Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 15

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

Եհովային կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ զօրացո՛ւր

Եհովային կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ զօրացո՛ւր

«Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան» (ԵԲ. 13։7

ՆԻՒԹ

Տե՛ս թէ ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային կազմակերպութիւնը միշտ գնահատել եւ անոր վստահիլ։

1. Առաջին դարուն, Եհովային ժողովուրդը ինչպէ՞ս կազմակերպուած էր։

 ԵՐԲ Եհովան իր ժողովուրդին նշանակում մը տայ, ան կ’ակնկալէ որ անիկա կազմակերպուած կերպով ընեն (Ա. Կոր. 14։33)։ Օրինակ, Աստուծոյ կամքն է, որ բարի լուրը բոլոր աշխարհի մէջ քարոզուի (Մատ. 24։14)։ Եհովան Յիսուսը նշանակած է այս գործին վրայ եւ Յիսուս հոգ տարած է, որ անիկա կազմակերպուած ձեւով կատարուի։ Առաջին դարուն, մինչ տարբեր շրջաններու մէջ ժողովքներ կը հաստատուէին, երէցներ նշանակուեցան, որպէսզի ուղղութիւն տան եւ առաջնորդութիւնը առնեն (Գործք 14։22)։ Նոյն ատեն, Երուսաղէմի մէջ, առաքեալներէ եւ երէցներէ բաղկացած կեդրոնական մարմին մը կարգ մը որոշումներ առաւ եւ ակնկալեց, որ բոլոր ժողովքները այդ որոշումներուն հնազանդին (Գործք 15։2. 16։4)։ Երբ անոնք հնազանդեցան իրենց ստացած ուղղութիւններուն, «Եկեղեցիներն ալ [ժողովքները] հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար» (Գործք 16։5

2. 1919–էն ի վեր Եհովան ինչպէ՞ս իր ժողովուրդը առաջնորդած է եւ հոգեւոր սնունդ տուած է անոնց։

2 Եհովան մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ժողովուրդը կազմակերպել։ 1919–էն ի վեր, Յիսուս օծեալ տղամարդոցմէ կազմուած պզտիկ խումբ մը գործածած է, որ քարոզչութիւնը կազմակերպէ եւ իր հետեւորդներուն հոգեւոր սնունդ տայ (Ղուկ. 12։42) a։ Յստակ է որ Եհովան այդ խումբին գործը կ’օրհնէ (Եսա. 60։22. 65։13, 14

3-4. ա) Օրինակով մը բացատրէ թէ կազմակերպուած ըլլալուն օգուտը ի՞նչ է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

3 Եթէ կազմակերպուած չըլլայինք, չէինք կրնար Յիսուսի մեզի նշանակած քարոզչութիւնը ընել (Մատ. 28։19, 20)։ Օրինակի համար, ենթադրենք որ մեր ժողովքին մէջ թաղամասեր չեն նշանակուիր մեզի եւ ամէն մէկը կրնայ քարոզել ո՛ւր որ կ’ուզէ. արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Կարգ մը թաղամասեր շատ անգամներ պիտի ծածկուին, իսկ ուրիշներ՝ բնաւ։ Քու կարծիքովդ, ուրիշ ի՞նչ կերպերով կ’օգտուինք, երբ կազմակերպուած ըլլանք։

4 Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իր հետեւորդները կազմակերպեց երբ երկրի վրայ էր, ան կը շարունակէ այսօ՛ր ալ Աստուծոյ ժողովուրդը կազմակերպել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ Յիսուս ասիկա ինչպէ՛ս ըրաւ եւ մեր կազմակերպութիւնը ինչպէ՛ս իր օրինակին կը հետեւի։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս ցոյց կու տանք, որ Եհովային կազմակերպութեան կը վստահինք։

ՄԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ

5. Ի՞նչ կերպով մը Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք (Յովհաննէս 8։28

5 Յիսուս իր երկնաւոր Հօրմէ սորվեցաւ ի՛նչ ընել եւ ի՛նչ ըսել։ Եհովայի կազմակերպութիւնը Յիսուսի օրինակին կը հետեւի։ Ատիկա Աստուծոյ Խօսքը գործածելով մեզ կ’առաջնորդէ եւ մեզի կ’օգնէ, որ գիտնանք ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչ է սխալը (կարդա՛ Յովհաննէս 8։28. Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Մենք շատ անգամ յիշեցումներ կը ստանանք, որ Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ ատիկա գործադրենք։ Ասոնց հետեւելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

6. Ի՞նչ կարեւոր օգուտ մը կը քաղենք, երբ Սուրբ Գիրքը կը սերտենք։

6 Մենք շատ կ’օգտուինք, երբ մեր հրատարակութիւնները գործածելով Սուրբ Գիրքը կը սերտենք։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ, որ Սուրբ Գիրքին ըսածները բաղդատենք կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն հետ։ Եւ երբ տեսնենք որ այդ ուղղութիւնները Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած են, Եհովային կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրանայ (Հռով. 12։2

7. Յիսուս ի՞նչ պատգամ քարոզեց, եւ Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս Յիսուսի օրինակին կը հետեւի։

7 Յիսուս ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեց’ (Ղուկ. 4։44)։ Ան նաեւ իր աշակերտներուն ալ պատուիրեց, որ այդ Թագաւորութեան մասին քարոզեն (Ղուկ. 9։1, 2. 10։8, 9)։ Ներկայիս բոլոր անոնք, որոնք Եհովայի կազմակերպութեան մէկ մասն են, Թագաւորութեան պատգամը կը քարոզեն, ո՛ւր ալ ապրին եւ Եհովային կազմակերպութեան մէջ ի՛նչ պատասխանատուութիւններ ալ ունենան։

8. Մեզի ի՞նչ պատիւ տրուած է։

8 Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն քարոզելը մեզի համար պատիւ մըն է։ Ամէն անձ այս առանձնաշնորհումը չունի։ Օրինակ, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, չձգեց որ չար ոգիները իր մասին վկայութիւն տան (Ղուկ. 4։42)։ Այսօր ալ, անձ մը Եհովային ժողովուրդին հետ քարոզելու սկսելէ առաջ, պէտք է Եհովային ուզածին պէս ապրի։ Մենք ցոյց կու տանք, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելը մեզի համար պատիւ մըն է, երբ ատոր մասին կը խօսինք ո՛ւր որ եւ ե՛րբ որ առիթ ունինք։ Յիսուսին պէս մեր նպատակն է՝ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը մարդոց սրտին մէջ ցանել եւ ջրել (Մատ. 13։3, 23. Ա. Կոր. 3։6

9. Կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ անունը կը ճանչցնէ։

9 Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց։ Իր Հօր ուղղած իր աղօթքին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի» (Յովհ. 17։26)։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, Եհովային կազմակերպութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ ուրիշներուն օգնելու համար, որ Աստուծոյ անունը գիտնան։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ասոր մէջ կարեւոր դեր մը խաղցած է։ Ատիկա Աստուծոյ անունը վերադարձուցած է այն բոլոր տեղերը, ուր պէտք է ըլլայ։ Ներկայիս, Աստուածաշունչի այս թարգմանութիւնը կը գտնենք լման կամ մասամբ, աւելի քան 270 լեզուներով։ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին մաս 1–ին եւ 2–ին մէջ պիտի տեսնես, թէ ի՛նչ պատճառներով եւ ինչպէ՛ս այս թարգմանութիւնը Աստուծոյ անունը վերադարձուցած է այն բոլոր տեղերը, ուր պէտք է ըլլայ։ Անգլերէն լեզուով եղող Սերտողութեան համար Աստուածաշունչ–ին, յաւելեալ մաս 3–ին մէջ կը գտնենք շատ աւելի փաստեր, թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ անունը 237 անգամներ կ’երեւի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։

10. Միանմարի մէջ ապրող կնոջ մը ըսածէն ի՞նչ կը սորվիս։

10 Մենք Յիսուսին պէս կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել, որ Աստուծոյ անունը գիտնան։ Երբ Միանմարի մէջ ապրող 67 տարեկան կին մը Աստուծոյ անունը գիտցաւ, լալով ըսաւ. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ Աստուծոյ անունը կը լսեմ։ Դուք կեանքիս մէջ ամէնէն կարեւոր բանը սորվեցուցիք ինծի»։ Ինչպէս որ այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ անունը գիտնալը կրնայ շատ ազդել մարդոց։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

11. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւն ցոյց տալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով երէցները կրնան Աստուծոյ կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւն ցոյց տալ։ Երբ անոնք ուղղութիւն ստանան, պէտք է զայն ուշադրութեամբ կարդան եւ ետքը իրենց լաւագոյնը ընեն, որ այդ ուղղութիւնը գործադրեն։ Օրինակ, անոնք ուղղութիւն կը ստանան ոչ միայն ինչպէ՛ս ժողովքին մէջ նիւթեր եւ աղօթքներ ներկայացնելու նկատմամբ, հապա նաեւ Քրիստոսի ոչխարներուն ինչպէ՛ս հոգ տանելու նկատմամբ։ Երբ երէցները կազմակերպութեան տուած բոլոր ուղղութիւններուն կը հետեւին, եղբայրներն ու քոյրերը ապահով եւ սիրուած կը զգան։

Երէցները մեզի կ’օգնեն, որ Եհովային կազմակերպութենէն եկած ուղղութիւններուն վստահինք (տե՛ս պարբերութիւն 11) b


12. ա) Ինչո՞ւ պէտք է հնազանդինք եւ ենթարկուինք առաջնորդութիւն առնողներուն (Եբրայեցիս 13։7, 17)։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է առաջնորդութիւն առնողներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք։

12 Երբ երէցներէն ուղղութիւն ստանանք, պէտք է սրտանց ատոր հետեւինք։ Ասանկով, իրենց համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ իրենց գործը ընեն։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ հնազանդինք առաջնորդութիւնը առնողներուն (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Ատեններ ասիկա դիւրին չ’ըլլար, քանի որ անոնք անկատար են։ Բայց եթէ կեդրոնանանք անոնց գէշ յատկութիւններուն վրայ, քան՝ լաւ յատկութիւններուն, ասիկա Աստուծոյ կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը պիտի տկարացնէ եւ ասանկով մեր թշնամիներուն օգնած պիտի ըլլանք, քանի որ անոնք ճիշդ ասիկա է որ կ’ուզեն։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր թշնամիներուն սուտերը գիտնանք եւ մերժենք։

ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԴ ՏԿԱՐԱՑՆԵՆ

13. Աստուծոյ թշնամիները ինչպէ՞ս փորձած են իր կազմակերպութեան մասին գէշ բաներ ըսել։

13 Աստուծոյ հակառակորդները կը փորձեն Եհովայի կազմակերպութեան լաւ կէտերը գէշ ցուցնել։ Օրինակ, մենք Սուրբ Գիրքէն սորված ենք, որ Եհովան կ’ակնկալէ որ զինք պաշտողները ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր ըլլան։ Ան կը պահանջէ որ ոեւէ մէկը, որ կը շարունակէ անմաքուր բաներ ընել եւ չ’ուզեր փոխուիլ, ժողովքին մէջէն վերցուի (Ա. Կոր. 5։11-13. 6։9, 10)։ Եւ քանի որ մենք այս պատուէրին կը հնազանդինք, մեր հակառակորդները կ’ըսեն, որ մենք մարդիկը չենք սիրեր եւ մեզմէ տարբեր եղողները չենք ընդունիր։

14. Կազմակերպութեան մասին սուտեր հանողը ո՞վ է։

14 Գիտցի՛ր թէ ո՞վ է կազմակերպութեան վրայ յարձակողը։ Սատանան է սուտ պատմութիւններ հանողը։ Անիկա «ստախօս է եւ անոր հայրը» (Յովհ. 8։44. Ծն. 3։1-5)։ Ասոր համար չենք զարմանար, որ Սատանան մեր թշնամիները կը գործածէ, որ սուտ պատմութիւններ հանէ Եհովային կազմակերպութեան մասին։ Ճիշդ ասիկա է, որ պատահեցաւ Յիսուսին եւ առաջին քրիստոնեաներուն հետ։

15. Կրօնական առաջնորդները Յիսուսին եւ իր հետեւորդներուն ի՞նչ ըրին։

15 Առաջին դարուն, թէեւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը՝ կատարեալ մարդ էր եւ շատ աղուոր հրաշքներ գործեց, Սատանան կարգ մը մարդիկ գործածեց, որ իրեն մասին շատ սուտեր տարածեն։ Օրինակ, կրօնական առաջնորդները մարդոց ըսին, որ դեւեր հանելու Յիսուսի ուժը իրեն տրուած էր «դեւերուն մեծ իշխան»ին կողմէ (Մար. 3։22)։ Երբ Յիսուս կը դատուէր, կրօնական առաջնորդները ամբաստանեցին, որ ան Աստուծոյ դէմ հայհոյած էր եւ ժողովուրդը դրդեցին, որ պահանջեն որ Յիսուս մահուամբ պատժուի (Մատ. 27։20)։ Ետքը, երբ Քրիստոսի հետեւորդները սկսան բարի լուրը քարոզել, հակառակորդները մարդիկը դրդեցին, որ այդ քրիստոնեաները հալածեն (Գործք 14։2, 19Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր, 1998–ի թիւը, Գործք 14։2–ին մասին կ’ըսէ. «Անձնապէս պատգամը մերժելով չբաւականանալով, Հրեայ հակառակորդները Քրիստոնեաները մրոտելու արշաւի մը սկսան, ջանալով Հեթանոս բնակչութիւնը անոնց դէմ նախապաշարել»։

16. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, երբ սուտ պատմութիւններ լսենք։

16 Սատանան մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակէ սուտեր խօսիլ։ Ան տակաւին ‘բոլոր աշխարհը կը մոլորեցնէ’ (Յայտ. 12։9)։ Եթէ կազմակերպութեան կամ առաջնորդութիւնը առնող եղբայրներուն մասին սուտ պատմութիւններ լսես, յիշէ թէ Աստուծոյ թշնամիները ինչպէ՛ս վարուեցան Յիսուսին եւ առաջին քրիստոնեաներուն հետ։ Անոնք այսօր ալ Աստուծոյ ժողովուրդը կը հալածեն եւ սուտ բաներ կը խօսին անոնց մասին, ճիշդ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը ըսած էր (Մատ. 5։11, 12)։ Մենք սուտ պատմութիւններով պիտի չխաբուինք, եթէ յիշենք որ ատոնց աղբիւրը ո՛վ է, եւ շուտով քայլեր առնենք մենք մեզ պաշտպանելու համար։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք սուտ պատմութիւններէն չվնասուիլ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) (տե՛ս նաեւ « Երբ սուտ պատմութիւններ լսենք, ի՞նչ պէտք է ընենք» տուփը)։

17 Սուտ պատմութիւնները մերժէ՛։ Պօղոս առաքեալ յստակօրէն ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, եթէ սուտ պատմութիւններ լսենք։ Ան Տիմոթէոսին ըսաւ, որ ոմանց ‘պատուիրէ ուշադրութիւն չդարձնել սուտ պատմութիւններուն’ եւ ‘մերժել սուտ պատմութիւնները’ (Ա. Տիմ. 1։3, 4, ՆԱ. 4։7, ՆԱ)։ Օրինակ մը տանք։ Մանուկ մը թերեւս գետնէն աղտոտ բան մը վերցնէ եւ բերանը դնէ, բայց չափահաս մը ասիկա բնաւ չ’ըներ, քանի որ գիտէ թէ իր առողջութեան վնաս կը հասցնէ։ Մենք ալ կը մերժենք սուտ պատմութիւնները, քանի որ գիտենք անոնց աղբիւրը։ Փոխարէն, մենք միայն մտիկ կ’ընենք ճշմարտութեան «ողջամիտ խօսքերուն» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 1։13

18. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովային կազմակերպութեան կը վստահինք։

18 Մինչեւ հիմա նկատի առինք, թէ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը ի՛նչ երեք կերպերով կը հետեւի Յիսուսի օրինակին։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կը սերտես, տե՛ս թէ ուրիշ ի՛նչ կերպերով կազմակերպութիւնը ասիկա կ’ընէ։ Ժողովքիդ մէջ ուրիշներուն օգնէ, որ կազմակերպութեան հանդէպ իրենց վստահութիւնը զօրացնեն։ Եւ կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ ցոյց տուր՝ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայելով եւ մօտիկ մնալով այն կազմակերպութեան, որ Եհովան կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար (Սաղ. 37։28, ՆԱ)։ Շարունակենք գնահատել, որ ունինք պատիւը Եհովային սիրալիր եւ հաւատարիմ ժողովուրդին մաս կազմելու։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ կերպերով կը հետեւի Յիսուսի օրինակին։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել ցոյց տալ, որ Եհովային կազմակերպութեան կը վստահինք։

  • Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ սուտ պատմութիւններ լսենք։

ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են

a Տե՛ս «Ինչո՞ւ 1919» տուփը, Եհովայի մաքուր պաշտամունքը վերջապէս կը վերահաստատուի գիրքին մէջ, էջ 102-103 (արաբ.)։

b ՆԿԱՐ. Երէցները կը քննարկեն հանրային վկայութեան նկատմամբ կարգադրութիւնները։ Ետքը, խումբի տեսուչ մը հրատարակիչներուն կը փոխանցէ այն ուղղութիւնը, թէ հանրային վկայութեան ժամանակ իրենց կռնակը պատին տան։