Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական կառավարութիւն մըն է, որ Եհովա Աստուած ի՛նք հիմնած է։ Աստուածաշունչին մէջ, «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» կամ «արքայութիւնը» նաեւ կը կոչուի՝ «երկնքի թագաւորութիւն», քանի որ ատիկա երկինքէն կ’իշխէ (Մարկոս 1։14, 15. Մատթէոս 4։17)։ Անիկա շատ մը կերպերով կը նմանի մարդկային կառավարութիւններու, բայց ատոնց կը գերազանցէ։ Նկատի առ ինչո՛ւ.
Կառավարիչներ։ Աստուած նշանակած է Յիսուս Քրիստոսը որ իր Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլայ, եւ իրեն շա՛տ մեծ իշխանութիւն տուած է, որուն նմանը մէկը չունի (Մատթէոս 28։18)։ Յիսուս իր այս իշխանութիւնը կը գործածէ՝ միա՛յն լաւ բաներու համար, քանի որ վստահելի Առաջնորդ է եւ մարդոց հետ կը զգայ (Մատթէոս 4։23. Մարկոս 1։40, 41. 6։31-34. Ղուկաս 7։11-17)։ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, Յիսուս բոլոր ազգերէ անձեր զատած է, որոնք իրեն հետ երկինքէն ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։9, 10)։
Իշխանութեան տեւողութիւն։ Մարդկային կառավարութիւններուն հակառակը, որոնք ժամանակաւոր են, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «յաւիտեան պիտի չաւերուի» (Դանիէլ 2։44)։
Հպատակներ։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կը հնազանդին, կրնան իր Թագաւորութեան հպատակները ըլլալ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ծագումը եւ ծննդավայրը (Գործք 10։34, 35)։
Օրէնքներ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ունի օրէնքներ (կամ պատուիրաններ), որոնք ոչ միայն գէշ վարքը կ’արգիլեն, հապա իր Թագաւորութեան հպատակներուն կ’օգնեն, որ լաւ յատկութիւններ ունենան։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատթէոս 22։37-39)։ Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ սէրը Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներուն կ’օգնէ, որ դիմացինին շահերը հաշուի առնեն։
Կրթութիւն։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բարձր չափանիշներ ունի իր հպատակներուն համար, բայց ատիկա նաեւ անոնց կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս այդ չափանիշները ունենալ (Եսայի 48։ 17, 18)։
Նպատակ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր կառավարիչները չի հարստացներ իր հպատակներուն հաշւոյն։ Ընդհակառակը, ատիկա Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ. մէջը ըլլալով այն խոստումը, որ Աստուած սիրողները յաւիտեան պիտի ապրին դրախտային երկրի վրայ (Եսայի 35։ 1, 5, 6. Մատթէոս 6։10. Յայտնութիւն 21։1-4)։