Աստուածաշունչին մէջ յիշուած կիներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք շատ մը կիներու մասին, որոնց կեանքէն կրնանք արժէքաւոր դասեր սորվիլ (Հռովմայեցիս 15։4. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Այս յօդուածը կարճ կերպով կը խօսի կարգ մը կիներու մասին, որոնք յիշուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Անոնցմէ շատեր հոյակապ օրինակ են մեզի համար։ Իսկ ուրիշներ՝ գէշ օրինակներ են (Ա. Կորնթացիս. 10։11. Եբրայեցիս 6։12)։
Աբիգիա
Ո՞վ էր Աբիգիան։ Աբիգիան Նաբաղ անունով հարուստ բայց կոշտ տղամարդու մը կինն էր։ Բայց Աբիգիան խորատես ու խոնարհ էր եւ գեղեցիկ էր, թէ՛ արտաքին տեսքով եւ թէ հոգեւորապէս (Ա. Թագաւորաց 25։3)։
Ի՞նչ ըրաւ։ Աբիգիան իմաստութեամբ եւ խորատեսութեամբ շարժեցաւ, որ աղէտի մը առջեւ չգտնուի։ Աբիգիան եւ Նաբաղը կ’ապրէին շրջանի մը մէջ, ուր Իսրայէլի ապագայ թագաւորը՝ Դաւիթ՝ կը պահուըտէր որպէս փախստական։ Դաւիթը եւ իր տղամարդիկը Նաբաղին ոչխարներու հօտերը կը պաշտպանէին գողերէն։ Բայց երբ Դաւիթ Նաբաղին քով մարդ ղրկեց, որ ուտելիք խնդրէ, Նաբաղը ամբարտաւանօրէն մերժեց օգտակար դառնալ։ Դաւիթ շատ բարկացաւ եւ իր տղամարդոց հետ գնաց սպաննելու Նաբաղը եւ անոր տան բոլոր տղամարդիկը (Ա. Թագաւորաց 25։10-12, 22)։
Երբ որ Աբիգիան իր ամուսինին ըրածը լսեց, շատ արագ գործի անցաւ։ Իր ծառաներուն ուտելիք տուաւ որ Դաւիթին եւ անոր տղամարդոց տանին եւ ետքը անոնց ետեւէն գնաց որ Դաւիթին ողորմութիւնը խնդրէ (Ա. Թագաւորաց 25։14-19, 24-31)։ Երբ Դաւիթ Աբիգիային նուէրները տեսաւ, անոր խոնարհութիւնը նկատեց եւ անոր իմաստուն խրատին ականջ տուաւ, հասկցաւ որ Աստուած Աբիգիան կը գործածէր որ աղէտի մը դուռ չբացուի (Ա. Թագաւորաց 25։32, 33)։ Անկէ քիչ ետք, Նաբաղ մեռաւ եւ Աբիգիան Դաւիթին կինը դարձաւ (Ա. Թագաւորաց 25։37-41)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբիգիայէն։ Հակառակ անոր որ Աբիգիան գեղեցիկ ու հարուստ էր, ան հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր իր անձին մասին։ Խաղաղութիւն պահպանելու համար, Աբիգիան պատրաստ էր ներողութիւն խնդրել սխալի մը համար որ իր յանցանքը չէր։ Ան լարուած պարագայ մը յանձն առաւ հանդարտօրէն, փափկանկատօրէն, քաջութեամբ եւ խելացութեամբ։
▸ Աբիգիային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ» յօդուածը։
Աննա
Ո՞վ էր Աննան։ Աննան Եղկանային կինն էր եւ Սամուէլին մայրը։ Սամուէլը լաւ ճանչցուած մարգարէ էր անցեալի Իսրայէլին մէջ (Ա. Թագաւորաց 1։1, 2, 4-7)։
Ի՞նչ ըրաւ։ Աննան զաւակ չէր կրնար բերել։ Մխիթարուելու համար, ան Աստուծոյ դիմեց։ Իր ամուսինը երկու կին ունէր։ Միւս կինը՝ Փենանան, զաւակներ ունէ՛ր։ Բայց Աննան իր ամուսնութենէն ետք երկար ժամանակ անզաւակ մնաց։ Ասոր պատճառով, Փենանան անողորմաբար Աննան ծաղր կ’ընէր եւ կ’անարգէր։ Բայց Աննան Աստուծոյ աղօթեց, որ մխիթարուի։ Ան Աստուծոյ խոստում տուաւ, ըսելով որ եթէ զաւակ ունենար, ան այդ զաւակը Աստուծոյ պիտի տար՝ կարգադրութիւններ տեսնելով որ իր զաւակը ծառայէ խորանին մէջ։ Խորանը շարժական վրան էր, որ իսրայէլացիները կը գործածէին պաշտամունքի մէջ (Ա. Թագաւորաց 1։11)։
Աստուած Աննային աղօթքը պատասխանեց եւ ան ծնաւ Սամուէլը։ Աննան իր խոստումը պահեց եւ Սամուէլը խորան տարաւ որ հոն ծառայէ, մինչ դեռ ան տղեկ էր (Ա. Թագաւորաց 1։27, 28)։ Ամէն տարի, Աննան իր տղուն համար անթեւ պատմուճան կը պատրաստէր եւ իրեն կը տանէր։ Աստուած օրհնեց Աննան, եւ ժամանակի ընթացքին ան հինգ զաւակ եւս ունեցաւ. երեք տղայ եւ երկու աղջիկ (Ա. Թագաւորաց 2։18-21)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աննայէն։ Աննային սրտաբուխ աղօթքները իրեն օգնեցին, որ դժուար պարագաներու տոկայ։ Իր գնահատանքի աղօթքը, որ արձանագրուած է Ա. Թագաւորաց 2։1-10–ին մէջ, ցոյց կու տայ իր խոր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ։
▸ Աննային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ» յօդուածը։
▸ Գիտնալու համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ անցեալին կը հանդուրժէր բազմակնութիւնը իր ժողովուրդին մէջ, տես «Աստուած բազմակնութեան հաւանութիւն կու տա՞յ» յօդուածը։
Դալիլա
Ո՞վ էր։ Դալիլան այն կինն էր, որուն իսրայէլացի դատաւոր Սամփսոնը սիրահարուեցաւ (Դատաւորաց 16։4, 5)։
Ի՞նչ ըրաւ։ Ան փղշտացի պաշտօնեաներէ դրամ ընդունեց, որ Սամփսոնը դաւաճանէ։ Այդ օրերուն, Աստուած Սամփսոնին միջոցաւ իսրայէլացիները կը փրկէր փղշտացիներէն։ Եւ փղշտացիները կարողութիւն չունէին անոր յաղթելու, քանի որ Սամփսոն գերբնական ոյժ ունէր (Դատաւորաց 13։5)։ Անոր համար, անոնց պաշտօնեաները Դալիլային օգնութիւնը խնդրեցին։
Փղշտացիները Դալիլան կաշառեցին, որ գիտնայ թէ Սամփսոն ինչպէ՛ս այդքան զօրութիւն ունէր։ Դալիլան դրամը ընդունեց եւ քանի մը ապարդիւն փորձերէ ետք, կրցաւ գիտնալ Սամփսոնին զօրութեան գաղտնիքը (Դատաւորաց 16։15-17)։ Ետքը, ան այդ գաղտնիքը փոխանցեց փղշտացիներուն, որոնք Սամփսոնը բռնեցին եւ բանտարկեցին (Դատաւորաց 16։18-21)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դալիլայէն։ Դալիլան գէշ օրինակ է։ Իր ագահութեան պատճառով, Եհովա Աստուծոյ ծառային հանդէպ անհաւատարիմ գտնուեցաւ եւ անձնասէր կերպով վարուեցաւ։
Դեբօրա
Ո՞վ էր։ Դեբօրան մարգարէուհի էր, որուն միջոցաւ Եհովա Աստուած յայտնեց իր ժողովուրդին հետ կապ ունեցող հարցերու նկատմամբ իր կամքը։ Նաեւ, Դեբօրային միջոցաւ, Աստուած իսրայէլացիներուն միջեւ ծագած հարցերը կը լուծէր (Դատաւորաց 4։4, 5)։
Ի՞նչ ըրաւ։ Դեբօրա մարգարէուհին քաջաբար թիկունք կանգնեցաւ Աստուծոյ երկրպագուներուն։ Աստուած Դեբօրան ուղղեց, որ Բարակին ըսէ որ իսրայէլացիներու զօրքը առաջնորդէ քանանացիներուն դէմ, որոնք զիրենք կը նեղէին (Դատաւորաց 4։6, 7)։ Երբ որ Բարակը Դեբօրայէն խնդրեց որ իրեն հետ երթայ, ան չվախցաւ, հապա պատրաստակամօրէն հետը գնաց (Դատաւորաց 4։8, 9)։
Աստուած իսրայէլացիներուն յաղթանակ շնորհելէ ետք, Դեբօրան գրեց երգի մը առնուազն մէկ հատուածը, որ ետքը ինքն ու Բարակը երգեցին։ Երգը կը խօսէր այդ դէպքին մասին եւ անոր մէջ Դեբօրան գրեց նաեւ քանանացիները պարտութեան մատնելու մէջ ուրիշ քաջ կնոջ մը՝ Յայէլին՝ ունեցած դերին մասին։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դեբօրայէն։ Դեբօրան անձնազոհ եւ քաջ կին էր։ Ան ուրիշները քաջալերեց, որ ընեն այն ինչ որ ճիշդ է Աստուծոյ աչքին։ Եւ զանոնք կը գովէր, երբ այդպէս ընէին։
▸ Դեբօրային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու» յօդուածը։
Եսթեր
Ո՞վ էր։ Եսթերը հրեայ մըն էր, որ պարսիկ Ասուերոս թագաւորը ընտրեց, որ իր թագուհին դառնայ։
Ի՞նչ ըրաւ։ Եսթեր թագուհին իր իշխանութիւնը օգտագործեց, որ իր ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը արգիլէ։ Ան իմացաւ որ պաշտօնական հրամանագիր ելած է եւ որուն համաձայն օր մը որոշուած է պարսկական կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր հրեաները սպաննելու։ Այս չար ծրագիրը Համան անունով մարդու մը ձեռքին գործն էր։ Համանը պարսկական կայսրութեան վարչապետն էր (Եսթեր 3։13-15. 4։1, 5)։ Եսթերը, իր կեանքը վտանգեց եւ իր զարմիկին՝ Մուրթքէին՝ օգնութեամբ Համանին չար ծրագիրը իր ամուսինին՝ Ասուերոս թագաւորին՝ յայտնեց (Եսթեր 4։10-16. 7։1-10)։ Ասուերոսը ետքը Եսթերին եւ Մուրթքէին թոյլ տուաւ, որ ուրիշ հրամանագիր արձակեն եւ հրեաները լիազօրեն որ իրենք զիրենք պաշտպանեն։ Այսպիսով, հրեաները իրենց թշնամիները պարտութեան մատնեցին (Եսթեր 8։5-11. 9։16, 17)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եսթերէն։ Եսթեր թագուհին քաջութեան, խոնարհութեան եւ համեստութեան հոյակապ օրինակ է (Սաղմոս 31։24. Փիլիպպեցիս 2։3)։ Հակառակ իր գեղեցկութեան եւ դիրքին, ան խոնարհաբար ուղղութիւն եւ օգնութիւն խնդրեց։ Ճիշդ է որ իր ամուսինին հետ քաջաբար խօսեցաւ, բայց ան յարգանքով եւ նուրբ ոճով մօտեցաւ անոր։ Եւ երբ հրեաները մեծ վտանգի տակ էին, ան քաջաբար յայտնեց, որ ինքն ալ հրեայ է։
▸ Եսթերին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ան պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդը» եւ «Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ» յօդուածները։
Եւա
Ո՞վ էր։ Եւան առաջին կինն է թէ՛ մարդկային պատմութեան մէջ եւ թէ Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ։
Ի՞նչ ըրաւ։ Եւան Աստուծոյ յստակ պատուէրին նկատմամբ անհնազանդ գտնուեցաւ։ Իր ամուսինին՝ Ադամին՝ պէս, Եւան կատարեալ էր եւ ունէր ազատ կամք եւ կարողութիւն՝ աստուածահաճոյ յատկութիւններ զարգացնելու, ինչպէս օրինակ՝ սէր եւ իմաստութիւն (Ծննդոց 1։27)։ Եւան գիտէր, որ Աստուած Ադամին ըսած էր, որ եթէ որոշ ծառէ մը ուտեն պիտի մեռնին։ Բայց ան խաբուեցաւ, կարծելով որ պիտի չմեռնի եւ Աստուծոյ անհնազանդ գտնելով՝ աւելի լաւ կեանք պիտի ապրի։ Այսպիսով, ան այդ ծառի պտուղէն կերաւ եւ ետքը իր ամուսինին ալ համոզեց, որ անկէ ուտէ (Ծննդոց 3։1-6. Ա. Տիմ. 2։14)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եւայէն։ Եւային օրինակը մեզ կը զգուշացնէ, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է սխալ ցանկութիւններու մասին մտածել եւ կեդրոնանալ։ Քանի որ ան զօրաւոր փափաք զարգացուց առնելու այն ինչ որ իրեն չի պատկանիր, Աստուծոյ յստակ պատուէրին դէմ ելաւ (Ծննդոց 3։6. Ա. Յովհաննէս 2։16)։
Լիա
Ո՞վ էր։ Լիան Յակոբ նահապետին առաջին կինն էր։ Իր կրտսեր քոյրը՝ Ռաքէլը, Յակոբին միւս կինն էր (Ծննդոց 29։20-29)։
Ի՞նչ ըրաւ։ Լիան Յակոբին վեց տղոց մայրը դարձաւ (Հռութ 4։11)։ Յակոբ կը մտադրէր ամուսնանալ Ռաքէլին եւ ոչ թէ Լիային հետ։ Բայց աղջիկներուն հայրը՝ Լաբանը, կարգադրութիւններ տեսաւ որ Լիան Ռաքէլին փոխարէն ամուսնանայ Յակոբին հետ։ Երբ Յակոբը անդրադարձաւ որ խաբուեցաւ, Լաբանէն բացատրութիւն պահանջեց։ Լաբանն ալ ըսաւ որ իրենց քով սովորութիւն է նախ անդրանիկ աղջիկը ամուսնութեան տալ եւ ետքը՝ կրտսերը։ Շաբաթ մը ետք, Յակոբը Ռաքէլին հետ ամուսնացաւ (Ծննդոց 29։26-28)։
Յակոբ Ռաքէլը Լիայէն աւելի կը սիրէր (Ծննդոց 29։30)։ Յակոբին սէրը շահելու համար, Լիան նախանձելով իր քրոջ հետ մրցակցեցաւ։ Աստուած Լիային զգացումները հաշուի առաւ եւ զինք օրհնեց՝ եօթը զաւակներով. վեց տղայ եւ մէկ աղջիկ (Ծննդոց 29։31)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Լիայէն։ Լիան աղօթքով Աստուծոյ վստահեցաւ եւ չձգեց որ իր ընտանեկան լարուած մթնոլորտը պատճառ ըլլայ, որ Աստուծոյ օգնութիւնը չտեսնէ (Ծննդոց 29։32-35. 30։20)։ Անոր պատմութիւնը կը ներկայացնէ բազմակնութեան պատճառած դժուարութիւնները։ Հակառակ անոր որ Աստուած միայն որոշ ժամանակ հանդուրժեց բազմակնութիւնը, բայց եւ այնպէս ամուսնութեան վերաբերեալ իր հաստատած չափանիշին համաձայն ամուսին մը կամ կին մը պէտք է միայն մէկ կողակից ունենայ (Մատթէոս 19։4-6)։
▸ Լիային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Մրցակցող քոյրեր ‘Իսրայէլի տունը շինեցին’» յօդուածը (արաբ.)։
▸ Գիտնալու համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ անցեալին կը հանդուրժէր բազմակնութիւնը իր ժողովուրդին մէջ, կարդա՛ «Աստուած բազմակնութեան հաւանութիւն կու տա՞յ» յօդուածը։
Հռութ
Ո՞վ էր։ Հռութը մովաբացի էր, որ իր չաստուածներն ու հայրենիքը ետին ձգեց եւ Եհովա Աստուած սկսաւ պաշտել Իսրայէլի մէջ։
Ի՞նչ ըրաւ։ Հռութը բացառիկ սէր ունէր իր կեսուր մօր Նոեմիին հանդէպ։ Նոեմին իր ամուսինին եւ երկու տղոց հետ Մովաբ գացած էր, քանի որ Իսրայէլի մէջ սով կը տիրէր։ Հոն, տղաքը ամուսնացան մովաբացի կիներու՝ Հռութին եւ Որփային հետ։ Բայց ժամանակ մը ետք, Նոեմիին ամուսինը եւ երկու տղաքը մահացան եւ այդ երեք կիները այրի դարձան։
Նոեմին որոշեց դառնալ Իսրայէլ, ուր երաշտը վերջ գտած էր։ Հռութը եւ Որփան որոշեցին հետը երթալ։ Բայց Նոեմին անոնցմէ խնդրեց, որ իրենց ազգականներուն վերադառնան։ Որփան այդպէս ըրաւ (Հռութ 1։1-6, 15)։ Բայց Հռութ հաւատարմօրէն իր կեսուր մօր կողքին մնաց։ Ան Նոեմին կը սիրէր եւ ուզեց անոր Աստուածը՝ Եհովան՝ պաշտել (Հռութ 1։16, 17. 2։11)։
Շատ չանցած, Հռութը Նոեմիին հայրենի քաղաքին՝ Բեթլեհէմին՝ մէջ լաւ համբաւ ունեցաւ։ Ան ճանչցուեցաւ որպէս նուիրուած հարս եւ աշխատասէր կին։ Բոոս անունով հարուստ կալուածատէր մը Հռութին վարքով խորապէս տպաւորուած ըլլալով, անոր եւ Նոեմիին առատաձեռնօրէն ուտելիք տուաւ (Հռութ 2։5-7, 20)։ Յետագային, Հռութ ամուսնացաւ Բոոսին հետ եւ նախամայրը դարձաւ թէ՛ Դաւիթ թագաւորին եւ թէ Յիսուս Քրիստոսին (Մատթէոս 1։5, 6, 16)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Հռութէն։ Քանի՛ որ Հռութը թէ՛ Նոեմին եւ թէ Եհովան կը սիրէր, պատրաստ էր իր ընտանիքն ու տուն–տեղը ձգելու։ Նոյնիսկ դժուար պարագաներու տակ, ան աշխատասէր, նուիրուած եւ հաւատարիմ կին էր։
▸ Հռութին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ» եւ «Առաքինի կին մը» յօդուածները։
Ղովտին կինը
Ո՞վ էր։ Աստուածաշունչին մէջ, անոր անունը չէ յիշուած։ Բայց հոն յիշուած է, թէ ան երկու աղջիկ ունէր եւ թէ ընտանեօք կ’ապրէին Սոդոմ քաղաքին մէջ (Ծննդոց 19։1, 15)։
Ի՞նչ ըրաւ։ Ան Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդ գտնուեցաւ։ Աստուած որոշած էր կործանել Սոդոմը եւ անոր մօտակայ քաղաքները անոնց լուրջ անբարոյութեան համար։ Բայց քանի՛ որ Աստուած կը սիրէր արդար Ղովտը եւ անոր ընտանիքը, որոնք կ’ապրէին Սոդոմի մէջ, անոնց քով ղրկեց երկու հրեշտակներ, որ քաղաքէն ապահովաբար դուրս գան (Ծննդոց 18։20. 19։1, 12, 13)։
Հրեշտակները Ղովտին ընտանիքին ըսին որ այդ շրջանէն փախչին եւ ետեւ չնային, թէ ոչ՝ պիտի մեռնին (Ծննդոց 19։17)։ Բայց Ղովտին կինը «ետին նայեցաւ ու աղի արձան եղաւ» (Ծննդոց 19։26)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ղովտին կնոջմէն։ Իր պատմութիւնը կը շեշտէ, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է որ մէկը նիւթական բաները ա՛յնքան սիրէ, որ ատոնց պատճառաւ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուի։ Յիսուս Ղովտին կնոջ մասին խօսեցաւ, որպէս գէշ օրինակ։ Ան ըսաւ. «Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը» (Ղուկաս 17։32)։
Մարթա
Ո՞վ էր։ Մարթան Ղազարոսին եւ Մարիամին քոյրն էր։ Երեքը կ’ապրէին Երուսաղէմի մօտ՝ Բեթանիա գիւղին մէջ։
Ի՞նչ ըրաւ։ Մարթան Յիսուսին մտերիմ բարեկամներէն մէկն էր։ Յիսուսը «կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը» (Յովհաննէս 11։5)։ Մարթան հիւրասէր կին էր։ Օր մը, երբ Յիսուս անոնց կ’այցելէր, Մարիամը որոշեց Յիսուսին մտիկ ընել, մինչդեռ Մարիամը զբաղեցաւ տան գործերով։ Մարթան Յիսուսին գանգատեցաւ, որ Մարիամը իրեն չէր օգներ։ Յիսուսը նրբութեամբ Մարթային տեսակէտը սրբագրեց (Ղուկաս 10։38-42)։
Երբ Ղազարոս հիւանդացաւ, Մարթան եւ իր քոյրը Յիսուսին քով մարդ ղրկեցին, որ անոր լուր տան՝ վստահ ըլլալով որ ան կրնար իրենց եղբայրը բժշկել (Յովհաննէս 11։3, 21)։ Բայց Ղազարոսը մեռաւ։ Յիսուսին հետ Մարթային ունեցած խօսակցութենէն կը տեսնենք թէ ան վստահութիւն ունէր յարութեան նկատմամբ Աստուածաշունչի խոստումին եւ իր եղբայրը ետ կեանքի բերելու Յիսուսին կարողութեան (Յովհաննէս 11։20-27)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարթայէն։ Մարթան շատ հիւրասէր էր։ Ան պատրաստ էր խրատ ընդունելու։ Ան բացէ ի բաց խօսեցաւ իր զգացումներուն եւ հաւատքին մասին։
▸ Մարթային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ես հաւատացեր եմ» յօդուածը։
Մարիամ Մագդաղենացի
Ո՞վ էր։ Մարիամ Մագդաղենացին Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտուհին էր։
Ի՞նչ ըրաւ։ Մարիամ Մագդաղենացին այն քանի մը կիներէն մէկն էր, որոնք Յիսուսին եւ անոր աշակերտներուն հետ կը շրջէին։ Ան առատաձեռնօրէն իր նիւթական միջոցները օգտագործեց, որ անոնց պէտքերուն հոգ տանի (Ղուկաս 8։1-3)։ Ան Յիսուսին հետեւեցաւ մինչեւ անոր ծառայութեան վերջը եւ անոր կողքին մնաց, երբ մահուան դատապարտուեցաւ։ Մարիամ Մագդաղենացին առանձնաշնորհում ունեցաւ ըլլալու այն առաջին անձերէն մէկը, որոնք տեսան յարութիւն առած Յիսուսը (Յովհաննէս 20։11-18)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիամ Մագդաղենացիէն։ Մարիամ Մագդաղենացին առատաձեռնօրէն աջակցեցաւ Յիսուսին ծառայութեան եւ անոր նուիրուած աշակերտուհին մնաց։
Մարիամ (Մարթային եւ Ղազարոսին քոյրը)
Ո՞վ էր։ Մարիամը, իր եղբօր՝ Ղազարոսին՝ եւ իր քրոջ՝ Մարթային պէս՝ Յիսուսին մտերիմ բարեկամներէն էր։
Ի՞նչ ըրաւ։ Մարիամը կրկին անգամ ցոյց տուաւ որ խորապէս կը գնահատէր Յիսուսը՝ որպէս Աստուծոյ որդի։ Ան իր հաւատքը արտայայտեց, երբ ըսաւ որ Յիսուսը կրնա՛ր իր եղբօր՝ Ղազարոսին՝ մահը արգիլել, ինչպէս նաեւ ներկայ էր երբ Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ։ Իր քոյրը՝ Մարթան՝ քննադատեց Մարիամը, երբ ան ընտրեց Յիսուսին մտիկ ընել, քան թէ իրեն օգնել տան գործերուն մէջ։ Բայց Յիսուսը գովեց Մարիամը, քանի որ ան հոգեւոր բաներու կարեւորութիւն տուաւ (Ղուկաս 10։38-42)։
Ուրիշ առիթով մը, Մարիամը բացառիկ կերպով հիւրասիրութիւն ցոյց տուաւ Յիսուսին հանդէպ, երբ «ծանրագին իւղի շիշ մը» թափեց Յիսուսին գլխուն եւ ոտքերուն վրայ (Մատթէոս 26։6, 7)։ Ներկաները Մարիամը մեղադրեցին, ըսելով որ ան անտեղի կերպով իւղը վատնեց։ Բայց Յիսուսը Մարիամը պաշտպանեց՝ ըսելով. «Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս [Աստուծոյ Թագաւորութեան] աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար» (Մատթէոս 24։14. 26։8-13)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիամէն։ Մարիամ խոր հաւատք զարգացուց։ Ան Աստուծոյ պաշտամունքը առօրեայ գործերէն առաջ դասեց։ Եւ, խոնարհաբար Յիսուսը պատուեց՝ նոյնիսկ սուղ նուէրով։
Մարիամ (Մովսէսին քոյրը)
Ո՞վ էր։ Մարիամը Մովսէսին եւ Ահարոնին քոյրն էր։ Ան Աստուածաշունչին մէջ յիշուած առաջին կինն է, որ մարգարէուհի կը կոչուի։
Ի՞նչ ըրաւ։ Մարգարէուհի ըլլալով, Մարիամը ուրիշներուն փոխանցեց Աստուծոյ ըսածները։ Ան բարձր դիրք ունէր իսրայէլ ազգին մէջ եւ իսրայէլացի տղամարդոց հետ յաղթական երգ երգեց, երբ Աստուած եգիպտական զօրքը կործանեց Կարմիր ծովին մէջ (Ելից 15։1, 20, 21)։
Ժամանակ մը ետք, Մարիամը եւ Ահարոնը Մովսէսը քննադատեցին։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնք տեղի տուած էին հպարտութեան եւ նախանձի։ Աստուած «լսեց» եւ խիստ խրատ տուաւ երկուքին (Թուոց 12։1-9)։ Ետքը, Աստուած Մարիամը բորոտութեամբ զարկաւ, քանի որ այնպէս կ’երեւի թէ ինք սկիզբ տուած էր այդ քննադատական խօսակցութեան։ Բայց Մովսէսը իրեն համար Աստուծոյ աղաչեց եւ Աստուած Մարիամը բժշկեց։ Եօթը օր մեկուսանալէ ետք, անոր արտօնութիւն տրուեցաւ դառնալ իսրայէլացիներուն բանակը (Թուոց 12։10-15)։
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Մարիամ Աստուծոյ սրբագրութիւնը ընդունեց։ Դարեր ետք, Աստուած նշեց անոր յատուկ առանձնաշնորհումը, երբ իսրայէլացիներուն յիշեցուց. «Քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի» (Միքիա 6։4)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիամէն։ Մարիամին պատմութենէն կը գիտնանք, որ Աստուած ուշադրութիւն կու տայ, որ իր ծառաները ի՛նչ կ’ըսեն իրարու կամ իրարու մասին։ Ասկէ զատ, կը սորվինք որ Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք չէ հպարտ եւ նախանձ անձեր ըլլանք, քանի որ այս յատկութիւնները ուրիշներուն բարի անունը կ’աւրեն։
Մարիամ (Յիսուսին մայրը)
Ո՞վ էր։ Մարիամը երիտասարդ հրեայ կին էր։ Ան կոյս էր երբ ծնունդ տուաւ Յիսուսին, քանի որ հրաշքով յղի մնացած էր Աստուծոյ որդիին։
Ի՞նչ ըրաւ։ Մարիամ խոնարհաբար Աստուծոյ կամքը ըրաւ։ Ան նշանուած էր Յովսէփին, երբ հրեշտակ մը անոր երեւցաւ եւ ըսաւ որ պիտի յղանայ եւ ծնունդ տայ երկար ժամանակէ սպասուած Մեսիային (Ղուկաս 1։26-33)։ Ան պատրաստ էր իր դերը ընդունելու։ Յիսուսին ծնունդէն ետք, Մարիամը եւ Յովսէփը չորս տղաք եւ առնուազն երկու աղջիկ ունեցան։ Ուրեմն, Մարիամը կոյս չմնաց (Մատթէոս 13։55, 56)։ Թէեւ յատուկ առանձնաշնորհում ունեցաւ, բայց ան բնաւ չուզեց յատուկ փառք ու պատիւի կամ վարքի արժանանալ, ո՛չ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին եւ ոչ ալ երբ առաջին քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիամէն։ Մարիամ հաւատարիմ կին էր, որ պատրաստակամօրէն ընդունեց լուրջ պատասխանատուութիւն մը։ Ան շատ լաւ գիտէր Սուրբ Գրութիւնները։ Ըստ տեղեկագրութեան մը, ան մօտ 20 մէջբերում ըրաւ Սուրբ Գրութիւններէն, երբ Ղուկաս 1։46-55–ին մէջ արձանագրուած խօսքերը ըսաւ։
▸ Մարիամին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի» յօդուածը։
Յայէլ
Ո՞վ էր։ Յայէլը Քաբերին կինն էր եւ իսրայէլացի չէր։ Հակառակ ասոր, ան անվախօրէն Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանեց։
Ի՞նչ ըրաւ։ Յայէլ վճռական քայլ առաւ, երբ քանանացի զօրքին պետը՝ Սիսարան՝ իր վրանը եկաւ։ Սիսարան իսրայէլացիներուն դէմ պարտուած էր եւ հիմա եկած ապաստանարան կը փնտռէր։ Յայէլը Սիսարան իր վրանը հրաւիրեց, որ հոն պահուըտի եւ հանգչի։ Մինչ Սիսարան կը քնանար, Յայէլը զինք սպաննեց (Դատաւորաց 4։17-21)։
Յայէլին ըրածը Դեբօրային այս մարգարէութեան կատարումն էր. «Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ» (Դատաւորաց 4։9)։ Իր ունեցած դերին համար, Յայէլ գովաբանուեցաւ որպէս «կիներուն մէջ ամէնէն օրհնուածը» (Դատաւորաց 5։24, ՆԱ)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յայէլէն։ Յայէլ նախաքայլը առաւ եւ քաջութեամբ շարժեցաւ։ Իր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս կրնայ դէպքերը այնպէս մը ուղղել, որ իր մարգարէութիւնը կատարուի։
Յեզաբէլ
Ո՞վ էր։ Յեզաբէլը իսրայէլացի թագաւոր Աքաաբին կինն էր։ Ան իսրայէլացի չէր եւ Եհովան չէր պաշտեր, հապա կը պաշտէր քանանացիներու Բահաղ չաստուածը։
Ի՞նչ ըրաւ։ Յեզաբէլ թագուհին բռնակալ, անգութ եւ վայրագ կին էր։ Ան կը յառաջացնէր Բահաղի պաշտամունքը եւ անոր հետ կապ ունեցող սեռային անբարոյութիւնը։ Միեւնոյն ատեն, ան փորձեց ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ պաշտամունքը մէջտեղէն վերցնել (Գ. Թագաւորաց 18։4, 13. 19։1-3)։
Իր ուզածին հասնելու համար, Յեզաբէլ սուտերու դիմեց եւ մարդիկ սպաննեց (Գ. Թագաւորաց 21։8-16)։ Ինչպէս որ Աստուած մարգարէացած էր, ան վայրագ կերպով սպաննուեցաւ եւ նոյնիսկ չթաղուեցաւ (Գ. Թագաւորաց 21։23. Դ. Թագաւորաց 9։10, 32-37)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յեզաբէլէն։ Յեզաբէլ գէշ օրինակ է։ Ան բարոյականութիւն չունէր եւ իր ուզածին հասնելու համար, պատրաստ էր ամէն բան ընելու։ Անոր համար, իր անունը կը խորհրդանշէ անամօթ եւ անբարոյ կին մը, որ հեղինակութիւն չի յարգեր։
Ռախաբ
Ո՞վ էր։ Ռախաբ պոռնիկ էր, որ կ’ապրէր քանանացիներու Երիքով քաղաքին մէջ։ Ան Եհովա Աստուծոյ երկրպագուն դարձաւ։
Ի՞նչ ըրաւ։ Ռախաբ երկու իսրայէլացիներ պահեց, որոնք եկած էին երկիրը լրտեսելու։ Ան ասիկա ըրաւ, քանի որ լսած էր թէ ինչպէ՛ս իսրայէլացիներուն Աստուածը՝ Եհովան՝ Իր ժողովուրդը ազատած էր Եգիպտոսէն եւ ետքը ամօրհացիներուն յարձակումէն։
Ռախաբ լրտեսներուն օգնեց եւ անոնց աղաչեց, որ իր եւ իր ընտանիքին կեանքը պահպանեն, երբ իսրայէլացիները գան Երիքովը կործանելու։ Լրտեսները համաձայնեցան բայց որոշ պայմաններով. Ռախաբը պէտք էր անոնց ըրածը գաղտնի պահէր, իր ընտանիքին հետ տան մէջ մնար երբ իսրայէլացիները յարձակէին եւ կարմիր պարան մը իր պատուհանին վրայ կապէր, որ անոնք գիտնային թէ ո՛րն է Ռախաբին տունը։ Ռախաբը բոլոր ուղղութիւններուն հնազանդեցաւ եւ իր ընտանիքին հետ փրկուեցաւ՝ երբ իսրայէլացիները Երիքովը գրաւեցին։
Յետագային Ռախաբ ամուսնացաւ իսրայէլացիի մը հետ եւ թէ՛ Դաւիթ թագաւորին եւ թէ Յիսուս Քրիստոսին նախամայրը դարձաւ (Յեսու 2։1-24. 6։25. Մատթէոս 1։5, 6, 16)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ռախաբէն։ Աստուածաշունչի Ռախաբին մասին կը խօսի որպէս հաւատքի հիանալի օրինակ (Եբրայեցիս 11։30, 31. Յակոբոս 2։25)։ Իր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Աստուած ներող եւ անաչառ է, որ կ’օրհնէ բոլոր անոնք՝ որոնք իրեն կը վստահին, ի՛նչ ծագում ալ որ անոնք ունենան։
▸ Ռախաբին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Ռախաբ ‘գործերով արդարացաւ’» յօդուածը։
Ռաքէլ
Ո՞վ էր։ Ռաքէլը Լաբանին աղջիկն էր եւ Յակոբ նահապետին նախասիրած կինը։
Ի՞նչ ըրաւ։ Ռաքէլ ամուսնացաւ Յակոբին հետ եւ երկու տղայ զաւակ ծնաւ։ Տղաքը դարձան անցեալի իսրայէլ ազգին 12 ցեղերուն պետերէն երկուքը։ Ռաքէլը իր ապագայ ամուսինին՝ Յակոբին՝ ծանօթացաւ, մինչ իր հօր ոչխարները կը հովուէր (Ծննդոց 29։9, 10)։ Իր մեծ քրոջ՝ Լիային՝ հետ բաղդատած, Ռաքէլ «դէմքով ու տեսքով գեղեցիկ էր» (Ծննդոց 29։17)։
Յակոբ Ռաքէլին սիրահարուեցաւ եւ համաձայնեցաւ Լաբանին համար եօթը տարի աշխատիլ՝ Ռաքէլին հետ ամուսնանալու համար (Ծննդոց 29։18)։ Բայց Լաբանը Յակոբը խաբեց եւ նախ ամուսնացուց Լիային հետ եւ անկէ ետք Յակոբին արտօնեց ամուսնանալ Ռաքէլին հետ (Ծննդոց 29։25-27)։
Յակոբ Ռաքէլը եւ անոր երկու տղաքը Լիայէն եւ անոր զաւակներէն աւելի՛ կը սիրէր (Ծննդոց 37։3. 44։20, 27-29)։ Եւ ասիկա պատճառ դարձաւ որ երկու կիներուն միջեւ մրցակցութիւն ըլլայ (Ծննդոց 29։30. 30։1, 15)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ռաքէլէն։ Ռաքէլը դժուար ընտանեկան պարագայի տոկաց՝ առանց յոյսը կտրելու որ Աստուած իր աղօթքները կը լսէր (Ծննդոց 30։22-24)։ Անոր պատմութիւնը կը յայտնէ, թէ բազմակնութիւնը որքա՜ն դժուար է ընտանիքի մը համար։ Ռաքէլին փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ որքա՜ն իմաստուն է ամուսնութեան վերաբերեալ Աստուծոյ հաստատած սկզբնական չափանիշը, ըստ որու ամուսին մը պէտք է միայն մէկ կին ունենայ (Մատթէոս 19։4-6)։
▸ Ռաքէլին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Մրցակցող քոյրեր ‘Իսրայէլի տունը շինեցին’» յօդուածը (արաբ.)։
▸ Գիտնալու համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ անցեալին կը հանդուրժէր բազմակնութիւնը իր ժողովուրդին մէջ, կարդա՛ «Աստուած բազմակնութեան հաւանութիւն կու տա՞յ» յօդուածը։
Ռեբեկա
Ո՞վ էր։ Ռեբեկան Իսահակին կինն էր եւ անոր երկուորեակ զաւակներուն՝ Յակոբին եւ Եսաւին մայրը։
Ի՞նչ ըրաւ։ Ռեբեկան Աստուծոյ կամքը ըրաւ, նոյնիսկ երբ ատիկա ընելը դժուար էր։ Մինչ հորէն ջուր կը քաշէր, տղամարդ մը իրմէ ջուր խնդրեց։ Ռեբեկան շատ արագ անոր ջուր տուաւ եւ առաջարկեց ջուր քաշել մարդուն ուղտերուն համար (Ծննդոց 24։15-20)։ Այդ մարդը Աբրահամին ծառան էր, որ երկար ճամբայ կտրած էր որ Աբրահամին տղուն՝ Իսահակին՝ համար կին գտնէր (Ծննդոց 24։2-4)։ Ան աղօթեց Աստուծոյ օրհնութեան համար։ Երբ մարդը տեսաւ Ռեբեկային ժրաջանութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը, անդրադարձաւ որ Աստուած իր աղօթքին պատասխանեց եւ Ռեբեկան ընտրեց որ Իսահակին կինը դառնայ (Ծննդոց 24։10-14, 21, 27)։
Երբ Ռեբեկան գիտցաւ այդ ծառային գալու նպատակը, համաձայնեցաւ անոր հետ դառնալ եւ Իսահակին կինը ըլլալ (Ծննդոց 24։57-59)։ Յետագային Ռեբեկան երկուորեակ տղաք ունեցաւ։ Աստուած Ռեբեկային յայտնած էր, որ անոր մեծ տղան՝ Եսաւը՝ պիտի ծառայէր կրտսերին՝ Յակոբին (Ծննդոց 25։23)։ Երբ Իսահակը կարգադրութիւններ ըրաւ որ Եսաւին անդրանկութեան իրաւունքը տայ, Ռեբեկան քայլեր առաւ, վստահ ըլլալու համար որ Յակոբը առնէ այդ իրաւունքը, քանի որ գիտէր որ ատիկա՛ է Աստուծոյ կամքը (Ծննդոց 27։1-17)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ռեբեկայէն։ Ռեբեկան համեստ, աշխատասէր եւ հիւրասէր կին էր։ Այս յատկութիւնները իրեն օգնեցին որ լաւ կին, մայր եւ ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագու դառնայ։
▸ Ռեբեկային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Կ’երթամ» յօդուածը։
Սառա
Ո՞վ էր։ Սառան Աբրահամին կինը եւ Իսահակին մայրն էր։
Ի՞նչ ըրաւ։ Սառան հեռացաւ Ուր բարգաւաճ քաղաքէն, ուր հանգիստ կեանք կ’ապրէր, քանի որ ան կը հաւատար իր ամուսինին՝ Աբրահամին՝ տրուած Աստուծոյ խոստումներուն։ Աստուած Աբրահամին ըսաւ որ Ուր քաղաքը ձգէ եւ երթայ Քանանի երկիրը։ Ան խոստացաւ Աբրահամը օրհնել եւ անկէ մեծ ազգ մէջտեղ բերել (Ծննդոց 12։1-5)։ Այդ ատեն, Սառան 60–ական տարիքի մէջ ըլլալու էր։ Անկէ ի վեր, Սառան եւ իր ամուսինը թափառական կեանք ապրեցան՝ վրաններու մէջ։
Թէեւ այս տեսակ կեանքը Սառային կեանքը վտանգի տակ դրաւ, ան Աբրահամին աջակցեցաւ մինչ վերջինս Աստուծոյ ուղղութեան կը հետեւէր (Ծննդոց 12։10, 15)։ Տարիներով, Սառան ամուլ էր, ինչ որ իրեն շատ տխրութիւն կը պատճառէր։ Բայց Աստուած խոստացած էր Աբրահամին սերունդը օրհնել (Ծննդոց 12։7. 13։15. 15։18. 16։1, 2, 15)։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուած յայտնեց որ Սառան Աբրահամին զաւակով պիտի յղանար։ Սառան մայր դարձաւ, ծննդաբերութեան տարիքը շատոնց անցնելէ ետք։ Ան 90 տարեկան էր, իսկ իր ամուսինը 100 տարեկան (Ծննդոց 17։17. 21։2-5)։ Անոնք իրենց զաւակը Իսահակ կոչեցին։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սառայէն։ Սառային օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ կրնանք միշտ վստահիլ Աստուծոյ խոստումներուն, նոյնիսկ երբ ատոնց կատարումը անկարելի թուի (Եբրայեցիս 11։11)։ Իր օրինակը կը շեշտէ նաեւ յարգանքի կարեւորութիւնը ամուսնութենէն ներս (Ա. Պետրոս 3։5, 6)։
▸ Սառային մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես» եւ «Աստուծոյ կողմէ ‘իշխանուհի’ կոչուեցաւ» յօդուածները։
Սողոմացի աղջիկը
Ո՞վ էր։ Սողոմացի աղջիկը գեղեցիկ աղջիկ մըն էր որ կ’ապրէր գիւղի մը մէջ եւ Աստուածաշունչի «Երգ Երգոց» գիրքին գլխաւոր անձնաւորութիւնն է։ Աստուածաշունչը անոր անունը չի յայտներ։
Ի՞նչ ըրաւ։ Սողոմացի կոյսը հաւատարիմ մնաց իր սիրած հովիւին (Երգ Երգոց 2։16)։ Բայց հարուստ Սողոմոն թագաւոր անոր բացառիկ գեղեցկութիւնը նկատեց եւ փորձեց անոր սէրը շահիլ (Երգ Երգոց 7։6)։ Հակառակ անոր որ ուրիշներ սողոմացի աղջիկը քաջալերեցին որ Սողոմոնը ընտրէ, ան մերժեց։ Ան կը սիրէր իր աղքատ հովիւը եւ անոր հաւատարիմ էր (Երգ Երգոց 3։5. 7։10. 8։6)։
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սողոմացի աղջիկէն։ Սողոմացի աղջիկը համեստ տեսակէտ ունէր իր անձին հանդէպ, հակառակ անոր որ գեղեցիկ էր եւ ուրիշներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէր։ Ան չձգեց որ իր շուրջիններուն ճնշումը կամ հարստութիւն եւ հեղինակութիւն ունենալու խոստումները իր սիրելի հովիւին հանդէպ իր ունեցած սէրը մարեն։ Ան իր զգացումներուն վրայ տիրեց եւ բարոյապէս մաքուր մնաց։
Աստուածաշունչին մէջ յիշուած կիները ժամանակագրական շարքով
Ջրհեղեղ (Ք.Ա. 2370)
Եգիպտոսէն ելք (Ք.Ա. 1513)
Իսրայէլի առաջին թագաւորը (Ք.Ա. 1117)
Յիսուսին մկրտութիւնը (Ք.Ե. 29)
Յիսուսին մահը (Ք.Ե. 33)