Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19

ԵՐԳ 136 Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

Եհովային ապագայ դատաստաններուն մասին ի՞նչ գիտենք

Եհովային ապագայ դատաստաններուն մասին ի՞նչ գիտենք

«Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի» (Բ. ՊԵՏ. 3։9

ՆԻՒԹ

Կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագային Եհովան մարդիկը արդար կերպով պիտի դատէ։

1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մենք հետաքրքրական ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։

 ՄԵՆՔ շատ հետաքրքրական ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Ամէն օր, մեր աչքերովը կը տեսնենք Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարումը։ Օրինակ, կը տեսնենք որ «հիւսիսի թագաւորը» եւ «հարաւի թագաւորը» իրարու հետ կը մրցակցին, քանի որ ամէն մէկը կ’ուզէ ի՛նք աշխարհին վրայ իշխել (Դան. 11։40)։ Ասկէ զատ, կը տեսնենք որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը որեւէ ժամանակէ աւելի ընդարձակ կերպով կը քարոզուի, եւ միլիոնաւորներ ատոր ականջ կու տան (Եսա. 60։22. Մատ. 24։14)։ Իսկ մենք «ատենին» առատ հոգեւոր սնունդ կ’առնենք (Մատ. 24։45-47

2. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, բայց ի՞նչ բան պէտք է ընդունինք։

2 Եհովան կը շարունակէ մեզի օգնել, որ աւելի լաւ հասկնանք այն կարեւոր դէպքերը, որոնք շատ մօտ ատենէն պիտի պատահին (Առ. 4։18. Դան. 2։28)։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, արդէն գիտցած պիտի ըլլանք ամէն բան որ պէտք է գիտնանք, որպէսզի այդ դժուար ժամանակին ընթացքին հաւատարմօրէն տոկանք եւ միացած մնանք։ Բայց պէտք է ընդունինք, թէ ապագային մասին բաներ կան որոնք մենք չենք գիտեր։ Այս յօդուածին մէջ, նախ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչո՛ւ ապագայի կարգ մը դէպքերու նկատմամբ մեր ըսածներուն մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ մտցուցինք։ Ետքը նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կարգ մը բաներ գիտենք ապագային նկատմամբ եւ թէ մեր երկնաւոր Հայրը ինչպէ՛ս պիտի վարուի։

Ի՞ՆՉ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ

3. Ասկէ առաջ ի՞նչ կ’ըսէինք այն ժամանակուան մասին, երբ Եհովան այլեւս մարդոց առիթ պիտի չտայ որ մեզի միանան, եւ ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։

3 Անցեալին, կ’ըսէինք որ երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, մարդիկ այլեւս առիթ պիտի չունենան Եհովային կողմը դիրք բռնելու եւ Արմագեդոնէն ազատելու։ Մենք այդպէս կ’ըսէինք, քանի որ կը կարծէինք թէ Ջրհեղեղին պատմութիւնը մարգարէական էր՝ ակնարկելով մեր օրերուն։ Օրինակ, կ’ըսէինք որ ճիշդ ինչպէս որ Ջրհեղեղը սկսելէն առաջ Եհովան դուռը գոցեց եւ մէկը չկրցաւ անկէ ներս մտնել, նոյնպէս՝ երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, Եհովան Սատանայի աշխարհին առջեւ «դուռը պիտի գոցէ» եւ այսպէս մէկը պիտի չկարենայ Եհովային հաւատալ եւ ազատիլ (Մատ. 24։37-39

4. Ինչո՞ւ այլեւս չենք ըսեր, որ ամէն ինչ որ Նոյին ժամանակ պատահեցաւ աւելի մեծ կատարում մը ունի մեր օրերուն. բացատրէ։

4 Կրնա՞նք ըսել որ ամէ՛ն ինչ որ Ջրհեղեղի ժամանակ պատահեցաւ՝ կ’ակնարկէր բանի մը որ ապագային պիտի պատահի։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը ասիկա չ’ըսեր a։ Ճիշդ է որ Յիսուս իր ներկայութիւնը նմանցուց «Նոյի օրեր»ուն, բայց ան չըսաւ որ ամէ՛ն ինչ որ Նոյի ժամանակ պատահեցաւ՝ աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենայ ապագային. ինչպէս՝ տապանին դրան գոցուիլը։ Բայց ասիկա ըսել չէ, որ մենք չենք կրնար Նոյի պատմութենէն դասեր քաղել։

5. ա) Ջրհեղեղէն առաջ, Նոյ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ հաւատք ունէր (Եբրայեցիս 11։7. Ա. Պետրոս 3։20)։ բ) Մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կը նմանի Նոյին օրուան տեղի ունեցած քարոզչութեան։

5 Երբ Նոյ լսեց Եհովային ազդարարական պատգամը, տապանը շինելով ցոյց տուաւ որ հաւատք ունէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։7. Ա. Պետրոս 3։20)։ Նոյնպէս, անոնք որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը կը լսեն, պէտք է որ գործերով իրենց հաւատքը ցոյց տան (Գործք 3։17-20)։ Պետրոս Նոյը կոչեց «արդարութեան քարոզիչ» (Բ. Պետ. 2։5)։ Թէեւ Նոյ իր ամէն կարելին ըրաւ որ քարոզէ, բայց ինչպէս որ անցեալ յօդուածին մէջ նկատի առինք, Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ ան կրցաւ այն ժամանակ ապրող ամէն մէկ անձի քարոզել։ Ներկայիս, մենք ալ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ աշխարհի չորս կողմը մարդոց քարոզենք։ Բայց որքա՛ն ալ փորձենք, մենք չենք կրնար երկրի վրայ ապրող ամէ՛ն մէկ մարդու բարի լուրը քարոզել առաջ որ վերջը գայ։ Ինչո՞ւ։

6-7. Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել որ մենք աշխարհի վրայ ամէն մէկուն բարի լուրը պիտի չքարոզենք առաջ որ վերջը գայ. բացատրէ։

6 Նկատի առ որ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ քարոզչութեան մասին։ Ան մարգարէացաւ որ բարի լուրը «բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Այս մարգարէութիւնը ներկայիս կը կատարուի որեւէ ժամանակէ աւելի։ Թագաւորութեան բարի լուրը կը հրատարակուի աւելի քան 1000 լեզուներով եւ ատիկա jw.org կայքին միջոցաւ մատչելի կը դառնայ աշխարհի չորս կողմը ապրող մարդոց մեծամասնութեան։

7 Բայց Յիսուս նաեւ իր աշակերտներուն ըսաւ, որ անոնք ‘քաղաքները պիտի չհատցնէին’, այսինքն՝ պիտի չկարենային բոլորին քարոզել առաջ որ ինք գար (Մատ. 10։23. 25։31-33)։ Մեր օրերուն ալ նոյն բանը պիտի պատահի։ Ներկայիս միլիոնաւոր մարդիկ կ’ապրին շրջաններու մէջ, ուր ազատօրէն չենք կրնար քարոզել։ Ասկէ զատ, աշխարհի մէջ ամէն մէկ վայրկեան հարիւրաւոր պզտիկներ կը ծնին։ Ճիշդ է որ մենք մեր ամէն ջանքը կ’ընենք, որ ‘բոլոր ազգերէ ու ցեղերէ եւ լեզուներէ’ մարդոց բարի լուրը քարոզենք (Յայտ. 14։6)։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ վերջը գալէն առաջ պիտի չկարենանք երկրի վրայ ապրող ամէն մէկ անհատի բարի լուրը քարոզել։

8. Թերեւս ի՞նչ հարցում հարցնենք ապագային տեղի ունենալիք Եհովային դատաստաններուն մասին (տե՛ս նաեւ նկարները)։

8 Բայց հոս հարցում մը կը ծագի. Եհովան եւ իր Որդին,– որ Եհովային կողմէ նշանակուած է դատելու,– ինչպէ՞ս պիտի դատեն անոնք, որոնք թերեւս առիթը չունենան բարի լուրը լսելու առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի (Յովհ. 5։19, 22, 27. Գործք 17։31)։ Այս յօդուածին գլխաւոր համարը կ’ըսէ, որ Եհովան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի». ընդհակառակը՝ ան կ’ուզէ որ «ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9. Ա. Տիմ. 2։4)։ Մենք պէտք է ընդունինք, որ Եհովան տակաւին մեզի չէ ըսած թէ ինչպէ՛ս պիտի դատէ այդ մարդիկը, որոնք բնաւ առիթը չունեցան բարի լուրը լսելու։ Անշուշտ, ան ստիպուած չէ մեզի ըսելու, թէ ի՛նչ ըրած է կամ ի՛նչ պիտի ընէ։

Եհովան ինչպէ՞ս պիտի դատէ անոնք, որոնք թերեւս առիթը չունեցան բարի լուրը լսելու առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի (տե՛ս պարբերութիւն 8) c


9. Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ մեզի ի՞նչ ըսած է։

9 Եհովան իր Խօսքին մէջ մեզի ըսած է, որ ի՛նչ կարգ մը բաներ պիտի ընէ։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը մեզի ըսած է, որ Եհովան ետ կեանքի պիտի բերէ «մեղաւորներ», որոնք առիթը չեն ունեցած բարի լուրին մասին գիտնալու եւ իրենց վարքը փոխելու (Գործք 24։15. Ղուկ. 23։42, 43)։ Ասիկա կը ձգէ որ ուրիշ կարեւոր հարցումներ ծագին։

10. Ուրիշ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

10 Արդեօք ամէն ով որ մեծ նեղութեան ընթացքին պիտի մեռնի, յաւիտեա՞ն պիտի բնաջնջուի եւ յարութիւն պիտի չառնէ՞։ Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ, որ անոնք որոնք Եհովային կը հակառակին եւ որոնք Արմագեդոնին պիտի բնաջնջուին Իր եւ իր բանակին կողմէ, յարութիւն պիտի չառնեն (Բ. Թես. 1։6-10)։ Բայց ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք մեծ նեղութեան ընթացքին թերեւս մեռնին բնական աղէտներու պատճառով, արկածով կամ թերեւս ուրիշի մը կողմէ սպաննուին (Ժող. 9։11. Զաք. 14։13)։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնցմէ ոմանք այն «մեղաւորներէն» պիտի ըլլան, որոնք նոր աշխարհին մէջ յարութիւն պիտի առնեն։ Պատասխանը չենք գիտեր։

Ի՞ՆՉ ԳԻՏԵՆՔ

11. Մարդիկը ինչի՞ հիման վրայ պիտի դատուին Արմագեդոնին։

11 Կան բաներ, որոնք գիտենք ապագայ դէպքերու մասին։ Օրինակ, մենք գիտենք որ Արմագեդոնին մարդիկ պիտի դատուին այն բանին հիման վրայ, որ ինչպէ՛ս վարուած են Քրիստոսին եղբայրներուն հետ (Մատ. 25։40)։ Անոնք որոնք թիկունք կանգնած են օծեալներուն եւ Քրիստոսին, պիտի դատուին որպէս ոչխար։ Ասկէ զատ, մենք գիտենք որ Քրիստոսին օծեալ եղբայրներէն ոմանք տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլան մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք, եւ երկրի վրայ պիտի մնան մինչեւ Արմագեդոն պատերազմը սկսելէն քիչ մը առաջ։ Այնքան ատեն որ Քրիստոսին կարգ մը եղբայրները տակաւին երկրի վրայ են, կարելիութիւնը կայ որ պարկեշտ մարդիկ առիթը ունենան թիկունք կանգնելու անոնց, եւ անոնց ըրած գործին (Մատ. 25։31, 32. Յայտ. 12։17)։ Այս կէտերը ինչո՞ւ կարեւոր են։

12-13. «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը տեսնելէ ետք, ոմանք թերեւս ի՞նչ ընեն (տե՛ս նաեւ նկարները)։

12 Նոյնիսկ մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք, կարելիութիւնը կայ որ ոմանք, որոնք «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը պիտի տեսնեն, յիշեն որ Եհովայի վկաները երկար տարիներէ ի վեր կ’ըսէին որ այս բանը պիտի պատահի։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ոմանք պատահած դէպքերը տեսնելով, սկսին Եհովային հաւատալ (Յայտ. 17։5. Եզեկ. 33։33

13 Եթէ ասիկա պատահի, պիտի նմանի այն դէպքին որ Եգիպտոսի մէջ պատահեցաւ Մովսէսի օրերուն։ Յիշէ որ, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգեցին, «անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ»։ Թերեւս այդ բազմութենէն ոմանք սկսան Եհովային հաւատալ, երբ տեսան թէ ինչ որ Մովսէս ըսաւ Տասը պատուհասներուն մասին, իրապէս ալ եղաւ (Ել. 12։38)։ Եթէ Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք այսպիսի բան մը պատահի, մենք պիտի զգա՞նք որ ասիկա արդար չէ, քանի որ մարդիկ վերջը գալէն ճի՛շդ առաջ մեզի միացան։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Մենք կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հօր նմանիլ։ Ան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» է (Ել. 34։6) b։

Ոմանք որոնք «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը պիտի տեսնեն, պիտի յիշեն որ Եհովայի վկաները երկար տարիներէ ի վեր կ’ըսէին որ այս բանը պիտի պատահի (տե՛ս պարբերութիւն 12-13) d


14-15. Մէկու մը ապագան կախեա՞լ է այն բանէն, որ ան ե՛րբ կը մեռնի կամ ո՛ւր կ’ապրի. բացատրէ (Սաղմոս 33։4, 5

14 Ատեններ, թերեւս լսենք որ մէկը Եհովային չծառայող իր ազգականին մասին կ’ըսէ. «Թերեւս աւելի լաւ է որ ան մեռնի առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի, որպէսզի յարութեան յոյսը ունենայ»։ Վստահ ենք, որ մէկը լաւ շարժառիթով այսպիսի բան մը կ’ըսէ։ Բայց մեր միտքը պահենք որ Եհովան անհատի մը երբ մեռնելուն հիման վրայ չէ որ կ’որոշէ, թէ անոր առիթ պիտի տա՞յ որ յաւիտեան ապրի կամ՝ ոչ։ Եհովան կատարեալ Դատաւորն է. ան միշտ արդար որոշումներ կ’առնէ (կարդա՛ Սաղմոս 33։4, 5)։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ որ «բոլոր երկրի Դատաւորը» ճիշդ բանը պիտի ընէ (Ծն. 18։25

15 Տրամաբանական է որ ըսենք, թէ Եհովան անհատին ո՛ւր ապրելուն հիման վրայ չէ որ կ’որոշէ, թէ անոր առիթ պիտի տա՞յ որ յաւիտեան ապրի կամ ոչ։ Չի կրնար ըլլալ որ Եհովան միլիոնաւոր մարդիկ դատէ որպէս այծեր, պարզապէս քանի որ կ’ապրին տեղ մը, ուր բնաւ առիթ չեն ունեցած Թագաւորութեան բարի լուրը լսելու (Մատ. 25։46)։ Բոլոր երկրի արդար Դատաւորը մեզմէ շա՜տ աւելի հետաքրքրուած է այսպիսի անհատներով։ Մենք չենք գիտեր թէ Եհովան հարցերը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի ուղղէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Թերեւս այդ մարդոցմէ ոմանք առիթը պիտի ունենան Եհովային մասին սորվելու, անոր հաւատալու եւ իր կողմը դիրք բռնելու, երբ ան իր անունը սրբացնէ բոլոր ազգերուն առջեւ (Եզեկ. 38։16

Մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք. . . կրնա՞յ ըլլալ որ ոմանք պատահած դէպքերը տեսնելով, սկսին Եհովային հաւատալ

16. Մենք ի՞նչ գիտենք Եհովային մասին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Մենք Սուրբ Գիրքէն սորված ենք, որ մարդիկը շա՜տ արժէքաւոր են Եհովայի աչքին։ Ան իր Որդին զոհեց, որպէսզի բոլորս առիթը ունենանք յաւիտեան ապրելու (Յովհ. 3։16)։ Բոլորս ալ մեր մորթին վրայ զգացած ենք Եհովային գուրգուրանքը (Եսա. 49։15)։ Ան ամէն մէկս անունով գիտէ։ Ան մեզ այնքա՛ն լաւ գիտէ, որ նոյնիսկ եթէ մեռնինք, կրնայ մեզի յարութիւն տալ, քանի որ մեր մասին ամէն մէկ մանրամասնութիւն կը յիշէ։ Մեր ունեցած ամէն մէկ յիշատակը կը յիշէ (Մատ. 10։29-31)։ Անկասկած, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը ամէն մէկ անձ պիտի դատէ շատ հաւասարակշռուած, արդար եւ ողորմած կերպով (Յակ. 2։13

Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ամէն մէկ անձ պիտի դատէ շատ հաւասարակշռուած, արդար եւ ողորմած կերպով (տե՛ս պարբերութիւն 16)


17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

17 Հիմա որ մեր հասկացողութեան մէջ այս ճշդումները եղան, մենք կ’անդրադառնանք որ քարոզչութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Եւ ի՞նչը մեզ կը մղէ որ շարունակենք նախանձախնդրութեամբ բարի լուրը քարոզել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ մանրամասնութեամբ պիտի տեսնենք այս հարցումներուն պատասխանները։

ԵՐԳ 153 Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս

a Որպէսզի տեսնես թէ ինչո՛ւ այս փոփոխութիւնը եղաւ, տե՛ս «Քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 մարտ 2015 թիւին մէջ, էջ 7-11։

b Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք, Եհովային բոլոր ծառաները պիտի փորձուին Մագոգի Գոգին յարձակումին ժամանակ։ Նաեւ պիտի փորձուի ամէն ով որ Եհովայի ժողովուրդին կը միանայ Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք։

c ՆԿԱՐ. Երեք նկարներ որոնք կը ցուցնեն որ թերեւս ինչո՛ւ չկարենանք ամէն մէկ անձի քարոզել։ 1) Կին մը կ’ապրի հոն, ուր տեղական կրօնքին պատճառով վտանգաւոր է քարոզելը։ 2) Զոյգ մը կ’ապրի հոն, ուր տեղական կառավարութեան պատճառով բարի լուրը քարոզելը արգիլուած եւ վտանգաւոր է, եւ 3) մարդ մը կ’ապրի տեղ մը, որ շատ հեռու է եւ ուր դժուար է որ մէկը հասնի։

d ՆԿԱՐ. Ճշմարտութիւնը ձգած երիտասարդուհի մը կը յիշէ ինչ որ սորված էր «Մեծ Բաբելոն»ին կործանումին մասին։ Անոր սրտի վիճակը կը փոխուի։ Ան կ’որոշէ Եհովային վերադառնալ եւ կ’երթայ Վկայ եղող իր ծնողքին քով։ Եթէ այսպիսի բաներ պատահին, մենք կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հօր նման ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն ցուցնել եւ ուրախանալ որ մեղաւոր մը վերադարձած է։