ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յունուար 2013

Այս թիւը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած անհատներ, որոնք հաւատք ու քաջութիւն ցուցաբերեցին։

Անձնուրաց ծառայողներ. Նորվեկիա

Տես թէ ինչպէս անակնկալ հարցում մը մղեց ընտանիք մը, որ ծառայեն հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։

Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան քեզի հետ է

Յեսու, Յովիադա, Դանիէլ եւ ուրիշներ, հաւատք ու քաջութիւն ցուցաբերեցին։ Անոնց օրինակէն կրնաս օգտուիլ։

Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ

Տես թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործին, ժամանցին եւ ընտանիքին նկատմամբ լաւ որոշումներ կայացնել։

Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալ

Տես թէ ինչպէ՛ս չորս մարզերու մէջ,– ելեկտրոնական սարքեր, առողջութիւն, դրամ եւ հպարտութիւն,– լաւ ընտրութիւններ ընելով կրնաս Աստուծոյ մօտենալ։

Առանց ափսոսանքի ծառայենք

Պօղոս առաքեալ իր կեանքին ընթացքին թէ՛ ահռելի սխալներ գործեց եւ թէ իմաստուն ընտրութիւններ ըրաւ։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Երէցները ‘գործակիցներ են մեր ուրախութեան’

Երէցները ի՞նչ կերպերով եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնեն, որ ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայեն։

Լաւ ծրագրուած արշաւ մը արդիւնք կու տայ

Տես թէ ինչպէ՛ս Չիլիի մէջ դեռատի մը ջանաց իր դպրոցին մէջ հրաւիրագիրներ բաշխել անոնց, որոնք մափուտանկան լեզուն կը խօսին։