Անցնիլ բովանդակութեան


ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՅԻ ՄԸ ՀԵՏ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն

Սուրբ Գիրքի այս ձրի դասընթացքով պատասխաններ պիտի առնես կարեւոր հարցումներու, օրինակ.

  • Ինչպէ՞ս կրնամ կեանքիս մէջ ուրախ ըլլալ

  • Արդեօք օր մը չարութիւնը եւ մարդոց չարչարանքը վերջ պիտի գտնե՞ն

  • Օր մը օրանց մահացած սիրելիներս նորէն պիտի տեսնե՞մ

  • Աստուած իրապէս ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է

  • Ինչպէ՞ս կրնամ աղօթել եւ գիտնալ որ Աստուած ինծի մտիկ կ’ընէ

Ձրի է

Ամբողջ դասընթացքը ձրի է։ Ասկէ զատ, դասընթացքին համար գործածուած գիրքը՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գիրքը ձրի են,– անշուշտ եթէ Սուրբ Գիրք չունիս եւ կ’ուզես ունենալ։

Յարմար է

Կրնաս որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ Եհովայի վկայի մը հետ սերտել դէմ դիմաց կամ ալ Ինթըրնէթ–ի վրայ։

Ստիպողական չէ

Կրնաս որեւէ ատեն դասընթացքը կեցնել։

Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ

Եհովայի վկայ մը քեզի պիտի օգնէ, որ Սուրբ Գիրքին ծանօթանաս՝ նիւթ առ նիւթ։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը սերտելը քեզի պիտի օգնէ, որ կամաց–կամաց գիտնաս Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնցմէ օգտուիլ։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, այս վիտէոն դիտէ կամ նկատի առ կարգ մը հարցումներ, որոնք շատեր կը հարցնեն դասընթացքին մասին։

Կ’ուզե՞ս նիւթերը աչքէ անցընել

Տես դասընթացքին առաջին երեք դասերը։

Կ’ուզե՞ս փորձ մը ընել

Կոճակին վրայ սեղմէ որ Սուրբ Գիրքի առաջին դասընթացքդ ունենաս։