Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է
Աստուածաշունչին պատասխանը
Արմագեդոն պատերազմը վերջնական պատերազմն է մարդկային կառավարութիւններուն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Նոյնիսկ հիմա, այս կառավարութիւնները եւ ատոնց կողմը դիրք բռնողները Աստուծոյ կը հակառակին եւ անոր չեն հնազանդիր (Սաղմոս 2։2)։ Անոր համար Արմագեդոն պատերազմը մարդկային կառավարութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Դանիէլ 2։44)։
Աստուածաշունչին մէջ «Արմագեդոն» բառը միայն մէկ անգամ կ’երեւի՝ Յայտնութիւն 16։16–ին մէջ։ Յայտնութիւն գիրքը կը մարգարէանայ որ «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը պիտի հաւաքուին տեղ մը «որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի», «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար» (Յայտնութիւն 16։14)։
Արմագեդոնին որո՞նք պիտի պատերազմին։ Յիսուս Քրիստոս երկնային բանակ մը պիտի առաջնորդէ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ, եւ անոնց յաղթէ (Յայտնութիւն 19։11-16, 19-21)։ Աստուծոյ թշնամիները անոնք են՝ որոնք իրեն կը հակառակին եւ զինք չեն յարգեր (Եզեկիէլ 39։7)։
Արմագեդոն պատերազմը Միջին Արեւելքի մէ՞ջ պիտի ըլլայ։ Ո՛չ։ Այս պատերազմը մէկ վայրի մէջ պիտի չըլլայ, հապա ամբողջ աշխարհի մէջ (Երեմիա 25։32-34. Եզեկիէլ 39։17-20)։
Եբրայերէն Արմագեդոն բառը, որ երբեմն ալ կը թարգմանուի «Հար–Մագեդոն», կը նշանակէ «Մակեդդովի լեռ»։ Անցեալին, Մակեդդովը քաղաք մըն էր Իսրայէլի մէջ։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ կարեւոր պատերազմներ կ’ըլլային հոն։ Եւ Աստուածաշունչին մէջ ատոնցմէ ոմանց մասին գրուած է (Դատաւորաց 5։19, 20. Դ. Թագաւորաց 9։27. 23։29)։ Բայց, չի կրնար ըլլալ որ Արմագեդոնը իրական վայր մը ըլլայ հին Մակեդդովի մօտ, քանի որ հոն մեծ լեռ չկայ եւ նոյնիսկ ատոր մօտ գտնուող Յեզրայէլի ձորին մէջ Աստուծոյ բոլոր թշնամիները չեն բաւեր։ Հապա, Արմագեդոնին, քաղաքական ուժերը կը հաւաքուին որ Աստուծոյ կառավարութեան դէմ պատերազմին։
Արմագեդոն պատերազմի ժամանակ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Մենք չենք գիտեր որ Աստուած իր զօրութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործածէ, բայց անցեալին ան գործածեց կարկուտը, երկրաշարժը, զօրաւոր անձրեւը, կրակ ու ծծումբը, կայծակը եւ հիւանդութիւնը, եւ ան կրնայ ատոնք նորէ՛ն գործածել (Յոբ 38։22, 23. Եզեկիէլ 38։19, ԱԾ, 22. Ամբակում 3։10, 11. Զաքարիա 14։12)։ Աստուծոյ կարգ մը թշնամիները ա՛յնքան իրար անցած պիտի ըլլան, որ իրար պիտի մեռցնեն. բայց անոնք պիտի անդրադառնան որ Աստուա՛ծ իրենց դէմ կը պատերազմի (Եզեկիէլ 38։21, 23. Զաքարիա 14։13)։
Արմագեդոնը աշխարհի վե՞րջն է։ Արմագեդոնը երկիրը պիտի չկործանէ, քանի որ Աստուած երկիրը մեզի տուած է՝ որ անոր վրայ յաւիտեան ապրինք (Սաղմոս 37։29. 96։10. Ժողովող 1։4)։ Ասկէ զատ, Արմագեդոնը բոլոր մարդիկը չի բնաջնջեր, հապա զանոնք պիտի ազատէ, քանի որ Աստուած պաշտող «մեծ բազմութիւն մը» պիտի փրկուի (Յայտնութիւն 7։9, 14. Սաղմոս 37։34)։
Աստուածաշունչին մէջ, երբեմն «աշխարհ» բառով ըսել կ’ուզուի՝ Աստուծոյ անհնազանդ մարդիկ (Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։ Ուրեմն այդ իմաստով է որ Արմագեդոնը «աշխարհիս վերջ»ն է (Մատթէոս 24։3)։
Արմագեդոն պատերազմը ե՞րբ պիտի ըլլայ։ Երբ Յիսուս կը խօսէր «մեծ նեղութիւն» մասին, որուն գագաթնակէտին Արմագեդոն պատերազմը տեղի պիտի ունենար, ըսաւ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս» (Մատթէոս 24։21, 36)։ Բայց եւ այնպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Արմագեդոնը տեղի պիտի ունենայ Յիսուսին անտեսանելի ներկայութեան ժամանակ, որ սկսաւ 1914–ին (Մատթէոս 24։37-39)։