Անցնիլ բովանդակութեան

Մարիամը Աստուծոյ մա՞յրն է

Մարիամը Աստուծոյ մա՞յրն է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Ո՛չ։ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, որ Մարիամը Աստուածամայրն է, ոչ ալ կ’ըսէ որ քրիստոնեաները պէտք է Մարիամը պաշտեն կամ մեծարեն a։ Նկատի առ այս կէտերը.

  •   Մարիամը բնաւ ինքզինք Աստուածամայր չսեպեց։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ ան ծնունդ տուաւ «Աստուծոյ Որդի»ին եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ (Մարկոս 1։1. Ղուկաս 1։32

  •   Յիսուս Քրիստոս բնաւ չըսաւ, թէ Մարիամ Աստուծոյ մայրն է կամ թէ ան յատուկ մեծարանքի արժանի է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս սրբագրեց կին մը, որ յատուկ ուշադրութիւն տուաւ Մարիամին երանելի դերին որպէս Յիսուսի մայրը, երբ ըսաւ. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։27, 28

  •   Աստուածաշունչին մէջ չենք գտներ «Աստուածամայր» եւ «Թէօթօգոս» (Աստուածածին) բառերը։

  •   Աստուածաշունչին մէջ յիշուած «Երկնքի թագուհի» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ո՛չ թէ Մարիամին, հապա՝ հաւատուրաց իսրայէլացիներուն պաշտած մէկ չաստուածուհիին (Երեմիա 44։15-19)։ «Երկնքի թագուհի»ն թերեւս բաբելոնացի չաստուածուհին՝ Իշթարն էր (Աստարտէ)։

  •   Առաջին դարու քրիստոնեաները Մարիամը չպաշտեցին, ոչ ալ անոր յատուկ պատիւ տուին։ Պատմաբան մը իր գիրքին մէջ կ’ըսէ, որ առաջին դարու քրիստոնեաները «մերժած ըլլալու էին անձնաւորութիւններ աստուածացնելը եւ հաւանաբար վախցան Մարիամին անտեղի ուշադրութիւն տալու, քանի որ ատիկա կրնար այնպիսի տպաւորութիւն տալ, որ անոնք աստուածուհի կը պաշտէին (In Quest of the Jewish Mary

  •   Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած միշտ գոյութիւն ունեցած է (Սաղմոս 90։1, 2. Եսայի 40։28)։ Քանի՛ որ ան սկիզբ չունի, չի կրնար ըլլալ որ ան մայր ունենայ։ Ասկէ զատ, անկարելի էր որ Մարիամը իր արգանդին մէջ Աստուած շալկէր, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ նոյնիսկ երկինքը չի կրնար Աստուած պարունակել (Գ. Թագաւորաց 8։27

Մարիամը Յիսուսին մայրն է եւ ոչ թէ՝ «Աստուծոյ մայրը»

  Մարիամը ծնունդով հրեայ էր եւ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր (Ղուկաս 3։23-31)։ Իր հաւատքին ու բարեպաշտութեան պատճառով, Մարիամ Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր (Ղուկաս 1։28)։ Անոր համար Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ, որ Յիսուսին մայրը դառնայ (Ղուկաս 1։31, 35)։ Յետագային, ան իր ամուսինէն՝ Յովսէփէն՝ ուրիշ զաւակներ ալ ունեցաւ (Մարկոս 6։3

  Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Մարիամը Յիսուսին աշակերտը դարձաւ. բայց ասկէ աւելի տեղեկութիւններ չկան իր մասին (Գործք 1։14

a Տարբեր յարանուանութիւններ կը սորվեցնեն, որ Մարիամը Աստուծոյ մայրն է։ Անոր մասին կ’ըսեն որ «երկնքի թագուհին» է, կամ ալ Թէօթօգոս–ն է,– «Աստուածածին» նշանակող յունարէն բառ մը։