ քանի որ մասնաւոր կարողութիւններ ունէի։ Հապա, քանի որ Եհովան ազնիւ եւ առատաձեռն գտնուած էր ինծի հանդէպ, հակառակ անոր որ ատոնց արժանի չէի։ Ան ինծի այդ առանձնաշնորհումները տուաւ, հակառակ իմ տկարութիւններուս։ Ես շատ լաւ գիտեմ, որ միայն Եհովային օգնութեամբ է որ կրցայ այդ նշանակումները կատարել։ Այսպիսով, իմ տկարութիւններս առիթ տուին, որ Եհովային զօրութիւնը աչքառու դառնայ (Բ. Կոր. 12։9

a Ռիմօ Քուօքենընին կենսագրութիւնը՝ «Որոշած ենք շարունակել Եհովային ծառայել», գրուած է Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2006 թիւին մէջ (արաբ.)։

b Այս դպրոցին տեղը առաւ՝ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը։