ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Օգոստոս 2013

Այս թիւը կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ գործին մէջ սուրբ եւ ընդունելի մնանք, Աստուած չմեղադրենք մեր խնդիրներուն համար եւ ինչպէ՛ս վհատութեան դէմ պայքարինք։

Դուք սրբուած էք

Նկատի առ 4 ազդակներ, որոնք մեզի կրնան օգնել որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ սուրբ եւ ընդունելի մնանք։

Հարցումներ ընթերցողներէն

Յարմա՞ր է որ ժողովներուն ընթացքին ծնողները իրենց վտարուած զաւակին քով նստին։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան ‘ամէն օր կը կրէ իմ բեռս’

Առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունենալով հանդերձ, ի՞նչ բան նամիպիացի քրոջ մը օգնած է, որ ուրախութեամբ աւելի քան 20 տարիէ որպէս ռահվիրայ ծառայէ։

Բնա՛ւ ‘Տէրոջ դէմ մի՛ բարկանար’

Ոմանք իրենց սրտին մէջ Աստուծոյ դէմ դառնացած են, զինք մեղադրելով իրենց խնդիրներուն համար։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս ծուղակէն խուսափիլ։

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մանկութենէն մարզեցէք

Զաւակի մը մարզումը որքա՞ն կանուխ պէտք է սկսի եւ ի՞նչ պէտք է պարփակէ։

Իրարու հոգ տանինք եւ զիրար յորդորենք

Ինչպէ՞ս կրնանք իրարու օգնել, որ շարունակենք հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայել, նոյնիսկ եթէ խնդիրներ ունինք։

Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս

Սատանան չ’ուզեր որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենանք։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը պահպանենք։

Եղիսէն հրեղէն կառքեր տեսաւ. դուն ալ կը տեսնե՞ս

Եղիսէն Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք եւ վստահութիւն զարգացուց։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Թագաւորը ուրախ էր

Կարդա՛ թէ ինչպէս Սուազիլանտի մէկ թագաւորը գնահատեց աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները։