Անձնական տուեալներու գործածութիւն. Սպանիա
Երբ անհատ մը հրատարակիչ դառնայ, ան կ’ընդունի որ Եհովայի վկաներուն համաշխարհային կրօնական կազմակերպութիւնը,– մէջը ըլլալով Եհովայի վկաներուն տեղական ժողովքը, տեղական մասնաճիւղը եւ Եհովայի վկաներուն հետ համագործակցող կազմակերպութիւններ,– իր անձնական տուեալները օրինաւոր կերպով գործածէ՝ ի նպաստ կազմակերպութեան կրօնական օրինաւոր նպատակներուն։ Ինչպէս որ Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գրքին մէջ նշուած է, հրատարակիչները յօժարաբար անձնական տուեալներ կու տան իրենց ժողովքին, որպէսզի կարենան իրենց պաշտամունքին հետ կապուած կրօնական գործունէութիւններու մասնակցիլ եւ հոգեւոր գետնի վրայ օգնութիւն ստանալ (Ա. Պետրոս 5։2)։
Հրատարակիչները կրնան յաւելեալ անձնական տուեալներ տալ Եհովայի վկաներուն, մինչ կրօնական ուրիշ գործունէութիւններու կը մասնակցին։ Անձնական տուեալներով ըսել կ’ուզենք՝ անհատին անունը, ծննդեան թուականը, սեռը, մկրտութեան թուականը, հեռախօսիկին թիւը կամ որեւէ տեղեկութիւն որ կապ ունի իր հոգեւոր վիճակին, դաշտի ծառայութեան գործունէութեան կամ որեւէ դերին՝ որպէս Եհովայի վկայ։ Անձնական տուեալները կրնան պարփակել հրատարակիչին կրօնական հաւատալիքները եւ ուրիշ անձնական զգայուն տեղեկութիւններ։ Անձնական տուեալներ գործածելը կը նշանակէ՝ այդ տուեալները հաւաքել, արձանագրել, կազմակերպել, կարգաւորել եւ պահել եւ այդ տուեալներուն վերաբերեալ կատարուած նոյնանման գործողութիւններ։
Այս երկրին մէջ «Տուեալներու պաշտպանութեան օրէնք»ն է.
Organic Law on the Protection of Personal Data and General Data Protection Regulation (EU) 2016/679
Այս «Տուեալներու պաշտպանութեան օրէնք»ին տակ, հրատարակիչները կ’ընդունին, որ Եհովայի վկաները իրենց անձնական տուեալները գործածեն կրօնական նպատակներու համար, մէջը ըլլալով՝
մասնակցիլ Եհովայի վկաներուն տեղական ժողովքին որեւէ ժողովին եւ որեւէ կամաւոր գործունէութեան կամ ծրագրին,
մասնակցիլ ժողովի կամ համաժողովի, որ կ’արձանագրուի եւ կը սփռուի աշխարհի չորս կողմը գտնուող Եհովայի վկաներուն հոգեւոր կրթութեան համար,
ժողովքին մէջ կատարել որեւէ նշանակում կամ դեր, ինչ որ կը պարփակէ հրատարակիչին անունը եւ նշանակումը դնել Եհովայի վկաներուն Թագաւորութեան սրահին տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ,
Ժողովքի հրատարակիչի արձանագրութիւն քարտը նորոգել,
Եհովայի վկաներուն երէցներուն կողմէ հովուական այցելութիւն եւ հոգատարութիւն ստանալ (Գործք 20։28. Յակոբոս 5։14, 15),
արձանագրել անհատին վերաբերող տեղեկութիւնները, որոնք պիտի գործածուին եթէ ստիպողական պարագայ ծագի։
Անձնական տուեալները պիտի պահուին անորոշ ժամանակ մը՝ վերը նշուած նպատակներուն կամ ուրիշ օրինական նպատակներու համար։ Եթէ հրատարակիչը չուզէ Անձնական տուեալներու գործածութեան նշմար եւ համաձայնութիւն պատճէնը ստորագրել, Եհովայի վկաները թերեւս չկարենան որոշել, թէ արդեօք հրատարակիչը որակեա՛լ է ժողովքին մէջ որոշ դերեր ստանձնելու կամ կրօնական որոշ գործունէութիւններու մասնակցելու։
Երբ կարիքը ստեղծուի եւ յարմար ըլլայ, անձնական տուեալները թերեւս ղրկուին Եհովայի վկաներուն հետ համագործակցող կազմակերպութեան մը։ Հրատարակիչները կը հասկնան, որ Եհովայի վկաներուն հետ համագործակցող կարգ մը կազմակերպութիւններ կը գտնուին երկիրներու մէջ, որոնց օրէնքները անձնական տուեալները կը պաշտպանեն կերպով մը՝ որ տարբեր է հրատարակիչին ապրած երկրին մէջ տուեալներ պաշտպանելու կերպէն։ Բայց եւ այնպէս, հրատարակիչները կը հասկնան, որ անոնք՝ որոնք իրենց անձնական տուեալները կը ստանան,– մէջը ըլլալով Միացեալ Նահանգներու մէջ Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղիին հետ համագործակցող կազմակերպութիւնները,– այդ տուեալները պիտի գործածեն միայն «Եհովայի վկաներու՝ տուեալներու համաշխարհային պաշտպանութեան քաղաքականութիւն»ին համաձայն։
Հրատարակիչները իրաւունք ունին խնդրելու, որ Եհովայի վկաներուն քով եղած իրենց անձնական տուեալներուն հետ կապ ունեցող որեւէ սխալ տեղեկութիւն՝ ջնջուի, գործածուելէ դադրի եւ կամ սրբագրուի։ Հրատարակիչները կրնան որեւէ ժամանակ իրենց ըրած համաձայնութենէն ետ քաշուիլ, որպէսզի իրենց անձնական տուեալները ապագային չգործածուին։ Եթէ հրատարակիչը իր համաձայնութենէն ետ քաշուի, Եհովայի վկաները թերեւս իրաւունք ունենան շարունակելու անձնական տուեալներէն ոմանք գործածել առանց այս համաձայնութեան, երկու պատճառներու համար. առաջին՝ Եհովայի վկաներուն համաշխարհային անդամակցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները պահպանել եւ գործածել կրօնական օրինաւոր նպատակներով եւ երկրորդ՝ «Տուեալներու պաշտպանութեան օրէնք»ին մէջ նշուած օրինական պատճառի մը համար։ Հրատարակիչները գիտեն որ իրաւունք ունին գանգատ ներկայացնելու իրենց ապրած երկրին հեղինակութեան, որ կը վերահսկէ տուեալներու պաշտպանութեան վրայ։
Եհովայի վկաները «Տուեալներու պաշտպանութեան օրէնք»ին համաձայն քայլեր առած են, որ անհատներուն անձնական տուեալները պաշտպանեն։ Հրատարակիչները գիտեն, որ իրենց անձնական տուեալները պիտի տեսնեն միայն սահմանափակ թիւով մարդիկ, որոնք արտօնութիւն ստացած են այդ տուեալները գործածելու վերը նշուած նպատակները կատարելու համար։
Որեւէ հարցում որ ունիք կրնաք ուղարկել կարեւոր տուեալներու պաշտպանութեան պաշտօնեային այս ե–նամակին միջոցաւ.
DataProtectionOfficer.ES@jw.org
Հրատարակիչները գիտեն, որ եթէ իրենց ապրած երկրին մէջ տեղեկութիւններ պաշտպանելու համար օրէնքներ կան, այդ երկրին օրինական հաստատութեան հասցէն եւ տուեալներու պաշտպանութեան պաշտօնեային հասցէն,– եթէ երկրին մէջ կայ,– կրնան գտնել «Տուեալներու պաշտպանութեան հասցէներ» էջին վրայ։
Կրնայ ըլլալ որ ատեն–ատեն տուեալներ յանձն առնելու մեր կերպը փոփոխութեան ենթարկենք, քանի որ թերեւս մեր կրօնական գործունէութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք կամ քանի որ թերեւս օրէնքն ու արուեստագիտութիւնը փոփոխութեան ենթարկուին։ Եթէ այս «Անձնական տուեալներու գործածութիւն» էջը փոխելու հարկ ըլլայ, փոփոխութիւնները պիտի նշենք այս էջին վրայ, որպէսզի միշտ տեղեակ ըլլաս թէ ի՛նչ տեղեկութիւններ կը հաւաքենք ու ինչպէ՛ս զանոնք կը գործածենք։ Հաճիս ատեն–ատեն այս էջը աչքէ անցուր, որ տեսնես եթէ փոփոխութիւններ մտցուած են կամ ոչ։