Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաներու՝ տուեալներու համաշխարհային պաշտպանութեան քաղաքականութիւն

Եհովայի վկաներու՝ տուեալներու համաշխարհային պաշտպանութեան քաղաքականութիւն

Եհովայի վկաներու համաշխարհային կրօնական կազմակերպութիւնը («կրօնական կազմակերպութիւն») կը յարգէ անհատներուն իրաւունքը, որ իրենց անձնական տուեալները գաղտնի պահուին եւ պաշտպանուին։ Մեր կրօնական կազմակերպութեան համար կարեւոր է որ բաց եւ անկեղծ խօսակցութիւն ըլլայ, որ կարենայ անձնական տուեալներ եւ անձնական զգայուն տուեալներ հաւաքել, որպէսզի ամէն մէկ Եհովայի վկայի պէտքերուն հոգ տանի եւ իր կրօնական ու բարեգործական գործունէութիւնը կատարէ։ Կազմակերպութիւնը գիտակից է, որ այս առնչութեամբ անհրաժեշտ է գաղտնապահութիւն պահպանել եւ վստահ ըլլալ, որ յանձնուած տեղեկութիւնները պաշտպանուած են (Առակաց 15։22. 25։9)։ Մենք գաղտնապահութիւնը կ’արժեւորենք (Առակաց 20։19

Շատ մը երկիրներ տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքներ դրած են, որ վստահ ըլլան թէ անհատին գաղտնապահութեան իրաւունքները պաշտպանուած են։ Մեր կրօնական կազմակերպութիւնը,– մէջը ըլլալով իր տեղական մասնաճիւղերը,– հինէն ի վեր եւ նոյնիսկ առաջ որ տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքներ դրուին՝ կը յարգէ անհատին իրաւունքը, որ իր անձնական տուեալները գաղտնի պահուին եւ պահպանուին։ Մեր կրօնական կազմակերպութիւնը, իր սովորութեան համաձայն, պիտի շարունակէ իրեն յանձնուած տեղեկութիւնները պաշտպանել։

Տուեալներու պաշտպանութեան չափանիշներ։ Մեր կրօնական կազմակերպութիւնը բոլոր անձնական տուեալները յանձն կ’առնէ այս չափանիշներուն համաձայն.

  1. Անձնական տուեալները պիտի գործածուին արդար եւ օրինաւոր կերպով։

  2. Անձնական տուեալները կրօնական կազմակերպութեան կողմէ պիտի հաւաքուին եւ գործածուին միայն կրօնական եւ բարեսիրական նպատակներու համար։

  3. Անձնական տուեալները ճշգրիտ պիտի պահուին եւ պիտի այժմէականացուին։ Եթէ կրօնական կազմակերպութիւնը սխալ մը նկատէ, շուտով պիտի սրբագրէ։

  4. Մենք անձնական տուեալներդ մեր քով կը պահենք այնքան ատեն, որ պէտք են կրօնական կազմակերպութեան օրինական նպատակ(ներուն) համար։

  5. Շատ ուշադիր պիտի ըլլանք որ տուեալներ տուող անհատներուն իրաւունքները յարգենք։

  6. Գիտարուեստական եւ կազմակերպչական քայլեր պիտի առնուին, որ անձնական տուեալները ուրիշներու չտրուին անվաւեր կամ անօրէն կերպով։ Բոլոր անձնական տուեալները կը պահուին գաղտնաբառերով (passwords) պաշտպանուած համակարգիչներու մէջ, որոնց մէջ մուտք կը գործեն միայն անոնք՝ որոնք արտօնութիւն ստացած են այդ գաղտնաբառերով համակարգիչին մէջ մուտք գործելու։ Աշխատանքի ժամերէն ետք գրասենեակներուն դռները կը կղպուին եւ միայն անոնք՝ որոնք արտօնութիւն ունին, կրնան մտնել։

  7. Անձնական տուեալները պիտի փոխանակուին մասնաճիւղերու միջեւ, միա՛յն եթէ ատիկա անհրաժեշտ է կրօնական կազմակերպութեան կրօնական կամ բարեսիրական նպատակները իրագործելու համար։ Բոլոր Եհովայի վկաները ասոր համաձայնած են, երբ իրենց ազատ եւ յօժար կամքով Եհովայի վկաներ դարձած են եւ ինքզինքնին այդպէս ճանչցուցած են։

Տուեալներու պաշտպանութեան այս չափանիշներուն համաձայն է որ անձնական տուեալները կը գործածուին, ինչպէս որ նշուած է Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքին մէջ։ Այս գիրքը կը տրուի բոլոր Եհովայի վկաներուն՝ երբ անոնք հրատարակիչ կը դառնան։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը։

Անհատը իրաւունք ունի պահանջելու որ իր անձնական տուեալները եւ անձնական զգայուն տուեալները պաշտպանուին, սրբագրուին կամ ջնջուին՝ Եհովայի վկաներուն «Անձնական տուեալներու գործածութեան վերաբերեալ համաշխարհային քաղաքականութիւն»ին «Իրաւունքներդ» բաժինին համաձայն։

Այս «Եհովայի վկաներու՝ տուեալներու համաշխարհային պաշտպանութեան քաղաքականութիւն» յօդուածը ցոյց կու տայ թէ աշխարհի տարածքին Եհովայի վկաները անձնական տուեալները ինչպէ՛ս յանձն կ’առնեն։