Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ բնական աղէտներու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ բնական աղէտներու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Մեր օրերուն տեղի ունեցող բնական աղէտներուն պատճառը Աստուած չէ։ Բայց եւ այնպէս ան հետաքրքրուած է աղէտներէ տուժած մարդոցմով։ Աստուած մարդոց ցաւ եւ չարչարանք պատճառող ամէն բան պիտի վերցնէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ, մէջը ըլլալով՝ բնական աղէտները։ Մինչ այդ, ան բնական աղէտներէն տուժած մարդիկը կը մխիթարէ (Բ. Կորնթացիս 1։3

 Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ բնական աղէտները Աստուծմէ պատիժ չեն

 Աստուածաշունչի օրերուն, բնութեան ուժերը գործածելու Աստուծոյ կերպը շատ տարբեր էր այսօր տեղի ունեցող բնական աղէտներէն։

  •   Բնական աղէտները մարդոց անխտիր վնաս կը հասցնեն եւ կը սպաննեն։ Մինչդեռ երբ Աստուած դատաստան գործադրելու ըլլար, վստահ կ’ըլլար որ միայն չարերը պիտի բնաջնջուին։ Օրինակ, երբ ան անցեալի Սոդոմն ու Գոմորը քաղաքները կործանեց, բարի Ղովտին ու անոր երկու աղջիկներուն կեանքը խնայեց (Ծննդոց 19։29, 30)։ Այդ օրերուն, Աստուած ամէն մէկ անձի սիրտը կարդաց եւ բնաջնջեց միայն չարերը (Ծննդոց 18։23-32. Ա. Թագաւորաց 16։7

  •   Բնական աղէտները ընդհանրապէս առանց զգուշացումի կը հարուածեն։ Մինչդեռ Աստուած չարերը կը զգուշացնէր, առա՛ջ որ անոնց դէմ բնական աղէտներ գործածէր։ Անոնք՝ որոնք իր զգուշացումներուն ականջ կու տային, առիթ կ’ունենային այդ աղէտներէն ազատելու (Ծննդոց 7։1-5. Մատթէոս 24։38, 39

  •   Որոշ չափով, մարդի՛կ կարգ մը աղէտներ կը պատճառեն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ անոնք բնութեան վնաս կը հասցնեն եւ շինարարութիւններ կ’ընեն հոն՝ ուր մեծ հաւանականութիւն կայ որ երկրաշարժներ, հեղեղներ եւ ծայրայեղ օդի պայմաններ ըլլան (Յայտնութիւն 11։18)։ Պէտք չէ Աստուած մեղադրել մարդոց առած որոշումներուն եւ ատոնց հետեւանքներուն պատճառաւ (Առակաց 19։3

 Բնական աղէտները կը փաստե՞ն թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք

 Այո՛, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, որ «աշխարհի վախճանին» կամ «վերջին օրեր» ուն աղէտներ պիտի ըլլային (Մատթէոս 24։3, ՆԱ. Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Օրինակ, մեր օրերուն նկատմամբ Յիսուս ըսաւ. «Տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7)։ Շուտով, Աստուած վերջ պիտի դնէ բոլոր այն բաներուն, որոնք մարդոց ցաւ եւ չարչարանք կը պատճառեն, մէջը ըլլալով՝ բնական աղէտները (Յայտնութիւն 21։3, 4

 Աստուած ինչպէ՞ս կ’օգնէ բնական աղէտներէն տուժած մարդոց

  •   Աստուած բնական աղէտներէ տուժած անձերը կը մխիթարէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ։ Աստուածաշունչը մեզի կը վստահեցնէ, որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է եւ մեզի հետ կը զգայ՝ երբ տառապինք (Եսայի 63։9. Ա. Պետրոս 5։6, 7)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Աստուած կը խոստանայ, որ պիտի գայ ժամանակ մը, երբ ա՛լ բնական աղէտներ պիտի չըլլան (տե՛ս « Աստուածաշնչական մխիթարիչ համարներ՝ բնական աղէտներէն տուժած մարդոց համար»)։

  •   Աստուած բնական աղէտներէ տուժած անձերուն կ’օգնէ իր ծառաներուն միջոցաւ։ Աստուծոյ ծառաները կ’ընդօրինակեն Յիսուսը, որուն մասին մարգարէացուած էր որ պիտի մխիթարէր «կոտրած սիրտ ունեցողները» եւ «բոլոր սգաւորները»։ Աստուծոյ ծառաներն ալ ամէն ջանք կը թափեն, որ նոյնը ընեն (Յովհաննէս 13։15

     Աստուած իր ծառաներուն միջոցաւ գործնական գետնի վրա՛յ ալ կ’օգնէ բնական աղէտէ տուժածներուն։

Եհովայի վկաները գործնական գետնի վրայ կ’օգնեն ոլորամրրիկէ տուժած անձերու՝ Բորթօ Ռիքոյի մէջ

 Աստուածաշունչը կրնա՞յ օգնել, որ բնական աղէտներու պատրաստուինք

 Այո՛։ Հակառակ անոր որ Աստուածաշունչը չի գրուեցաւ մեզի բնական աղէտներու պատրաստելու նպատակով, բայց ատոր մէջ կը գտնենք օգտակար սկզբունքներ. օրինակ՝

  •   Կանխաւ ծրագրէ թէ ի՛նչ պիտի ընես, եթէ աղէտ մը հարուածէ։ «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Առակաց 22։3)։ Իմաստութիւն է սկիզբէն որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընենք եթէ անակնկալ պարագայ ծագի։ Ասոր մէջ կ’իյնայ անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ պատրաստել եւ ընտանեօք փորձ ընել, թէ ո՛ւր իրարու հետ պիտի տեսնուիք, երբ աղէտ մը հարուածէ։

  •   Կեանքդ պէտք է աւելի՛ կարեւոր սեպես, քան՝ ստացուածքդ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ» (Ա. Տիմոթէոս 6։7, 8)։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր տունը ձգել–քալելու եւ մեր ունեցածները մեր ետեւը ձգելու, որ կարենանք աղէտէ ազատիլ։ Լաւ կ’ըլլայ յիշենք, որ մեր կեանքը աւելի՛ կարեւոր է, քան՝ մեր ստացուածքը (Մատթէոս 6։25