Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ

Աստուածաշունչը սերտելու այս գործիքը քեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ զանազան նիւթերու շուրջ, ինչպէս՝ ինչո՞ւ կը տառապինք, մահուան ատեն ի՞նչ կը պատահի, եւ ինչպէ՞ս ուրախ ընտանեկան կեանք վայելել։

Աստուած այսպէ՞ս նպատակադրած էր

Թերեւս հարց կու տաս, թէ ներկայիս ինչո՛ւ այսքան խնդիրներ կան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ իսկական փոփոխութիւն մը մօտալուտ է եւ դուն կրնաս անկէ օգտուիլ։

ԳԼՈՒԽ 1

Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին

Կը խորհի՞ս որ Աստուած անհատապէս քեզմով հետաքրքրուած է։ Տե՛ս թէ ան ինչպիսի անձնաւորութիւն ունի եւ ինչպէս կրնաս իրեն մօտենալ։

ԳԼՈՒԽ 2

Աստուածաշունչը՝ Աստուծմէ տրուած գիրք մը

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել անձնական խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու։ Ինչո՞ւ կրնաս անոր մարգարէութիւններուն վստահիլ։

ԳԼՈՒԽ 3

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Աստուծոյ նպատակն է որ երկիրը դրախտ ըլլայ։ Ե՞րբ ասիկա պիտի իրականանայ։

ԳԼՈՒԽ 4

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Տե՛ս թէ Յիսուս ինչո՛ւ խոստացեալ Մեսիան է եւ ինչո՛ւ Եհովայի միածին Որդին է։

ԳԼՈՒԽ 5

Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը

Ի՞նչ է փրկանքը։ Ինչպէ՞ս կրնաս անկէ օգտուիլ։

ԳԼՈՒԽ 6

Ո՞ւր կը գտնուին մեռելները

Աստուածաշունչը յստակօրէն կը բացատրէ, թէ մեռելները ո՛ւր կը գտնուին եւ ինչո՛ւ մարդիկ կը մահանան։

ԳԼՈՒԽ 7

Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար

Սիրելի մը մահով կորսնցուցա՞ծ ես։ Կարելի՞ է զինք կրկին տեսնել։ Կարդա՛ թէ Աստուածաշունչը ինչ կը սորվեցնէ յարութեան մասին։

ԳԼՈՒԽ 8

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Շատեր Տէրունական աղօթքը գիտեն։ «Քու թագաւորութիւնդ գայ» խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։

ԳԼՈՒԽ 9

Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք

Տե՛ս թէ ինչպէս ներկայ մարդոց արարքներն ու կեցուածքները կ’ապացուցանեն, թէ Աստուածաշունչի նախագուշակած «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։

ԳԼՈՒԽ 10

Հոգեղէն արարածներ. անոնք մեզի ինչպէ՛ս կ’ազդեն

Աստուածաշունչը կը խօսի հրեշտակներու եւ դեւերու մասին։ Այս հոգեղէն արարածները կրնա՞ն կեանքիդ ազդել։

ԳԼՈՒԽ 11

Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը

Շատեր կը խորհին թէ Աստուա՛ծ մեղադրելի է ներկայ ամէն տառապանքին համար։ Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ինչ կ’ըսէ տառապանքի պատճառներուն մասին։

ԳԼՈՒԽ 12

Աստուած հաճեցնող կերպով մը ապրիլ

Կարելի է Եհովան հաճեցնող կերպով մը ապրիլ։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛ս իր բարեկամը ըլլալ։

ԳԼՈՒԽ 13

Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

Վիժումի, արեան ներարկման ու անասնական կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է։

ԳԼՈՒԽ 14

Ընտանեկան կեանքդ ինչպէ՛ս երջանիկ ընել

Ամուսինը, կինը, ծնողները եւ զաւակները կրնան Յիսուսի ցուցաբերած սէրը ընդօրինակել։ Ուրիշ ի՞նչ բաներ կրնան իրմէ սորվիլ։

ԳԼՈՒԽ 15

Աստուած հաճեցնող պաշտամունք

Տե՛ս վեց կէտեր, որոնք այսօր կը բնորոշեն ճշմարիտ կրօնքին հետեւողները։

ԳԼՈՒԽ 16

Ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնէ

Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատալիքներդ փափկանկատօրէն ուրիշներու հետ բաժնել։

ԳԼՈՒԽ 17

Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր

Երբ աղօթես, Աստուած մտիկ կ’ընէ՞։ Պատասխանելու համար, հարկ է որ հասկնաս թէ Աստուածաշունչը աղօթքի մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ։

ԳԼՈՒԽ 18

Մկրտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ

Ի՞նչ քայլեր անհրաժեշտ են, որպէսզի մէկը քրիստոնէական մկրտութեան որակեալ ըլլայ։ Կարդա՛ թէ մկրտութիւնը ինչ կը խորհրդանշէ եւ ինչպէ՛ս պէտք է կատարուի։

ԳԼՈՒԽ 19

Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնացի՛ր

Ինչպէ՞ս կրնանք սէր ու երախտապարտութիւն ցոյց տալ, Աստուծոյ ըրած բոլոր բաներուն համար։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը

Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններու մէջ ջնջուած է։ Ինչո՞ւ։ Աստուծոյ անունը գործածելը կարեւո՞ր է։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը նախագուշակէ Մեսիային գալուստը

Մեսիայի գալէն աւելի քան 500 տարի առաջ, Աստուած յայտնեց անոր գալուն ճիշդ ժամանակը։ Կարդա՛ այս հոյակապ մարգարէութեան մասին։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան

Աստուածաշունչիդ միջոցաւ ստուգէ, թէ ինչպէս Յիսուս Մեսիային վերաբերեալ Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւնները կատարեց։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Ճշմարտութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին

Շատեր կը խորհին որ Աստուածաշունչը Երրորդութեան վարդապետութիւնը կը սորվեցնէ։ Արդեօք ասիկա ճի՞շդ է։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր

Յիսուս իրապէս խաչի՞ մը վրայ մեռաւ։ Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ինչ կը պատասխանէ։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Տէրունական ընթրիքը՝ Աստուած պատուող տօնակատարութիւն մը

Քրիստոնեաներուն պատուէր տրուած է, որ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարեն։ Սակայն ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

«Հոգի» եւ «ոգի». այս բառերը իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն

Շատեր կը հաւատան թէ մահուան ատեն, անտեսանելի բան մը կը ձգէ մարմինը ու կը շարունակէ ապրիլ։ Արդեօք Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Ի՞նչ են Շէօլը եւ Հատէսը

Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ Շէօլ եւ Հատէս բառերը կը թարգմանեն՝ «գուբ» կամ «դժոխք»։ Այս բառերը իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա

Տե՛ս թէ ինչպէս Դատաստանի օրը օրհնութիւններ պիտի բերէ ամբողջ հաւատարիմ մարդկութեան։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը

Ի՞նչ սուրբգրային ապացոյց կայ, թէ 1914–ը յատկանշական տարի մըն էր։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը

Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ո՛վ է այս զօրեղ հրեշտակապետը։ Տե՛ս թէ ան այժմ ինչ կ’ընէ։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

«Մեծ Բաբելոն»ը բնորոշել

Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի «Մեծ Բաբելոն» անունով կնոջ մը մասին։ Տե՛ս թէ ինչպէս Աստուածաշունչը անոր ինքնութիւնը կը յայտնէ։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Յիսուս դեկտեմբե՞ր ամսուն ծնած է

Ի՞նչ կ’եզրակացնենք՝ նկատի առնելով թէ օդի վիճակը ինչպէս էր, երբ Յիսուս ծնաւ։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Տօները պէ՞տք է պահենք

Շրջանիդ մէջ ժողովրդական եղող տօներուն ծագումը գիտե՞ս։ Պատասխանը առնելով՝ թերեւս անակնկալի գաս։