Անցնիլ բովանդակութեան

Արիւնի վերաբերեալ Աստուծոյ տեսակէտը ընդունեցի

Արիւնի վերաբերեալ Աստուծոյ տեսակէտը ընդունեցի

Արիւնի վերաբերեալ Աստուծոյ տեսակէտը ընդունեցի

Բժիշկ մը իր պատմութիւնը կը պատմէ

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ դասախօսութիւններու սրահին մէջ, ես խումբ մը բժիշկներու կը ներկայացնէի դիակի մը քննութեան արդիւնքները։ Հիւանդը մահացու ուռի մը պատճառով մեռած էր։ Ես անոնց ըսի. «Ուրեմն, կ’եզրակացնենք որ հիւանդը մեռաւ կարմիր գնդիկներու փճացումի (hemolysis) եւ կարմիր գնդիկներու լուրջ խնդիրի մը (acute renal failure) պատճառով, քանի որ իրեն մեծ քանակով արիւն տրուած էր»։

Փրոֆէսոր մը ոտքի կեցաւ եւ պոռաց. «Ըսել կ’ուզես որ սխալ արի՞ւն տուինք իրեն»։ Ես ալ պատասխանեցի. «Չէ՛, ատանկ ըսել չուզեցի»։ Յետոյ, իրենց ցոյց տուի հիւանդին երիկամունքին պզտիկ մասերու կարգ մը նկարներ եւ ըսի. «Կը տեսնենք որ կարգ մը կարմիր գնդիկներու փճացումը պատճառ դարձաւ, որ իր երիկամունքը այլեւս չաշխատի» *։ Լարուած վիճակ կը տիրէր եւ ես ջիղերու վրայ էի։ Հակառակ անոր որ ես երիտասարդ բժիշկ էի, իսկ ինքը փրոֆէսոր էր, զգացի որ չեմ կրնար ըսածս ետ քաշել։

Երբ այս դէպքը պատահեցաւ, ես Եհովայի վկայ մը չէի։ Ծնած եմ 1943–ին, Սենտայի մէջ, որ քաղաք մըն է Ճափոնին հիւսիսը։ Քանի՛ որ հայրս բժիշկ էր, որոշեցի բժշկութիւն ուսանիլ։ 1970–ին, ամուսնացայ Մասուքօ անունով երիտասարդուհիի մը հետ։

Սկսայ հիւանդութիւններ ուսումնասիրել

Մինչ կ’ուսանէի, Մասուքոն կ’աշխատէր մեր ծախսերը հոգալու համար։ Շատ կը սիրէի բժշկութիւն ուսանիլ։ Ամէնէն շատ տպաւորուած էի մարդկային մարմինով։ Բայց կեանքիս մէջ չէի մտածած որ Ստեղծիչ մը կայ։ Կը կարծէի որ բժշկական պրպտումները կրնային կեանքիս իմաստ տալ։ Անոր համար, բժիշկ դառնալէ ետք, որոշեցի աւելի սորվիլ թէ հիւանդութիւնները ինչպէ՛ս մեզի կ’ազդեն։

Ամէն անգամ որ կը քննէի քաղցկեղէն մեռնողներուն դիակները, ա՛լ աւելի կը համոզուէի որ արիւն տալը օգտակար չէ։ Լուրջ քաղցկեղ ունեցող հիւանդները կրնան արեան տկարութիւն ունենալ եւ տկար զգալ, ինչ որ քաղցկեղի բուժումը կրնայ աւելի վատթարացնել։ Անոր համար, բժիշկները անոնց արիւն կու տան։ Բայց ասոր մասին սկսայ կասկածիլ եւ մտածեցի, որ արիւն տալը պատճառ կ’ըլլայ, որ քաղցկեղը աւելի տարածուի։ Եւ այսօր բժիշկները գիտեն, որ արիւն տալը կրնայ քաղցկեղ ունեցող հիւանդները տկարացնել, պատճառ ըլլալ որ ատիկա նորոգուի եւ հիւանդին լաւանալը դժուարացնել *։

1975-ին, ինծի հետ պատահեցաւ այն փորձառութիւնը, որ յօդուածին սկիզբը պատմեցի։ Այդ փրոֆէսորը արեան հիւանդութիւններու մասնագէտ էր եւ մեռած հիւանդին գլխաւոր բժիշկն էր։ Անոր համար, ես չզարմացայ որ ջղայնացաւ երբ ըսի որ հիւանդին արիւն տալն էր, որ իր մահը պատճառեց։ Հակառակ ասոր, ես շարունակեցի ներկայացումս եւ ինք կամաց–կամաց հանդարտեցաւ։

Հիւանդութիւն կամ մահ պիտի չըլլայ

Այն ժամանակ էր որ կնոջս տարեց կին մը այցելեց, որ Եհովայի վկայ էր։ Ան իր խօսակցութիւնը սկսաւ «Եհովա» բառը գործածելով։ Կինս ալ իրեն հարցուց, որ «Եհովա» ի՛նչ ըսել է։ Կինը իրեն պատասխանեց. «Եհովան ճշմարիտ Աստուծոյ անունն է»։ Մասուքոն մանկութենէն Սուրբ Գիրքը կը կարդար, բայց իր ունեցած Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուծոյ անունը փոխարինուած էր «ՏԷՐ» տիտղոսով։ Իսկ հիմա ան գիտցաւ, որ Աստուած անուն ունի։

Մասուքոն շուտով սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել տարեց Վկային հետ։ Երբ որ ես հիւանդանոցէն տուն եկայ առտուան ժամը 1–ին, ինծի խանդավառութեամբ ըսաւ. «Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ այլեւս հիւանդութիւն եւ մահ պիտի չըլլան»։ Ես ալ իրեն ըսի. «Ատիկա շատ աղուոր բան պիտի ըլլայ»։ Մասուքոն շարունակեց. «Քանի՛ որ նոր աշխարհը մօտ օրէն պիտի գայ, չեմ ուզեր որ ժամանակդ վատնես»։ Ես կարծեցի, որ ինքը ըսել կ’ուզէր որ այլեւս բժիշկ չըլլամ։ Անոր համար, շատ ջղայնացայ եւ ատիկա ազդեց մեր փոխյարաբերութեան։

Բայց կինս շարունակեց ինծի Սուրբ Գիրքէն խօսիլ։ Ան աղօթեց, որ ինծի յարմար եղող համարներ գտնէ։ Օրինակ, Ժողովող 2։22, 23–ը շատ սրտիս դպաւ. «Մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։ ...Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է»։ Ես ճիշդ ասանկ կը զգայի։ Գիշեր–ցերեկ կ’աշխատէի, բայց ուրախ չէի։

1975–ին, առտու մը, երբ որ կինս Թագաւորութեան սրահ գնաց, ես ալ որոշեցի երթալ։ Կինս շատ զարմացաւ, երբ որ ինծի հոն տեսաւ. եւ Վկաները ինծի ջերմ բարեւ տուին։ Այդ օրէն ի վեր, ամէն կիրակի ժողովի գացի։ Ամիս մը ետք, Վկայ մը սկսաւ Սուրբ Գիրքը հետս սերտել։ Եհովայի վկաները մեր դուռը զարնելէն երեք ամիս ետք, կինս մկրտուեցաւ։

Ես ընդունեցի արիւնին նկատմամբ Աստուածաշունչին ըսածը

Շատ չանցած, գիտցայ որ Աստուածաշունչը քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ որ ‘արիւնէ ետ կենան’ (Գործք 15։28, 29. Ծննդոց 9։4)։ Քանի՛ որ կասկածներ ունէի հիւանդներուն արիւն տալուն նկատմամբ, ինծի համար դժուար չէր ասոր մասին Աստուածաշունչին ըսածը ընդունիլ *։ Ես մտածեցի. ‘Եթէ Ստեղծիչ մը կայ եւ ասանկ կ’ըսէ, ուրեմն ըսածը ճիշդ է’։

Ես սորվեցայ, որ հիւանդութիւններուն եւ մահուան պատճառը ադամական մեղքն է (Հռովմայեցիս 5։12)։ Այն ատեն, պրպտումներ կ’ընէի երակապնդութեան մասին (arteriosclerosis)։ Երբ տարիքով կը մեծնանք, մեր սրտի երակները կը կարծրանան ու կը նեղնան, եւ ասիկա կը պատճառէ սրտի հիւանդութիւններ, երիկամունքի հիւանդութիւններ եւ ուրիշ հիւանդութիւններ։ Շատ տրամաբանական էր, որ ատոր պատճառը մեր ժառանգած անկատարութիւնն էր։ Ատկէ ետք, բժշկութեան հանդէպ խանդավառութիւնս սկսաւ պակսիլ, քանի որ միայն Եհովան կրնայ վերցնել հիւանդութիւնն ու մահը։

1976–ի մարտին, Սուրբ Գիրքը սերտելէն եօթը ամիս ետք, համալսարանի հիւանդանոցին մէջ ըրած պրպտումներս դադրեցուցի։ Վախցայ, որ այլեւս գործ պիտի չգտնեմ որպէս բժիշկ։ Բայց ետքը գործ մը գտայ ուրիշ հիւանդանոցի մը մէջ։ 1976–ի մայիսին մկրտուեցայ։ Որոշեցի որ կեանքս լաւագոյն կերպով գործածած պիտի ըլլամ, եթէ լիաժամ աւետարանիչ ըլլամ, այսինքն՝ ռահվիրայ։ Ասանկով, 1977–ի յուլիսին ռահվիրայութեան սկսայ։

Արիւնի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը կը պաշտպանեմ

1979–ի նոյեմբերին, ես եւ Մասուքոն փոխադրուեցանք Չիպա շրջանը, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կար։ Հոն, հիւանդանոցի մը մէջ կրցայ կիսաժամ գործ գտնել։ Առաջին օրը, խումբ մը վիրաբուժներ քովս եկան եւ հարցուցին. «Որպէս Եհովայի վկայ՝ ի՞նչ պիտի ընես, եթէ քովդ բերեն հիւանդ մը, որ արիւնի պէտք ունի»։

Ամենայն յարգանքով իրենց բացատրեցի, որ արիւնի նկատմամբ Աստուծոյ ըսածներուն պիտի հետեւիմ։ Ես իրենց ըսի, որ արիւն տալու տեղ՝ ուրիշ կերպեր կան, որոնցմով հիւանդին կրնանք օգնել եւ որ ես լաւագոյնս պիտի ընեմ, որ հիւանդներուս օգնեմ։ Մէկ ժամ խօսակցելէ ետք, գլխաւոր վիրաբոյժը ըսաւ. «Կը հասկնամ։ Բայց եթէ հիւանդ մը բերեն, որ շատ արիւն կորսնցուցած է, իր պարագան մենք ձեռք կ’առնենք»։ Ամէն մարդ գիտէր որ գլխաւոր վիրաբոյժը դժուար անձնաւորութիւն ունէր, բայց այդ ժողովէն ետք, սկսանք իրարու հետ համագործակցիլ եւ ան միշտ իմ հաւատալիքներս կը յարգէր։

Արիւնի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը կը յարգեմ նոյնիսկ դժուար պարագաներու տակ

Երբ Չիպայի մէջ կը ծառայէինք, Եհովայի վկաներու Ճափոնի նոր մասնաճիւղը կը շինուէր Էպինայի մէջ։ Ես եւ կինս շաբաթը մէկ անգամ հոն կ’երթայինք, որ հոգ տանէինք Վկայ կամաւորներուն առողջութեան, որոնք շինարարութեան կը մասնակցէին։ Քանի մը ամիս ետք, հրաւէր ստացանք որ Էպինայի Բեթէլին մէջ լիաժամ ծառայենք։ 1981–ի մարտին, սկսանք Բեթէլի ժամանակաւոր շէնքերուն մէջ ապրիլ, ուր արդէն աւելի քան 500 կամաւորներ կ’ապրէին։ Առտուները, շինարարութեան վայրին մէջ գտնուող բաղնիքները եւ պէտքարանները կը մաքրէի, իսկ կէսօրէ ետքերը՝ կամաւորներուն առողջութեան հոգ կը տանէի։

Հիւանդներէս մէկը Իլմա Իզլոպն էր, որ 1940–ին Աւստրալիայէն Ճափոն փոխադրուեցաւ, որ ծառայէ որպէս միսիոնար։ Իլման սպիտակարիւնութիւն ունէր (leukemia) եւ իր բժիշկները իրեն ըսած էին որ միայն քանի մը ամիս պիտի ապրէր։ Անշուշտ Իլման մերժած էր արիւն ընդունիլ իր կեանքը երկարելու համար. եւ որոշած էր Բեթէլի մէջ ապրիլ մինչեւ իր մահը։ Այդ օրերուն չունէինք այն դեղերը, որոնք այսօր ունինք, ինչպէս՝ իրիթրօփոյեթին։ Անոր համար, ատեններ իր հեմոգլոբինը այնքան կը ցածնար, որ կը հասնէր 3 կամ 4 կրամի։ (Պարզ պարագաներու ատիկա պէտք է ըլլայ 12–էն 15 կրամ)։ Ես ամէն կարելիս ըրի, որ իրեն պէտք եղած բժշկական հոգատարութիւնը տամ։ Իլման շատ զօրաւոր հաւատք ունէր Աստուծոյ հանդէպ մինչեւ իր մահը՝ յունուար 1988–ին, մօտ եօթը տարի ետք։

Եհովայի վկաներու Ճափոնի մասնաճիւղին մէջ ծառայող կարգ մը կամաւորներ գործողութեան պէտք ունեցած են։ Շատ երախտապարտ ենք որ մեզի մօտ գտնուող հիւանդանոցներուն մէջ աշխատող բժիշկները համագործակցած են մեզի հետ, որ այս հիւանդներուն արիւն չտան։ Շատ անգամ ինծի հրաւիրած են գործողութեան սենեակ եւ ատեններ նոյնիսկ իրենց օգնած եմ գործողութեան սենեակին մէջ։ Ես շնորհակալ եմ այն բժիշկներէն, որոնք արիւնի նկատմամբ Եհովայի վկաներուն որոշումը յարգած են։ Իրենց հետ աշխատելով, առիթներ ունեցած եմ որ իմ հաւատալիքներուս մասին խօսիմ։ Եւ այդ բժիշկներէն մէկը վերջերս Եհովայի վկայ եղաւ։

Քանի՛ որ բժիշկները սորված են Եհովայի վկաներուն գործողութիւնները առանց արիւնի ընել, ուրիշ հիւանդներ ալ ասկէ օգտուած են։ Բժշկական մարզին մէջ, հիմա գիտենք որ գործողութենէն ետք հիւանդները աւելի արագ կ’առողջանան, եթէ արիւն չառնեն։

Կը շարունակեմ սորվիլ Մեծագոյն Բժիշկէն

Ջանք կ’ընեմ բժշկական վերջին տեղեկութիւններէն տեղեակ ըլլալ։ Բայց նոյն ատեն կը շարունակեմ սորվիլ Եհովայէն՝ Մեծագոյն Բժիշկէն։ Ան ոչ թէ միայն անհատի մը երեւոյթը կը տեսնէ, հապա նաեւ անոր ամբողջ անձնաւորութիւնը (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Ես ալ, որպէս բժիշկ, ջանք կ’ընեմ որ հիւանդը նկատեմ անձնաւորութիւն, ոչ թէ միայն կեդրոնանամ անոր հիւանդութեան վրայ։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ, որ հիւանդներուս աւելի լաւ հոգ տանիմ։

Մինչեւ օրս Բեթէլի մէջ կը ծառայեմ եւ շատ կ’ուրախանամ ուրիշներուն պատմելով Եհովային եւ արիւնին վերաբերեալ իր օրէնքին մասին։ Կ’աղօթեմ որ Մեծագոյն Բժիշկը՝ Եհովա Աստուած՝ մօտ օրէն վերջ դնէ բոլոր հիւանդութիւններուն եւ մահուան (կը պատմէ Եասուշի Այզաուա

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Բժշկական դասագիրքի մը մէջ, մասնագէտ բժիշկ Տէնիս Մ. Հարմընինկ ըսաւ, որ հիւանդի մը մարմինը կրնայ չընդունիլ իրեն տրուած արիւնը, եթէ ան ասկէ առաջ յղի եղած է, արիւն առած է կամ ալ իր մարմինին մէկ օրկանը փոխարինուած է։ Ասանկ պարագայի, իրեն արիւն տալը կրնայ իր մարմինին կարմիր գնդիկները փճացնել։ Եւ արիւն տալէ առաջ եղած արեան քննութիւնները ցոյց չեն տար որ թերեւս խնդիր ելլէ (Modern Blood Banking and Transfusion Practices)։ Արիւնի մասին գիրք մը կը բացատրէ, որ կարմիր գնդիկներու փճացումը կրնայ պատահիլ, նոյնիսկ եթէ հիւանդին քիչ քանակով սխալ արիւն տրուի։ Երբ որ երիկամունքները դադրին աշխատելէ, անոնք այլեւս չեն նորոգեր արիւնը եւ անհատը կը հիւանդանայ (Dailey’s Notes on Blood

^ պարբ. 8 1988–ի պարբերաթերթ մը քաղցկեղի բուժումի մասին կ’ըսէ, որ այն հիւանդները, որոնք գործողութենէն առաջ արիւն չառին, աւելի՛ հաւանականութիւն ունէին լաւանալու, քան՝ անոնք որոնք առին (Journal of Clinical Oncology

^ պարբ. 16 Արիւնին մասին Աստուածաշունչի ըսածներուն նկատմամբ աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար տե՛ս Արիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փրկել ձեր կեանքը գրքոյկը՝ հրատարակուած Եհովայի վկաներու կողմէ (անգլ.)։

[Մէջբերում]

«Ամենայն յարգանքով իրենց բացատրեցի, որ արիւնի նկատմամբ Աստուծոյ ըսածներուն պիտի հետեւիմ։ Ես իրենց ըսի, որ արիւն տալու տեղ՝ ուրիշ կերպեր կան, որոնցմով հիւանդին կրնանք օգնել եւ որ ես լաւագոյնս պիտի ընեմ, որ հիւանդներուս օգնեմ»

[Մէջբերում]

«Քանի՛ որ բժիշկները սորված են Եհովայի վկաներուն գործողութիւնները առանց արիւնի ընել, ուրիշ հիւանդներ ալ ասկէ օգտուած են»

[Նկարներ]

Վերը՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն կու տամ

Աջին՝ Կնոջս, Մասուքոյին հետ, այսօր