Մեղքը ի՞նչ է
Աստուածաշունչին պատասխանը
Անհատ մը մեղք կը գործէ, երբ Աստուծոյ չափանիշներուն դէմ բան մը ընէ, զգայ կամ մտածէ, ինչպէս նաեւ՝ երբ Աստուծոյ օրէնքները կտրէ, ընելով բան մը որ Աստուծոյ աչքին սխալ կամ անիրաւ է (Ա. Յովհաննէս 3։4. 5։17)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ, թէ երբ որ մէկը ճիշդը ընելը գիտնայ՝ բայց չընէ, ատիկա մեղք է (Յակոբոս 4։17)։
Սուրբ Գիրքին բնագիր լեզուներուն մէջ, մեղք ըսել է «նշանակէտէն վրիպիլ» կամ շեղիլ։ Օրինակ՝ անցեալին, իսրայէլացիներուն մէջ կար խումբ մը զինուորներ, որոնք այնքա՛ն վարպետ էին պարսատիկով քար նետելուն մէջ, որ ‘չէին վրիպեր’։ Եթէ այդ արտայայտութիւնը բառացիօրէն պիտի թարգմանուի, կ’ըսուի՝ «մեղք չէին գործեր» (Դատաւորաց 20։16)։ Ուրեմն մեղք գործել ըսել է՝ Աստուծոյ կատարեալ չափանիշներէն վրիպիլ կամ շեղիլ։
Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, Աստուած իրաւունք ունի որ չափանիշներ դնէ մարդոց համար, այսինքն՝ ըսէ թէ ինչը ճիշդ է եւ ինչը սխալ (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Մենք մեր ըրածներուն համար հաշիւ պիտի տանք իրեն (Հռովմայեցիս 14։12)։
Կրնա՞նք բոլորովին մեղք չգործել
Ո՛չ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռովմայեցիս 3։23. Գ. Թագաւորաց 8։46. Ժողովող 7։20. Ա. Յովհաննէս 1։8)։ Ինչո՞ւ։
Ադամն ու Եւան սկիզբը մեղաւոր չէին, քանի որ կատարեալ ստեղծուած էին՝ Աստուծոյ պատկերով (Ծննդոց 1։27)։ Բայց անոնք անկատար եղան երբ Աստուծոյ անհնազանդ եղան (Ծննդոց 3։5, 6, 17-19)։ Երբ անոնք զաւակներ ունեցան, անոնց փոխանցեցին մեղքը եւ անկատարութիւնը (Հռովմայեցիս 5։12)։ Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը այս իրողութիւնը հաստատեց, ըսելով. «Ես անօրէնութիւնով ծնայ» (Սաղմոս 51։5)։
Կա՞ն մեղքեր որոնք ուրիշներէ աւելի գէշ են
Այո՛։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Սոդոմի մարդիկը «խիստ չար ու մեղաւոր էին» եւ անոնց մեղքը ‘խիստ ծանր’ էր (Ծննդոց 13։13. 18։20)։ Տե՛ս թէ ի՛նչ երեք բաներու հիման վրայ կրնանք ըսել, որ որոշ մեղք մը որքա՛ն լուրջ է։
Մեղքին որքա՛ն ծանր ըլլալը։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը զգուշացնէ, որ այսպիսի լուրջ մեղքեր չգործենք. սեռային անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, գողութիւն, գինովութիւն, յափշտակութիւն, մարդասպանութիւն եւ ոգեհարցութիւն (Ա. Կորնթացիս 6։9-11. Յայտնութիւն 21։8)։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ ասոնք տարբեր են այն մեղքերէն, որ մէկը առանց մտածելու եւ ուզելու կը գործէ. օրինակ՝ խօսքով կամ գործով ուրիշը վիրաւորել (Առակաց 12։18. Եփեսացիս 4։31, 32)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ պէտք չէ թեթեւի առնենք որեւէ տեսակի մեղքերը, քանի որ ատոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ անհատ մը աւելի լուրջ մեղքեր գործէ (Մատթէոս 5։27, 28)։
Մեղքին պատճառը։ Կարգ մը մարդիկ մեղք կը գործեն, քանի որ չեն գիտեր թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ իրենցմէ (Գործք 17։30. Ա. Տիմոթէոս 1։13)։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ այսպիսի մեղքեր ընդունելի են, բայց կը ցուցնէ որ ատոնք տարբեր են այն մեղքերէն, որ անհատ մը գիտնալով Աստուծոյ օրէնքը կը կտրէ (Թուոց 15։30, 31)։ Ան որ գիտնալով մեղք կը գործէ՝ «չար սիրտ» ունի (Երեմիա 16։12)։
Մեղք գործելը սովորութիւն դարձա՞ծ է կամ ոչ։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ տարբերութիւն կայ միայն մէկ անգամ մեղք գործելուն եւ երկար ժամանակ շարունակ մեղք գործելուն միջեւ (Ա. Յովհաննէս 3։4-8)։ Աստուած յանցաւոր պիտի գտնէ այն անհատները, որոնք շարունակ ‘կամաւ մեղք կը գործեն’, նոյնիսկ ճիշդը ընելը գիտնալնէն ետք (Եբրայեցիս 10։26, 27)։
Լուրջ մեղք գործողները կրնան շատ գէշ զգալ իրենց սխալներուն պատճառով, ինչպէս որ Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. «Անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան» (Սաղ. 38։4)։ Բայց Սուրբ Գիրքը այս յոյսը կու տայ. «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7)։