Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսկական յոյս՝ աւելի լաւ ապագայի մը մասին

Իսկական յոյս՝ աւելի լաւ ապագայի մը մասին

 Ապագային նկատմամբ լաւատե՞ս ես։ Շատեր կը փորձեն դրական մնալ, հակառակ անոր որ օրական լուրջ խնդիրներէ կ’անցնինք։ Բայց արդեօք տրամաբանակա՞ն է ակնկալել, որ վիճակները աւելի լաւ պիտի ըլլան։ Այո՛։ Աստուածաշունչը իսկական յոյս կու տայ՝ աւելի լաւ ապագայի մը մասին։

 Աստուածաշունչը ի՞նչ յոյս կու տայ

 Աստուածաշունչը կ’ընդունի՛ որ մարդիկ լուրջ խնդիրներէ կ’անցնին։ Բայց ատիկա կը խոստանայ, որ այդ խնդիրներուն վերջ պիտի դրուի։ Նկատի առնենք քանի մը օրինակներ.

  •   Խնդիր. Անտուն մարդիկ

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին» (Եսայի 65։21

     Իմաստ. Ամէն մարդ իր անձնական տունը պիտի ունենայ։

  •   Խնդիր. Անգործութիւն եւ աղքատութիւն

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն» (Եսայի 65։22

     Իմաստ. Ամէն մարդ պիտի ունենայ գոհացուցիչ, հաճելի եւ արդիւնաւէտ գործ։

  •   Խնդիր. Անարդարութիւն

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն» (Եսայի 32։1

     Իմաստ. Մարդիկ այլեւս բնաւ անարդար վերաբերմունքի զոհը պիտի չերթան՝ իրենց ցեղին, ընկերային դիրքին եւ տնտեսական վիճակին պատճառով։

  •   Խնդիր. Անբաւարար սննդառութիւն եւ անօթութիւն

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝ լեռներուն գլուխը» (Սաղմոս 72։16

     Իմաստ. Ամէն մարդ պիտի ուտէ առատ առողջապահական ուտելիք։ Մէ՛կը անօթի փորով անկողին պիտի չերթայ, ոչ ալ անբաւարար սնունդ պիտի առնէ։

  •   Խնդիր. Ոճիր եւ վայրագութիւն

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Միքիա 4։4

     Իմաստ. Ամէն մարդ ապահով պիտի զգայ, քանի որ այլեւս չար մարդիկ պիտի չըլլան եւ «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղմոս 37։10, 29

  •   Խնդիր. Պատերազմ

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսայի 2։4

     Իմաստ. Ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ (Սաղմոս 72։7)։ Այլեւս մէկու մը սիրելին պիտի չմեռնի պատերազմի պատճառով, ոչ ալ մէկը պիտի ստիպուի գաղթել՝ պատերազմի պատճառով։

  •   Խնդիր. Հիւանդութիւն

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24

     Իմաստ. Մարդիկ այլեւս անկարողութիւններ պիտի չունենան, ոչ ալ պիտի հիւանդանան (Եսայի 35։5, 6)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ կը խոստանայ, որ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտնութիւն 21։4

  •   Խնդիր. Միջավայրի կործանում

     Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1

     Իմաստ. Ամբողջ Երկիր մոլորակը դրախտի պիտի վերածուի եւ մարդիկ անոր մէջ պիտի բնակին,– ինչ որ սկիզբէն Աստուծոյ նպատակն էր (Ծննդոց 2։15. Եսայի 45։18

 Տրամաբանակա՞ն է հաւատալ, որ Աստուածաշունչին խոստումները պիտի իրականանան

 Թերեւս կասկածներ ունիս, եւ ասիկա հասկնալի է։ Բայց քեզ կը քաջալերենք, որ ա՛լ աւելի քննես թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ապագային մասին։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչին խոստումները տարբեր են մարդոց խոստումներէն կամ գուշակութիւններէն։ Աստուածաշունչին խոստումները կու գան Աստուծմէ։ Այս կէտին նկատմամբ, նկատի առ տարբերութիւնը Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ.

  •   Աստուած վստահելի անձնաւորութիւն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ան «անսուտն Աստուած» է (Տիտոս 1։2)։ Ասկէ զատ, միայն Աստուա՛ծ կրնայ ապագային մասին մարգարէանալ (Եսայի 46։10)։ Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը օրինակներ, որոնք կը փաստեն, որ Աստուծոյ ըրած մարգարէութիւնները միշտ կը կատարուին։ Այս կէտին նկատմամբ աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, դիտէ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է վիտէոն։

  •   Աստուած կրնա՛յ մեր խնդիրները լուծել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած կրնայ ընել ‘ամէն ինչ որ կ’ուզէ’ (Սաղմոս 135։5, 6)։ Այսինքն, բան մը չի կրնար արգելք ըլլալ, որ ան իր խոստումները իրականացնէ։ Ասկէ զատ, Աստուած կ’ուզէ մեզի օգնել, քանի որ մեզ կը սիրէ (Յովհաննէս 3։16

 Բնականաբար, թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ Աստուած կ’ուզէ՛ եւ կրնա՛յ մեզի օգնել, լաւ ինչո՞ւ ա՛յսքան դժուարութիւններէ կ’անցնինք’։ Այս հարցումին պատասխանը առնելու համար, դիտէ Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին վիտէոն։

 Այս խոստումները ինչպէ՞ս պիտի իրականանան

 Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ իր Թագաւորութեան, այսինքն՝ երկնային կառավարութեան միջոցաւ։ Ան Յիսուս Քրիստոսը նշանակած է որպէս իր Թագաւորութեան Թագաւորը, եւ իրեն իշխանութիւն տուած է, որ երկրին եւ անոր վրայ բնակող մարդոց հոգ տանի։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, հիւանդները բժշկեց, անօթիները կերակրեց, բնութեան ուժերը իր հակակշռին տակ առաւ եւ նոյնիսկ մեռելները յարուցանեց (Մարկոս 4։39. 6։41-44. Ղուկաս 4։40. Յովհաննէս 11։43, 44)։ Այսպիսով, ան ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ պիտի ընէր որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։

 Տեսնելու համար թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՜նչ օգուտներ պիտի բերէ քեզի համար, դիտէ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վիտէոն։

 Այս խոստումները ե՞րբ պիտի իրականանան

 Մօտ օրէն։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ դէպքերու մասին, որոնք ցոյց պիտի տային թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի սկսէր երկրի վրայ իշխել (Ղուկաս 21։10, 11)։ Եւ այսօր, մենք կը տեսնենք այդ դէպքերը տեղի կ’ունենա՛ն։

 Այս նիւթին մասին աւելին գիտնալու համար, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ» յօդուածը։

 Աստուածաշունչին տուած յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ այսօր քեզի օգնել

 Աստուածաշունչի գրողներէն մէկը ըսաւ, որ Աստուածաշունչին տուած յոյսը ‘խարիսխ է մեր անձին’ (Եբրայեցիս 6։19)։ Ճիշդ ինչպէս որ խարիսխ մը նաւ մը հաստատ կը պահէ փոթորիկի ժամանակ, նոյնպէս ապագային նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ կեանքի փոթորիկներուն տոկանք։ Ատիկա կ’օգնէ որ հանդարտ մնանք եւ յստակ կերպով մտածենք։ Ասիկա ընելը նոյնիսկ դրական կերպով կ’ազդէ մեր առողջութեան (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8