Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Զատիկի մասին
Աստուածաշունչին պատասխանը
Զատիկը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չէ։ Երբ Զատկուան տօնին ծագումին մասին կարդաս, պիտի գիտնաս ատոր իսկական նշանակութիւնը։ Զատիկը աւանդութիւն մըն է, որ հիմնուած է՝ արգասաբերութեան հետ կապ ունեցող հին ծէսերու վրայ։ Նկատի առ այս տեղեկութիւնները.
Տօնին անունը։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Անգլերէն Իսթըր անունը անծանօթ ծագում ունի։ Ութերորդ դարուն, անկլօ–սաքսոնացի քահանայ սուրբ Պետէ, այդ անունը մէջտեղ բերաւ անկլօ–սաքսոնական գարնան չաստուածուհի Իօսթըրէն» (Encyclopædia Britannica)։ Ուրիշներ, ատիկա կը կապեն փիւնիկական արգասաբերութեան չաստուածուհիին՝ Աստարովթին՝ (կամ՝ Աստարտէ) հետ, որ բաբելոնական դիցաբանութեան մէջ Իշթար չաստուածուհին է։
Նապաստակներ, ճագարներ։ Նապաստակը եւ ճագարը (այսինքն՝ վայրի նապաստակը) արգասաբերութեան խորհրդանիշներ են, որոնք «առնուած են եւրոպական եւ միջին արեւելքի հին հեթանոսական գարնանային ծէսերէն եւ տօնակատարութիւններէն» (Encyclopædia Britannica)։
Զատկուան հաւկիթ։ Բառարանի մը համաձայն, Զատիկի հաւկիթ փնտռելը, որ շատեր կ’ենթադրեն որ Զատիկի նապաստակը կը բերէ, «պարզապէս պզտիկներու խաղ չէ, անիկա արգասաբերութեան ծէսերէն մնացած աւանդութիւն է» (Funk & Wagnalls Standard Dictionary of Folklore, Mythology and Legend)։ Կարգ մը մշակոյթներ կը հաւատային, որ զարդարուած Զատիկի հաւկիթը «կրնայ կախարդական կերպով բերել ուրախութիւն, յաջողութիւն, առողջութիւն եւ պաշտպանութիւն» (Traditional Festivals)։
Զատկուան հագուստ։ «Սկանտինավիայի գարնան չաստուածուհին, կամ՝ Իսթըրը, հին հագուստով ողջունելը՝ անքաղաքավարութիւն եւ հետեւաբար գէշ բախտ կը սեպուէր» (The Giant Book of Superstitions)։
Արեւածագի արարողութիւններ։ Այս արարողութիւնները կապ ունին հին ծէսերու հետ, որոնք արեւ պաշտողները «կը կատարէին գարնանային գիշերահաւասարին՝ ողջունելու համար արեւը եւ անոր մեծ զօրութիւնը, որ նոր կեանք կը բերէր աճող բոլոր բաներուն» (Celebrations—The Complete Book of American Holidays)։
Գիրք մը շատ լաւ կերպով կը նկարագրէ Զատիկին ծագումը. «Կասկած չկայ որ 4–րդ դարուն եկեղեցին հեթանոսական հին սովորութիւնները որդեգրեց եւ անոնց քրիստոնէական նշանակութիւն տուաւ» (The American Book of Days)։
Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ եւ կ’ըսէ, որ պէտք չէ Աստուած պաշտենք աւանդութիւններով եւ սովորութիւններով, որոնց ինք չի հաճիր (Մարկոս 7։6-8)։ Բ. Կորնթացիս 6։17–ն կ’ըսէ. «‘Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘պիղծ բանի մի՛ դպչիք’»։ Զատիկը հեթանոսական տօն է։ Ան որ կ’ուզէ Աստուած հաճեցնել, չի տօներ հեթանոսական տօներ։