ԱՄՈՎՍԱՅ 2։1-16

2  Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Մովաբի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները՝ մինչեւ կիր դառնալը՝ այրեց։   Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,Որը Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ։Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի։   Անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմՈւ անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ»։ է) ՅՈՒԴԱ   Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Յուդայի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցինՈւ անոր պատուիրանները չպահեցին,Հապա իրենց ստութիւններով մոլորեցան,Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։   Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,Որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ   Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Իսրայէլի երեք օրինազանցութիւններուն համարՈւ չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,Քանզի անոնք արդարը՝ ստակովՈւ տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին։   Անոնք աղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան*,Չքաւորներուն ճամբան կը ծռենԵւ իմ սուրբ անունս պղծելու համարՏղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն   Ու ամէն սեղանի քովԳրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկինԵւ իրենց աստուածներուն տանը մէջԶրկուածներուն գինին կը խմեն։   «Ես անոնց առջեւէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի,Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր,Անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր։Վերէն անոր պտուղըԵւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի։ 10  Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի,Ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի,Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք։ 11  Ձեր տղաքներէն՝ մարգարէներԵւ ձեր երիտասարդներէն ուխտաւորներ հանեցի։Հիմա այսպէս չէ՞, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», կ’ըսէ Տէրը։ 12  «Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիքՈւ մարգարէներուն պատուիրեցիք՝ ըսելով.‘Մարգարէութիւն մի՛ ընէք’։ 13  Ահա ես ձեր եղած տեղը ձեզ պիտի ճզմեմԻնչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը ճզմէ*։ 14  Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ,Ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել,Զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել, 15  Աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ,Շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատելՈւ ձի հեծնողն ալ պիտի չկրնայ իր անձը ազատել 16  Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողըԱյն օրը մերկ պիտի փախչի», կ’ըսէ Տէրը։

Ստորանիշներ

2։7 Կամ, աղքատներուն գլուխը երկրի հողին վրայ ոտքով կը կոխեն
2։13 Կամ, ձեր տակը ճնշուած եմ, ինչպէս որաներով լեցուն սայլը կը ճնշուի