Անցնիլ բովանդակութեան

Տեղահանուած եղբայրներու եւ քոյրերու հետ քաջալերական աստուածաշնչական քննարկութիւններ

23 ՄԱՅԻՍ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 8 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Հովուական այցելութիւնները կը շատնան, մինչ պատերազմը կը շարունակուի

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 8 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Քանի որ Ուքրանիոյ մէջ դժուար պարագաները կը շարունակուին, Ուքրանիոյ մասնաճիւղը աւելի հովուական այցելութիւններ կը կազմակերպէ։ Ամբողջ երկրին մէջ, պատասխանատու եղբայրներ ծանր կ’աշխատին, որ հովուեն հազարաւոր տեղահանուած հրատարակիչներ։ Այցելութիւնները դրական հոգեւոր արդիւնքներ կու տան։ Երբ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ եղող եղբայր մը արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ տեղահանուած եղբայրներու ու քոյրերու այցելեց, քոյր մը որ ժամանակաւորապէս ապաստանած է Ուժկորոտ քաղաքին մէկ Թագաւորութեան սրահին մէջ՝ շուրջ 30 ուրիշ անհատներու հետ, այսպէս ըսաւ. «Զգացի որ Եհովան զիս իր գիրկը կ’առնէ եւ փաթթուկ կ’ընէ»։

Եղբայրները նաեւ ծանր կ’աշխատին, որ հովուական այցելութիւններ տան Աղէտէ տուժածներուն օգնող 27 յանձնախումբերուն (DRC) շուրջ 100 քաջ անդամներուն։ Իհօր՝ այս յանձնախումբի մէկ անդամը կ’ըսէ. «Երբ նշանակուեցայ ծառայելու յանձնախումբին մէջ, կինս ու ես արդէն տեղահանուած էինք եւ ուրիշ տան մը մէջ կ’ապրէինք։ Երբ շատ ուժասպառ էինք, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ մը, որ շատ զբաղած է, ժամանակ գտաւ որ մեզի այցելէ եւ ուշի–ուշով մեզի մտիկ ընէ։ Զգացինք որ անձնապէս հետաքրքրուած է մեզմով»։ Իհօր կը շարունակէ. «Երբ պզտիկներու պէս անօգնական կը զգանք, մեր ձեռքէն բան մը չի գար, ոչ ալ լուծում մը կը տեսնենք, եւ միայն կրնանք Եհովային աղօթել որ հարցերը ուղղէ, յաճախ կը զգանք որ ան գործի կ’անցնի, մեզի օգնելու համար»։

Գալով պատերազմի շրջանին մէջ գտնուող Թագաւորութեան սրահներուն, անոնցմէ 4–ը լման փլած են, 8–ն մեծապէս վնասուած են եւ 33–ը թեթեւօրէն վնասուած են։

Քիեւէն դուրս եղող Թագաւորութեան սրահ մը՝ 2019–ին (ձախ) եւ այսօր (աջ)

Մինչեւ 17 մայիս 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 37 հրատարակիչներ մահացած են

  • 74 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 45,253 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 418 տուներ փլած են

  • 466 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1,213 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 4 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 8 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 33 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 48,806 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 21,786 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին