Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած կեանքի տարբեր տեսակները բարեշրջութեա՞մբ ստեղծեց

Աստուած կեանքի տարբեր տեսակները բարեշրջութեա՞մբ ստեղծեց

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Ո՛չ։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ թէ Աստուած ստեղծեց մարդիկը եւ թէ անասուններն ու բոյսերը ստեղծեց «իրենց տեսակին պէս» a (Ծննդոց 1։12, 21, 25, 27. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ որ բոլոր մարդիկը եկան Ադամն ու Եւայէն, որոնք մեր առաջին ծնողներն էին (Ծննդոց 3։20. 4։1)։ Աստուածաշունչը համաձայն չէ այն գաղափարին հետ, որ կ’ըսէ թէ Աստուած բարեշրջութեան միջոցաւ կեանքի տարբեր տեսակները մէջտեղ բերաւ։ Բայց եւ այնպէս Աստուածաշունչը չի հակասեր գիտնականներուն ըսածներուն, թէ կեանքի ամէն մէկ տեսակի մէջ փոփոխութիւններ կ’ըլլան։

 Կարգ մը մարդիկ ինչի՞ կը հաւատան

 Անոնք՝ որոնք կ’ըսեն որ Աստուած կեանքը բարեշրջութեամբ մէջտեղ բերաւ, տարբեր կարծիքներ ունին այս նիւթին մասին։ Օրինակ, համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Բնական ընտրութիւնը կերպերէն մէկն է, որուն միջոցաւ Աստուած կը ղեկավարէ բնութիւնը» b (Encyclopædia Britannica

 Ուրիշ գաղափարներ.

  •   Բոլոր ապրող էակները սերած են մէկ նոյն նախածնողէ՝ հեռաւոր անցեալին։

  •   Կեանքի մէկ տեսակ կրնայ բարեշրջուիլ եւ լման տարբեր կեանքի տեսակ դառնալ։ Ինչպէս որ կարգ մը մարդիկ կը սորվեցնեն, թէ կապիկները կրնան բարեշրջուիլ եւ մարդ դառնալ։

  •   Աստուած կերպով մը այս բոլոր գործողութիւնները կը ղեկավարէ։

 Աստուածաշունչը բարեշրջութիւն կը սորվեցնէ՞

 Անոնք՝ որոնք կ’ըսեն որ Աստուած կեանքը բարեշրջութեամբ մէջտեղ բերաւ, Աստուածաշունչի «Ծննդոց» գիրքին մէջ նշուած ստեղծագործութեան արձանագրութիւնը ճշգրիտ չեն սեպեր։ Բայց Յիսուսին համար այդ արձանագրութիւնը պատմական իրողութիւն էր (Ծննդոց 1։26, 27. 2։18-24. Մատթէոս 19։4-6)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Յիսուս երկիր գալէ առաջ կ’ապրէր երկինքին մէջ՝ Աստուծոյ հետ, եւ անոր օգնեց որ «ամէն բան» գոյութիւն ունենայ (Յովհաննէս 1։3)։ Ուրեմն, Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ Աստուած բարեշրջութեամբ կեանքի տարբեր տեսակները մէջտեղ բերաւ։

 Միջավայրի մը յարմարելու բոյսերուն եւ անասուններուն կարողութիւնը կը փաստէ՞ որ ամէն բան բարեշրջութեամբ գոյութիւն ունեցաւ

 Աստուածաշունչը չի բացատրեր թէ մէկ տեսակի մէջ որքա՛ն փոփոխութիւններ կրնան ըլլալ։ Ոչ ալ կը հակասէ այն իրողութեան, որ փոփոխութիւններ կրնան ըլլալ, երբ Աստուծոյ ստեղծած տարբեր անասուններն ու բոյսերը ծնանելով կը շատնան եւ նոր միջավայրի կը յարմարին։ Հակառակ անոր որ կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ այս փոփոխութիւնները բարեշրջութեան մէկ կերպ են, իրողութիւնը ցոյց կու տայ որ այդ փոփոխութիւններուն պատճառով կեանքի նոր տեսակ մէջտեղ չի գար։

a Աստուածաշունչի բնագրին մէջ, «տեսակ» թարգմանուած բառը աւելի ընդարձակ իմաստ ունի, քան՝ այն իմաստը որ գիտնականները ատոր կու տան։ Շատ անգամ, գիտնականները կը խօսին տեսակներու բարեշրջութեան մասին։ Բայց իրականութեան մէջ, ատիկա պարզապէս տեսակի մը մէջ (Աստուածաշունչի «Ծննդոց» գիրքին մէջ անցած բառը) տեղի ունեցած փոփոխութիւններն են։

b «Բնական ընտրութիւն» ըսելով կը հասկնանք այս գաղափարը. երբ անասուն մը կամ բոյս մը լաւագոյն կերպով կը յարմարի միջավայրի մը, կրնայ իր գոյութիւնը պահել (այսինքն՝ ողջ մնալ) եւ սերունդ մէջտեղ բերել։