Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի փոխարինէ բոլոր մարդկային կառավարութիւնները եւ ամբողջ երկրի վրայ իշխէ (Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 16։14)։ Այն ատեն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը...

  •   Մէջտեղէն պիտի վերցնէ չար մարդիկը, որոնց անձնասէր հոգին մեզի վնաս կը հասցնէ։ «Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին» (Առակաց 2։22

  •   Բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ։ «[Աստուած] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Սաղմոս 46։9

  •   Երկիր մոլորակը բարգաւաճ եւ ապահով վայր պիտի դարձնէ։ «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Միքիա 4։4

  •   Երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1

  •   Ամէն մարդու պիտի ապահովէ հաճելի եւ օգտակար գործ։ «[Աստուծոյ] ընտրածները իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին» (Եսայի 65։21-23

  •   Հիւանդութիւնները արմատէն պիտի վերցնէ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24

  •   Մեզ պիտի ազատէ ծերութենէ։ «Անոր մարմինը մանուկի մը մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ, եւ ան իր երիտասարդութեան օրերուն պիտի վերադառնայ» (Յոբ 33։25, ԱԾ

  •   Մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ։ «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29