Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդին կը կոչուի
Աստուածաշունչին պատասխանը
Սուրբ Գիրքը շատ անգամ Յիսուսը կը կոչէ «Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս 1։49)։ «Աստուծոյ Որդի» արտայայտութիւնը կը ցուցնէ որ Աստուած Ստեղծիչն է, կամ՝ կեանքի Աղբիւրը, մէջը ըլլալով Յիսուսի կեանքին աղբիւրը (Սաղմոս 36։9. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Սուրբ Գիրքը չի սորվեցներ որ Աստուած բառացիօրէն ծնաւ զաւակ մը, ճիշդ ինչպէս որ մարդ արարածը զաւակներ կ’ունենայ։
Սուրբ Գիրքը հրեշտակներն ալ կը կոչէ «Աստուծոյ որդիները» (Յոբ 1։6)։ Եւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ առաջին մարդը՝ Ադամ, ‘Աստուծոյ որդի’ էր (Ղուկաս 3։38)։ Բայց քանի որ Յիսուս Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն էր եւ միակ անձն էր, որ ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ, Սուրբ Գիրքը Յիսուսին մասին կ’ըսէ, որ Աստուծոյ յատուկ Որդին է։
Յիսուս երկինքի՞ն մէջ կ’ապրէր երկրի վրայ ծնելէ առաջ։
Այո՛, Յիսուս երկինքին մէջ հոգեղէն արարած մըն էր երկրի վրայ որպէս մարդ ծնելէ առաջ։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ» (Յովհաննէս 6։38. 8։23)։
Աստուած Յիսուսը ստեղծեց ուրիշ որեւէ բան ստեղծելէ առաջ։ Սուրբ Գիրքը Յիսուսը կը կոչէ.
«Բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» (Կողոսացիս 1։15)։
«Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը» (Յայտնութիւն 3։14)։
Յիսուս կատարեց այն մարգարէութիւնը, որ կը խօսի այն անձին մասին, որուն «ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է» (Միքիա 5։2. Մատթէոս 2։4-6)։
Յիսուս ի՞նչ կ’ընէր երկիր գալէ առաջ։
Ան բարձր դիրք ունէր երկինքին մէջ։ Ան այս դիրքին ակնարկեց երբ աղօթեց. «Ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս... այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի» (Յովհաննէս 17։5)։
Ան իր Հօր օգնեց միւս բոլոր բաները ստեղծելու։ Յիսուս որպէս «ճարտարապետ» աշխատեցաւ Աստուծոյ հետ (Առակաց 8։30)։ Սուրբ Գիրքը Յիսուսին մասին կ’ըսէ. «Անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ» (Կողոսացիս 1։16)։
Աստուած Յիսուսին միջոցաւ ստեղծեց միւս բոլոր բաները՝ հրեշտակները եւ ֆիզիքական տիեզերքը (Յայտնութիւն 5։11)։ Աստուծոյ եւ Յիսուսին միջեւ եղած այս համագործակցութիւնը ձեւով մը կը նմանի այն պարագային, երբ անհատ մը շէնքի մը յատակագիծը կը դնէ, եւ ուրիշ մը ատոր համաձայն շէնքը կը կառուցանէ։
Ան «Բանն» էր կամ Խօսքն էր։ Յիսուսին նախամարդկային կեանքին մասին խօսելով, Սուրբ Գիրքը Յիսուսը կը կոչէ «Բանը», կամ՝ Խօսքը (Յովհաննէս 1։1)։ Ասիկա յստակօրէն կը նշանակէ, որ Աստուած իր Որդիին միջոցաւ՝ տեղեկութիւններ եւ ցուցմունքներ փոխանցեց միւս հոգեղէն արարածներուն։
Այնպէս կ’երեւի թէ Աստուած Յիսուսին միջոցաւ կը խօսէր նաեւ մարդոց հետ երկրի վրայ։ Շատ հաւանաբար, Աստուած Յիսուսին միջոցաւ էր որ ցուցմունքներ տուաւ Ադամին ու Եւային Եդեմի պարտէզին մէջ (Ծննդոց 2։16, 17)։ Հաւանաբար Յիսուս էր այն հրեշտակը, որ իսրայէլացիները առաջնորդեց անապատին մէջ, եւ որուն անոնք պէտք էր որ լրջօրէն հնազանդէին (Ելից 23։20-23) a։
a Յիսուս միակ հրեշտակը չէր, որուն միջոցաւ Աստուած կը խօսէր։ Օրինակ, Աստուած իր միածին Որդիէն զատ ուրիշ հրեշտակներ ալ գործածեց, որ իր Օրէնքը փոխանցէ իսրայէլացիներուն (Գործք 7։53. Գաղատացիս 3։19. Եբրայեցիս 2։2, 3)։