Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ էին «երեք մոգերը»։ Աստուա՞ծ «իմաստուն տղամարդիկը» առաջնորդեց որ Բեթլեհէմի «աստղ»ին հետեւին

Ո՞վ էին «երեք մոգերը»։ Աստուա՞ծ «իմաստուն տղամարդիկը» առաջնորդեց որ Բեթլեհէմի «աստղ»ին հետեւին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Սուրբ Ծնունդի աւանդութեան համաձայն, նորածին Յիսուսը այցելող տղամարդիկը կը կոչուին «երեք իմաստուններ» կամ «երեք թագաւորներ»։ Բայց Աստուածաշունչը այս բառերը չի գործածեր (Մատթէոս 2։1)։ Մատթէոս աւետարանագիրը կը գործածէ յունարէն մագոյ բառը, որ հաւանաբար կ’ակնարկէ հմուտ աստղաբաշխներու եւ կախարդներու a։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ անոնք կը կոչուին՝ «աստղաբաշխներ» կամ «մոգեր» b։

 Քանի՞ «իմաստուն տղամարդիկ» Յիսուսին այցելեցին

 Աստուածաշունչին մէջ չի յիշուիր, թէ քանի՛ հոգի Յիսուսին այցելեցին։ Բայց անոնց քանակին մասին շատ մը աւանդութիւններ կան։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ որ, «արեւելեան աւանդութեան համաձայն, մոգերուն թիւը 12 էր, բայց արեւմտեան աւանդութեան համաձայն, անոնց թիւը 3 էր, հաւանաբար քանի որ մանուկին երեք նուէրներ տրուեցան՝ ‘ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս’ (Մատթէոս 2։11)» (Encyclopedia Britannica

 «Իմաստուն տղամարդիկ»ը թագաւորնե՞ր էին

 Հակառակ անոր որ Սուրբ Ծնունդի աւանդութեան համաձայն անոնք կը նկարագրուին որպէս թագաւորներ, բայց Աստուածաշունչը տե՛ղ մը անոնց մասին չ’ըսեր, որ թագաւորներ էին։ Համայնագիտարանի մը համաձայն, այդ նկարագրութիւնը դարեր ետք աւելցուեցաւ եւ աւանդութեան մաս կազմեց, որ «Յիսուսի ծննդեան պատմութիւնը աւելի ճոխ դառնայ» (Encyclopedia Britannica

 «Իմաստուն տղամարդոց» անունները ի՞նչ էին

 Աստուածաշունչը մոգերուն անունները չի յիշեր։ Համայնագիտարանի մը համաձայն, «անոնց անուններ տալը (օրինակ՝ Գասպար, Մելքոն եւ Բաղտասար) առասպելներու վրայ հիմնուած է» (The International Standard Bible Encyclopedia

 «Իմաստուն տղամարդիկը» ե՞րբ Յիսուսին այցելեցին

 Շատ հաւանաբար մոգերը Յիսուսին այցելեցին անոր ծնունդէն ամիսներ ետք։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Քանի որ Հերովդէս թագաւոր, որ կ’ուզէր Յիսուսը սպաննել, հրաման ըրաւ որ երկու տարեկան եւ անկէ վար եղող տղաքը սպաննուին։ Ան այս տարիքի սահմանը որոշեց մոգերէն ստացած տեղեկութիւններուն հիման վրայ (Մատթէոս 2։16

 Մոգերը Յիսուսին չայցելեցին անոր ծննդեան գիշերը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ» (Մատթէոս 2։11)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Յիսուսի ընտանիքը այդ ժամանակ կ’ապրէր տան մէջ եւ թէ Յիսուս այլեւս մսուրի մէջ քնացած նորածին չէր (Ղուկաս 2։16

 Աստուա՞ծ «իմաստուն տղամարդիկը» առաջնորդեց, որ Բեթլեհէմի «աստղ»ին հետեւին

 Ոմանք կը հաւատան, որ Աստուած «Բեթլեհէմի աստղը» ղրկեց, որ մոգերը առաջնորդէ Յիսուսին։ Նկատի առ թէ ինչո՛ւ պարագան այդպէս չէր.

  •   «Աստղ»ը մոգերը նախ Երուսաղէ՛մ առաջնորդեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, ու ըսին. ‘Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու’» (Մատթէոս 2։1, 2

  •   Հերովդէս թագաւո՛րը, եւ ոչ թէ «աստղ»ը, մոգերը Բեթլեհէմ առաջնորդեց։ Երբ Հերովդէս «հրեաներու թագաւոր»ին մասին լսեց, սկսաւ հարցուփորձ ընել, որ գիտնայ թէ Քրիստոսը ո՛ւր պիտի ծնէր (Մատթէոս 2։3-6)։ Երբ գիտցաւ որ Քրիստոս Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր, ան մոգերուն ըսաւ որ հոն երթան, մանուկը փնտռեն եւ երբ գտնեն, իրեն լուր տան։

     Ա՛յն ատեն է որ մոգերը Բեթլեհէմ գացին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ» (Մատթէոս 2։9

  •   «Աստղ»ին երեւիլը սկիզբ տուաւ քանի մը դէպքերու, որոնք Յիսուսին կեանքը վտանգի տակ դրին եւ անմեղ մանուկներու մահուան պատճառ դարձան։ Երբ մոգերը Բեթլեհէմէն հեռացան, Աստուած անոնց զգուշացում տուաւ, որ Հերովդէսին քով չդառնան (Մատթէոս 2։12

 Հերովդէս ի՞նչ ըրաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ Հերովդէս տեսաւ թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ սրդողեցաւ ու ղրկեց ջարդեց Բեթլեհէմի եւ անոր ամէն սահմաններուն մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց» (Մատթէոս 2։16)։ Անկարելի՛ է որ Աստուած այս գէշ դէպքերը պատճառէր (Յոբ 34։10

a Ք.Ա. 5–րդ դարու Հերոդոտոս անունով յոյն պատմաբան մը կ’ըսէ, որ իր օրերու մոգերը կը պատկանէին մարերու (պարսիկ) ցեղի մը, որ մասնագէտ էր աստղագիտութեան եւ երազներ բացատրելու մէջ։

b Տե՛ս «Նոր աշխարհի թարգմանութիւնը», «Արարատ» թարգմանութիւնը եւ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչը։ «Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչ»ին մէջ այս տղամարդիկը կը կոչուին՝ «իմաստուններ», բայց հոն չի յիշուիր թէ երեք հոգի էին։