«Վերջին օրեր»ուն կամ «վերջի ժամանակին» նշանը ի՞նչ է»
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ դէպքեր, պայմաններ եւ մարդկային կեցուածքներ, որոնք պիտի տիրէին «աշխարհիս վերջին» (Մատթէոս 24։3)։ Աստուածաշունչը այս ժամանակաշրջանը կը կոչէ՝ «վերջին օրեր» կամ «վերջի ժամանակ» (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Դանիէլ 8։19)։
Ի՞նչ են «վերջին օրեր»ու մասին կարգ մը մարգարէութիւններ
Աստուածաշունչը մարգարէացաւ, որ շատ մը դէպքեր միասնաբար պիտի կազմէին վերջին օրերուն «նշանը» (Ղուկաս 21։7)։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ.
Աշխարհի չորս կողմը՝ պատերազմներ։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։7)։ Նոյնպէս, Յայտնութիւն 6։4–ը մարգարէացաւ այլաբանական ձիաւորի մը մասին, որ կը ներկայացնէ պատերազմը, եւ «երկրէն խաղաղութիւնը [կը] վերցնէ»։
Սով։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Սովեր... պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7)։ Յայտնութիւն գիրքը մարգարէացաւ ուրիշ այլաբանական ձիաւորի մը մասին, որուն արշաւը պատճառ պիտի դառնար որ մեծ սովեր ըլլային (Յայտնութիւն 6։5, 6)։
Մեծ երկրաշարժներ։ Յիսուս ըսաւ, որ «տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ» պիտի ըլլային (Մատթէոս 24։7. Ղուկաս 21։11)։ Աշխարհի չորս կողմը պատահող այս մեծ երկրաշարժները առաջուընէ շատ աւելի մարդոց չարչարանքին եւ մահուան պատճառ պիտի ըլլային։
Հիւանդութիւն։ Յիսուսին համաձայն, «մահտարաժամներ» կամ ժանտախտներ պիտի ըլլային (Ղուկաս 21։11)։
Ոճիր։ Ճիշդ է որ դարերէ ի վեր ոճիրներ կ’ըլլան, բայց Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն ‘անօրէնութիւնը պիտի շատնար’ (Մատթէոս 24։12)։
Երկիր մոլորակի ապականում։ Յայտնութիւն 11։18–ը մարգարէացաւ, որ մարդիկ Երկիրը ‘պիտի ապականէին’։ Անոնք ասիկա պիտի ընէին շատ մը կերպերով. ոչ թէ միայն վայրագ եւ փտած վարքով, հապա նաեւ՝ միջավայրին վնաս հասցնելով։
Գէշ յատկութիւններ։ Բ. Տիմոթէոս 3։1-4–ին մէջ, Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ մարդոցմէ շատեր պիտի ըլլային «ապերախտ, անսուրբ,... անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ»։ Այս յատկութիւնները ա՛յնքան ծայրայեղ պիտի դառնային, որ այդ ժամանակաշրջանը տեղին ըլլալով կարելի պիտի ըլլար նկարագրել որպէս՝ «դժուար ժամանակներ», (ՆԹ)։
Ընտանեկան տկար կապեր։ Բ. Տիմոթէոս 3։2, 3–ին մէջ, Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ շատեր «անգութ» պիտի ըլլային իրենց ընտանիքի անդամներուն հանդէպ եւ զաւակները «ծնողներու անհնազանդ» պիտի ըլլային։
Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ պակաս։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Շատերուն սէրը պիտի պաղի» (Մատթէոս 24։12)։ Յիսուս ըսել ուզեց որ մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուծոյ հանդէպ նուազ սէր պիտի ունենային։ Նոյնպէս, Բ. Տիմոթէոս 3։4–ը կ’ըսէ, որ վերջին օրերուն այսպիսիներ պիտի ըլլային «աւելի հեշտասէր քան թէ Աստուածասէր»։
Կրօնական կեղծաւորութիւն։ Բ. Տիմոթէոս 3։5–ին մէջ, Աստուածաշունչը կը մարգարէանայ, որ մարդիկ պիտի ձեւացնէին Աստուած պաշտել, բայց իրականութեան մէջ անոր դրած չափանիշներուն համաձայն պիտի չապրէին։
Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու աւելի շատ հասկացողութիւն։ Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը մարգարէացաւ, որ «վերջին ժամանակ»ին շատեր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը աւելի լաւ պիտի հասկնային, մէջը ըլլալով՝ այս մարգարէութիւններուն ճշգրիտ հասկացողութիւնը (Դանիէլ 12։4)։
Համաշխարհային քարոզչութիւն։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)։
Համատարած անտարբերութիւն եւ ծաղրանք։ Յիսուս մարգարէացաւ, որ շատեր պիտի անտեսէին այս աշխարհի վերջին յստակ փաստը (Մատթէոս 24։37-39)։ Ասկէ զատ, Բ. Պետրոս 3։3, 4–ը մարգարէացաւ, որ ոմանք այդ փաստը պիտի ծաղրէին եւ մերժէին։
Բոլոր մարգարէութիւններուն կատարումը։ Յիսուս ըսաւ, որ վերջին օրերուն այս բոլոր մարգարէութիւնները նոյն ատեն պիտի կատարուէին, եւ ոչ թէ միայն՝ ատոնցմէ ոմանք կամ ատոնց մեծամասնութիւնը (Մատթէոս 24։33)։
«Վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրի՞նք
Այո՛։ Աշխարհի վրայ տիրող պայմանները եւ Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տան, թէ վերջին օրերը սկսան 1914–ին,– այն տարին՝ երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը պայթեցաւ։ Տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս երկրի վրայ տիրող պայմանները ցոյց կու տան, որ մենք կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ, դիտէ՛ այս վիտէոն.
1914–ին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել երկինքի մէջ, եւ ատոր ըրած առաջին բաներէն էր՝ Բանսարկու Սատանան եւ անոր դեւերը երկինքէն վռնտել եւ անոնց գործունէութիւնը սահմանափակել երկրի վրայ (Յայտնութիւն 12։7-12)։ Մարդոց վրայ Սատանային գէշ ազդեցութիւնը յստակ կերպով կ’երեւի, երբ տեսնենք անոնց գէշ յատկութիւններն ու վարքը, որոնք վերջին օրերը «դժուար ժամանակներ» (ՆԹ) կը դարձնեն (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։
Շատեր կը նեղանան այս դժուար օրերուն պատճառով։ Անոնք մտահոգ են, տեսնելով որ մարդիկ ա՛լ չեն գիտեր իրարու հետ ինչպէ՛ս ապրիլ։ Ոմանք նոյնիսկ կը վախնան, որ մարդիկ իրար պիտի կործանեն։
Իսկ ուրիշներ, որոնք նոյնպէս կը նեղանան աշխարհի պայմաններէն, ապագայի նկատմամբ յոյս ունին։ Անոնք համոզուած են, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ օրէն պիտի միջամտէ եւ երկրի բոլոր խնդիրներուն վերջ դնէ (Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Անոնք համբերութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ, որ իր խոստումները կատարէ եւ կը մխիթարուին Յիսուսի այս խօսքով. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատթէոս 24։13. Միքիա 7։7)։