Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Կրօնական ազատութիւնը պաշտպանել բնիկ համայնքներու մէջ

Կրօնական ազատութիւնը պաշտպանել բնիկ համայնքներու մէջ

1 ՄԱՅԻՍ 2021

 Միլիոնաւորներ, որոնք կ’ապրին Լատին Ամերիկայի մէջ, ունին իրենց բնիկ լեզուն եւ սովորութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մեր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերն են, որոնք կ’արժեւորեն իրենց մշակոյթը։ Մարդոց հոգեւորապէս օգնելու համար, անոնք Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները կը թարգմանեն եւ կը բաշխեն Լատին Ամերիկայի աւելի քան 130 բնիկ լեզուներով a։ Բայց անոնցմէ շատեր հակառակութեան առջեւ կը գտնուին, քանի որ կ’ընտրեն Եհովա Աստուծոյ ծառայել եւ չմասնակցիլ ոչ–սուրբգրային սովորութիւններու։ Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս անոնց օգնած են։

Օգնած էք որ տուն վերադառնան

 Մեքսիքայի Հալիսքօ նահանգի ուիչոլ համայնքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը խոր յարգանք ցոյց տալով՝ մերժած են մասնակցիլ կրօնական սովորութիւններու, քանի որ անոնք նկատած են որ այդ սովորութիւնները Աստուածաշունչին համաձայն չեն b։ Բայց ոմանք բարկացան իրենց բռնած այս դիրքէն։ 4 դեկտեմբեր 2017–ին, բարկացած խումբ մը յարձակեցաւ Եհովայի վկաներու խումբի մը եւ ուրիշներու վրայ, որոնք անոնց կ’ընկերակցէին։ Այդ բարկացած մարդիկը բռնի ուժով անոնց համայնքէն դուրս դրին, իրենց տունը տեղը քանդեցին եւ սպառնացին սպաննել ոեւէ մէկը՝ որ կը փորձէ տուն վերադառնալ։

 Մօտակայ քաղաքի Վկաները շատ արագ հոգ տարին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պէտքերուն։ Բայց ի՞նչ կարելի էր ընել որ անոնք տուն դառնային։ Օկուսթին անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Բաւարար դրամ չունէինք որ փաստաբան բռնենք, եւ չէինք գիտեր ո՛ւր դիմել օրինական ուղղութիւններ առնելու համար»։

 Քանի՛ որ Աստուած պաշտելու մեր եղբայրներուն ազատութիւնը վտանգի տակ էր, Կեդրոնական Ամերիկայի մասնաճիւղը շատ արագ քայլեր առաւ։ Նախ, անոնք տեղական կառավարական պաշտօնեաներէ խնդրեցին որ հարցը հետապնդեն։ Ետքը, Կառավարիչ մարմինի Համակարգողներու յանձնախումբէն արտօնութիւն առին որ կեդրոնատեղիին Օրինական բաժանմունքին հետ աշխատին, որ ուիչոլ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար դատ բանան։ Այդ դատը հասաւ մինչեւ Մեքսիքայի արդարադատութեան գերագոյն ատեան։

 Փաստաբաններու միջազգային խումբ մը յստակ բացատրութիւններ տուաւ ատեանին, ըսելով որ ճիշդ ինչպէս որ ուրիշներ պէտք է յարգեն բնիկ համայնքներու մշակոյթը, նոյնպէս այդ համայնքները պէտք է յարգեն եւ պաշտպանեն իրենց համայնքին մէջ ապրող բոլորին ազատութիւնը։ Ամէ՛ն մարդ իրաւունքներ ունի, ո՛ւր որ ալ անոնք ապրին։

 8 յուլիս 2020–ին Գերագոյն ատեանի բոլոր անդամները միաձայն դատավճիռ արձակեցին Եհովայի վկաներուն ի նպաստ եւ պահանջեցին որ անոնք՝ որոնք համայնքէն դուրս դրուեցան, տուն վերադառնան։ Վերը նշուած Օկուսթինը իր եւ ուրիշներու գնահատանքը կ’արտայայտէ՝ ըսելով. «Շատ ուրախ եւ երախտապարտ ենք եղբայրներուն։ Եթէ մեզի չ’օգնէին, բա՛ն մը պիտի չկարենայինք ընել»։

«Շատ բան՝ քիչերու համար»

 Մինչ այդ, Էքուատորի մէջ, Օթավալօ Վէլիյի Սան Հուան տէ Իլումանի գիւղին մէջ, շատ մը բնիկ ժողովուրդներ կ’ապրին, եւ հոն ալ մեր եղբայրները հակառակութիւն դիմագրաւեցին։ 2014–ին, պէտք եղած արտօնագիրները ստանալէ ետք, անոնք սկսան Թագաւորութեան սրահ մը կառուցանել։ Բայց քահանայ մը աւելի քան 100 հոգիի հետ եկաւ եւ պարտադրեց շինարարութիւնը կեցնել։ Ետքը, այնտեղի համայնքը Եհովայի վկաներուն արգիլեց որ քով–քովի հաւաքուին պաշտամունքի համար։

 Էքուատորի մասնաճիւղի եւ կեդրոնատեղիին Օրինական բաժանմունքները համագործակցեցան որ ժողովքին օգնեն, քանի որ անոնց պաշտամունքի ազատութիւնը արգելքի տակ կը դրուէր։ Եղբայրները հարցը հասցուցին դատարան։ Ասիկա պատճառ դարձաւ որ համայնքը շատ արագ ետ կենայ մեր եղբայրներուն հակառակելէ, եւ թոյլ տայ ժողովքին որ իրենց ժողովները ունենան եւ իրենց Թագաւորութեան սրահին շինարարութիւնը ամբողջացնեն։ Բայց մեր եղբայրներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար ապագային, իրենց դատը ներկայացնող եղբայրները աւելի բարձր դատարաններէն խնդրեցին որ որոշում առնեն կարեւոր հարցի մը նկատմամբ. բնիկ համայնքները պէ՞տք է յարգեն միջազգային մարդկային իրաւունքները։

 16 յուլիս 2020–ին, Էքուատորի սահմանադրական ատեանը, որ երկրին գերագոյն ատեանն է, դատը լսեց։ Էքուատորի մէջ ապրող փաստաբան եղբայրներ դատարանին մէջ ժողովքը ներկայացուցին։ Անոնցմէ զատ կային ուրիշ չորս եղբայրներ, որոնք փորձառու միջազգային փաստաբաններ են։ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով, անոնք տարբեր երկիրներէ դատարանին ուղղեցին իրենց ըսելիքները՝ համացանցի վրայ։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ դատարան մը թոյլ կու տայ օրինական խումբի մը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաները կը ներկայացնէ, որ իր ըսելիքները դատարանին այս կերպով ներկայացնէ c։ Խումբը մէջբերեց միջազգային օրինական աղբիւրներ, ցոյց տալու համար որ բնիկ ժողովուրդի պատկանող անհատները իրենց մարդկային իրաւունքներէն չեն զրկուիր, պարզապէս քանի որ բնիկ համայնքի կը պատկանին։

Խումբ մը միջազգային փաստաբաններ մեր եղբայրներուն իրաւունքները կը պաշտպանեն՝ համացանցի վրայ։

 Օթավալօ Վէլիյի մեր եղբայրները անհամբեր կը սպասեն գերագոյն ատեանին որոշումին։ Մինչ այդ, անոնք շատ երախտապարտ են իրենց ստացած այս օգնութեան համար։ Սէզարը, որ երէց է Իլուման Քիչուա ժողովքին մէջ, կ’ըսէ. «Միայն Եհովան, իր կազմակերպութեան միջոցաւ պիտի ընէր շատ բան՝ քիչերու համար»։

 Դատը ներկայացնող եղբայրները բոլորն ալ Եհովայի վկաներ են։ Անոնք ուրախ են որ կրնան իրենք զիրենք տրամադրել եւ իրենց գիտելիքները բաժնել՝ ձրիաբար։ Բայց անշուշտ, դատ բանալը, պատրաստելը եւ դատարանին մէջ ներկայացնելը ժամանակի եւ ծախսի կը նայի։ Մեքսիքայի դատին պարագային, մեր փաստաբանները եւ ուրիշ եղբայրներ աւելի քան 380 ժամ տրամադրեցին, որ օրինական փաստաթուղթերը պատրաստեն եւ 240 ժամ որ ատոնք թարգմանեն։ Իսկ Էքուատորի դատին պարագային, աշխարհի չորս կողմէն մօտ 40 փաստաբաններ հարիւրաւոր ժամեր տրամադրեցին։ Ինչպէ՞ս կրցանք այս բոլորին ծախսերը հոգալ։ Ձեր տուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, որոնք ըրիք տարբեր մեթոտներով, ինչպէս որ յիշուած է donate.pr418.com կայքին մէջ։ Շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն հոգիին համար։

a Եհովայի վկաները հրատարակութիւնները նաեւ կը թարգմանեն շատ մը լատին–ամերիկեան լեզուներով եւ շրջանին յատուկ քանի մը նշանային լեզուներով։

b Ուիչոլ ժողովուրդը ծանօթ է նաեւ որպէս Ուիհարիթըրի անունով։ Իսկ իրենց լեզուն կը կոչուի՝ Ուիհարիքա։

c Հակառակ անոր որ մեր համաշխարհային կազմակերպութիւնը դատին մաս չէր կազմեր, դատաւորները թոյլ տուին որ անոնք դատարանին առջեւ ներկայանան որպէս «դատարանի բարեկամ» (amicus curiae)։