Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

2020–ի «Ուրա՛խ եղէք» տարեկան համաժողովի դասախօսութիւններու թարգմանութիւն

2020–ի «Ուրա՛խ եղէք» տարեկան համաժողովի դասախօսութիւններու թարգմանութիւն

10 ՅՈՒԼԻՍ 2020

 Յուլիս եւ օգոստոս 2020–ին, առաջին անգամ ըլլալով, Եհովայի վկաները ամբողջ աշխարհի մէջ միեւնոյն ժամանակ պիտի դիտեն նոյն տարեկան համաժողովը։ Ասիկա կարելի դարձնելու համար, դասախօսութիւնները պէտք էր արձանագրուէին աւելի քան 500 լեզուներով։ Ընդհանրապէս մէկ տարի կ’առնէ, որ այսպիսի ծրագիր մը կազմակերպուի եւ դասախօսութիւններն ու վիտէօները ձայնագրուին։ Բայց Քորոնա ժահրին պատճառով, 2020–ի տարեկան համաժողովի թարգմանիչները պէտք էր ատիկա պատրաստէին առաւելագոյնը չորս ամսուան մէջ։

 Այս հսկայ ծրագիրը իրականացնելու համար, Եհովայի վկաներուն կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող Թարգմանութեան սպասարկութեանց բաժանմունքը եւ Համաշխարհային գնումներու բաժանմունքը մեծ դեր խաղցան։ Թարգմանութեան սպասարկութեանց բաժանմունքը նկատեց, որ շատ մը թարգմանչական խումբեր չունէին պէտք եղած պիտոյքները,– մանաւանդ լաւ որակով մանրաձայններ (microphone),– այս գործը կատարելու համար։ Անոր համար Համաշխարհային գնումներու բաժանմունքը կարգադրութիւններ տեսաւ, որ 1000 մանրաձայններ գնէ եւ ղրկէ մօտ 200 վայրեր։

 Դրամ խնայելու համար, մանրաձայնները մեծաքանակ գնուեցան եւ մէկ վայր ուղարկուեցան։ Եւ հոնկէ, եղբայրները ատոնք ղրկեցին տարբեր վայրեր աշխարհի չորս կողմը։ Մեծաքանակ գնելով, ամէն մէկ մանրաձայնին գինը միջին հաշուով նայեցաւ 170 ամ. տոլարի (փոխադրութեան գինը մէջը)։ Այսպէս, մեծաքանակ գնելով, մենք փոքրաքանակ գումարին 20 առ հարիւրը խնայեցինք։

 Համաշխարհային գնումներու բաժանմունքը մանրաձայնները գնեց եւ ուղարկեց 2020–ի ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն ընթացքին, երբ շատ մը ընկերութիւններու գործը սահմանափակ դարձած էր Քորոնա ժահրին պատճառով։ Հակառակ ասոր, մայիս ամսուան վերջաւորութեան, թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակները, մասնաճիւղերը եւ թարգմանչական ուրիշ խումբերու մեծամասնութիւնը պէտք եղած պիտոյքները ունէին այս մեծ ծրագիրը ամբողջացնելու համար։

 Ճէյ Սուինի, որ կը վերահսկէ Համաշխարհային գնումներու բաժանմունքին վրայ, ըսաւ. «Շատ լաւ համագործակցութիւն կար Բեթէլի տարբեր բաժանմունքներուն եւ դուրսի ընկերութիւններուն միջեւ։ Եհովային հոգի՛ն կարելի դարձուց, որ ասիկա շատ արագ կերպով իրագործենք՝ նուիրատուութիւնները լաւագոյն կերպով օգտագործելով, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը յայտագիրէն օգտուին»։

 Նիքոլաս Ախլատիս, որ կը ծառայէ Թարգմանութեան սպասարկութեանց բաժանմունքին մէջ, ըսաւ. «Թարգմանիչները շա՛տ ուրախացան երբ այս պիտոյքները ստացան։ Հակառակ անոր որ անոնք հեռու էին թարգմանչական խումբի միւս անդամներէն, անոնք կրցան իրարու հետ աշխատիլ՝ որ թարգմանեն ու ձայնագրեն համաժողովին դասախօսութիւնները, վիտէօները եւ երգերը աւելի քան 500 լեզուներով»։

 Այս ծրագիրը միայն մէկն է այն ծրագիրներէն, որոնք իրագործուեցան 2020–ի «Ուրա՛խ եղէք» տարեկան համաժողովը արտադրելու համար ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները donate.pr418.com կայքին միջոցաւ, կարելի դարձուցին որ մենք այս կարեւոր պիտոյքները գնենք եւ այս աշխատանքը իրագործենք։