Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտութիւնը Աստուածաշունչին հետ ներդաշնա՞կ է

Գիտութիւնը Աստուածաշունչին հետ ներդաշնա՞կ է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Այո, թէեւ Աստուածաշունչը գիտական գիրք չէ, բայց երբ գիտական նիւթերու մասին կը խօսի, անիկա ճշգրիտ տեղեկութիւններ կու տայ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ գիտութիւնը Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ է, եւ թէ Սուրբ Գիրքը գիտականօրէն փաստուած իրողութիւններ կը բովանդակէ, որոնք մեծապէս տարբեր են այն հաւատալիքներէն, որոնց մարդիկ կը հաւատային Աստուածաշունչը գրուած ժամանակ։

  •   Տիեզերքը սկիզբ ունի (Ծննդոց 1։1)։ Անդին, շատ մը հին դիցավէպեր կը նկարագրեն, թէ տիեզերքը յառաջ եկաւ գոյութիւն ունեցող քաոսի մը ընդմէջէն, եւ ոչ թէ՝ ստեղծագործութեամբ։ Բաբելոնացիները կը հաւատային, որ այն չաստուածները, որոնք տիեզերքին ծնունդ տուին, երկու ովկիանոսներէ եկան։ Այլ առասպելներ կ’ըսեն, թէ տիեզերքը հսկայ հաւկիթէ մը յառաջ եկաւ։

  •   Տիեզերքը կը կառավարուի տրամաբանական եղող բնական կանոններով եւ ձգուած չէ չաստուածներու քմահաճոյքին (Յոբ 38։33. Երեմիա 33։25)։ Անդին, ըստ աշխարհի չորս ծագերէն եկած դիցավէպերու, չաստուածները աննախատեսելի եւ երբեմն անողորմ արարքներ կ’ընեն, իսկ մարդոց ձեռքէն բան մը չի գար։

  •   Երկիրը պարապութեան մէջ կախուած է (Յոբ 26։7)։ Անդին, անցեալի ժողովուրդներէն շատեր կը հաւատային, թէ աշխարհը տափակ սկաւառակ մըն է, որ կեցած է հսկայի մը կամ անասունի մը վրայ, ինչպէս՝ գոմէշը կամ կրիան։

  •   Ովկիանոսներէն եւ այլ տեղերէն շոգիացած ջուրերը դարձեալ երկրի վրայ կը թափին որպէս անձրեւ, ձիւն կամ կարկուտ, եւ կը միանան գետերուն ու աղբիւրներուն (Յոբ 36։27, 28. Ժողովող 1։7. Եսայի 55։10. Ամովս 9։6)։ Անդին, վաղեմի յոյները կը կարծէին, որ ստորերկրեայ ովկիանոսին ջուրերն են որ կը կազմեն գետերը, եւ այս գաղափարը շարունակուեցաւ մինչեւ 18–րդ դար։

  •   Լեռները կը բարձրանան եւ կը ցածնան, եւ հիմակուան լեռները ատեն մը ովկիանոսին մէջ էին (Սաղմոս 104։6, 8)։ Ասոր հակառակը, շատ մը առասպելներ կ’ըսեն թէ լեռները իրենց հիմակուան ձեւով ստեղծուեցան չաստուածներու կողմէ։

  •   Առողջապահական մաքրութեան վերաբերեալ սովորութիւնները առողջութեան կը նպաստեն։ Վաղեմի իսրայէլ ազգին տրուած Օրէնքին մէջ կային կարգ մը կանոններ, ինչպէս՝ դիակի մը մարմինին դպչելէ ետք լուացուիլ, վարակիչ հիւանդութիւն ունեցողները մեկուսացնել, եւ մարդուն աղբէն ճիշդ ձեւով ձերբազատուիլ (Ղեւտացւոց 11։28. 13։1-5. Բ. Օրինաց 23։13)։ Անդին, երբ այս կանոնները կը տրուէին, եգիպտացիները իրենց վէրքերուն վրայ կը դնէին մարդու աղտով շինուած խառնուրդ մը։

Սուրբ Գրքին մէջ գիտական սխալներ կա՞ն

 Եթէ Աստուածաշունչը տրամաբանական կերպով քննենք, պատասխանը «ո՛չ» կ’ելլէ։ Ահաւասիկ, Սուրբ Գիրքին գիտականօրէն ճշգրիտ չըլլալուն նկատմամբ հանրածանօթ եղող սխալ կարծիքներ.

 Առասպել. Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ տիեզերքը ստեղծուեցաւ 24 ժամերէ բաղկացած վեց օրերու ընթացքին։

 Իրողութիւն. Աստուածաշունչը չըսեր թէ անցեալին Աստուած ճիշդ ե՛րբ ստեղծեց տիեզերքը (Ծննդոց 1։1) Ասկէ զատ, Ծննդոց գիրքին առաջին գլուխին մէջ նկարագրուած ստեղծագործութեան օրերը ժամանակամիջոցներ էին, որոնց երկարութիւնը չէ նշուած։ Նոյնիսկ «օր» կոչուած է այդ լման ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին երկինքն ու երկիրը մէջտեղ եկան (Ծննդոց 2։4, ԱԾ

 Առասպել. Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ բուսականութիւնը ստեղծուեցաւ առաջ որ լուսակազմութեան համար անհրաժեշտ եղող արեւը գոյութիւն ունենայ (Ծննդոց 1։11, 16

 Իրողութիւն. Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ արեւը, որ «երկինքը» կազմող աստղերէն մէկն է, ստեղծուեցաւ բուսականութիւնը ստեղծուելէն առաջ (Ծննդոց 1։1)։ Արեւէն սփռուած լոյսը երկրի մակերեսը հասաւ ստեղծագործական առաջին «օր»ուան ընթացքին կամ ժամանակամիջոցին։ Ատկէ ետք, մթնոլորտը երթալէն աւելի մաքրուեցաւ եւ ստեղծագործական երրորդ «օր»ը արդէն իսկ բաւարար լոյս կար, որ լուսակազմութիւնը կարելի դառնար (Ծննդոց 1։3-5, 12, 13)։ Ատկէ ետքն է որ լոյսին աղբիւրը՝ արեւը յստակօրէն տեսանելի դարձաւ երկրի մակերեսէն դիտուած (Ծննդոց 1։16

 Առասպել. Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ արեւը երկրին շուրջ կը դառնայ։

 Իրողութիւն. Ժողովող 1։5–ը կ’ըսէ. «Արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ»։ Բայց այս խօսքը պարզապէս կը նկարագրէ արեւուն շարժումները՝ երկրէն դիտուած։ Նոյնիսկ ներկայիս, անհատ մը կրնայ գործածել «արեւածագ» եւ «արեւամուտ» բառերը, հակառակ անոր որ ան գիտէ թէ երկիրն է որ արեւուն շուրջ կը դառնայ։

 Առասպել. Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երկիրը տափակ է։

 Իրողութիւն. Աստուածաշունչը կը գործածէ «երկրին ծայրերը» արտայայտութիւնը ակնարկելու համար երկրին հեռաւոր շրջաններուն։ Ասիկա չի նշանակեր թէ երկիրը տափակ է կամ թէ անիկա ծայր ունի (Գործք 1։8)։ Նմանապէս, «երկրին չորս անկիւններ»ը արտայայտութիւնը փոխաբերական արտայայտութիւն մըն է, որ կ’ակնարկէ երկրի ամբողջ մակերեսին (Եսայի 11։12. Ղուկաս 13։29

 Առասպել. Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ շրջանակի մը շրջագիծը՝ անոր տրամագիծին ճիշդ երեք անգամն է, բայց իրականութեան մէջ ատիկա տրամագիծին մօտ 3.1416 անգամն է, կամ ինչպէս կ’ըսուի՝ pi (π)։

 Իրողութիւն. «Ձուլածոյ ծովը»ուն չափերը, որոնք յիշուած են Գ. Թագաւորաց 7։23–ին եւ Բ. Մնացորդաց 4։2–ին մէջ, կը ցուցնեն որ անոր տրամագիծը տասը կանգուն էր եւ թէ «անոր շրջապատը երեսուն կանգուն էր»։ Կրնայ ըլլալ որ այս չափերը կլոր հաշուով տրուած են։ Նաեւ կարելի է որ շրջագիծը տրուեցաւ աւազանին ներսի չափերուն համաձայն, իսկ տրամագիծը տրուեցաւ ատոր դուրսի չափերուն համաձայն։