Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

JW.ORG ԿԱՅՔԸ

Տարբեր լեզուով բովանդակութիւն գտնել

Տարբեր լեզուով բովանդակութիւն գտնել

Եթէ լեզու մը կը սորվիս, կամ կը փափաքիս jw.org կայքէն տեղեկութիւններ բաժնել տարբեր լեզու խօսող անհատի մը հետ, վարը նշուած երեք մեթոտներէն մէկը գործածէ, որպէսզի կարենաս ուզած լեզուովդ բովանդակութիւն գտնել։

 Կայքը տես տարբեր լեզուով

Կտտացուր Լեզուներուն ցուցակը, որպէսզի կարենաս jw.org կայքին բոլոր մատչելի լեզուներուն ցանկը տեսնել։

Ցանկին մէջ իւրաքանչիւր լեզու իր անունին ձախ կողմը ունի հետեւեալ պատկերակներէն մէկը.

  • Կայքը կամ առնուազն անկէ մաս մը այս լեզուով թարգմանուած է։ Կտտացուր լեզուին անունը, որպէսզի կայքը այս լեզուով երեւի։

  • Կայքը տակաւին այս լեզուով չէ թարգմանուած, բայց հրատարակութիւններ մատչելի են բեռնելու համար։ Կտտացուր լեզուին անունը, որպէսզի բոլոր մատչելի հրատարակութիւններուն ցանկը տեսնես։

  • Ասիկա նշանային լեզու է։

    Եթէ jw.org կայքէն մաս մը թարգմանուած է այն նշանային լեզուով որ կ’ընտրես, կայքը այդ լեզուով պիտի երեւի։

    Եթէ jw.org կայքը տակաւին չէ թարգմանուած այն նշանային լեզուով որ կ’ընտրես, պիտի տեսնես այս լեզուով մատչելի հրատարակութիւններու ցանկ մը։

Քանի որ ցանկին մէջ կան հարիւրաւոր լեզուներու անուններ, հետեւեալ երեսակներէն մէկը գործածէ, որպէսզի ուզած լեզուդ աւելի դիւրութեամբ կարենաս գտնել.

  • Նախասիրած լեզուդ ընտրէ. Այն չորս լեզուները որ վերջին անգամ ընտրեցիր, ցանկին վերեւ կ’երեւին։

  • Լեզուին անունը գրէ. Լեզուին անունին առաջին մի քանի տառը գրէ՝ լեզուովդ կամ փնտռած լեզուովդ։ Օրինակ, եթէ կայքին լեզուն անգլերէն է եւ կ’ուզես գերմաներէն լեզուով հրատարակութիւններ գտնել, կրնաս գրել «German» կամ «Deutsch»։ Մինչ տառերը կը գրես, ցանկը պիտի սահմանափակուի միայն այն լեզուներուն, որոնք գրուած տառերուն կը համապատասխանեն։

 Կայքէջ մը տես տարբեր լեզուով

Մեթոտ 1. Այս մեթոտը գործածէ այն էջերուն համար, որոնց մէջ Կարդալ՝ ցանկը կայ։

Փնտռէ այն յօդուածը որ կ’ուզես կարդալ կամ ուրիշի մը հետ բաժնել։ Ապա ընտրէ լեզու մը Կարդալ՝ ցանկէն, որպէսզի յօդուածը այդ լեզուով երեւի (եթէ ուզած լեզուդ Կարդալ՝ ցանկին մէջ չես գտներ, այս կը նշանակէ թէ յօդուածը տակաւին այդ լեզուով լոյս չէ տեսած)։

Խորհուրդ. Կարդալ՝ ցանկին մէջ, եթէ լեզուին անունին ձախ կողմը ձայնագրութեան պատկերակ տեսնուի, այս կը նշանակէ թէ յօդուածին ձայնագրութիւնը մատչելի է այդ լեզուով։

Եթէ Կարդալ՝ ցանկը գործածելով տեսնես յօդուած մը տարբեր լեզուով, միայն այդ յօդուածը այդ լեզուով պիտի երեւի։ Կայքին մնացեալ մասերը քու լեզուովդ պիտի երեւին։

Մեթոտ 2. Եթէ այն յօդուածը որ կը կարդաս Կարդալ՝ ցանկը չունի, Լեզուներուն ցուցակը գործածէ որ կայքէջը տեսնես քեզ հետաքրքրող լեզուով։ Եթէ յօդուածը ընտրած լեզուովդ մատչելի է, պիտի երեւի։ Այլապէս գլխաւոր էջը պիտի բացուի այն լեզուով որ ընտրեցիր։

 Հրատարակութիւն մը գտիր տարբեր լեզուով

Տես ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ։ Ցանկէն ընտրէ լեզու մը։

Լեզու մը աւելի դիւրութեամբ գտնելու համար գործածէ հետեւեալ երեսակներէն մէկը.

  • Նախասիրած լեզուդ ընտրէ. Այն չորս լեզուները որ վերջին անգամ ընտրեցիր, ցանկին վերեւ կ’երեւին։

  • Լեզուին անունը գրէ. Լեզուին անունին առաջին մի քանի տառը գրէ՝ լեզուովդ կամ փնտռած լեզուովդ։ Օրինակ, եթէ կայքին լեզուն անգլերէն է եւ կ’ուզես գերմաներէն լեզուով հրատարակութիւններ գտնել, կրնաս գրել «German» կամ «Deutsch»։ Մինչ տառերը կը գրես, ցանկը պիտի սահմանափակուի միայն այն լեզուներուն, որոնք գրուած տառերուն կը համապատասխանեն։

Եթէ շատ հրատարակութիւններ մատչելի են այն լեզուով որ կ’ընտրես, ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ էջին վրայ միայն սահմանափակ թիւով հրատարակութիւններ կ’երեւին։ Ընտրած լեզուովդ յաւելեալ հրատարակութիւններ գտնելու համար, ընտրէ հրատարակութիւններու տեսակ մը (օրինակ ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ կամ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ) որ այդ տեսակի մատչելի հրատարակութիւններ երեւին ընտրած լեզուովդ։

Եթէ այդ տեսակի հրատարակութիւններ ընտրած լեզուովդ մատչելի չեն, էջին վրայ պիտի երեւին մատչելի հրատարակութիւններուն կապերը։