Պէ՞տք է սուրբերու աղօթեմ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Ո՛չ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ պէտք է միայն Աստուծոյ աղօթենք՝ Յիսուսին անունով։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’» (Մատթէոս 6։9)։ Յիսուս իր աշակերտներուն բնաւ չըսաւ որ աղօթեն սուրբերու, հրեշտակներու կամ ուրիշ ոեւէ մէկու։
Յիսուս իր հետեւորդներուն նաեւ ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Աստուած միայն Յիսուսին հեղինակութիւն տուած է որ մեզի համար բարեխօսէ (Եբրայեցիս 7։25)։
Չե՞մ կրնար թէ՛ Աստուծոյ աղօթել եւ թէ սուրբերուն
Տասը պատուիրաններէն մէկուն մէջ Աստուած ըսաւ. «Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ» (Ելից 20։5)։ Աստուած հոս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Երբ Սատանան Յիսուսին մօտեցաւ որ փորձէ, պատասխաններէն մէկը որ Յիսուս իրեն տուաւ այս էր. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Մատթէոս 4։10)։ Ուրեմն, Աստուած կը պահանջէ որ մեր պաշտամունքը, մէջ ըլլալով մեր աղօթքները, միայն իրեն ներկայացուի (Եսայի 48։11)։
Մենք Աստուած կը վիրաւորենք երբ ուրիշի աղօթենք, նոյնիսկ սուրբերու կամ սուրբ հրեշտակներու։ Երբ Յովհաննէս առաքեալ հրեշտակի մը երկրպագութիւն պիտի ընէր, հրեշտակը չձգեց եւ ըսաւ. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ» (Յայտնութիւն 19։10)։