ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յուլիս 2013

Այս թիւը կը ներկայացնէ կարգ մը յստակացումներ Յիսուսի մարգարէութեան մէջ նշուած դէպքերուն ժամանակաւորումին մասին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային ինքնութեան մասին։

«Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»

Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած Յիսուսի մարգարէութեան բովանդակած դէպքերուն ժամանակաւորման նկատմամբ մեր ճշդուած հասկացողութիւնը ի՞նչ է։

«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»

Յիսուսի որոմին առակը կը նկարագրէ սերմանելու, աճելու եւ հնձելու ժամանակաշրջան մը։ Հունձքի ատենին նկատմամբ ի՞նչ ճշդուած հասկացողութիւն ունինք։

Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել

Յիսուս ի՞նչ կերպով հոգեւոր սնունդ հայթայթեց առաջին դարու ժողովքներուն։ Նոյն մեթոտը ներկայիս կը կիրարկուի՞։

«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»

Յօդուածը կը ճշդէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը։ Նկատի առ թէ մեր հոգեւոր առողջութիւնը ինչպէ՛ս կախեալ է այս խողովակէն։

Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը

1 սեպտեմբեր 2012–էն սկսեալ, Մարք Սէնտերսըն սկսաւ ծառայել որպէս Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամ։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կը տենչանք որեւէ տեղ Եհովային ծառայել

Տես թէ ինչպէ՛ս Հոլանտայէն զոյգ մը սորված է լիովին Եհովայի վստահիլ հակառակ մարտահրաւէրներուն եւ փոխուող պարագաներուն։

«Ի՜նչ գեղեցիկ պատկերներ»

Մեր հրատարակութիւններուն մէջ գեղեցիկ պատկերներ կը պատրաստուին որպէս ուսուցումի մեթոտներ, որոնք մեզ կը մղեն մտածելու եւ զգալու։ Ինչպէ՞ս կրնաս ատոնցմէ օգտուիլ։