ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յունիս 2019

Այս թիւը կը բովանդակէ 2019–ի օգոստոս 5–սեպտեմբեր 1 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ»

Սատանան մարդիկը խաբելու մէջ վարպետ է։ Ան ինչպէ՞ս կը ջանայ մեր մտածելակերպը փոխել եւ ձգել որ Եհովային կռնակ դարձնենք։

Աստուծոյ գիտութեան դէմ եղող ամէն տրամաբանութիւն քանդէ՛

Մեր մտածումը կ’ազդուի մեր անցեալի փորձառութիւններէն, մշակոյթէն եւ ուսումէն։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր մտքին մէջ «ամրոց» դարձած բաները արմատախիլ ընել։

Երբ ճնշուած ես, Եհովային ապաւինէ

Շատ ճնշուիլը կամ երկար ատեն ճնշուած մնալը կրնայ մեզի ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն վնասել։ Շատ բան կրնանք սորվիլ նկատի առնելով, թէ Եհովան անցեալին իր ծառաներուն ինչպէ՛ս օգնեց որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլեն։

Ուրիշներուն օգնէ, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլեն

Ղովտը, Յոբը եւ Նոեմին հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեցին, բայց տակաւին պէտք էր իրենց կեանքին մէջ ճնշումներու տոկային։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ իրենց փորձառութիւններէն։

Կրնա՛ս սատանայական ծուղակէ մը պաշտպանուիլ

Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք ինկած են պոռնկագրութեան ծուղակին մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս պիղծ սովորութենէն հեռու մնալ։

Հին մագաղաթ մը «քակուեցաւ»

1970–ին, Են Գադդիի մէջ, Իսրայէլ, հնագէտները յայտնաբերեցին այրած մագաղաթ մը։ Եռաչափ տեսածրումի մեթոտի մը օգնութեամբ մագաղաթը «քակուեցաւ»։ Տեսածրումը ի՞նչ մէջտեղ հանեց։