Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ կոյս Մարիամին մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ կոյս Մարիամին մասին

  Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Մարիամը յատուկ առանձնաշնորհում ունեցաւ որ ծնունդ տայ Յիսուսին, երբ դեռ կոյս էր։ Այս հրաշքին մասին մարգարէացուած էր Աստուածաշունչի «Եսայի» գիրքին մէջ։ Իսկ անոր կատարման մասին գրուեցաւ Մատթէոս եւ Ղուկաս Աւետարաններուն մէջ։

 Օրինակ, Մեսիային ծնունդին մասին Եսային գրեց. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի» (Եսայի 7։14)։ Աստուծոյ սուրբ հոգիէն ներշնչուած՝ Մատթէոս աւետարանագիրը ցոյց տուաւ, որ Եսայիի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ այն ժամանակ՝ երբ Մարիամը Յիսուսով յղի մնաց։ Մարիամին հրաշքով յղի մնալուն մասին յայտնելէ ետք, Մատթէոս աւելցուց. «Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. ‘Ահա կոյսը a պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ’» (Մատթէոս 1։22, 23

 Ղուկաս աւետարանագիրը նոյնպէս գրեց Մարիամին հրաշքով յղի մնալուն մասին։ Ան գրեց, որ Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց «կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր» (Ղուկաս 1։26, 27)։ Մարիամի խօսքերն ալ ցոյց տուին, որ ան կոյս էր։ Երբ ան լսեց որ Յիսուսին՝ Մեսիային՝ մայրը պիտի դառնար, Գաբրիէլ հրեշտակին հարցուց. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր» (Ղուկաս 1։34

  Կոյս մը ինչպէ՞ս կրնար պզտիկ ունենալ

 Մարիամ յղի մնաց սուրբ հոգիին միջոցաւ, որ Աստուծոյ գործօն ուժն է (Մատթէոս 1։18)։ Մարիամին ըսուեցաւ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկաս 1։35) b։ Աստուած հրաշքով իր Որդիին կեանքը փոխադրեց Մարիամին արգանդը եւ այսպիսով Մարիամ յղի մնաց։

 Ինչո՞ւ Յիսուս կոյսէ ծնաւ

 Աստուած ընտրեց որ կոյս մը Յիսուսին ծնունդ տայ, որպէսզի ան կատարեալ մարդկային մարմին ունենայ եւ կարենայ մարդիկը ազատել մեղքէն ու մահէն (Յովհաննէս 3։16. Եբրայեցիս 10։5)։ Այնպէս կ’երեւի որ Աստուած՝ Յիսուսին կեանքը Մարիամին արգանդը փոխադրելէ ետք, իր սուրբ հոգին գործածելով, արգանդին մէջ զարգացող սաղմը պաշտպանեց, որ անոր որեւէ անկատարութիւն չի փոխանցուի (Ղուկաս 1։35

 Այսպիսով Յիսուս ծնաւ կատարեալ մարդ, ինչպէս որ Ադամ կատարեալ էր՝ մեղանչելէ առաջ։ Աստուածաշունչը Յիսուսին մասին կ’ըսէ. «Ան մեղք չգործեց» (Ա. Պետրոս 2։22)։ Կատարեալ մարդ ըլլալով, Յիսուս կրնար փրկանքը վճարել, որ մարդիկը ազատէ մեղքէն եւ մահէն (Ա. Կորնթացիս 15։21, 22. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6

 Արդեօք Մարիամ կո՞յս մնաց

 Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, որ Մարիամ կոյս մնաց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչէն կը սորվինք, որ Մարիամ ուրիշ զաւակներ ալ ունեցաւ (Մատթէոս 12։46. Մարկոս 6։3. Ղուկաս 2։7. Յովհաննէս 7։5

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր ունէր

 Մարիամի «Անարատ յղութեան» ուսուցումը ներդաշնա՞կ է Աստուածաշունչի սորվեցուցածին հետ

 Ո՛չ։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, որ «Անարատ յղութեան» ուսուցումին համաձայն, «կոյս Մարիամը ԱԴԱՄԱԿԱՆ ՄԵՂՔԷՆ զերծ էր իր կեանքին սկիզբէն իսկ, այսինքն՝ իր սաղմ եղած ատենէն իսկ։ Մնացեալ մարդկութիւնը կը ժառանգէ ադամական մեղքը...։ Բայց Մարիամ իրեն տրուած առանձնայատուկ ՇՆՈՐՀՔՈՎ՝ ամէն տեսակ կերպով պաշտպանուած էր ժառանգական մեղքէն» c (New Catholic Encyclopedia

 Մինչդեռ, Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ Մարիամ ադամական մեղքէն զերծ էր (Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, որ Մարիամ իր մեղաւոր ըլլալը ցոյց տուաւ, երբ որ մեղքի պատարագ կամ մեղք քաւելու զոհ մատուցանեց, ինչ որ մայրերէ պահանջուած էր՝ Մովսիսական օրէնքին համաձայն (Ղեւտացւոց 12։2-8. Ղուկաս 2։21-24)։ Վերը նշուած համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը չի սորվեցներ ‘Անարատ յղութեան’ մասին... Անիկա եկեղեցիին դրած մէկ ուսուցումն է» (New Catholic Encyclopedia

 Արդեօք պէ՞տք է Մարիամը մեծարենք

 Մարիամ ունէր հաւատք, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն եւ խոր հոգեւորութիւն։ Ան Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն մէկն էր եւ լաւ կ’ըլլայ որ իր օրինակին հետեւինք (Եբրայեցիս 6։12

 Հակառակ անոր որ Մարիամ յատուկ դեր ունեցաւ որպէս Յիսուսի մայրը, բայց Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ պէտք է Մարիամը պաշտենք կամ իրեն աղօթենք։ Յիսուս իր մօր յատուկ պատիւ չտուաւ, ոչ ալ իր հետեւորդներէն այդպիսի բան պահանջեց։ Իրականութեան մէջ, Մարիամին մասին կը յիշուի միայն Աւետարաններուն մէջ եւ մէկ անգամ «Գործք» գիրքին մէջ։ Նոր Կտակարանին մնացեալ 22 գիրքերուն մէջ, տե՛ղ մը չենք կարդար իր մասին (Գործք 1։14

 Աստուածաշունչին մէջ փաստ չկայ, որ առաջին դարու քրիստոնեաները Մարիամին յատուկ ուշադրութեան տուին եւ մեծարեցին։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ քրիստոնեաները պէտք է միա՛յն Աստուած պաշտեն (Մատթէոս 4։10

a Եսայիի մարգարէութեան մէջ անցած եբրայերէն ալ·մա բառը, որ «երիտասարդուհի» կը թարգմանուի, կրնայ ակնարկել կոյսի կամ ոչ–կոյսի։ Բայց Աստուծոյ սուրբ հոգիէն ներշնչուած, Մատթէոս գործածեց աւելի մասնայատուկ յունարէն բառ մը՝ բար·թենոս, որ կը նշանակէ «կոյս»։

b Ոմանք դէմ են «Աստուծոյ Որդի» արտայայտութեան գործածութեան, քանի որ կը կարծեն որ ատիկա կը նշանակէ թէ Աստուած սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ կնոջ մը հետ։ Բայց Աստուածաշունչը այսպիսի գաղափար մը չի սորվեցներ։ Անիկա Յիսուսը կը կոչէ «Աստուծոյ Որդի» եւ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը», քանի որ ան առաջինն է եւ միակը, որ ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ (Կողոսացիս 1։13-15)։ Աստուածաշունչը, առաջին մարդը՝ Ադամն՝ ալ կը կոչէ «Աստուծոյ որդի», քանի որ Աստուած ստեղծեց Ադամը (Ղուկաս 3։38

c Երկրորդ հրատարակութիւն, հատոր 7, էջ 331։