Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 24

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

Յաւիտեան Եհովային հիւրը մնա՛

Յաւիտեան Եհովային հիւրը մնա՛

«Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ» (ՍԱՂ. 15։1

ՆԻՒԹ

Հասկնալ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ Եհովային բարեկամները մնանք, եւ տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ վարուինք իր բարեկամներուն հետ։

1. Սաղմոս 15։1-5–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

 ՆԱԽՈՐԴ յօդուածին մէջ տեսանք որ անոնք, որոնք Եհովային կը նուիրուին եւ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն կ’ունենան, կրնան իր վրանին մէջ իր հիւրերը ըլլալ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք որ այս տեսակ բարեկամութիւն ունենանք։ Սաղմոս 15–ը այս նիւթին մասին կը խօսի (կարդա՛ Սաղմոս 15։1-5)։ Այս սաղմոսը կ’ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք որ Եհովային աւելի մօտենանք։

2. Երբ Դաւիթ Եհովային վրանին մասին խօսեցաւ, ան թերեւս իր միտքը ի՞նչ ունէր։

2 Սաղմոս 15–ը կը սկսի այս հարցումներով. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ» (Սաղ. 15։1)։ Երբ Դաւիթ Եհովային ‘վրանին’ մասին խօսեցաւ, ան թերեւս իր միտքը ունէր խորանը, որ ժամանակ մը Գաբաւոնին մէջ կը գտնուէր։ Բայց ան թերեւս ալ իր միտքը ունէր այն վրանը, որ Երուսաղէմի մէջ Սիօն լերան վրայ կը գտնուէր, քանի որ ան յիշեց ‘սուրբ լեռը’։ Այդ լեռը Գաբաւոնէն քանի մը քիլոմեթր հարաւը կը գտնուէր։ Հոն, Դաւիթ վրան մը կանգնեցուցած էր եւ ուխտին տապանակը հոն դրած էր, մինչեւ որ տաճարը շինուէր (Բ. Թագ. 6։17

3. Մենք ինչո՞ւ կ’ուզենք Սաղմոս 15–ը հասկնալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Անշուշտ, իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը չէր կրնար խորանին մէջ ծառայել, եւ մատի վրայ կը համրուէին անոնք, որոնք կրնային վրանին այն մասը մտնել, ուր ուխտին տապանակը կար։ Բայց Եհովային բոլոր ծառաները կրնային իր այլաբանական վրանին մէջ իր հիւրերը ըլլալ, եթէ իր բարեկամները դառնային եւ այդպէս ալ մնային։ Եւ ատիկա բան մըն է, որ բոլորս կ’ուզենք։ Սաղմոս 15–ը կը յիշէ կարգ մը յատկութիւններ, որոնք պէտք է ունենանք եւ ցոյց տանք, որպէսզի Եհովային բարեկամները մնանք։

Դաւիթի ժամանակուան իսրայէլացիներուն համար դիւրին էր երեւակայել, թէ ի՛նչ ըսել է Եհովային վրանին մէջ հիւր ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւն 3)


ԱՆՄԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱԼԷ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԸՐԷ

4. Ինչպէ՞ս գիտենք որ մկրտուիլը միակ բանը չէ, որ Եհովան կը պահանջէ մեզմէ (Եսայի 48։1

4 Սաղմոս 15։2–ին մէջ, Աստուծոյ բարեկամը նկարագրուած է որպէս ‘անմեղութեամբ քալող եւ արդարութիւն ընող’։ ‘Քալել’ եւ ‘ընել’ բառերը կ’ակնարկեն յարատեւ եւ շարունակական բաներու։ Բայց իրապէս կրնա՞նք ‘անմեղութեամբ քալել’։ Այո՛։ Ճիշդ է որ կատարեալ մարդ չկայ, բայց Եհովան մեզ ‘անմեղութեամբ քալողներ’ կը նկատէ, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք որ իրեն հնազանդինք։ Աստուծոյ նուիրուիլն ու մկրտուիլը միայն սկիզբն է Աստուծոյ հետ քալելուն։ Նկատի առ, որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն իսրայէլ ազգին մէկ անդամը ըլլալը չէր նշանակեր, որ անհատը Եհովային վրանին մէջ հիւր մըն է։ Կարգ մը իսրայէլացիներ Եհովան «ճշմարտութեամբ» եւ «արդարութեամբ» չէին պաշտեր (կարդա՛ Եսայի 48։1)։ Եհովային հիւրերը ըլլալու համար, անկեղծ իսրայէլացիները պէտք էր իր պահանջները գիտնային եւ ատոնց հետեւէին։ Նոյնպէս, Եհովային հաճութիւնը ունենալու համար չի բաւեր, որ մկրտուինք եւ ժողովքին ընկերակցինք, հապա պէտք է շարունակենք ‘արդարութիւն ընել’։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընենք։

5. Ամէն բանի մէջ Եհովային հնազանդիլը ի՞նչ ըսել է։

5 Եհովային աչքին՝ ‘անմեղութեամբ քալելու’ եւ ‘արդարութիւն ընելու’ համար, չի բաւեր որ Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ ըլլանք (Ա. Թագ. 15։22)։ Մենք պէտք է ջանք թափենք, որ ամէն բանի մէջ Եհովային հնազանդինք, նոյնիսկ երբ առանձին ենք (Առ. 3։6. Ժող. 12։13, 14)։ Շատ կարեւոր է, որ նոյնիսկ պզտիկ բաներու մէջ իրեն հնազանդինք։ Ասանկով ցոյց կու տանք, որ զինք իրապէս կը սիրենք եւ ասիկա պատճառ կ’ըլլայ, որ ինքն ալ մեզ աւելի սիրէ (Յովհ. 14։23. Ա. Յովհ. 5։3

6. Եբրայեցիս 6։10-12–ի համաձայն ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է, քան՝ անցեալին ըրած մեր լաւ բաները։

6 Եհովան շատ կ’արժեւորէ ինչ որ իրեն համար ըրած ենք անցեալին։ Բայց ատոնք բաւարար չեն, որ մենք շարունակենք Եհովային վրանին մէջ մնալ։ Ասիկա յստակ է Եբրայեցիս 6։10-12–ին մէջ (կարդա՛)։ Եհովան անցեալին ըրած մեր լաւ բաները չի մոռնար։ Բայց ան կ’ուզէ որ շարունակենք «մինչեւ վերջը» ամբողջ սրտով զինք պաշտել։ Եւ եթէ «չթուլնանք», ան մեր Բարեկամը պիտի մնայ յաւիտեան (Գաղ. 6։9

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԽՕՍԷ՛ ՍՐՏԷԴ

7. Ի՞նչ ըսել է ճշմարտութիւն խօսիլ մեր սրտէն։

7 Ան որ կ’ուզէ Եհովային վրանին մէջ հիւր ըլլալ, պէտք է ‘ճշմարտութիւն խօսի իր սրտէն’ (Սաղ. 15։2)։ Ասիկա ըսել չէ պարզապէս սուտ չխօսիլ։ Եհովան կ’ուզէ, որ ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլանք (Եբ. 13։18)։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ «ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առ. 3։32

8. Ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

8 Անոնք որոնք ‘ճշմարտութիւն կը խօսին իրենց սրտէն’, ուրիշներուն առջեւ չեն ձեւացներ որ Աստուծոյ հնազանդ են, բայց երբ մէկը չկայ՝ Աստուծոյ օրէնքները կը կտրեն (Եսա. 29։13)։ Անոնք խաբեբայութեամբ չեն վարուիր։ Խաբեբան կը սկսի կասկածիլ, եթէ կարգ մը օրէնքներու հնազանդիլը օգտակա՛ր է կամ ոչ (Յակ. 1։5-8)։ Թերեւս ան Եհովային չհնազանդի այն բաներուն մէջ, որոնք իր կարծիքով շատ կարեւոր չեն։ Եւ ետքը, եթէ այնպէս երեւի որ իր անհնազանդութիւնը հետեւանքներ չունի, թերեւս ան համարձակի այդ օրէնքները ա՛լ աւելի կտրել եւ սկսի կեղծաւորութեամբ Եհովան պաշտել (Ժող. 8։11)։ Բայց մենք կ’ուզենք ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալ։

9. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ առաջին անգամ ըլլալով Յիսուս Նաթանայէլին ծանօթացաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Շատ կարեւոր է որ մէկը ‘ճշմարտութիւն խօսի իր սրտէն’։ Ասիկա յստակ դարձաւ, երբ Փիլիպպոս իր բարեկամը՝ Նաթանայէլը՝ կանչեց, որ Յիսուսին ծանօթանայ։ Հակառակ անոր որ Յիսուս նախապէս չէր ծանօթացած Նաթանայէլին, ան ըսաւ. «Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ» (Յովհ. 1։47)։ Ճիշդ է, որ միւս աշակերտներն ալ Յիսուսի աչքին պարկեշտ էին, բայց Յիսուս Նաթանայէլին մէջ յատուկ անկեղծութիւն մը տեսաւ։ Նաթանայէլը մեզի պէս անկատար ըլլալով հանդերձ, իր մէջը արուեստական կամ կեղծ բան մը չկար։ Յիսուս այս բանը սիրեց Նաթանայէլին մէջ եւ ատոր համար զինք գովեց։ Վստահաբար, բոլորս կ’ուզենք որ Յիսուս նոյն բանը ըսէ մեր մասին։

Փիլիպպոս Յիսուսը ծանօթացուց իր բարեկամին՝ Նաթանայէլին, որուն ներսը նենգութիւն չկար։ Նոյն բանը կրնա՞յ ըսուիլ մեր մասին (տե՛ս պարբերութիւն 9)


10. Ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք, թէ ի՛նչ կը խօսինք (Յակոբոս 1։26

10 Սաղմոս 15–ին մէջ նշուած պահանջներուն մեծամասնութիւնը կապ ունի ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս վարուելուն հետ։ Սաղմոս 15։3–ը կ’ըսէ, թէ Եհովային վրանին մէջ եղող հիւրը իր «լեզուովը չի զրպարտեր, ընկերին չարութիւն չ’ըներ, եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ»։ Երբ ուրիշները զրպարտենք, անոնց մեծապէս վնաս հասցուցած կ’ըլլանք, եւ ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ այլեւս Եհովային վրանին մէջ հիւրեր չըլլանք (կարդա՛ Յակոբոս 1։26

11. Զրպարտելը ի՞նչ է, եւ ի՞նչ կը պատահի այն անձին որ կը զրպարտէ, բայց չի զղջար։

11 Դաւիթ խօսեցաւ զրպարտելու մասին։ Զրպարտելը ի՞նչ է։ Ընդհանուր առմամբ, ատիկա մէկու մը մասին սուտ տեղեկութիւններ տարածելն է, որ դիմացինին վնաս կը հասցնէ եւ անոր անունը կ’աւրէ։ Այն անձը որ կը զրպարտէ եւ չի զղջար, այլեւս Եհովայի վկայ չի կրնար մնալ (Եր. 17։10

12-13. Ո՞ր պարագաներուն թերեւս անզգուշօրէն նախատինք դնենք մեր դրացիին վրայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Սաղմոս 15։3–ը նաեւ մեզ կը յիշեցնէ, որ Եհովային հիւրերը իրենց ընկերին չարութիւն չեն ըներ եւ իրենց դրացիին վրայ նախատինք չեն դներ։ Թերեւս ինչպէ՞ս նախատինք դնենք մեր դրացիին վրայ։

13 Կրնանք մէկու մը վրայ անզգուշօրէն նախատինք դնել՝ իրեն մասին սխալ տեղեկութիւններ տարածելով։ Մտածէ այս պարագաներուն մասին. 1) քոյր մը որ լիաժամ ծառայութիւնը դադրեցուց, 2) զոյգ մը որ այլեւս Բեթէլին մէջ չեն ծառայեր, կամ 3) եղբայր մը որ այլեւս երէց կամ օգնական ծառայ չէ։ Գէշ բան պիտի ըլլայ ուրիշներուն պատմել, թէ այս եղբայրներն ու քոյրերը հաւանաբար սխալ բան մը ըրին եւ ատոր համար իրենց պարագաները փոխուեցան։ Թերեւս շատ մը ուրիշ պատճառներ կան, որոնք այս փոփոխութիւնները պատճառեցին, որոնցմէ մենք տեղեակ չենք։ Ուրեմն, Եհովային վրանին մէջ եղող հիւր մը իր «ընկերին չարութիւն չ’ըներ, եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ»։

Շատ դիւրին է ուրիշներուն մասին գէշ տեղեկութիւններ տարածել եւ ասիկա կրնայ զրպարտութեան վերածուիլ (տե՛ս պարբերութիւն 12-13)


ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽՆԵՐԸ ՊԱՏՈՒԷ՛

14. Եհովային հիւրերը ինչպէ՞ս ‘ամէն անարգ կը մերժեն’։

14 Սաղմոս 15։4–ը (ՆԱ) կ’ըսէ, որ Եհովային բարեկամը ‘ամէն անարգ կը մերժէ’։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ անձ մը անարգ է կամ ոչ։ Մենք չենք կրնար ասիկա որոշել մեր կարծիքին կամ նախընտրութիւններուն հիման վրայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկատար ենք, եւ ինքնաբերաբար մօտիկ կը զգանք անոնց, որոնց բնաւորութենէն կ’ախորժինք, մինչ միւսներէն կը նեղանանք։ Անոր համար, պէտք է մերժենք միայն անոնք, որոնք Եհովային աչքին «անարգ» են (Ա. Կոր. 5։11)։ Որո՞նք։ Անոնք որոնք առանց զղջալու սխալ բաներ կ’ընեն, չեն յարգեր մեր հաւատքը կամ կը փորձեն մեր հոգեւորութիւնը տկարացնել (Առ. 13։20

15. «Աստուածավախները» պատուելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

15 Ետքը, Սաղմոս 15։4–ը մեզի կ’ըսէ որ «աստուածավախները» պատուենք։ Ատոր համար, մենք կերպեր կը փնտռենք որ Եհովային բարեկամներուն հանդէպ ազնուութիւն ու յարգանք ցոյց տանք (Հռով. 12։10)։ Ինչպէ՞ս։ Կերպերէն մէկը հիմնուած է Սաղմոս 15։4–ին վրայ։ Հոն կ’ըսէ, որ Եհովային հիւրը «երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար»։ Մեր խոստումները չյարգելը կրնայ ուրիշներուն վնաս հասցնել (Մատ. 5։37)։ Օրինակ, Եհովան իր հիւրերէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ամուսնական ուխտը յարգեն։ Ան նաեւ կ’ուրախանայ երբ ծնողներ ջանք թափեն, որ իրենց զաւակներուն տուած իրենց խոստումները կատարեն։ Աստուծոյ եւ մեր ընկերին հանդէպ մեր սէրը, մեզ պիտի մղէ որ մեր խոստումները պահելու համար մեր ամէն կարելին ընենք։

16. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կը պատուենք Եհովային բարեկամները։

16 Երբ Եհովային բարեկամներուն հանդէպ հիւրասէր եւ առատաձեռն ըլլանք, զանոնք պատուած կ’ըլլանք (Հռով. 12։13)։ Երբ ժողովներէ եւ ծառայութենէն դուրս ժամանակ կ’անցընենք մեր եղբայրներուն հետ, անոնց եւ Եհովային հանդէպ մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ։ Ասկէ աւելի, երբ հիւրասէր ըլլանք, Եհովան ընդօրինակած կ’ըլլանք։

ԴՐԱՄԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱ՛

17. Ինչո՞ւ Սաղմոս 15–ին մէջ դրամին նիւթը կը յիշուի։

17 Սաղմոս 15–ին մէջ կը կարդանք, որ Եհովային հիւրը «իր արծաթը վարձքով չի տար ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ» (Սաղ. 15։5)։ Այս կարճ Սաղմոսին մէջ ինչո՞ւ դրամին նիւթը կը յիշուի։ Քանի որ դրամասիրութիւնը կրնայ ուրիշներուն վնաս հասցնել եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը քանդել (Ա. Տիմ. 6։10)։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ոմանք իրենց աղքատ եղբայրները շահագործեցին՝ տոկոսով դրամ տալով անոնց։ Ասկէ զատ, կարգ մը դատաւորներ կաշառք կ’առնէին եւ ետքը անմեղները անիրաւօրէն կը դատէին։ Եհովան կ’ատէ այսպիսի բաներ (Եզեկ. 22։12

18. Մենք մեզի ի՞նչ բաներ պէտք է հարցնենք, տեսնելու համար թէ որքա՛ն կարեւորութիւն կու տանք դրամին (Եբրայեցիս 13։5

18 Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզ քննենք, թէ որքա՛ն կարեւորութիւն կու տանք դրամին։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կը պատահի՞ որ ատեններ շատ կը մտածեմ դրամին մասին եւ թէ ի՛նչ գնեմ ատոր հետ։ Եթէ մէկէ մը դրամ առնեմ, կ’ուշացնե՞մ վերադարձնելը, քանի որ իմ խելքովս դիմացինը այդ դրամին պէտք չունի։ Դրամը կը ձգէ՞ որ ինքզինքս կարեւոր մէկը կարծեմ, եւ ուրիշներուն հետ առատաձեռն չըլլամ։ Եթէ եղբայրներս ու քոյրերս դրամ ունին, շուտով զանոնք կը դատե՞մ որ դրամասէր են։ Հարուստներուն մօտիկութիւն ցոյց կու տա՞մ, մինչ անդին աղքատներուն երես չեմ տար’։ Կարեւոր է որ այս հարցումները մենք մեզի հարցնենք, քանի որ մենք պատիւը ունինք Եհովային հիւրերը ըլլալու։ Մենք այս առանձնաշնորհումը կրնանք պահել, երբ դրամասիրութենէ հեռու մնանք։ Եթէ ասանկ ընենք, Եհովան մեզ բնա՛ւ երեսէ պիտի չձգէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5

ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՍԻՐԷ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ

19. Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ, որ Սաղմոս 15–ին մէջ յիշուած բոլոր բաները ընենք։

19 Սաղմոս 15–ը այս խոստումով կը վերջանայ. «Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի» (Սաղ. 15։5)։ Հոս սաղմոս գրողը կը բացատրէ, թէ Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ այս սաղմոսին մէջ յիշուած բոլոր բաները ընենք։ Քանի որ ան կ’ուզէ, որ մենք ուրախ ըլլանք։ Երբ ընենք ի՛նչ որ Աստուած մեզմէ կ’ուզէ, ան մեզ պիտի օրհնէ եւ պաշտպանէ (Եսա. 48։17

20. Եհովային հիւրերը ի՞նչ բանի անհամբեր կը սպասեն։

20 Եհովային հիւրերուն առջեւ հիանալի ապագայ մը կայ։ Օծեալները երկնքին մէջ պիտի ապրին, ուր Յիսուս անոնց համար «շատ բնակարաններ» պատրաստած է (Յովհ. 14։2)։ Իսկ անոնք, որոնք երկրային յոյս ունին, անհամբեր կը սպասեն Յայտնութիւն 21։3–ի խոստումներուն։ Վստահաբար, մեծ պատիւ կը զգանք, որ ստացած ենք Եհովային հրաւէրը որ իր բարեկամները ըլլանք, այսինքն՝ իր վրանին մէջ հիւրեր ըլլանք, յաւիտեան։

ԵՐԳ 4 Աստուծոյ քով բարի անուն շինենք