Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Ինչպէ՞ս կրնամ նիհարնալ

Ինչպէ՞ս կրնամ նիհարնալ

 Պէ՞տք է նիհարնամ

 Կարգ մը պատանիներ կ’ըսեն, որ կ’ուզեն նիհարնալ, բայց...

  •   Շատեր աւելի մտահոգուած են իրենց տեսքով, քան՝ առողջութեամբ։ Քանի մը քիլօ իջնելու համար, շատեր դիւրին լուծումներու կը դիմեն. օրինակ, օրական մէկ կամ երկու անգամ կ’ուտեն կամ ալ նիհարնալու յատուկ դեղեր կ’առնեն։ Այս մեթոտները շատ անգամ անօգուտ են եւ երբեմն նոյնիսկ՝ վտանգաւոր։

     «Կարգ մը աղջիկներ իրենք զիրենք սովի կը մատնեն։ Բայց շատ անգամ ասիկա վնասակար կ’ըլլայ եւ իրենց մարմինը աւելի երկար ժամանակի պէտք կ’ունենայ, որ ետ ինքզինք գտնէ» (Հէյլի)։

  •   Շատեր անտեղի մտահոգութիւն ունին իրենց կշիռքին նկատմամբ։ Անոնք բնական կշիռք կ’ունենան, բայց կը զգան որ գէր են, երբ որ իրենք զիրենք բաղդատեն իրենց տարեկիցներուն կամ այն «կատարեալ մարմինին», որ ընկերային ցանցերը կը քաջալերեն։

     «Երբ 13 տարեկան էի, ինքզինքս կը բաղդատէի ընկերներուս հետ։ Կը կարծէի որ եթէ իրենց աւելի նմանիմ, աւելի պիտի սիրուիմ։ Ասիկա կը նշանակէր, որ պէտք էր շատ նիհար ըլլայի» (Փաուլա)։

 Միւս կողմէ, կարգ մը պատանիներ պէ՛տք է որ նիհարնան։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը տեղեկագրէ...

  •   Ամբողջ աշխարհի մէջ, մօտ 340 միլիոն պզտիկներ եւ պատանիներ, որոնք 5-19 տարեկան են, աւելորդ կշիռք ունին։

  •   1975–ին, անոնցմէ միայն 4 առ հարիւրը աւելորդ կշիռք ունէր, իսկ 2016–ին այդ թիւը բարձրացաւ 18 առ հարիւրի։

  •   Աշխարհի երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ, աւելի գիրուկ անձեր կան, քան՝ նիհար անձեր։

  •   Գիրութիւնը աղքատ երկիրներուն մէջ ալ սովորական է, նոյնիսկ այն ընտանիքներուն մէջ, որոնց անդամները առողջ սնունդ չեն առներ։

 Նիհարնալու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է

 Ո՞ր մեթոտը կ’ընտրէիր...

  1.   Օրական մէկ (կամ երկու) անգամ ուտել։

  2.   Մարզանք ընել եւ հաւասարակշռուած սննդականոնի հետեւիլ։

  3.   Նիհարնալու յատուկ դեղեր առնել։

 Ճիշդ պատասխանը. Երկրորդ մեթոտը. Մարզանք ընել եւ հաւասարակշռուած սննդականոնի հետեւիլ։

 Այո՛, թերեւս քանի մը քիլօ իջնես երբ օրական մէկ–երկու անգամ ուտես կամ երբ որոշես չուտել սննդամթերքի որոշ խումբ մը, բայց այս մեթոտները առողջապահական չեն։ Եւ շատ հաւանական է, որ ետ քանի մը քիլօ աւելի կշռես, երբ սկսիս առաջուան պէս ուտել։

 Բայց եթէ նպատակ դնես որ առողջ ըլլաս, աւելի լաւ տեսք պիտի ունենաս եւ աւելի հանգիստ պիտի զգաս։ «Ամէնէն ապահով, առողջ եւ մնայուն արդիւնքներու կը հասնիս, երբ որ... ապրելակերպդ այնպէս մը փոխես եւ ունենաս այնպիսի սովորութիւններ, որոնք կրնաս պահել մինչեւ կեանքիդ վերջը», կը գրէ Բժշ. Մայքըլ Պրէյտլի a։ Կէտը ի՞նչ է։ Եթէ պէտք է որ նիհարնաս, մի՛ մտածեր ինչպիսի՛ սննդականոնի հետեւելու մասին, հապա ապրելակերպդ փոխելու մասին։

 Ի՛նչ կրնաս ընել

 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, որ «սովորութիւններու մէջ չափաւոր» ըլլանք, մէջը ըլլալով՝ ուտելու մեր սովորութիւններուն մէջ (Ա. Տիմոթէոս 3։11, ՆԱ)։ Ատիկա նոյնիսկ կը զգուշացնէ, որ որկրամոլ կամ շատակեր չըլլանք (Առակաց 23։20. Ղուկաս 21։34)։ Այս սկզբունքները ի մտի ունենալով, այս առաջարկները փորձէ որ աւելի առողջ ապրելակերպ ունենաս.

  •   Տեղեկութիւններ առ առողջ կերպով սնունդ առնելու մասին։

     Պէտք չունիս ծայրայեղութեան երթալու։ Բայց սնունդի մասին քիչ մը տեղեկութիւն առնելը կրնայ քեզի օգնել, որ հաւասարակշռուած սննդականոնի հետեւիս, քանի որ ատիկա լաւագոյն կերպն է որ յարմար կշիռքը ունենաս։

  •   Կանոնաւորաբար մարզանք ըրէ։

     Մտածէ թէ օրուան ընթացքին ի՛նչ կրնաս ընել, որ աւելի շարժիս։ Օրինակ, վերելակ առնելու տեղ, աստիճանները գործածէ։ Կէս ժամ քիչ վիտէօ–խաղերով զբաղիր եւ դուրս ե՛լ, մաքուր օդ շնչէ ու քալէ։

  •   «Ճանք ֆուտ»ին տեղ առողջ ուտելիքներ կեր։

     «Կը փորձեմ հետս միշտ պտուղներ կամ բանջարեղէն ունենալ», կ’ըսէ Սոֆիա անունով պատանուհի մը։ «Ասանկով աւելի քիչ վնասակար ուտելիքներ կ’ուտեմ»։

  •   Կամաց կեր։

     Կարգ մը մարդիկ ա՛յնքան արագ կ’ուտեն, որ չեն «լսեր» երբ իրենց մարմինը կ’ըսէ՝ «կեցիր»։ Անոր համար կամաց–կամաց կեր։ Քիչ մը դադար առ, առաջ որ աւելի՛ ուտես։ Թերեւս տեսնես որ այդքան ալ անօթի չես։

  •   Տես թէ ուտելիքիդ մէջ որքա՛ն ջերմուժ (calorie) կայ։

     Սնունդի բաղադրութիւնը կարդա՛, տեսնելու համար թէ որքա՛ն ջերմուժ կայ ուտելիքիդ մէջ։ Գիտցիր որ զովացուցիչներուն, «ֆասթ ֆուտ»ին եւ անուշեղէններուն մէջ շատ ջերմուժ կայ եւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ գիրնաս։

  •   Հաւասարակշռուած եղիր։

     16 տարեկան Սառան կ’ըսէ. «Ատեն մը ա՛յնքան տարուած էի ջերմուժ հաշուելով, որ երբ պնակ մը ճաշի նայէի, միայն թիւեր կը տեսնէի»։ Ուրեմն, «ջերմուժի հաշուապահ» մի՛ դառնար։ Ատենը մէյ մը, կրնաս դուն քեզ շփացնել եւ բարձր ջերմուժ ունեցող սիրած մէկ ճաշդ ուտել։

 Առաջարկ. Բժիշկիդ հետ խօսիր կշիռքիդ վերաբերեալ քեզ մտահոգող հարցերու մասին։ Ան կրնայ հաշուի առնել առողջապահական պարագադ եւ քեզի ըսել թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ կրնաս մտցնել ապրելակերպիդ մէջ, որ լաւ արդիւնքներու հասնիս։

a Առնուած այս գիրքէն՝ When Things Get Crazy With Your Teen։