Վկայ հիւանդները յաճախ աւելի արագ կ’ապաքինին
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ. «Այն հիւանդները, որոնք Եհովայի վկայ են եւ կրօնական պատճառներով արեան ներարկում չեն ընդունիր, աւելի արագ կ’ապաքինին, քան՝ միւս հիւանդները», կ’ըսէ աւստրալիական լրագիր մը՝ իր 2 հոկտեմբեր 2012–ի թիւին մէջ (The Sydney Morning Herald)։
Յօդուածը կը մէջբերէ Սիտնիի համալսարանի բժշկական բաժանմունքի փրոֆէսոր Ճէյմս Իսպիսթըրի խօսքերը։ Լրագրին մէջ գրուած էր. «Փրոֆէսոր Իսպիսթըր ըսաւ, թէ Եհովայի վկաները աւելի լաւ բուժում ստացան այն բժիշկներէն, որոնք կը ջանային [Վկայ հիւանդներուն] արիւնը պահպանել։ Առ ի արդիւնք, անոնք աւելի բարձր վերապրելու համեմատութիւն ունէին եւ աւելի քիչ ժամանակ հիւանդանոց կը մնային եւ բժշկական խիստ հսկողութեան տակ երկար ժամանակ չէին մնար, բաղդատած այն հիւանդներուն, որոնք գործողութեան ընթացքին արեան ներարկում կը ստանային»։
Այս բժիշկը միակը չէ որ այսպէս արտայայտուած է։ Սրտի գործողութեան ենթարկուած Վկաներուն մասին պարբերաթերթ մը՝ 13-27 օգոստոս 2012 թիւին մէջ կ’ըսէ. «Վկաները աւելի քիչ բարդութիւններ ունեցան եւ աւելի կարճ ժամանակ հիւանդանոց մնացին, քան՝ այն հիւանդները, որոնք արեան ներարկում ստացան» (Archives of Internal Medicine)։