ԱՄՈՎՍԱՅ 1։1-15
1 Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։
2 Ու ըսաւ.«Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէՈւ Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւԿարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԷ
ա) ՍՈՒՐԻԱ
3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Դամասկոսի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին։
4 Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,Որը Բենադադի պալատները պիտի ուտէ։
5 Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրտեմՈւ Աւենի դաշտէն՝ բնակիչը։Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմԵւ Ասորիներու ժողովուրդը դէպի Կիր գերի պիտի քշուի»։
բ) ՊԱՂԵՍՏԻՆ
6 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Գազայի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.Քանզի բոլոր ժողովուրդը աքսորեցին,Որպէս զի Եդովմին ձեռքը մատնեն։
7 Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։
8 Ազովտոսէն՝ բնակիչը,Ասկաղոնէն՝ գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ,Իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմՈւ Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի»։
գ) ՏԻՒՐՈՍ
9 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Տիւրոսի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմին ձեռքը մատնեցին,Եղբայրական ուխտը չյիշեցին։
10 Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,Որը անոր պալատները պիտի ուտէ»։
դ) ԵԴՈՎՄ
11 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Եդովմի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,Քանզի իր եղբայրը սուրով հալածեց,Իր ողորմութիւնը դադրեցուց,Իր բարկութիւնը միշտ բորբոքեցուցՈւ իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց։
12 Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,Որը Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ»։
ե) ԱՄՄՈՆ
13 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ամմոնի որդիներուն երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չջնջեմ.Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին,Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն։
14 Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկեցնեմ,Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։Ասիկա պատերազմի օրը՝ աղաղակով,Փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ։
15 Եւ անոնց թագաւորը* գերութեան պիտի երթայ,Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ»։
Ստորանիշներ
^ 1։15 Կամ, Մեղքոմը