Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս պարզապէս լա՞ւ մարդ էր

Յիսուս պարզապէս լա՞ւ մարդ էր

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Յիսուս ոչ միայն լաւ մարդ էր, հապա՝ մարդկային պատմութեան մէջ ամէնէն շատ ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւնը։ Նկատի առ թէ կարգ մը անուանի պատմաբաններ եւ գրագէտներ ի՛նչ ըսած են իր մասին.

 «Նազովրեցի Յիսուսը... անկասկած ամէնէն յայտնի անձնաւորութիւնը եղած է պատմութեան մէջ» (Հ. Ճ. Ուէլզ, անգլիացի պատմաբան)։

 «Յիսուս այս մոլորակին վրայ ապրած եւ մարդոց վրայ ամէնէն մեծ ազդեցութիւն ունեցած անձնաւորութիւնն է։ Եւ անոր ազդեցութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի» (Գեննեթ Սքոթ, ամերիկացի պատմաբան եւ հեղինակ)։

 Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ Յիսուսը ինչո՛ւ մարդոց վրայ ամէնէն մեծ ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւնն է։ Երբ Յիսուս իր մօտիկ հետեւորդներուն հարցուց, թէ ո՛վ կը կարծեն որ է, անոնցմէ մէկը ճիշդ պատասխանը տուաւ, երբ ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս 16։16