Անցնիլ բովանդակութեան

Հէլլոուինը ուրկէ՞ ծագում առած է

Հէլլոուինը ուրկէ՞ ծագում առած է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը չի խօսիր Հէլլոուինի մասին, որ ամէն տարի շատեր կը տօնեն հոկտեմբեր 31–ին։ Բայց Հէլլոուինին ծագումը եւ անոր հետ կապ ունեցող սովորութիւնները Աստուածաշունչին սորվեցուցածներուն կը հակասեն։

Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք...

 Հէլլոուինին պատմութիւնը եւ սովորութիւնները

  •   Սամհէյն։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ Հէլլոուինը կու գայ «անցեալի հեթանոսական փառատօնէ մը, որ կը տօնուէր կելտական ժողովուրդին կողմէ՝ աւելի քան 2000 տարի առաջ»։ Ատիկա կ’աւելցնէ. «Կելտերը կը հաւատային, թէ մահացած անձերու ոգիները Սամհէյնի ժամանակ աշխարհ կը վերադառնային։ Եւ թէ մարդիկ կրնային անոնց հետ ժամանակ անցընել» (The World Book Encyclopedia)։ Տես « Ինչո՞ւ Հէլլոուին կը կոչուի» մասը։

  •   Հէլլոուինի տարազներ, շաքարեղէններ եւ «Թրիք օր թրիթ» սովորութիւնը։ Գիրքի մը համաձայն, կելտերը վախնալիք տարազներ կը հագուէին, որ թափառող մեռելներու ոգիները «կարծեն, թէ անոնք ալ ոգիներ են» եւ անոնց վնաս չհասցնեն։ Ուրիշներ ոգիներուն շաքարեղէն կ’առաջարկէին, որ չանօթենան եւ մարդոց վնաս չհասցնեն a։

     Միջին դարերուն, կաթողիկէ կրօնականներ որդեգրեցին տեղական հեթանոսական սովորութիւնները եւ իրենց հետեւորդները քաջալերեցին, որ ծպտուած տարազներով տունէ տուն երթան եւ փոքրիկ նուէրներ խնդրեն։

  •   Ոգիներ, վամպիրներ (vampires), մարդագայլեր (werewolves), վհուկներ եւ զոմպիներ։ Հինէն ի վեր, ասոնք կապ ունին չար ոգիներու աշխարհի հետ։ Գիրքի մը մէջ, անոնք կը կոչուին «գերբնական հրէշներ», որոնք «կապ ունին մահուան, մեռելներուն կամ մահէ վախնալուն հետ» (Halloween Trivia

  •   Հէլլոուինի դդումը (կամ՝ Ճէքին լապտերը)։ Միջին դարերուն, Բրիտանիոյ մէջ, մարդիկ «տունէ տուն կ’երթային, որ աղօթք մը նուիրեն ընտանիքին մեռելներուն հոգիին»՝ ուտելիքի մը փոխարէն։ Անոնք իրենց հետ կը շալկէին առանց միջուկի շողգամէ լապտերներ, որոնց մէջ կը դնէին մոմ մը, որ կը խորհրդանշէր քաւարանին մէջ բանտարկուած մեռելին հոգին (Halloween—From Pagan Ritual to Party Night)։ Կարգ մը աղբիւրներ կ’ըսեն, որ լապտերները կը գործածուէին չար ոգիները հեռացնելու համար։ 1800–ականներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, շողգամին փոխարէն սկսաւ գործածուիլ դդումը, քանի որ ատիկա հոն առատօրէն կը գտնուէր եւ աւելի դիւրին էր ատիկա ծակել եւ վրան փորագրել։

 Խնդիր մը կա՞յ եթէ Հէլլոուինին ծագումը հեթանոսական է

 Այո՛։ Ճիշդ է որ կարգ մը մարդոց համար Հէլլոուինը անվնաս եւ հաճելի ժամանց է, բայց անոր հետ կապ ունեցող սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները Աստուածաշունչին սորվեցուցածներուն կը հակասեն։ Հէլլոուինը հիմնուած է սուտ հաւատալիքներու վրայ, որոնք կապ ունին մեռելներու եւ աներեւոյթ ոգիներու կամ դեւերու հետ։

 Այս համարները քեզի պիտի օգնեն տեսնելու, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կարծիքը Հէլլոուինի սովորութիւններուն մասին.

  •   «Ձեր մէջ... կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի» (Բ. Օրինաց 18։10-12

     Իմաստ. Աստուած չուրախանար, երբ մարդիկ փորձեն մեռելներուն հետ կապի մէջ մտնել կամ երբ տպաւորութիւն տան, որ այդպիսի բան կ’ընեն։

  •   «Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5

     Իմաստ. Քանի՛ որ մեռելները անգիտակից վիճակի մէջ են, չեն կրնար ողջ մարդոց հետ կապի մէջ մտնել։

  •   «Դեւերուն հաղորդակից [մի՛] ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը» (Ա. Կորնթացիս 10։20, 21

     Իմաստ. Անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել, պէտք չէ որեւէ կերպով դեւերուն հետ կապի մէջ մտնեն։

  •   «Սատանային հնարքներուն դէմ [դրէք]։ Վասն զի մեր պատերազմը... չար ոգիներուն հետ [է]» (Եփեսացիս 6։11, 12

     Իմաստ. Քրիստոնեաները պէտք է չար ոգիներուն դէմ դնեն եւ ոչ թէ անոնց հետ տօներ տօնեն։

a Տե՛ս Halloween: An American Holiday, an American History գիրքը, էջ 4։