ԱՄՈՎՍԱՅ 3։1-15
3 Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,Որ Տէրը ձեզի դէմ կը խօսի,Այն բոլոր ազգատոհմին դէմ,Որ Եգիպտոսէն հանեց.
2 «Երկրի բոլոր ազգատոհմերէն միայն քեզ ճանչցայ,Այս պատճառով ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ»։
ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԳՈՐԾԸ
3 «Կարելի՞ է, որ երկու մարդ մէկտեղ քալեն,Եթէ միաբանութիւն չունենան։
4 Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞,Եթէ որս մը չունենայ։Կորիւնը իր որջէն ձայն կու տա՞յ,Եթէ բան մը առած չըլլայ։
5 Միթէ թռչունը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ,Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ.Վարմը երկրէն կը վերցուի՞,Երբ բան մը բռնած չըլլայ։
6 Եթէ քաղաքին մէջ փող հնչուի,Ժողովուրդը չի՞ վախնար։Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կ’ըլլա՞յ,Եթէ Տէրը ըրած չըլլայ։
7 Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չ’ըներ,Մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ։
8 Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։
ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ
9 Ազովտոսի մէջ՝ պալատներու վրայՈւ Եգիպտոսի մէջ պալատներու վրայ կանչեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.«Սամարիայի լեռներուն վրայ հաւաքուեցէ՛քԵւ անոր խռովութիւններըՈւ բռնութիւնները տեսէ՛ք»։
10 «Քանզի ուղղութիւն ընել չեն գիտեր, կ’ըսէ Տէրը,Այլ իրենց պալատներուն մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը դիզեն»։
11 Ուստի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.«Թշնամին երկրին բոլորտիքը պիտի ըլլայՈւ ամրութիւնդ պիտի խորտակուիԵւ քու պալատներդ պիտի կողոպտուին»։
12 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.«Ինչպէս հովիւը առիւծին բերնէնԵրկու ազդր կամ մէկ ականջի կտոր կ’ազատէ,Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները,Որոնք Սամարիայի մէջ՝ բազմոցի մը անկիւնըՈւ Դամասկոսի մէջ* անկողնի վրայ կը նստին»։
13 «Լսեցէ՜ք ու Յակոբի տանը վկայութիւն ըրէ՛ք»,Կ’ըսէ զօրքերու Աստուածը՝ Տէր Եհովան.
14 «Այն օրը, երբ Իսրայէլի յանցանքներուն պատիժը անոր վրայ բերեմ,Բեթէլի սեղաններն ալ պիտի պատժեմ։Սեղանին եղջիւրները պիտի կոտրտին ու գետինը իյնան։
15 Ձմեռնային տունն ու ամառնային տունը պիտի կործանեմ,Փղոսկրեայ տուները պիտի կորսուին,Մեծ տուները բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
Ստորանիշներ
^ 3։12 Կամ, Դամասկոսի կերպասով զարդարուած